Շարլ Ազնաւուրի Հրապարակ (Երեւան)
Շարլ Ազնաւուրի հրապարակ, հրապարակ Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ[1][2]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ, Թումանեան եւ Փուշկին փողոցներուն խաչմերուկներուն միջեւ եղած հատուածին վրայ գտնուող հրապարակին շինարարութիւնը նախատեսուած եղած է Երեւանի 1924-ի թամանեանական յատակագիծին մէջ։ Հրապարակին տարածքին շինարարութիւնը սկսած է 1927 թ.-ին եւ աւարտած՝ 1958-ին, հրապարակը շրջապատող Երեւան հիւրանոցին, Մոսկուա շարժապատկերի սրահին, Հայաստանի Նկարիչներու Տան եւ Ստանիսլավկսի Դրամատիկական Թատրոնի շէնքերուն շինարարութեան աւարտով։ 1933-1954 թուականներուն հրապարակին մէջտեղ տեղադրուած է Խաչատուր Աբովեանի արձանը, որ ներկայիս կը գտնուի Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանին մէջ։
2001-ի Սեպտեմբերին, Հայաստանի անկախութեան տասնամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ Երեւան քաղաքի խորհուրդին որոշումով հրապարակը վերանուանուած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, դերասան, հանրային գործիչ Շարլ Ազնաւուրի անունով։ Շարլ Ազնաւուր անձամբ ներկայ գտնուեցաւ հրապարակին վերանուանման արարողութեան։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրապարակը ունի կիսաշրջանաձեւ բացուածքին կեդրոնական մասը տեղադրուած են 12 համաստեղութիւնները խորհրդանշող շատրուաններ։ Շատրուանի համալիրին ճարտարապետն է Արսէն Մելիքեան, իսկ քանդակագործներն են Արարատ Յովսէփեան եւ Վլատիմիր Աթանեան։
Հրապարակին տարածքին իբրեւ քաղաքային զարդարանքներ տեղադրուած են հսկայական ճատրակի խաղատախտակ ու քարեր, շատրուաններ[3],ինչպէս նաեւ՝ ցուլի ու սարդի հսկայական քանդակներ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակ Երեւանում
- ↑ «Աշխարհահռչակ Երգիչ Շարլ Ազնաւուր Կեանքէն Հեռացաւ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-10-02-ին։ արտագրուած է՝ 2018-11-05
- ↑ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՇԱՏՐՈՒԱՆՆԵՐԸ ՆՈՐԱՑՈՒԵԼ ԵՆ (ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ)