Jump to content

Միհրան Թումաճան



Ծնած է Հոկտեմբեր 1890
Ծննդավայր Կիւրին
Մահացած է 28 Հոկտեմբեր 1973

Միհրան Թովմաս Թումաճան (Հոկտեմբեր 1890, Կիւրին - 28 Հոկտեմբեր 1973), երաժիշտ ազգագրագէտ:

Միհրան Թումաճան ծնած է Հոկտեմբեր 1890 թուականին, Կիւրինի մէջ։

1895 թուականին ան ընտանեօք կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր նաեւ կը ստանայ իր միջնակարգ ուսումը։

1909 թուականին, իր ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Կ․ Պոլիս, ուր իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն համալսարանի իրաւաբանական դպրոցին մէջ: Կ՚աւարտէ 1913 թուականին։

1910 թուականէն սկսեալ, Միհրան Թումաճան կը հետեւի Կ․ Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի կազմակերպած երաժշտագիտական դաընթացքին։ 1920 թուականին, Կոմիտասի միւս աշակերտներուն հետ, կ՚անցնի Փարիզ, խորացնելու համար երաժշտական իր ուսումը։

1923 թուականին ան կը փոխադրուի Ամերիկա Միացեալ Նահանգներ, ուր «Հայ Երգ-Երաժշտական Միութիւն» անունով կը կազմակերպէ երգչախումբեր ու համերգներ, միաժամանակ շարունակելով իր ուսուցիչին՝ Կոմիտասի գործը, երաժշտական ազգագրական բնագաւառին մէջ։ Տարիներու ընթացքին ան կը յաջողի հաւաքել արեւմտահայ ժողովրդական բազմաթիւ երգեր, ստեղծելով հարուստ հաւաքածոյ մը, գիտական ու գեղարուեստական բարձր արժէքով։

1966 թուականին Միհրան Թումաճան կը հրաւիրուի Հայաստան, որպէս հայկական ՍՍՀ Գիտական Ակադեմիայի Արուեստի Ինստիտուտի գիտական աշխատակից, ու կը նուիրուի իր հաւաքածոյի գիտական հրատարակութեան աշխատանքին, որուն առաջին հատորը լոյս կը տեսնէ Երեւանի մէջ, 1972 թուականին, «Հայրենի Երգ Ու Բան» խորագրով։ Ան հրատարակութեան կը պատրաստէ նաեւ նոյն աշխատութեան երկրորդ հատորը, սակայն մահը կը զրկէ զինք յաջորդ հատորները պատրաստելու հնարաւորութենէն։

Միհրան Թումաճան կը մահանայ 28 Հոկտեմբեր 1973 թուականին։

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, խմբագիր Երուանդ Հ․ Քասունի, հատոր Դ․, Պէյրութ, 1973, էջ 353-354։