Տաղ

Տաղ, հնագոյն բանաստեղծութիւն է։ Տաղ կոչուող բանաստեղծութիւնները նաեւ երգուած են. երգուած են եկեղեցական պատարագներէն յետոյ եւ այդ պատճառով կոչուած են նաեւ երգեր։ Տաղերու հնագոյն օրինակներէն գրած է Գրիգոր Նարեկացին,անոնք նաեւ հայկական առաջին օրինակներն են։ Հայկական տաղերու օրինակներ են․ «Տաղ վարդավառին», «Տիրամայրն» եւ այլն, որոնց հեղինակն է Գրիգոր Նարեկացին։

«Տաղարան»-ի առաջին հրատարակութիւնը, 1513 թուականին, Վենետիկ։ Տաղերը, շարականներու պէս, երաժշտական եւ բանաստեղծական արուեստի ամբողջութիւն են։ Տաղը մասնագիտական երաժշտութեան իւրայատուկ ժանր է։ Անոնք համեմատաբար ծաւալուն միայաձայնութիւնն են, անոնք իրենց բովանդակութեամբ եւ մեղեդայնութեամբ կը յիշեցնեն յաջորդող դարաշրջանի վոկալային եւ գործիքային արիաներ։ կը տարբերակուին հոգեւոր եւ հասարակական տաղեր։ Առաջիններն աւելի ծավալուն են, քան հասարակականները։ Տաղը, որպէս երաժշտական ժանր, հիմնականին մէջ զարգացած է 10-րդ դարուն՝ գլխաւորապէս Գրիգոր Նարեկացիի շնորհիւ։ Հոգեւոր տաղերը ի տարբերութիւն շարականներու՝ կանոնաւոր երգեր չէին․ տոնախմբութիւններուն եւ արարողութիւններուն կը կատարուէին տուեալ իրադարձութեանը աւելի տոնական տեսք տալու համար։ Հասարակական տաղը աւելի ցայտուն կերպով կը զարգանայ Ֆրիկի ստեղծագործութիւններուն մէջ (XIII դար)։ Տաղերուշ միջնադարեան հեղինակներէն յայտնի են Յովհաննէս Թլկուրանցին, Մկրտիչ Նաղաշը, Մինաս Թոխատեցին, Պետրոս Կապանցին, որոնց ստեղծագործութիւններէն քանի մը հատ պահպանուած են խազերու տեսքով։ Ամենայայտնի հասարակական տաղերէն մէկը՝ «Կռունկ»-ը, որ ստեղծուած է ուշ միջնադարին, պահպանուած է XVII դարի յօդուածներուն մէջ։ Կրօնական տաղերու եւ գանձերու ուշ միջնադարեան հեղինակներէն առաւել յայտնի են Առաքել Սյունեցին, Մաթէոս Դվուգաեցին, Գրիգոր Խլաթեցին, Առաքել Բաղիշեցին եւ այլք։ Հասարակական տաղերու հնադարեան ժողովածուն տպագրուած է Վենետիկին մէջ 1513 թուականին[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Էդվարդ Ֆոլի «Worship music: a concise dictionary», էջ 20, 2000 թ