Jump to content

Հայրենիք Ընկերակցութիւն

«Հայրենիք» Ընկերակցութեան շէնքը .

«Հայրենիք» Ընկերակցութիւն հրատարակչական տուն Պոսթընի մէջ, ԱՄՆ։ Կապուած է ՀՅԴ-ին: Ունեցած է շարք մը կարեւոր հրատարակութիւններ։

«Հայրենիք» շաբաթաթերթ, երկօրեայ եւ օրաթերթ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հայրենիք» շաբաթաթերթը սկսած է լոյս տեսնել 1 Մայիս, 1899-ին, Նիւ Եորքի մէջ 240 ամերիկեան տոլար դրամագլուխով եւ փոխադրուած 1899-ին՝ Պոսթըն։ 1899-1913 ժամանակամիջոցին որպէս շաբաթաթերթ լոյս տեսնելէ ետք, 1913 Յունիսին «Հայրենիք» վերածուած է երկօրեայի, մինչեւ 4 Դեկտեմբեր, 1915։ Այդ թուականին «Հայրենիք» սկսած է լոյս տեսնել որպէս օրաթերթ։ 1991 թուականին, գլխաւորաբար նիւթական պատճառներով, «Հայրենիք»ը կրկին վերածուած է շաբաթաթերթի։

«Հայրենիք»-ի խմբագիրներ` Թովմաս Չարշաֆճեան (1899-1900), Արշակ Վռամեան (1900-1907), Արամ Աշոտ (1904), Նշան Թաշճեան (1907-1908), Սիամանթօ (1909-1911), Յարութիւն Չաքմաքճեան (1909-1911), Սիմոն Վրացեան (1911-1914), Մանուկ Համբարձումեան (1914-1916), Մերուժան Օզանեան (1916-1918), Սահակ Չթչեան (1918-1922), Նշան Տեստէկիւլեան (1918-1922), Մինաս Վերածին (1918-1922), Ռուբէն Դարբինեան (1922-1968), Վալադ Վալադեան (1948-1952), Գուրգէն Մխիթարեան (1952-1963), Խոսրով Ներսէսեան (1960-1978), Վարդգէս Ահարոնեան (1948-1952), Երուանդ Խաթանասեան (1963-1968), Մինաս Թէօլէօլեան (1968-1979), Գէորգ Տօնապետեան (1976-1996), Վաչէ Բրուտեան (1989-1993), Վահագն Գարագաշեան (1995-1999), Խաժակ Մկրտիչեան (1999-2008), Զաւէն Թորիկեան (2008-էն)։

Անգլերէն բաժնի խմբագիրներ՝ Խաչիկ Մուրատեան (2007-2014), Նանոր Պարսումեան (2010-2014) (2014-2016), Ռուբէն Ճանպազեան (2016-2018)։

Շաբաթաթերթ, երկօրեայ թէ օրաթերթ, աւելի քան հարիւր տարիներու իր կեանքով, «Հայրենիք»ը հայ մամուլի ներկայ իրականութեան մէջ հայ լրագիրներու նահապետն է։ Անոր կը յաջորդեն Պոլսոյ «Ժամանակ»ը եւ Լոս Անճելոսի «Ասպարէզ»ը, որոնց ծննդեան թուականը 1908 է։

«Հայրենիք» ամսագիր / եռամսեայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1922-1970 շրջանին «Հայրենիք» ամսագրի հրատարակութիւնը (1922-1967 ամսաթերթ, 1968-1970 եռամսեայ) սփիւռքեան հայ գրական եւ մշակութային տարեգրութեան ամէնէն փայլուն էջերէն մէկն է։ «Հայրենիք» ամսագրի միջոցաւ մասնակի զօրաշարժի կ՚ենթարկուէին հայ ժողովուրդն ու հայ մտաւորականութիւնը, հանրային սեփականութիւն կը դառնային հասուն թէ նորահաս գրական արժէքներ, պատմաքաղաքական, ընկերային, գաղափարախօսական, յուշագրական եւ ստեղծագործական իրագործումներ։

Անգլերէն հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Hairenik Weekly» / «Armenian Weekly»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հայրենիք» Ընկերակցութիւնը լոյս կ՚ընծայէ անգլերէն «Armenian Weekly» շաբաթաթերթը, 1934 թուականէն, Ուոթըրթաունի մէջ, Պոսթըն-ի մօտ։ Սկզբնապէս կոչուած է «Hairenik Weekly» (1934-1969) («Հայրենիք շաբաթաթերթ»), իսկ 1969-էն ի վեր՝ «Armenian Weekly» («Հայկական շաբաթաթերթ»)։

ՀՅԴ Ամերիկայի արեւելեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի անգլիատառ պաշտօնաթերթ։ Ամերիկաբնակ անգլիախօս հայ երիտասարդութիւնը հաղորդակից կը դարձնէ ՀՅԴ գաղափարախօսութեան, Հայ դատի խնդիրներուն, հայ ժողովուրդի հին ու նոր պատմութեան, մշակոյթին։

«Հայրենիք» Ընկերակցութիւնը լոյս ընծայած է նաեւ անգլերէն «Armenian Review» պարբերաթերթը 1949-1978։ Վերջինիս պատասխանատուութիւնը 1978-էն ի վեր ստանձնած է ՀՅԴ Բիւրոն եւ զայն լոյս ընծայած՝ որպէս եռամսեայ ակադեմական պարբերաթերթ։

Մամլոյ այս հրատարակութիւններու կողքին, «Հայրենիք» Ընկերակցութիւնը լոյս ընծայած է նաեւ մեծ թիւով հայերէն եւ անգլերէն գիրքեր։

Արտագին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]