Իսլամ Եղբայրներ

«Իսլամ եղբայրներ» (արաբերէն՝  الاخوان المسلمين‎), միջազգային կրօնական եւ քաղաքական կազմակերպութիւն, որ ստեղծուած է 1928-ին Իսմայիլիայի մէջ` իսլամական կրօնի ուսուցիչ Հասան Ալ-Պաննայի կողմէ (Եգիպտոս): 1933-ին կազմակերպութեան շտապ-կայանը տեղակայուած է Քահիրէ: Հասան Ալ-Պաննան շարժումը բնութագրեց այսպէս՝ «Սաֆալեան շարժում, ուղղափառ ճանապարհ, սուֆիստական իրականութիւն, քաղաքական կազմակերպութիւն, մարմնամարզային խումբ, գիտական եւ մշակութային համայնք, գիւղատնտեսական կազմակերպութիւն, ընկերվարական գաղափար»[1]: 1949-ին Հասան Ալ-Պաննայի մահէն ետք, արդէն 1950-ին շարժման գաղափարակիցներէն մէկը դարձաւ Սայիտ Քութուպը, զոր մահապատիժի ենթարկեցին 1966-ին[2]: Կազմակերպութիւնը ունի բազմաթիւ հետեւորդները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան ունէր գրեթէ 500 հազար անդամ: Ինչպէս կը նշէ «Ժենմին Ժիպաօ» թերթը (2013), կազմակերպութիւնը ունի մեծ տարածում։ Անիկա մեծ ուժերով կը գործէ Թունուզի, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ:

Կազմակերպութեան կարգավիճակը միանշանակ չէ: Շարք մը երկիրներու մէջ անիկա օրինաւոր է է, իսկ անոր կապուած քաղաքական կուսակցութիւնները տեղեր կը գրաւեն տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ (Վերածնունդի կուսակցութիւնը Թունուզի մէջ, ազգային քոնկրեսը Սուտանի մէջ, Իսլահը Եմէնի մէջ եւ այլն): Միաժամանակ անիկա ահաբեկչական կազմակերպութիւն կո նկատուի Պահրէյնի, Եգիպտոսի,[3][4], Ռուսաստանի[5], Սուրիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։

Իսլամ Եղբայրները Եգիպտոսի Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1954-ին Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտուլ Նասերի վրայ կատարուած ձախող մահափորձէ ետք «Իսլամ եղբայրներու» գործունէութիւնը Եգիպտոսի մէջ աւարտեցաւ, քանի մը կառավարութեան հակառակորդներ ձերբակալուեցան:

1984-ին «Իսլամ եղբայրները» մասնակցեցան խորհրդարանական ընտութիւններուն: Սակայն իրաւաբանական կարգավիճակ չունենալը անոնց կը ստիպէ հանդէս գալ արձանագրուած կուսակցութիւններու ցուցակով կամ որպէս «անկախ» թեկնածու: Օրինակ՝ 1984-ին «Եղբայրները» հանդէս եկան «Նոր Ուաֆտ» ազատական կուսակցութեան ցուցակով եւ Ազգային ժողովի մէջ (խորհրդարան) ունեցան 8 տեղ: 1987-ին անոնք արդէն միացան ընդդիմադիր «Նոր Ուաֆտ», ազատական-ընկերվարականներուն եւ Ընկերվարական-աշխատաւորական կուսակցութիւններուն ու ստեղծեցին «Իսլամական դաշինքը»: «Իսլամ եղբայրներու» թեկնածուներուն բաժին հասաւ 37 տեղ[6]:

2005-ի Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտութիւններուն «Իսլամ եղբայրները»՝ ընտրութիւններին մասնակցելով որպէս անկախ թեկնածու ստացան 88 տեղ (խորհրդարանի 20 %-ը)՝ դառնալով թիւով մեծագոյն ընդդիմադիր խմբակցութիւնը: 2010-ի նոյեմբերին կայացած ընտրութիւններուն ահաբեկչութիւններու եւ իշխանութիւններու ձեռնարկած քայլերու պատճառով, «Իսլամ եղբայրները» ստացան աւելի քիչ քուէ, քան 5 տարի առաջ: Եւ այդ մէկը մղեց, որ մարդիկ դուրս գան փողոց՝ ընծայելով իսլամ-արմատականներու բողոքի առիթի:[7]

Կազմակերպութիւնը մտադիր էր աշխուժօրէն մասնակցիլ 28 Նոյեմբեր 2010-ի եւ 5 Դեկտեմբերի կայանալիք ընտրութիւններուն, սակայն առաջին փուլէն ետք բազմաթիւ խախտումներու պատճառով անոնք յայտարարեցին պոյքոթելու մասին:

4 Դեկտեմբեր 2011-ին կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլին յաղթեց: Անոնք հաւաքեցին ընտրողներու ձայներու 40 %-ը, ընտրութիւններուն մասնակցած էին ընդհանուր ընտրողներու 62 տոկոսը, կամ 8,5 մլն մարդ:[8] Անոնք նաեւ յաղթեցին երկրորդ փուլին:

2012-ի Յունիսին շարժման ներկայացուցիչ Մուհամմետ Մուրսին յաղթեց Եգիպտոսի առաջին ժողովրդավարական ընտրութիւններուն: 3 Յուլիս 2013-ին Մուրսի ռազմական յեղաշրջման հետեւանքով տապալեցաւ: Միեւնոյն ժամանակ ցուցարարներու գործողութիւնները նպաստեցին Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու ժողովրդականութեան աճին[9]:

26 Յուլիսին դատախազութեան կողմէ կատարուող հետաքննութեան ծիրին մէջ Մուրսի կալանաւորուեցաւ: Ան մեղադրուեցաւ բանտի հրկիզման եւ բանտային տուեալներու ոչնչացման մտջ (խօսքը կ'երթայ 2011-ին Հոսնի Մուպարաքի դէմ տեղի ունեցող ցոյցերու ժամանակ Մուրսիի բանտարկութեան եւ անոր բանտէն փախուստի դիմելու մասին), «Պաղետինեան «Համաս» շարժման հետ համագործակցութեան, որ երկրին մէջ կատարած է գործողութիւններ՝ յարձակած են ոստիկանական եւ ռազմական տեղամասերու վրայ, «Գիտակցաբար եւ նախնական մտադրութեամբ սպաննած են քանի մը բանտարկեալներ, ոստիկաններ եւ զինուորականներ: Եգիպտոսի բանակը «Իսլամ եղբայրներու» աջակիցներուն տուաւ 48 ժամ, որպէսզի միանան երկրի ոստիականական կարգաւորման «Ճանապարհային քարտէսին»[10]:

Մուրսիի տապալումէն ետք 2013-ի Յուլիսի սկիզբը, անոր տասը հազարաւոր աջակիցներ սկսան ցուցարարներու ճամբարներ կազմակերպել՝ պահանջելով տապալած նախագահի իշխանութեան վերականգնում: Ցուցարարները եւ ժամանակավոր կառավարութիւնը հակամարտութեան մէջ մնացին վեց շաբաթ, ներքին եւ արտաքին բոլոր ուժերը կը յորդորէին կողմերը աշխատիլ հակամարտութեան ժողովրդավարական եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ[11]: Նոր կառավարութիւնը քանի մը անգամ սպառնացած է ոչնչացնել ճամբարները[12]: Կ'ենթադրուէր, որ նոյնիսկ վերջնագիր ներկայացուած մինչեւ 14 Օգոստոս, միաժամանակ Ալ-Ազհարը կը հերքէ այդ փաստը[13]: Հակամարտութեան կարգաւորման փորձերը, ինչպէս արաբական եւ Պարսից ծոցի երկիրներու, ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջնորդությամբ, պետական ղեկավարութեանը լուրջ արդիւնք չտուին[14]:

14 Օգոստոս 2013-ին ժամը ճիշդ 7-ին Եգիպտոսի անվտանգութեան ուժերը սկսան շարժիլ դէպի Քահիրէի մէջ գտնուող երկու ճամբարներ: Ըստ Եգիպտոսի ՆԳՆ-ի՝ սկզբնական ծրագիրը եղած է այսպիսին՝ աստիճանաբար դադրեցնել բողոքները, կտրել մատակարարման գիծը եւ ապահովել անվտանգ ելք անոնց համար, որոնք կ'ուզէին հեռանալ: Առաւօտեան 8:00-ին իրավիճակը սրեցաւ: Անվտանգութեան ուժերը սկսան օգտագործել զինուորական թեքնիքներ, մարտական ինքնաշարժներ, մարտական փամփուշտներ եւ արցունքաբեր կազ: Շատ ցուցարարներ գնդակահարուեցան, ուրիշներ ծայրահեղ պարագային այրեցան: Դիպուկահարները կը կրակէին բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը փորձէին լքել ճամբարը: Շատ լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ նորութիւններու պատկերասփիւռի կայաններով եւ համացանցի միջոցով ցուցադրեցին զէնքեր՝ ներառեալ ինքնաձիգներ, եւ հազարավոր փամփուշտներ:

Հազիւ Քահիրէի մէջ տեղի ունեցածը իմացած շատ մարդիկ դուրս եկան դէպի փողոց: Երկրին մէջ սկսաւ բռնութիւններու ալիք: Կիզայի մէջ ամոխը մտաւ ոստիկանական տեղամաս: Ըստ Եգիպտոսի ՆԳՆ-ի, ընդհանուր յարձակման ենթարկուած է 21 տեղամաս: Եգիպտոսի հարաւը ամբողջութեամբ այրեցան երկու ղպտիական եկեղեցիներ: Այդ պատճառով քրիստոնեայ ցուցարարները Մուրսիի կողմնակիցներուն մեղադրեցին «Եգիպտոսի մէջ ղպտիներբւ դէմ պատերազմ վարելուն»: Ըստ կառավարութեան «Իսլամ եղբայրներու» կողմնակիցները քանի մը շրջաններու մէջ յարձակած են կառավարական շտապ կայաններու վրայ։ Ժամանակաւոր կառավարութիւնը մէկ ամիս ժամկէտով արտակարգ իրավիճակ մտցուց: 20 Օգոստոս 2013-ին զինուորականներու կողմէ ձերբակալուեցաւ եգիպտական իսլամ եղբայրներու առաջնորդ Մոհամետ Պատը:[15]:

23 Սեպտեմբեր 2013-ին եգիպտական դատարանը արգիլեց «Իսլամ եղբայրներու» գործունէութիւնը[16]:

24 Դեկտեմբեր 2013-ին Եգիպտոսի կառավարութիւնը կուսակցութիւնը յայտարարեց որպէս ահաբեկչական:[17]

Իսլամ Եղբայրներու Գործունէութիւնը Յորդանանի Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արդէն 1980-ականներու կէսերուն Յորդանանի թագաւոր Հուսէյնի կառավարման տարիներուն, Իսլամ եղբայրները Յորդանանի մէջ քաղաքական աշխուժութիւն դրսեւորեցին: Միաժամանակ շարք մը արգելքներու պատճառով անոնց յառաջխաղացումը մեծ թափ չստացաւ: 2011-ին իսլամ եղբայրները Յորդանանի քաղաքական համակարգին մէջ առաջարկեցին շարք մը փոփոխութիւններ: Այս կազմակերպութեան ղեկավար Համսէ Մանսուրը յաճախ երկրի վարչապետէն կը պահանջէր առաջադրուիլ որպէս գերիշխող խմբակցութիւն այլ ոչ թէ կոչուիլ թագաւոր: Ան նաեւ կը պահանջէր, որ վերին պալատի պատգամաւորները ընտրուին ժողովուրդին կողմէ եւ ոչ թէ նշանակուին թագաւորին կողմէ:[18]

Իսլամ Եղբայրները Սուրիոյ Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրիոյ մէջ իսլամ եղբայրները եւ այլ ֆունդաիստական խմբաւորումներ կը գործեն 1970-ականներու կէսերէն, անոնք կատարեն հակաժողովրդական քարոզ, մղում զինուած պայքարի հենուելով Պաաս կուսակցութեան տնտեսական ձախողած քաղաքականութենէն դժգոհութեան վրայ։ Ծայրահեղականները կը փորձէին հաստատել իսլամական կարգ ու կանոն եւ ստեղծել միացեալ իսլամական պետութիւն: 1970-ականներուն յայտնուեցաւ «Մարտական աւանգարդը»: 1980-ականներու սկիզբը Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամ եղբայրներու համագումարի ժամանակ կազմակերպութեան ղեկավարութեան գլուխ անցաւ ծայրահեղականներու թեւը՝ Սայիտ Հաւային, Ատնանոմ Սայիտ ատ-Տինոմի եւ Ալի Սատրետինի ալ-Պայանունիի գլխաւորութեամբ: 1981-ին տեղի ունեցած է հերթական պառակտումը՝ «քաղաքական» եւ «ռազմական» թեւերը բաշխուեցան ըստ կազմակերպութիւններու: Ատնան Օքլան դուրս եկաւ ընդդէմ իսլամ եղբայրներու ղեկավարութեան, որ կը վարէր հակաասատական ուժերու հետ համագործակցելու քաղաքականութեան, ինչ որ կը խախտէր իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան քանի մը կանոններ: Տեղի կ'ունենան ահաբեկչական գործողութիւններ: Հիմնական թիրախներն էին ալաուիները, պետվարչակազմի անդամները, անվտանգութեան գործակալները: Այս ժամանակաշրջանին «որս» բոլորի դէմ պայքարը կը հասնի իր գագաթնակէտին, որ կապուած էր վարչակարգի հետ: 1977-ի Փետրուարին սպաննուած է Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամմետ Ֆատելը, 1978-ի Ապրիլին սպաննուեցաւ Դամասկոսի գլխաւոր դատախազ Ատել Մինին: 1979-ին ահաբեկիչները կ'աշխուժանան, ինչ որ պայմանաւորուած էր Իրանի մէջ կատարուած յեղաշրջումբվ: 16 Յունիս 1979-ին Հալէպի մէջ կը գնդակահարուին հրետանային ուսումնարանի ուսանողներ՝ 80 զոհ: 1979-ի Օգոստոսին Լաթաքիայի մէջ կը սպաննուի սուննի շէյխ, ասոր ի պատասխան 30 Օգոստոսին այնտեղ կը սպաննուին երկու ալաուի, ինչ որ կը մղէ բախումներու, որոնց ընթացքին կը զոհուի 20 մարդ: 1979-ի աշնան ձերբակալուեցաւ 1965-էն կազմակերպութեան անդամ Իսլամ եղբայրների փոխնախագահ Ապու Մահմուտ Հուսնին: Ծայրահեղականները պայթիւն կը կազմակերպեն Դամասկոսի մէջ գտնուող Պաասի շէնքերէն մէկուն մէջ եւ կը սպաննեն Իպրահիմ Նաամէն: 1979-ի աշնան ահաբեկչութիւնները դարձան գրեթէ ամենօրեայ դէպքեր: Հալէպի մէջ ուսանողներու սպանութենէն մէկ տարի ետք սպաննուեցան հարիւրաւոր մարդիկ:

Ձեռնարկուած միջոցառումներու պատճառով, ոստիկանները ձերբակալեցին իսլամ եղբայրներու քանի մը առաջնորդներ՝ Ապտօ Հուսնի, Զուհեր Զապլուտու, իսկ Ապտ աս-Սաթթար ազ-Զայիմը սպաննուեցաւ, սակայն ահաբեկիչներու աշխուժութիւնը գրեթե չնուազեցաւ: 31 Յունուար 1980-ին կը սպաննուի շէյխ Մոհամմետ աշ-Շամին, իսկ յաջորդ օրը Դամասկոսի մէջ կը սպաննուի շէյխ Սալահ Օքլէն: 1981-ին ահաբեկիչները ինքնաշէն պայթուցիկներով սկսան պայթեցնել ինքնաշարժներ: 29 Նոյեմբեր 1981-ին այդպիսի պայթիւն կազմակերպուեցաւ ամերիկեան զօրակոչային կեդրոն Ալ-Ազպաքիայի (Դամասկոս) մօտ, այս պայթիւնը խլեց 90 մարդու կեանք (130 մարդ վիրաւորուեցաւ): 1980—1981 թուականներուն իսլամ եղբայրները կազմակերպեցին Հալէպի ներխուժումը[19][20]:

2 Փետրուար 1982-ին Սուրիոյ արեւմուտքը գտնուող Համա քաղաքի մէջ բարձրացած խռովութիւնը այս շրջանին դարձաւ պայքարի գագաթնակէտը[21]: Խռովութիւնը ճնշուեցաւ նախագահի եղբօր՝ Ռիֆատա Ասատի հրամանատարութեամբ գործող 8000 հոգինոց բանակի շնորհիւ, որուն կ'աջակցէին նաեւ ՌՕՈւ եւ թանկային ստորաբաժանումներ: Զինեալ բախումներու հետեւանքով մահացաւ աւելի քան 25 հազար մարդ: Բախումներու ընթացքին փլուզուեցաւ Մեծ մզկիթը, որ հետագային վերանորոգուեցաւ:

Անյաջող ապստամբութենէ ետք ահաբեկիչներու գործողութիւնները դադրեցան: 1985-ին Ատնան Օքլան եւ անոր խումբի մնացորդները յանձնուեցան իշխանութիւններուն[22]:

Իսլամ Եղբայրները Պաղեստինեան Ազգային Վարչութեան Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Իսլամ եղբայրներու» խումբը Պաղեստինի Ազգային Վարչութեան մէջ կը ներկայացնէ Իսլամական դիմադրութեան շարժումը (Համաս)[23][24]:

Իսլամ Եղբայրները Ռուսաստանի Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսաստանի Դաշնութեան Գերագոյն դատարանի 14 Փետրուար 2003-ի որոշումով «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութիւնը կը նկատուի ահաբեկչական եւ ատոր գործունէութիւնը Ռուսատանի Դաշնութեան տարածքին մէջ արգիլուած է:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Մուսուլման եղբայրներ: http://ilgid.ru/politics/brothers.html Archived 2014-12-22 at the Wayback Machine.
  2. Եգիպտոսը առանց Մուպարաքի
  3. «Վերլուծական ակնարկ»: 27.12.2013
  4. «Egypt PM labels Brotherhood 'terrorist' group after bomb kills 14»։ Dawn։ AFP։ 24 December 2013։ արտագրուած է՝ 18 January 2014 
  5. Կազմակերպությունների դաշնային միացյալ ցուցակ, այդ թվում արտաքին եւ միաջազգային կազմակերպությունների, որոնք Ռուսաստանի Դաշնության օրենսդրությամբ համարվում են ահաբեկչական // ԱԴԾ պաշտոնական կայք
  6. Ալեքսեյ Կուդրյավցեւ, «Եգիպտացի իսլամիստներ՝ ո՞վքեր են անոնք», Le Monde Diplomatique, ռւոսական պարբերական
  7. Heftige Ausschreitungen in Ägypten
  8. Մուսուլման եղբայրները հաղթել են Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտրություններում:
  9. Մուսուլման եղբայրների փայլուն պարտությունը
  10. Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մուրսին ձերբակալվել է 15 օրով, նրան պաշտոնապես մեղադրանք է առաջադրվել բազմաթիվ հանցագործությունների համար
  11. Nearly 300 Killed as Egyptian Forces Storm Camps August
  12. Abigail Hauslohner, Sharaf al-Hourani (14 August 2013)։ «Scores dead in Egypt after security forces launch assault on protesters’ camp»։ Washington Post։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 August 2013-ին։ արտագրուած է՝ 14 August 2013 
  13. Reem Gehad (15 August 2013)։ «Crackdown on pro-Morsi sit-ins leaves Egypt in a state of emergency»։ Ahram Online։ արտագրուած է՝ 15 August 2013 
  14. Cairo crackdown follows failed negotiation — Middle East (անգլերէն)
  15. Chef der Muslimbrüder in Ägypten verhaftet
  16. Եգիպտոսում արգելել են «Մուսուլման եղբայրների» գործունէութիւնը
  17. [1]
  18. Muslimbruderschaft will Jordanien reformieren
  19. «Information on Muslim Brotherhood of Syria, other than that found in Revolutionary and Dissident Movements»։ Immigration and Refugee Board of Canada։ 01.06.1989 
  20. «Information on Muslim Brotherhood of Syria, other than that found in Revolutionary and Dissident Movements»։ Immigration and Refugee Board of Canada։ 01.06.1989 
  21. Eric Rouleau (translated by Gulliver Cragg) (03.05.2006)։ «Syria: nobody wants democracy»։ Le Monde diplomatique 
  22. Neil MacFarquhar (05.05.2012)։ «Trying to Mold a Post-Assad Syria From Abroad»։ The New York Times 
  23. Համաս
  24. «Համասի» պատմութեան կարճ ընթացքը

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]