Մագաղաթ

Մագաղաթեայ ձեռագիր մատեան

Մագաղաթը (ասորերէն՝ magalləta - գալարուած մատեան), կաշիէ պատրաստուած գրանիւթ։

Մագաղաթը սկսած են գործածել շուրջ 2100 տարի առաջ փոքր Ասիոյ Պերկամոն քաղաքին մէջ։ Այս պատճառով ալ ուրիշ լեզուներով մագաղաթը կը կոչուի պերկամենտ։

Հին Հայաստանի մէջ ամէնէն գործածական գրանիւթը եղած է մագաղաթը, որուն պատրաստութեան համար մեր գրչութեան կեդրոններուն մէջ Գլաձոր, Տաթեւ, Կիլիկիա, կային յատուկ արհեստանոցներ[1]:

Մագաղաթ

Մագաղաթը կը պատրաստէին մատղաշ անասուններու՝ արջառի, երինջի, գառան, ուլի մորթէ՝ յատուկ ձեւով մշակելով ու յղկելով զայն։ Հայերէն բազմաթիւ ձեռագիրերու մէջ պահպանուած են մագաղաթի պատրաստման միջոցներ։ Հայկական ամէնէն մեծ մագաղաթէ ձեռագիրը «Մշոյ ճառընտիրն» է 5,3x70,5 սմ՝ 660 (այժմ՝ 620) թերթ՝ պատրաստուած արջառի եւ երինջի մորթէ[2]։ Իսկ հայերէն ամէնէն փոքր, ձեռագիր գիրքին թերթերը պատրաստուած են նորածին ուլի մորթէ։

Մեր մատենագիրները՝ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Մովսէս Խորենացի, Գրիգոր Նարեկացի եւ ուրիշներ, իրենց ստեղծագործութիւնները գրած են մագաղաթի վրայ։ «Գրիչ» կոչուող յատուկ մարդիկ այդ ստեղծագործութիւնները կ'ընդօրինակէին եւ կը բազմացնէին մագաղաթէ ուրիշ թերթերու վրայ (տպարանի ու տպագրութեան չգոյութեան պատճառով), իսկ նկարիչները, որոնք «ծաղկող» կը կոչուէին, զանոնք կը պատկերազարդէին։ Յետոյ մագաղաթէ թերթը կը միացնէին, կը կազմէին, ու գիրքի կը վերածէին, բազմաթիւ վանքերու մէջ գործող գրչութեան կեդրոններուն մէջ, ուր կը պատրաստէին մագաղաթը։ Հայերէն հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ գրուած են մագաղաթի վրայ։ Անոնց մեծ մասը այժմ պահուած է Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին մէջ։

Հին հայկական մատենագրութեան մէջ գործածած են բուսական եւ երկաթի երկու տեսակ թանաք, որոնք դարեր դիմացեր են եւ պահած` իրենց գոյնը: Կարմիր թանաքով գրած են միայն թագաւորներն ու կաթողիկոսները:

Թուղթին յայտնութենէն ետք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախքան թուղթին յայտնութիւնը, կովու եւ ոչխարի մորթէ շինուած մագաղաթը չափազանց դիւրաբեկ նիւթ մըն էր, զոր պատրաստելը սուղ կ'արժէր: Հետեւաբար դպիրներ պարտաւոր էին պայքարիլ անոնց կպած արատներուն դէմ եւ միացնել անոնց մէջ բացուած ճեղքերը[3]:

Երբ մարդիկ գրելու համար կը սկսին օգտագործել թուղթը, մագաղաթը աստիճանաբար կը սկսի գործածութենէ դադրիլ։ Ներկայիս ոչ մէկը մագաղաթի վրայ կը գրէ։ Թուղթի վրայ կը գրեն ու կը տպագրեն, քանի որ անիկա շատ աւելի յարմար է ու աժան։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի՞նչ է Ո՞վ է, 3, Էջ 175:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  CC BY-SA icon 80x15.png