Jump to content

Հայկական Մանրանկարչութիւն

1302, Մոմիկ, Նոր Կտակարան, Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարան:

Մանրանկարչութիւնը ձեռագիր գիրքի պատկերազարդումն է կամ ծաղկումը. կերպարուեստի ստեղծագործութիւն մըն է, որ իւրայատուկ է իր փոքր չափերով ու գեղարուեստական նուրբ հնարքներով[1]:

Մանրանկարչութիւնը կը ներառէ գրչագիր մատեաններուն մէջի գծանկարներն ու գունանկարները եւ գիրքերու ձեւաւորումը՝ անուանաթերթեր, խորաններ, լուսանցքազարդեր, պատմողական տեսարաններ եւ այլն. անոնք պատկերազարդուած են կուաշով, ջրաներկով, ոսկիով, հազուադէպօրէն՝ նաեւ արծաթով:

Մանրանկարչութեան հնագոյն օրինակները պահպանուած են Հին Եգիպտոսի մէջ՝ պապիրոսի վրայ (Ք.Ա. 1900-էն): Հին յոյները պապիրոսի վրայ պատկերազարդած են ամբողջ հատուածը (յատկապէս Հոմերոսի «Իլիականը» եւ «Ոդիսականը»): Ք.Ա. 6-րդ դարէն, բացի պապիրոսէն, օգտագործուած է նաեւ կաշիէ գրելանիւթ մը՝ մագաղաթը, որ աստիճանաբար դուրս մղած է պապիրոսը:

Մեզի հասած հնագոյն մագաղաթէ մանրանկար ձեռագիրը Հոմերոսի «Իլիականն» է (մօտաւորապէս 500 թուականէն, Միլանոյի Ամպրոզիանա գրադարանին մէջ):

Պահպանուած հայկական ձեռագիրերը մատեաններ են, որոնց մէկ մասին յիշատակարաններուն մէջ թուագրուած են գրիչին, պատուիրատուին, յաճախ՝ նաեւ ծաղկողներուն անունները: Աւելի շատ պատկերազարդուած են Աւետարանները, ապա՝ Աստուածաշունչը, ծիսամատեանները (Ճաշոց, Ճառընտիր, Շարակնոց, Մաշտոց եւ այլն): Մեզի հասած հայկական առաջին մանրանկարները Զ.-Է. դարերու նմուշներ են («Էջմիածինի Աւետարան»), իսկ ամբողջութեամբ պատկերազարդուած հնագոյն հայկական ձեռագիրերը (Աւետարաններ) Թ. դարէն են: Հայկական մանրանկարչութիւնը աչքի կը զարնէ ոճերու եւ դպրոցներու բազմազանութեամբ:

Փոքր Հայքի մանրանկարչութեան դպրոցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԱ. դարուն՝ Մեծ Հայքի մէջ, նոյն դարու բ. կէսէն նաեւ Փոքր Հայքի մէջ ստեղծուած ձեռագիրերուն մէջ Անի-Արշարունիքի եւ Փոքր Հայքի ու Մալաթիոյ (Մելիտենէ)] շարունակուած է Մլքէ թագուհիին (պահպանուած են հելլենա-քրիստոնէական արուեստի առաւել արժէքաւոր առանձնայատկութիւնները) եւ Էջմիածինի Աւետարաններու պատկերազարդման տիպը[2]:

ԺԱ. դարու հայկական առաջին պատկերազարդ ձեռագիրերէն է «Ատրիանուպոլսոյ Աւետարանը» (1007, գրիչ՝ Կիրակոս Երէց), ուր Աւետարանիչներու եւ «Աստուածամայրը մանկան հետ» նկարները գոյներով ու նուրբ համամասնութիւններով կը յիշեցնեն նոյն շրջանի բիւզանդական որմնանկարներու ոճը: Կղոտ գաւառի (Եփրատի ափին) Թալաշա վանքին մէջ 1018-ին ընդօրինակուած ձեռագիրի մը մէջ պատկերուած չորս Աւետարանիչներուն դէմքերը կը յիշեցնեն Աղթամարի վանքին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ որմնանկարներուն դէմքերը: Ժ.-ԺԱ. դարերու այդպիսի ձեռագիրերու գլուխգործոց է 1038-ի Աւետարանը (գրիչ՝ Եւարգրիս, Մատենադարան), որ ոճով մօտ է «Ծուղրութի Աւետարանին» (974) եւ «Վեհափառի Աւետարանին» (Ժ. դարու վերջ - ԺԱ. դարու առաջին կէս), ուր պահպանուած է ասորա-պաղեստինեան վաղ քրիստոնէական պարզագոյն ոճը:

1041-ին Սեբաստիոյ մէջ ընդօրինակուած «Մալաթիոյ Աւետարանի»ն (Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի մատենադարան) եւ 1057-ի մէկ ձեռագիրին (Մատենադարան, ձեռագիր 3784) տէրունական նկարաշարերը կ'աւարտին չորս Աւետարանիչներուն եւ խաչի պատկերներով: Խորանները փոխած են իրենց ճարտարապետական տեսքը, մէկ ամբողջական էջին (նոյն շրջանակին մէջ) պատկերուած է երկու տեսարան, որոնք կառոյցով կը յիշեցնեն Ժ.-ԺԱ. դարերու կապադովկեան որմնանկարները: Մարդոց եւ առարկաներու պատկերները խիստ պայմանական են: Փոքր Հայքի ձեռագիրերու խորանները զարդարուած են բուսական եւ երկրաչափական նախշերով, թռչուններով եւ յուշկապարիկներով (առասպելական ոգիներ):

Անիի մանրանկարչութեան դպրոցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձեւաւորուած է ԺԱ.- ԺԴ. դարերուն՝ Անիի գրչատուներուն եւ մերձակայ մշակութային օճախներուն մէջ (Հոռոմոսի Առիճի վանքերուն մէջ): Ունեցած է աշխարհիկ ուղղութիւն. ձգտած է աւանդոյթները հարստացնել կեանքի ու կենցաղի տարրերով:

ԺԱ. դարու սկիզբը Անիի մէջ աշխատած են Թադէոս գրիչը, Գրիգոր Մուրղանեցի գրիչը, Գէորգը եւ ուրիշներ: ԺԲ. դարու վերջին Հոռոմոսի վանքին մէջ ստեղծագործած է մանրանկարիչ Յովհաննէսը, որմէ հասած է երեք Աւետարան. ամէնէն շքեղը «Մուղնիի Աւետարանն» է (ԺԱ. դարու կէս, Մատենադարան)՝ խորաններով, ընդարձակ տէրունական նկարաշարով, իւրայատուկ հեռանկարչական համակարգով: Մանրանկարներու գոյները փայլատ են ու մեղմ, հարուստ՝ արեւելաքրիստոնէական նախշերով:

Անիի մէջ յոյներու ներկայութիւնը արտացոլած է 1053-ի Աւետարանին, «Պէկիւնց Աւետարանի» (1060) եւ Աւետարանիչներու պատկերներուն մէջ, յունական անուանատառերուն մէջ: ԺԲ. դարու վերջին - ԺԳ. դարու սկիզբին Անիի դպրոցներուն մէջ պահպանուած է Իգնատիոս մանրանկարիչին ծաղկած քանի մը ձեռագիր («Պակնայրի Աւետարանը», 1232, 1236-ի Աւետարանը եւ այլն): Առանձին խումբ են «բիւզանդամէտ» համարուող «Տրապիզոնի Աւետարանը» (ԺԱ. դարու առաջին կէս), «Կարսի Աւետարանը» (ԺԱ. դար), 1071-78 թուականներու Աւետարանները (Մատենադարան, ձեռագիր 6975, 10434): ԺԱ. դարու մատեանները մեծ մասամբ մեծ են, իսկ ԺԲ. դարու մատեանները՝ Աւելի փոքր: Այդ շրջանի ձեռագիրերու ձեւաւորումը համեստ է:

ԺԲ. դարուն սկզբնաւորուած է Ճառընտիրներու (Տօնականներ, Մատենադարան, ձեռագիր 3777, 1522, 3782 եւ այլն), ժողովածուներու եւ մեկնութիւններու ձեւաւորման համակարգը, որուն բնորոշ են մեծ չափերը եւ լայն լուսանցքները:

Մանրանկարչութիւնը Անիի մէջ վերելք ապրած է ԺԳ. դարու առաջին կէսին: Մանրանկարիչ Մարգարէն Անիի Բեխենց վանքին մէջ պատկերազարդուած է «Հաղբատի Աւետարանը» (1211), որ Անիի դպրոցին ամէնէն բնորոշ ստեղծագործութիւնն է: 1298-ին գրիչ Եղբայրիկը ընդօրինակած ու ծաղկած է ձեռագիր մը, որուն տէրունական եւ Աւետարանիչներու կերպարներն ստեղծած է Խաչատուրը: Անիին մէջ ձեւաւորած է մանրանկարիչ Մխիթար Անեցիի արուեստը: Անիի դպրոցէն մեզի հասած վերջին ձեռագիրին հեղինակը գրիչ Յովհաննէս Ոսկեփորիկն է (ԺԴ. դար):

Գլաձորի մանրանկարչութեան դպրոցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գործած է Գլաձորի համալսարանին կից գրչատան մէջ, ԺԳ. դարու վերջէն մինչեւ ԺԴ. դարու կէսը: Այստեղ են ստեղծագործել երեք նշանաւոր մանրանկարիչներ Մոմիկը, Թորոս Տարօնցին եւ Աւագը: Գլաձորի մանրանկարչութեան դպրոցը սերտօրէն առնչուած է արուեստին եւ մշակոյթի այլ բնագաւառներու (քանդակագործութիւն, ճարտարապետութիւն), քան գրքարուեստի միւս դպրոցները: Թորոս Տարօնցիի ծաղկած ձեռագիրերու խորանները, լուսանցքազարդերը եւ անուանաթերթերու զարդանախշերը մեծ մասամբ կրում են կիլիկեան դպրոցի ազդեցութիւնը: Կիլիկեան ակունք ունի նաեւ որոշ ձեռագիրերուն մէջ (1318-ի «Եսայի Նչեցիի Աւետարանը», Մատենադարան, ձեռագիր 206, ԺԴ. դարու սկիզբի Աւետարանը, Լոս Անճելըսի համալսարան, եւ այլն) Աստուածաշունչի կամ Աւետարանի իւրաքանչիւր դրուագ նկարազարդելու ձգտումը: Տէրունական նկարներուն մէջ Աւելի ուժեղ են Մեծ Հայքի տարբեր դպրոցներու ազդեցութիւնները:

Գլաձորի մանրանկարչութեան դպրոցի վերջին վարպետը՝ Աւագը, սկիզբը կրած է Մոմիկի եւ Թորոս Տարօնցիին ազդեցութիւնը, հետագային հասած է հոգեբանական աւելի մեծ արտայայտչականութեան: Սարգիս Պիծակի նման կերպարներն ու նախշերը (զարդեր, բնութիւն եւ այլն) հարթութիւն մը բերած են: Աւագը իր արուեստին մէջ օգտուած է ե՛ւ կիլիկեան, ե՛ւ գլաձորեան դպրոցներու աւանդոյթներէ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մանրանկարչութիւնը
  2. «Փոքր Հայքի մանրանկարչութեան դպրոց»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-08-09-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-09