Jump to content

Թովմաս Թերզեան

Թովմաս Թերզեան
Ծնած է 21 Հոկտեմբեր 1840(1840-10-21)[1][2][3]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3]
Մահացած է 8 Փետրուար 1909(1909-02-08)[1][2][3] (68 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[2]
Ազդուած է Ճորճ Պայրըն, Ալֆոնս դե Լամարթին? եւ Վիքթոր Հիւկօ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Արշակ Բ?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան[2]
Երեխաներ Էդուարդ Թերզյան?

Թովմաս Թերզեան (21 Հոկտեմբեր 1840(1840-10-21)[1][2][3], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3] - 8 Փետրուար 1909(1909-02-08)[1][2][3], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3]), հայ բանաստեղծ եւ թատերագիր[4]։

Ծնած է Բերա (Պոլիս): Մայրը՝ Իտալացի, հայրը՝ յունախօս Իզմիրցի: Տասը տարու՝ կը յաճախէ Սագըզ Աղաճի (Բերա) Մխիթարեանց վարժարանը, ուր տարի մը միայն կը մնայ։ Յաջորդ տարեշրջանին Վենետիկ է, Մուրատ–Ռափայէլեան վարժարան, ուր դասակից եւ ընկեր կ՛ունենայ Մկրտիչ Աճեմեան եւ Սրապիոն Թղլեան։

Դպրոցական կեանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընթացաւարտ՝ 1858-ին , եւ տան ու Մուրատ Ռափայէլեանի մէջ տիրացած իտալերէնի, յունարէնի, Ֆրանսերէնի, թուրքերէնի, հին յունարէնի, լատիներէնի եւ անգլերէնի. կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզի, Պոլիս, Խասգիւղի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, ուր իրեն կ՚աշակերտին Ռեթէոս Պերպերեան եւ Մինաս Չերազ։ Միջոց մը ետք, պաշտօն կ՛ըստանձնէ նոյն գիւղի Նուպար-Շահնազարեան վարժարանին մէջ, ուր իրեն կ՚աշակերտի Եղիա Տեմիրնիպաշեան։ Կը բերէ իր մասնակցութիւնը թատերական սկզբնական շարժումին՝ մասնաւորաբար խասգիւղի մէջ, Պեշիկթաշլեանի եւ Հեքիմեանի կողքին։ 1870-1906, կը շարունակէ ուսուցչական իր պաշտօնը։ Ի դէպ, իր աշակերտներու շարքին կը հանդիպինք անուններուն մեր գրականութեան փաոքերուն, ինչպէս միջակագոյններու, առաջիններէն՝ Զօհրապ, Երուխան. երկրորդներէն՝ Չիֆթէ Սարաֆ, Ալփիար։ 1907-ին, կաթուածը կը հարուածէ զինք, իսկ 1909-ին կը զգետնէ։

Երկու հարիւրէ աւելի քերթուած ունի Թերզեան։ Արշակ Ջոպանեանի յառաջաբանով եւ խմբագրութեամբ, երկու հատորով հրատարակուած են անոնք՝ 1929-ին, Վենետիկի մէջ։ Մշակած է նաեւ թատերական փորձեր («Աանդուխտ», «Արշակ Բ.»՝ Ջուխաճեանի երաժշտական յօրինումներով, «Յովսէփ Գեղեցիկ», եւայլն): 1885-էն մինչեւ 1908-ի սահմանադրութիւնը, թատերական գործերու բեմադրութիւնը արգիլուած էր Համիտեան իշխանութեան հրամանգով։ Թերզեան չէ գրած այս շրջանին։ Իր նշանաւոր բանաստեղծութիւներէն մէկը՝ «Իմ Կեանքը»[5]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]