Jump to content

Իրանի Դրօշ

Իրանի Դրօշ
Տեսակ ազգային դրօշ
Իրաւասութեան տարածք Իրան
Նշան 🇮🇷
Յարաբերութիւն 7:4?
Ընդունուած է 29 Յուլիս 1980
Գոյներ կանաչ, ճերմակ եւ կարմիր
Պատկերուած է դաշտ, Իրանի խորհրդանիշ? եւ Թաքբիր?
Իրանի դրօշը 1964—1980 թուականներուն

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դրօշը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշներէն է, որ Նասր էլ Տին շահի թագաւորութեան տարիներէն ի վեր եռագոյն է՝ կանաչ, սպիտակ, կարմիր: ։ Այն ընդունուած է 29 Յուլիս 1980-ին (1359 թ.թիր ամսուայ 15)։

Դրօշը կազմուած է երեք հաւասար հորիզոնական գիծերէ՝ կանաչ, սպիտակ, կարմիր։ Կանաչ գոյնը կը խորհրդանշէ պտղաբերութիւնը, կարգուկանոնն ու ուրախութիւնը. սպիտակը՝ խաղաղութիւնը, կարմիրը՝ տղամարդկայնութիւնը եւ պատերազմի ընթացքին թափուած արիւնը։

Այժմեան դրօշը համալրուած է նաեւ «Ալլահ» բառով եւ իսլամի՝ «Չկայ Աստուած բացի Ալլահէն» կարգախօսով, որ դրօշմուած է դրօշի սպիտակ հատուածի վրայ: Նաեւ ի նշան բահման ամսուայ 22-ի իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի` դրօշի կանաչ շերտի ստորին եւ կարմիր շերտի վերին եզրագծերուն ՝ սպիտակայ գիրով 22 անգամ «Աստուած ամենակարողն է» արտայայտութիւն գրուած է:

Քննարկման առարկայ կը հանդիսանայ նաեւ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան դրօշի վրայ առկայ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան պետական խորհրդանիշի ու զինանշանի նմանութիւնը հնդկական սիկհերու խորհրդանիշի ու զինանշանի հետ:

Աքեմէնեան թագաւորութեան դրօշը ամենայն հաւանականութեամբ եղած է թեւերը բաց արծուի պատկերով՝ գլուխի հետեւը արեւի սկաւառակ: Արշակունիներու դարաշրջանի դրօշը զարդարուած էր արեւի պատկերով: Սասանեան դարաշրջանի դրօշներու ու Սասանեաններու թագաւորութեան խորհրդանիշերու մասին հիմնական պատկերացում կը կազմենք Ֆիտուսու «Շահնամէ» գիրքէն եւ իսլամական աղբիւրներուցէն: Սասանեան դարաշրջանի տասնութ կնիքները, որոնք յայտնաբերուած են Խորեզմի լիճի (Արալեան ծով, Արալի լիճ)  շրջակայքը, արձանագրութիւնները եւ հռոմեական աղբիւրներուն մէջ առկայ ակնարկները  եւս տեղեկութիւններ կը հաղորդեն այդ դարաշրջանի մասին: Իսլամական առաջին քանի մը հարիւրամեակի ընթացքին Ապպասեան խալիֆայութեան, անոր հետեւորդներու ու կողմնակիցներու խորհրդանշական գոյնը սեւն էր: Սպիտակն ու կանաչն ալ կը համարուէին Ապպասեաններու հակառակորդներու՝  Ֆաթիմեան Եգիպտոսի, ալեւիներու, իրանցի խռովարարներու դրօշներու նախընտրելի գոյները: Առիւծի եւ արեւի յայտնի պատկերը իրանական դրօշներու վրայ յայտնուած է մօտաւորապէս հիճրայի իններորդ հարիւրամեակին (Գրիգորեան օրացոյցով՝ 15-րդ դար): Այդ խորհրդանիշերը տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ տարբեր շահերու օրօք այլկերպ ներկայացուած են: Ի սկզբանէ այն եղած է ոչ թէ թագաւորութեան, այլ աստղագիտութեան սիմուոլ, սակայն յետագայում ձեռք է բերել իսլամական-շիիտական նշանակութիւն: Այդ խորհրդանիշերու ազգայնական եւ իշխանական մեկնաբանութիւնները ի յայտ եկած են Ղաճարներու եւ Փահլաւիներու դարաշրջանին: Ղաճար Ֆաթհալի շահի օրօք առիւծի ձեռքին յայտնուեցաւ սուր, եւ այդ խորհրդանիշը շարունակեցաւ գոյութիւն ունենալ մինչեւ 1357 (1979) յեղափոխութիւնը: Յեղափոխութենէն ետք առիւծի եւ արեւի պատկերները փոխարինուեցան իսլամական խորհրդանիշերով[1]:

Այս գոյները Իրանի դրօշի վրայ առկայ են 20-րդ դարասկիզբէն. այն կ՚օգտագործուէին նաեւ շահերը: Բայց կեդրոնը պատկերածուած էր սուրով առիւծ՝ հնագոյն Պարսկաստանի խորհրդանիշը։

Իսլամական յեղափոխութենէն ետք առիւծը փոխարինուեցաւ Ալլահ բառով։ Այն կազմուած է չորս մահիկներէ եւ կեդրոնը սուրէ։ Բացի այդ, կանաչ շերտի ներքեւը եւ կարմիր շերտի վերեւը 22 (2×11) անգամ գրուած են «Ալլահ աքպար» (Աստուած մեծ է) բառերը։ Այդ ակնարկ է Իսլամական յեղափոխութեան, որ տեղի ունեցած է 11-րդ ամիսի 22-րդ օրը (բահմանի 22)՝ ըստ իրանական օրացոյցի:

Դրօշի գոյներու համադրութիւնը կը համապատասխանէ Տաճիկստանի դրօշի գոյներուն, որ պայմանաւորուած է այս երկու ազգերու էթնիկ, մշակութային եւ լեզուական ընդհանրութիւններով[2]:

Իրանցիները շատ յաճախ իրենց դրօշը կ՚անուանեն «parcham-e se rang» («եռագոյն»)։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պերսեպոլիսի մէջ (Թախթ-ե Ջամշիտ) յայտնաբերուած ցուցատախտակ, որ հաւանաբար Աքեմենեաններու շրջանի դրէշը եղած է:
Պերսեպոլիսի մէջ յայտնաբերուած ցուցանմուշի վերականգնուած տարբերակը:

Աւեստայի մէջ յիշատակութիւն կայ թեւաւոր ցուլի պատկերով դրօշի (դերաֆշայի) մասին: Աքեմէնեան դարաշրջանի դրօշը ամենայն հաւանականութեամբ եղած է  թեւերը բաց արծուի (մեծ բազէի) պատկերով՝ գլուխի ետեւը արեւի սկաւառակ: Արշակունիներու դարաշրջանի դրօշը զարդարուած էր արեւի պատկերով: Վիշապներու պատկերներով զարդարուած մետաքսէ դրօշներ ունէին Արշակունիներու բանակի ջոկատները: Սասանեան դարաշրջանի քարէ արձանագրութիւններուն մէջ կը հանդիպի դրօշի չորս տարբերակներ: Մէկը Պիհիսթունի մէջ է, ուր Շապուհ Երկրորդի դրօշի գծագիրը չէ պահպանուած: Միւս երեք դրօշները փորագրուած են Նախշ-ե Ռոսթամի մէջ: Անոնցմէ մէկը, որ Որմիզդ Երկրորդի անուան հետ կը կապուի, զարդարուած է խաչով: Պահրամ Երկրորդի (Վռամ Երկրորդ) պատկերին մէջ շահի գլխաւերեւը նշմարուող օղակէն կախուած են երկու դրօշ՝ հաստ գիծերով, նաեւ՝ ծոպերով: Նախշ-ե Ռոսթամի Շապուհ Երկրորդի պատկերին մէջ դրօշը պատկերուած է մէկ խաչով, ունի ծոպեր, երեք գծաւոր գունդ՝ նման  Սասանեան արքաներու թագի գունդին[3]։

Ըստ Քաւէ Ֆարրոխի՝ Սասանեաններու խորհրդանիշերու եւ Սասանեաններու դարաշրջանի դրօշներու մասին տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւրը Սասանեան դարաշրջանի տասնութ կնիքները են, որոնք յայտնաբերուած են Խորեզմի լիճի (Արալեան ծով, Արալի լիճ)  շրջակայքը: Արձանագրութիւնները եւ հռոմէական աղբիւրներուն մէջ առկայ ակնարկները  եւս տեղեկութիւններ կը հաղորդեն այդ դարաշրջանի մասին:

Դերաֆշ-ե Քաւիան

Իրանական առասպելաբանութեան մէջ յիշատակութիւններ կան Դերաֆշ-ե Քաւիանի եւ դարբին Քաւէի՝ Աժդահակի (Աժի Դահակ, Զոհակ) անիրաւութիւններու ու բռնութիւններու դէմ ապստամբութեան մասին: Ի նշան ընդվզման, ընդդէմ Զահակի՝ մարդոց իր շուրջը համախմբելու համար Քաւէն կը բարձրացնէ փայտի ծայրին ամրացուած իր կաշուէ գոգնոցը: Այնուհետեւ ան կ՚աւերէ արիւնռուշտ բռնակալի ապարանքը եւ Ֆրէյտունին կը դարձնէ թագաւոր: Վերջինս կը հրամայէ, որ Քաւէի կաշուէ գոգնոցի մէկ կտոր զարդարէն մանուշակագոյն, կարմիր, ոսկեգոյն դիպակով, մարգարիտներով ու ակներով, եւ այն ընդունին իբրեւ շահի դրօշ. այդկերպ կ՚առաջանայ Տերաֆշ-ե Քաւիանին՝ Քաւէի դրօշը: Յետագային միւս արքաները եւս դրօշը կը զարդարեն նոր գոհարներով. այնպէս որ այն կը շողշողէ նոյնիսկ գիշերը: Դերաֆշ-ե Քաւիանն կ՚անուանուի նաեւ Ջամշիտի կամ Ֆրէյտունի դրօշ (նեշան-ե Ջամշիտ, նեշան-ե Ֆրէյտուն):

Իբրեւ պատմական իրողութիւն՝  Աւեստայի բնագիրներուն մէջ, Աքեմէնեաններու, Սելեւկեան ու Պարթեւական թագաւորութիւններու գրաւոր յուշարձաններուն մէջ չկայ անմիջական յիշատակութիւն Դերաֆշ-ե Քաւիանի մասին: Ժամանակակից հետազօտողները կը զգուշանան աւանդազրոյցէ զատ նաեւ իբրեւ պատմական իրողութիւն որակել Դերաֆշ-ե Քաւիանի պատմութիւնը: Մոհամմէտ իպն Ճարիր Թապարին իր «Թարիխ-ե ալ-էմամ ուա ալ-մոլուք» («Թագաւորներու եւ մարգարէներու պատմութիւնը»)  աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Դերաֆշ-ե Քաւիանին պատրաստուած էր ընձառիւծի կաշուէ, ունէր տասներկու կանգուն երկարութիւն. ամէն կանգունը բացուած ձեռքի մատի ծայրէն մինչեւ արմունկն է, որ կը համապատասխանէ 60 սմ-ին: Այսինքն՝ դրօշը մօտաւորապէս հինգ մեթր լայնութիւն եւ եօթ մեթր երկարութիւն ունէր»: Ապոլհասան Մասուտին եւս կ՚անդրադառնայ այդ թեմային: Իպն Խալտունը կը մեկնաբանէ՝ Քաւէի դրօշը աստղազարդ էր եւ այնպիսի մոգական ուժ ունէր, որ այն կրողները կը համարուէին անպարտելի: Քաւէ Ֆարրոխը կը նշէ, որ Սասանեաններու թագաւորութեան ամենանշանաւոր խորհրդանիշը Դերաֆշ-ե Քաւիանին էր, եւ դրօշի վերականգնուած պատկերը կը ներկայացնէ ըստ Շահնամէի:

Երբ Իրան ներխուժելէն ետք արաբները Քատիսիայի ճակատամարտին տիրացան Դերաֆշ-ե Քաւիանիին եւ այն տարին խալիֆ Օմար իպն Խաթթապի մօտ,  վերջինս զարմացաւ դրօշի գոհարներու առատութենէն եւ ըստ Պալամիի պատմական աշխատութեան՝  հրամայեց՝ գոհարեղէնը պոկէն դրօշի վրայէն, իսկ դրօշը այրեն:

Պատկեր:ImageՂազնեւիների դրոշը ըստ Ռաշիդ էդ Դինի պատմական աշխատության-.png
Ղազնեւիներու դրօշը ըստ Ռաշիտ էլ Տինի պատմական աշխատութեան:
Պատկեր:Ղազնեւիների դրոշը .png
Ղազնեւիներու դրօշը ըստ Ռաշիտ էլ Տինի պատմական աշխատութեան:

ԻՐԱՆԻ ԴՐՕՇԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՍԵՖՅԱՆնԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ

Օմայաններու դրօշը, ըստ Թապարիի, սպիտակ էր: Պալամիի քանի մը պատմութիւներու մէջ այդ դրօշը ներկայացուած է կանաչ գոյնով: Թապարին կը պատմէ, որ Ապու Մուսլիմ Խորասանին ունէր երկու դրօշ՝ մէկը սեւ, միւսը սպիտակ՝ Ղուրանի մէկ հատուածով զարդարուած: Ապպասեաններու դրօշը եւս սեւ գոյն ունէր  եւ զարդարուած էր Մոհամմատ Ռասուլոլլահի խօսքերով: Ի նշան բողոքի՝ Ապպասեաններու հակառակորդները կ՚օգտագործէին այլ գոյներ: Օրինակ՝ Եգիպտոսի Ֆաթէմեան իշխանութեան դրօշը կանաչ էր, Ալաւիներու (շիաններու առաջին իմամ՝ Ալիի ժառանգներ) ու իրանցի ապստամբներու մեծ մասի դրօշները՝ սպիտակ[4]։

Դրօշներու պատկերներով հնագոյն իրեր յայտնաբերուած են իսլամական տարբեր երկիրներու մէջ (յատկապէս մանրանկարներ): Անոնցմէ ամենահինը իրանական բարաղ (փայլուն) ափսէն է, որ կը պատկանի 10-րդ դարուն (Գրիգորեան օրացոյցի): Ապպասեան Մամուն խալիֆի օրոք դրօշը շիայական կանաչ գոյն ունէր: Ըստ Ռաշիտ էլ Տինի պատմական աշխատութեան՝  Ղազնեւիներու դրօշը հիմնականին կարմիր էր, եւ անոնք յաճախ կ՚օգտագործէին նաեւ վանդակաւոր ֆոնով դրօշներ: Այդ ժամանակաշրջանի որոշ գրաւոր յուշարձաններու մէջ կը նշուէր, որ անոնց դրօշները զարդարուած էին ոսկիով կամ ոսկիէ առիւծով: Ղազուինին 6-րդ դարուն (հիճրայի տարեթիւով) կը պատմէ, որ այդ ժամանակի շիայ արքաներու դրօշները կանաչ ու սպիտակ էին, իսկ միւս արքաներու դրօշները՝ ի աջակցութիւն Ապպասեաններուն՝ սեւ:

Պայհաղինկը գրէ, որ սելճուկեան ցեղերու ղեկավարները իրենց յատուկ խորհրդանիշերն ու դրօշները ունէին: Այդ դրօշներու պատկերներու վերաբերեալ փաստեր, սակայն, չկան: Երբ սելճուկները յայտնուեցան Խորասանի մէջ, եւ Ապպասեան խալիֆայութիւնը փաստօրէն անցաւ Տուղրիլ Բեկի տիրապետութեան տակ, անոնք ընդօրինակեցին Ապպասեաններու, Ղազնեւիներու, Սամանեաններու  սովորոյթները, եւ անոնց խորհրդանիշերուն մէջ յայտնուեցան  իսլամական երանգներ: Այնուամենայնիւ, պահպանեցին իրենց ցեղի որոշ աւանդոյթներ. Օրինակ՝ Տուղրիլ բեկի դրօշմակնիքի վրայ կը շարունակէր մնալ գուրզի պատկերը, իսկ Արփարսլանի ժամանակաշրջանի կնիքները նման էին իսլամական կնիքներուն: Ազրաղին Տողանշահին նուիրուած եղերերգութեան մէջ կը գրէ անոր զօրքի կարմիր դրօշի մասին: Այնուամենայնիւ, սելճուկներու պաշտօնական դրօշի գոյնը յայտնի չէ, եւ ամենայն հաւանականութեամբ անոնց դրօշը Ապպասեաններու ու Ղազնեւիներու դրօշներու նման ունեցած է սեւ գոյն: Այդ ժամանակաշրջանի բանաստեղծներու (ինչպիսին են Անուարին ու Զահիր Ֆարիապին)  ստեղծագործութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ գոյութիւն ունէին լուսինի, վիշապներու, առիւծի, ընձառիւծի, փիւնիկի պատկերներով դրօշներ: Սելճուկներու իշխանութեան կարեւոր պաշտօններէն մէկը «Էմիր ալամ»-ի  (դրօշակակիր) պաշտօնն էր: Իրանական մէկ նկարի մէջ, ուր պատկերուած է մոնկոլներու կողմէ Բուխարայի շրջապատումը, Խորեզմշահերի դրօշը դեղին է, բայց քանի որ այդ կտաւը չէ նկարուած Խորեզմշահերի դարաշրջանին, ուստի կարելի չէ այն ընդունիլ իբրեւ իրողութիւն: Հիմնուելով որոշ փաստերու վրայ՝ կարելի է եզրակացնել, որ այդ ժամանակաշրջանի դրօշը եւս սեւ գոյն ունէր:

ԱՌԻՒԾԻ ԵՒ ԱՐԵՒԻ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐՄՈՒԾՈՒՄԸ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծածաւալ հնագիտական ու գրական բնագիրները, պատմական փաստերը, որոնք հաւաքած եւ ուսումնասիրած են Ահմատ Քասրաւին, Մոճթապա Մինովին ու Սայիտ Նաֆիսին, ցոյց կու տան, որ արեւի խորհրդանիշը աստղագիտութենէն մուտք գործած է գեղարուեստական պատկերներու ու խորհրդանիշերու  մշակոյթ, ուրկէ ալ աստիճանաբար՝ մինչեւ հիճրայի 9-րդ դարը (15-րդ դար), յայտնուած է դրօշներու վրայ: Շափուր Շահպազին «Իրանիկա»-ի մէջ կը գրէ. «Այս խորհրդանիշը հնագոյն իրանական, արաբական, թրքական, մոնկոլական աւանդոյթներու համադրութիւնն է»:

Արեւի եւ առիւծի պատկերով ամենահին դրօշը կը պատկանի իրանական լուսնային  826-ին (1423)՝ Թէյմուրեաններու դարաշրջանին:

Արեւի եւ առիւծի պատկերով ամենահին դրօշը կը պատկանի իրանական լուսնային  826-ին (1423)՝ Թէյմուրեաններու դարաշրջանին: Այդ դրօշը առկայ է Շահնամէի Շամս էլ Տին Քաշանիի (մոնկոլներու աշխարհակալութեան մասին պոէմ) մանրանկարին մէջ, ուր պատկերուած է մոնկոլներու յարձակումը Նիշապուրի ամրոցի վրայ: Զինուորները (մոնկո՞լ) կը ծածանեն առիւծի ու արեւի պատկերով դրօշ մը ուրիշ՝ կիսալուսնի պատկերով դրօշի կողքին: Ֆուատ Քոփրուլուն թրքական ցեղերու մասին երկին մէջ Իլխանեան եւ Թէյմուրեան դարաշրջաններու դրօշներու մասին կը գրէ. «մոնկոլներու պատմութեան մասին պարսկական գիրքերու որոշ նկարներուն մէջ նկատելի է  կապոյտ ֆոնով, գայլի պատկերով եւ այլ նախշերով դրօշ. այդ կը վկայէ, որ անհրաժեշտ է ուսումասիրութիւններ կատարել այդ դրօշներու՝ պատմական իրողութեան համապատասխանելու փաստի վերաբերեալ»: Ըստ Հաֆէզ Ապրուի՝ Ամիր Ահմատ Խալաջը կարմիր դրօշ ունէր: Գոյութիւն ունեցած են նաեւ կարմիր եւ դեղին ռազմական դրօշներ, որոնց վրայ նկարուած եղած են տարբեր պատկերներ՝ վիշապներ, առիւծ, ղարաղուշ (արծուի տեսակ), արեւ ու արծիւ: Ամենայն հաւանականութեամբ դրօշներու համար օգտագործուած են նաեւ յատուկ թամղաներ (մոնկոլ խաներու կնիքը): Որոշ դրօշներու ծայրին մետաղէ կիսալուսին («դրօշակի կիսալուսին») է ամրացուած: Սպանացի վանական մը 8-րդ դարուն գրուած իր գիրքին մէջ կը ներկայացնէ դեղին ֆոնով եւ չորս կարմիր  քառակուսի թամղաներով դրօշը, որ հաւանաբար կը պատկանի Իլխանեաններու ժամանակաշրջանին: 9-րդ դարուն գրուած Շահնամէի օրինակներէն մէկուն մէջ (մոնկոլներու ժամանակաշրջան) աչքի կը զարնէ դրօշ մը՝ կեդրոնը առիւծի ու արեւի պատկերով: Ամենայն հաւանականութեամբ այս եւս կը պատկանի Իլխանեաններուն, քանի որ նոյն պատկերը առկայ է նաեւ Իլխանեաններու մետաղադրամներու վրայ:

Իրանի դրօշ
Սելճուկներու դարաշրջանի՝ առիւծի ու արեւի պատկերով մետաղադրամ
Նատիր շահի կնիքը եւս առիւծի ու արեւի պատկերով է, «ալմոլք լելլահ»  արտայայտությամբ, որ կը նշանակէ Տիրոջն է ողջ իշխանութիւնը:

Ֆուադ Քոփրուլուն կը գրէ. «Առիւծի ու արեւի պատկերը այս դինաստիայի (ակ-կոյունլու) որոշ տիրակալներու եւ թրքական այլ իշխանութիւններու մետաղադրամներու վրայ ոչ թէ իշխանութեան խորհրդանիշ է, այլ միայն աստղագիտական նշանակութիւն ունի: Այնուամենայնիւ, կարելի է ենթադրել, որ այն իբրեւ պատկեր օգտագործուած է նաեւ դրօշներու վրայ»: Հեղինակաւոր շատ աղբիւրներ, ինչպիսին են Իրանական եւ Բրիտանական հանրագիտարանները, լուսնային օրացոյցի 9-րդ դարու (15-րդ դ.) դրօշը եւ նմանատիպ օրինակները կը համարեն իրանական դրօշներուն վրայ առիւծի ու արեւի պատկերներու օգտագործման առաջին վկայութիւններ:

ՍԵՖԵԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՖՇԱՐՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻ ԴՐՕՇԸ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

230 տարի Իրանի մէջ իշխած Սեֆեան արքաներէն Իսմայիլ Առաջին շահի դրօշի վրայ առիւծի ու արեւի պատկեր չկար: Թահմասբ շահի դրօշներու ու մետաղադրամներու վրայ տպուած էր խոյի (համաստեղութեան նշան) պատկեր, քանի որ ան ծնած էր ֆարուարտին ամիսը (խոյի համաստեղութեան մէջ): Իսմայիլ Երկրորդը առաջինն էր, որ կարգադրեց իբրեւ խորհրդանիշ դրօշներու վրայ ասեղնագործել ոսկեգոյն առիւծ ու արեւ: Մինչեւ Սեֆեան թագաւորութեան կործանումը այդ դրօշը շարունակեց մնալ իբրեւ Սեֆեաններու պետական դրօշ, թէեւ քանի մը տիրակալներ օգտագործեցին նաեւ այլ դրօշներ ու դրօշակներ:

Մոհամմէտ Ռեզա բեկի դրօշը ուղարկուած շահ Սուլթան Հուսէյնին 1715-ին, երբ ան մտաւ Վերսալեան պալատ:

Այդ ժամանակաշրջանի Իրան այցելած եւրոպացիները նկարագրած են Սեֆեաններու եռանկիւն դրօշը՝ զարդարուած առիւծի ու արեւի պատկերով եւ սուրով կամ Ղուրանի հատուածով: Սեֆեաններու օրոք դրանք Իմամ Ալիի ու արեւի, Աստուծոյ հզօրութեան ու կրօնի փառաւորութեան խորհրդանիշերն էին, ինչպէս նաեւ կը մեկնաբանուէին իբրեւ Աստուծոյ լոյս: Ինչպէս նշած է Հարվարտի համալսարանաի փրոֆեսոր Աֆսանէ Նաժմապատին՝ առիւծն ու արեւը այն ժամանակի Իրանի երկակի խորհրդանիշերն էին. իշխանութիւն եւ կրօն:

Նադիր շահ Աֆշարը դրօշներուն վրայ չէ կիրառած կանաչ գոյնը, քանի որ այն կը համարուէր շիականութեան խորհրդանիշ: Անոր դրօշներէն մէկը եռագոյն էր՝ կարմիր, կապոյտ, սպիտակ, միւսը քառագոյն՝ կարմիր, կապոյտ, սպիտակ, դեղին. երկուքն ալ առանց պատկերազարդումներու էին: Սակայն անոր կնիքը առիւծի ու արեւի պատկերով էր ու «ալմոլք լելլահ»  արտայայտութեամբ:

Իսմայիլ Առաջին շահի կողմէ ընդունուած դրօշներէն մէկը

==== ԻՐԱՆԻ ԴՐՕՇԸ  ՂԱՃԱՐՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՓԱՀԼԱՎԻՆԵՐՈՒ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐՋԸ ====   

Ղաճարներու իշխանութեան սկիզբէն առիւծի եւ արեւի պատկերները յայտնուեցան դրամներու, դրօշներու, շքանշաններու վրայ: 1222-1225-ականներուն Ֆաթհալի շահը եւրոպացի պաշտօնեաներուն ու դիւանագէտներուն պարգեւատրելու համար ֆրանսական Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի նմանութեամբ ստեղծեց Առիւծի ու Արեւի շքանշանը: Իրանի պետական դրօշի վրայ եւս այդ խորհրդանիշերն էին պատկերուած: Գասպար Տարուիլը, որ 1812- 1813-ականներուն ծառայած է իրանական բանակին մէջ, կը վկայէ՝ իրանական դրօշները ու շքանշանները զարդարուած եղած են առիւծի եւ ծագող արեւի պատկերներով, ինչպէս նաեւ Ֆաթհալի շահի խօսքերով:

Լիւի Տիւպոն ալ կը գրէ, որ Մոհամմէտ շահը (Ֆաթհալիի յաջորդը) ունեցած է երկու դրօշ՝ մէկը Ալիի երկսայր սուրի, միւսը՝ պառկած առիւծի եւ ծագող արեւի պատկերով:

Նադիր շահ Աֆշարի եռագույն դրոշը
Ղաճարներու եռանկիւնաձեւ դրօշը՝ 19-րդ դարու կէսերուն

Վերջինն ալ երկրի հիմնական դրօշն էր: Տարուիլի նկարագրած դրօշներէն մէկուն վրայ ալ պատկերուած է սուրը ձեռքին առիւծ: Այդ առաջին վկայութիւնն է այդ խորհրդանիշի վերաբերեալ: Այն յետագային դարձաւ Իրանի ազգային, աւանդական սիմպոլը: Աֆսանէ Նաժմաբադին կը գրէ, որ Ֆաթհալի շահի ժամանակաշրջանէն այդ խորհրդանիշերու կրօնական մեկնաբանութիւնները աստիճանաբար իրենց տեղը զիջեցին ազգային մեկնաբանութիւններուն:

Ըստ այդ ժամանակի գրաւոր յուշարձաններու՝ արեւը խորհրդանշած է շահին, յատկապէս նոյնացուած է Ֆիդուսիի «Շահնամէ »-ի Ջամշիտ թագաւորի հետ, իսկ առիւծը խորհրդանշած է Ռոստամին եւ միւս դիւցազուններուն:

ԻՐԱՆԻ ԵՌԱԳՈՒՅՆ ԴՐՕՇԸ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1849-ին՝ Նասր ալ Տին շահի օրոք՝ Ամիր Քապիրի վարչապետութեան շրջանին, եռագոյն դրօշը՝ կանաչ, սպիտակ, կարմիր գոյներով եւ առիւծի ու արեւի պատկերով, առաջին անգամ  ծածանեց Լոնտոնի՝ Իրանի դեսպանատան մէջ:

Նադիր շահ Աֆշարի քառագոյն դրօշը

Եահիա Զեքան նկարակը գրէ Ղաճարներու դինաստիայի երկու ամենակարեւոր դրօշները: Առաջինը քառակուսի դրօշ էր՝ վերին եզրը կանաչ, ստորին եզրը կարմիր, ֆոնը՝ սպիտակ: Կեդրոնը առիւծ ու արեւ պատկերուած էր: Միւս դրօշը եւս եռագոյն էր, բայց շերտերը հաւասար էին: Առիւծի ու արեւի պատկերը կ՚ընդգրկէր բոլոր երեք գոյները: Վիճելի է, թէ ինչ սկզբունքով կ՚ընտրուէին գոյները այն ժամանակ, բայց յետագային կանաչը մեկնաբանուած է իբրեւ իսլամի խորհրդանիշ, սպիտակը՝ խաղաղութեան, կարմիրը՝ քաջութեան ու համարձակութեան:

Ռեզա շահի ժամանակաշրջանին պահպանուեցաւ եռագոյն դրօշը, միայն այն տարբերութեամբ, որ առիւծի պատկերը աւելի մօտ էր բնականին, եւ արեւը կանացի կերպարանքով չէր:

Պատկեր:State Civil flag of Iran (1964–1980).svg
Իրանի դրօշ.հաւասար շերտերով եռագոյն՝ կանաչ, սպիտակ, կարմիր, դրօշ՝ առիւծի ու արեւի պատկերով:

ԵՐԵՔ ԴՐՕՇԻ ՇՐՋԱՆ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսլամական յեղափոխութենէն առաջ Իրանը ունէր երեք դրօշ:

Այդ դրօշը որ ժամանակին կ՚անուանէին «պետական դրօշ», որ որոշ հետազօտողներ կը հերքեն: Մանուչեհր Էղբալի կառավարութեան ընդունած որոշումներուն մէջ պետական դրօշի մասին խօսք չկայ:

Հաւասարաշերտ եռագոյն՝ կանաչ, սպիտակ, կարմիր, դրօշ, ուր կը բացակայի առիւծի ու արեւի պատկերը:
Ռազմական դրօշ, որ բաղկացած է կանաչ, սպիտակ, կարմիր հաւասար շերտերէ:

Այդ դրօշը ր ժամանակին կ՚անուանէին «ազգային դրօշ», որ որոշ հետազօտողներ կը հերքեն: Մանուչեհր Էղբալի կառավարութեան ընդունած որոշումներուն մէջ ազգային դրօշի մասին խօսք չկայ:

Այդ դրօշի իւրայատկութիւնը այն է, որ արեւի եւ առիւծի վերեւումը Փահլաւիներու թագն է, եւ պատկերը բոլորուած է ձիթենիի ու կաղնիի ճիւղերով: (Մանուչեհր Էղբալի կառավարութեան ընդունած որոշման մէջ սխալմամբ նշուած է արմաւենիի տերեւ):

ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ԴՐՕՇ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յեղափոխութեան առաջին օրերուն ժամանակաւոր կառավարութեան դրօշը առիւծի եւ արեւի պատկերով էր, եռագոյն: 1357-ին էսֆանտ ամսուայ 10-ին այաթոլլահ Խոմէյնին հանդէս եկաւ առիւծի ու արեւի պատկերէն հրաժարուելու կոչով:

Մինչեւ 1359-ին պետական որոշ փաստաթուղթերուն մէջ դեռեւս շարունակուէր օգտագործուել առիւծի ու արեւի խորհրդանշանը: 1359-ին թիր ամսուայ 7-ին այաթոլլահ Խոմէյնին շահական Իրանի խորհրդանիշն ու զինանշանը փոխելու համար 10 օր ժամանակ տուաւ:

Իրանի իսլամական հանրապետութեան ներկայիս դրօշը հաստատուած է 1359-ին, թիր ամսուայ 15-ին՝ Յեղափոխական խորհուրդի կողմէ:

Այժմեան դրօշը, որ կը համարուի Իրանի իսլամական հանրապետութեան խորհրդանիշը, եւ որու պաշտօնական նկարագրութիւնն ու մեկնաբանութիւնը սահմանուած է 1358-ին ընդունուած Սահմանադրութեան  18-րդ յօդուածով,  կազմուած է երեք՝ կանաչ, սպիտակ, կարմիր գոյներով հաւասարաչափ հորիզոնական շերտերէ:

Կանաչ շերտի ստորին եւ կարմիր շերտի վերին եզրագիծերուն վրայ սպիտակ գոյնով 22  «Աստուած ամենակարող է» արտայայտութիւնը գրուած է՝ ի նշան բահմանի 22-ի յեղափոխութեան յաղթանակի:

Դրօշի սպիտակ շերտին տպուած է  իսլամի՝ «Չկայ Աստուած բացի Ալլահէն» կարգախօսը:

1.             ذکاء، یحیی. «یکی دیگر از رازهای تخت جمشید (کشف شکل و چگونگی درفش شاهنشاهان هخامنشی)». هنر و مردم، ش. ۲ (۱۳۴۱): ۱۲–۲۱. بازبینی‌شده در ۲۰۱۷-۰۳-۲۶.

2.             ذکاء، یحیی. ««تاریخچة تغییرات و تحوّلات درفش و علامت دولت ایران از آغاز سدة سیزدهم هجری قمری تا امروز»، هنر و مردم، ش ۳۱ (اردیبهشت ۱۳۴۴)، ش ۳۲–۳۳ (خرداد و تیر ۱۳۴۴)، ش ۳۴ (مرداد ۱۳۴۴)، ش ۳۵ (شهریور ۱۳۴۴)، ش ۳۶ (مهر ۱۳۴۴)، ش ۳۸ (آذر ۱۳۴۴)؛». وبگاه رسمی مرکز اسناد ومدارک میراث فرهنگی، ۱۳۴۴. بایگانی‌شده از نسخهٔ اصلی در ۰۹ مه ۲۰۱۲. بازبینی‌شده در خرداد ۱۳۸۷.

3. شکیباپور، عنایت‌الله. اطلاعات عمومی. کتابفروشی اشراقی. ۲۹۷.

4. حکیم ابوالقاسم فردوسی، شاهنامه فردوسی

5.کسروی، احمد. «تاریخچه شیر و خورشید». چاپ رشدیه، ۱۳۵۶. بایگانی‌شده از نسخهٔ اصلیدر ۰۹ مه ۲۰۱۲. بازبینی‌شده در مهر ۱۳۸۷.

6. کوپریلی، فؤاد. «تاریخچه پرچم در جهان اسلام». در دانشنامهٔ جهان اسلام.

7.یکصد و چهل و هفتمین کمیته ملی استاندارد پوشاک و فراورده‌های نساجی. پرچم جمهوری اسلامی ایران - ویژگی‌ها. ویرایش تجدیدنظر اول. سازمان استاندارد و تحقیقات صنعتی ایران، ۱۳۸۳.

8. «گفتگو با دکتر حمید ندیمی؛ داستان این پرچم مقدس.». در ماهنامهٔ سپیده دانایی. اسفند ۱۳۸۶.

9. پرچم جمهوری اسلامی ایران مؤسسه استاندارد و تحقیقات صنعتی ایران، اسفند ماه ۱۳۷۱

10. خمینی، روح‌الله. صحیفهٔ امام خمینی. ج. ۶. تهران: مؤسسهٔ تنظیم و نشر آثار امام خمینی (س)، ۱۳۷۸. ۲۷۵. شابک ‎۹۶۴-۳۳۵-۳۵۲-۴. بازبینی‌شده در ۷ اسفند ۱۳۹۵.

11. خمینی، روح‌الله. صحیفهٔ امام خمینی. ج. ۱۲. تهران: مؤسسهٔ تنظیم و نشر آثار امام خمینی (س)، ۱۳۷۸. ۴۷۷. شابک ‎۹۶۴-۳۳۵-۳۵۲-۴. بازبینی‌شده در ۷ اسفند ۱۳۹۵.

12. خمینی، روح‌الله. صحیفهٔ امام خمینی. ج. ۱۲. تهران: مؤسسهٔ تنظیم و نشر آثار امام خمینی (س)، ۱۳۷۸. ۴۸۶. شابک ‎۹۶۴-۳۳۵-۳۵۲-۴. بازبینی‌شده در ۲۱ تیر ۱۳۹۶.

13.مصوبهٔ شمارهٔ ۶۹۳۰ شورای انقلاب به تاریخ ۱۵ تیر ۱۳۵۹

14. Najmabadi, ‎Afsaneh. “II”. In Gender and sexual anxieties of Iranian Modernity. University of California Press, 2005. 68-88 pages. ISBN ‎0-520-24262-9.

15. Barker, Patricia L. (1995), Islamic Textiles, British Museum Press, p. 137, ISBN 0-7141-2522-9

16. Flag of Iran. (2008). In Encyclopædia Britannica. Retrieved November 22, 2008, from Encyclopædia Britannica Online

17. Battle Between Persians and Russians. . State Hermitage Museum. Retrieved on 2009-09-19.

18. Khaleghi-Motlagh, Djalal.. «DERAFŠ-EKĀVĪĀN, the legendary royal standard of the Sasanian kings.». در Encyclopædia Iranica. ویرایش 1st Edition. ۲۰۰۷.

19. David-Weill, J. Encyclopaedia of Islam.

20. Frick, F. A.. «Possible source for some motifs of decoration on islamic ceramics». در Muqarnas. Osprey Publishing، ۱۹۹۳. 10, p. ۲۳۱–۲۴۰.

21. Shahbazi, A. Shapur.. «DERAFŠ». در Encyclopædia Iranica. ویرایش 1st Edition. Osprey Publishing، ۲۰۰۱.

22. Shahbazi, A. Shapur.. «Flags». در Encyclopædia Iranica. ویرایش 1st Edition. Osprey Publishing، ۲۰۰۱.

23. Kaveh Farrokh, Angus McBride.. Sassanian Elite Cavalry AD 224-642. ویرایش 1st Edition. Osprey Publishing، ۲۰۰۵. شابک ‎ISBN ۱-۸۴۱۷۶-۷۱۳-۱, ۹۷۸۱۸۴۱۷۶۷۱۳۰.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «تاريخچه ی تغييرات و تحولات درفش و علامت دولت ايران (1) از آغاز سده سيزدهم هجري قمري تا امروز»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-11-14-ին 
  2. Гафуров Б. Г. Таджики: Древнейшая, древняя и средневековая история. ИВАН СССР, Наука, М. 1972.
  3. «گفت‌و‌گو با دکتر حمید ندیمی؛ داستان این پرچم مقدس»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-03-15-ին 
  4. Frick, F. A.. (1993.)։ «Possible source for some motifs of decoration on islamicceramics».։ էջեր 10, p. 231–240.