Jump to content

Հայ Ժողովրդական Երաժշտութիւն

Կոմիտասը հայ գեղճկական երաժշտութեան հանճարներէն է

Ժողովրդական երաժշտութիւն, հայկական երաժշտական արուեստի այն շերտն է, որ պահպանած է անոր վաղ դրսեւորումները, տիպային առանձնահատկութիւնները եւ մտածողութեան հիմնական կերպը։ Բուն հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է բացառապէս բանաւոր հաղորդմամբ եւ դարձած ազգային երգարուեստիի տարատեսակներու ու ճիւղերու ոճական հիմքն ու սնուցող աղբիւրը։ Ընդհանուր կերտուածքով միաձայնային (մոնոդիկ) է. բաղկացած է երգային (մեներգ, զուգերգ, խմբերգ), նուագարանային (մենակատարում եւ անսամբլ) եւ նուագերգային տեսակներէն։ Տարածուած են նաեւ մենապար ու խմբապար ուղեկցող երգեցողութեան ու նուագի տարատեսակներ, ուր իշխողը երգեցողութիւնն է։ Երկրի քաղաքական ու տնտեսական կեանքի փոփոխութիւններով պայմանաւորուած՝ ժողովրդական երաժշտութիւնը հարստացած է առանձին ճիւղերով (գեղջկական երգ, գուսանաաշուղային արփ, քաղաքային երգ), որոնք երեւան եկած են այս կամ այն ժամանակաշրջանին՝ իբրեւ տարբեր խաւերու գեղարուեստական մտածողութեան արտահայտութիւն։ Վաղ շրջանի մասնագիտական երաժշտութեան ճիւղերը (տաղ, հոգեւոր երգ, մուղամաթ), սերելով գեղջկական երաժշտութենէն, հաստատուն տեղ գտած են ժողովրդական երաժշտութեան մէջ, ձեռք բերած մասնագիտական արուեստի վառ անհատականացուած գիծեր։ Հայկական ժողովրդական երգերու բանաստեղծ, շարք մը բնագրեր ամփոփուած են միջնադարեան ձեռագիր տաղարաններու մէջ եւ երբեմն կը կրեն խազագրութեան հետքեր։ Բնագիրներու կանոնաւոր հաւաքումը սկզբնաւորուած է 19-րդ դարու 2-րդ կեսէն (Ղեւոնդ Ալիշան, Ռափայէլ Պատկանեան, Միքայէլ Միաևսարեանց, Գարեգին Սրուանձտեան, Գեւորգ Շերենց, Գարեգին Յովսեփեան, Երուանդ Լալաեան, Ալեքսանտր Մխիթարեան, Կոմիտաս, Մանուկ Աբեղեան եւ ուրիշներ)։ 19-րդ դարու 2-րդ կեսէն տարածուած են հայկական նոթագրութեամբ ժողովրդական երգերու ձեռագիր երգարաններ։ Եղանակներու կանոնաւոր հաւաքումն ու գրառումը սկիզբ առած են 1870-ական թուականներէն (Սահակ Ամատունի, Քրիստափոր Կարա-Մուրզա, Նիկողայոս Տիգրանեան, Կոմիտաս, Արշակ Բրուտեան, Ստեփան Դեմուրեան, Յակոբ Յարութիւնեան, Սպիրիդոն Մելիքեան, Միհրան Թումաճան, Արամ Քոչարեան եւ ուրիշներ) նախ կատարողէն, իսկ 1913 թուականէն՝ նաեւ ձայնագրող սարքերով։ Այս բնագաւառին մէջ ամենամեծ երախտաւորը Կոմիտասն է. Ան հայ գեղջկական երաժշտութիւնը ներկայացուած է իր բազմատեսակութեամբ ու գաղափարագեղարուեստական ողջ խորութեամբ։ Հաւաքուած երգերը (տպագրուած է 2 հազարէն աւելի նմուշ) թէեւ տարբեր ժամանակներու ու ազգագրական շրջաններու արգասիք են, սակայն կը ներկայացնեն հայ գեղջկական երգի ոճական ամբողջականութիւնը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։