Թատրոնը զարթօնքի շրջանին
Արտաքին տեսք
Թատրոնը զարթօնքի շրջանին, առաջին թատերական կտորները, յաճախ կրօնա-բարոյական բնոյթով գործեր, մեծ մասամբ՝ թարգմանութիւն, կը բեմադրուին առաջին դպրոցներուն մէջ կամ շուրջը՝ Վենետիկ, Զմիւռնիա, Պոլիս, ապա՝ Կալկաթա եւ Մատրաս, Թիֆլիս, Նոր Նախիջեւան․․․։
1850–ի շուրջ, թատերական շարժումը կը տարածուի կը բազմանան միութենական ու դպրոցական թատերախումբերը՝ Վենետիկէն ու Պոլիսէն մինչեւ Մոսկուա, Կովկաս եւ Հնդկաստան։
Բայց մինչեւ 1860-1870–ական թուականները, թատրոնը պիտի մնայ դպրոցական մակարդակի վրայ ու հետապնդէ զուտ ազգային-դաստիարակչական նպատակներ զուրկ գեղարուեստական արժէքէ։