Jump to content

Էջմիածնի Թուղթի Գործարան

Էջմիածինի թուղթի գործարան, Ժը. դարու 80-ական թուականներուն Սիմէոն Երեւանցիի կողմէ կառուցուած թուղթի գործարան Էջմիածինի մէջ։ Գործարանը գործած է 5-6 տարի, եւ Սիմէոն կաթողիկոսի մահէն ետք, դադրած է գործելէ։ Ժը. դարու վերջերուն եւ Ժթ. դարու սկիզբները Մամատ խանի արշաւանքներու, այնուհետեւ ռուս-պարսկական պատերազմի հետեւանքով, գործարանը աւերուած է, որմէ ետք Հայաստանի մէջ թուղթի գործարան այլեւս չէ կառուցուած։

Կառուցման Պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1771-ին, Էջմիածինի մէջ կ'աւարտի տպարանի կառուցումը, որ անհրաժեշտ էր եկեղեցական գրականութիւնը տպելու համար։ Սակայն թուղթի բացակայութեան պատճառով, տպարանի աշխատանքները շուտով կը վտանգուին։ Այդ ժամանակաշրջանին, թուղթը մեծ դժուարութեամբ կը բերուէր Եւրոպայէն:[1] Սիմէոն Երեւանցի կը ձեռնարկէ թուղթի գործարանի կառուցման աշխատանքներուն։

1772-ին, ան Կոստանդնուպոլսոյ Մատրասեցի Չաքիկենց Գրիգորէն կը խնդրէ թղթաշէն վարպետներ ուղարկել Էջմիածին, բայց ի զուր։ Երկու տարի ետք, Հնդկաստանի Փիլիպոս վարդապետէն կը խնդրէ իրեն ուղարկել «զթղթաշինութեան խրատն», որ կ'օգնէր առանց օտարներու օգնութեան գործարան կառուցել։ Երեք տարուան նամակագրութենէ ետք, Չաքիկեանի միջոցով կը յաջողի Փարիզէն բերել տալ երկու վարպետներ՝ Մուսիօ Պեյսօնին եւ Մուսիօ Տեսիօռին։ Վերջիններս Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Չաքիկեանի հետ պայմանագիր մը կնքելէ ետք, կ'ուղղուին Էջմիածին։ 1775-ի Մարտին, կը սկսին գործարանի շինարարական աշխատանքները։ Սակայն ֆրանսացի վարպետները եւ իրենց թարգմանիչ՝ Ստեփանը, կը փորձէին ամէն գնով ձգձգել շինարարութիւնը, յաւելեալ գումարներ կը կորզէին, որպէսզի թղթաշինութեան արհեստը գաղտնի պահէին տեղաբնակներէն։[2] Խնդիրը այն էր, որ վարպետները իրաւունք չունէին թղթաշինութեան արուեստը տարածել եւ գաղտնի համաձայնած էին այս աշխատանքին։

4 Յունուար, 1776-ին, կ'արտադրուի առաջին թուղթը, որ սակայն վատորակ էր: Սիմէոն կը սպառնայ վարպետները պատժել։ Վերջիններս կը խոստանան նոր մաղ պատրաստել եւ լաւորակ թուղթ արտադրել։[3]

Նախքան այս վարպետներուն ժամանելը, Սիմէոն վարպետներ խնդրած էր նաեւ Պարսկաստանէն, որոնք 28 Յունիս, 1775-ին, ժամանելով Էջմիածին, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կը կառուցեն նոր գործարան մը, ինչպէս նաեւ՝ երկու աշակերտներու (Նիկողայոսի եւ Մարգարի) կը սորվեցնեն լաւորակ թուղթի արտադրում։ Այսպիսով, քաղաքին մէջ միաժամանակ կը կառուցուին երկու գործարաններ՝ ֆրանսացի եւ պարսիկ վարպետներու կողմէ։ Ֆրանսացի վարպետներու կառուցած գործարանը ունէր 2240 մ. երկարութիւն եւ 1008 մ. լայնք։ Բոլոր ծախսերը հոգացած էր Չաքիկենց Գրիգոր աղան։ Պարսիկ վարպետներու կառուցած գործարանի չափերու մասին տեղեկութիւններ չեն պահպանուած։ 16 Ապրիլ, 1776-ին, պարսիկ վարպետները աւարտելով իրենց աշխատանքը, կը վերադառնան Պարսկաստան։ Նոյն թուականի 28 Հոկտեմբեր-ին, աշխատանքէն կը հեռացուին նախ կրտսեր ֆրանսացի վարպետը, այնուհետեւ՝ աւագը։ (Ֆրանսացի վարպետները կը վռնտուին Էջմիածինէն, որովհետեւ իրենց վստահուած պարտականութիւնները գլուխ չեն հաներ)։

Գործարանի ղեկավարումը կը վստահուի առաջին հայ թղթագործ վարպետ՝ Նիկողայոսին, որ սորված էր պարսիկ վարպետներու մօտ եւ իւրացուցած էր նաեւ ֆրանսացի վարպետներու հմտութիւնը։

Կառուցման Ծախսեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էջմիածինի երկու գործարաններուն կառուցման եւ կահաւորման վրայ ծախսուած է ընդհանուր առմամբ 18.000 ղրուշ (թուրքական մանրադրամ)՝ չհաշուած վարպետներու, բանուորներու եւ սնունդի ծախսերը։

Շինարարութեան վրայ ամէն օր աշխատած է 1235 քարհատ (օրական 20-25 փարա[Ն 1]), 279 խառատ (12-15 փարա), դարբիններ (25 փարա), 4217 մշակ (6 փարա), 318 որմնադիր բանուոր (15 փարա) եւ այլն։

Գործարանին Մէջ Օգտագործուած Գործիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թղթագործարանի գործիքները պատրաստուած են փայտէ, քարէ եւ տարբեր մետաղներէ)։

Փայտեայ գործիքներէն կարեւոր էր մանկեանան կամ մամլիչը, որ նման էր Հայաստանի ձիթհանքերուն մէջ կիրառուող սեղմիչներուն։ Կազմուած էր 12-15 մ. երկարութիւն ունեցող երկու կամ չորս գերաններէ, արջէ, բուրղուէ (պողոսիկ) եւ կախքարէ։ Մանկեանան կ'օգտագործուէր թուղթ մամլելու համար։ Թուղթի բաղադրութիւնը ծեծելու եւ մանրացնելու համար պատրաստուած են փայտեայ սանդեր։

Քարէ պատրաստուած են աւազաններ եւ նաւեր, որոնցմով հեղուկ թղթանիւթը հոսած է մէկ տեղէն միւսը։ Թղթանիւթը մանրացնելու համար, կառուցուած է յատուկ ջրաղաց։

Պղինձէ պատրաստուած են տարբեր չափերու ամաններ, ծորակներ, խառնիչներ եւ այլն։

Լաւորակ թուղթ ստանալու համար, մեծ նշանակութիւն ունեցած են մաղերը, որոնք պատրաստուած են պարբերաբար։ Որոշ մանր գործիքներ, որոնք անհրաժեշտ էին տարբեր չափումներու համար, գնուած են ֆրանսացի վարպետէ մը։

Թղթաշինութեան համար որպէս հիմնական հումք օգտագործուած է քաթանի փալաս։ Սիմէոն Երեւանցին քաթանի ձեռք բերման համար դիմած է Պայազիտի, Կարսի[4], Կարնոյ[5] վարդապետներուն, ինչպէս նաեւ Աստրախանի Յովսէփ Արղութեան վարդապետին, որպէսզի վերջինս Ռուսիոյ քաղաքներէն փալասներ հաւաքէ եւ ուղարկէ Էջմիածին։[6]

Բացի քաթանէն, օգտագործուած է նաեւ բամպակ, կանեփ, կտաւատի ցօղուն։ Որպէս օժանդակ նիւթ՝ օգտագործուած է կալաքար, թորթոն, բորակ, պնձարջասպ, շիբ, սոսինձ, նշաշտայ։ Բոլոր նիւթերը ներմուծուած են Թուրքիայէն։

Արտադրանքի Կիրառում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտադրուած թուղթը օգտագործուած է յատկապէս տեղական կարիքները հոգալու համար, մասամբ բաւարարած է այլ վանքերու եւ թեմական առաջնորդներու կարիքները։ Թուղթի առանձին օրինակներ ուղարկուած են Վրաց Հերակլ արքային, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Ռուսիոյ հայոց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ այլոց։ Տեղին թուղթը գլխաւորապէս օգտագործուած է տպարանին մէջ․. տպուած են շարք մը աշխատանքներ, որոնցմէ առաւել կարեւոր է Սիմէոն կաթողիկոսի «Պարտավճար»-ը։ Արտադրուող նիւթը օգտագործուած է նաեւ գրագրութիւններու համար։

Թուղթը բաւականին կոշտ էր, բաց յարդագոյն, գորշ կամ ոչ շատ սպիտակ գոյնի։ Ունէր ջրանկար դրոշմ՝ մէկ կողմը պատկերուած էր «Սուրբ Էջմիածին» բառերու փակագիրը, որմէ ներքեւ Սիմէոն կաթողիկոսի սկզբնատառերն էին՝ «Ս․ Կ․», իսկ միւս էջին վրայ փակագրով գրուած էր «թուին ՌՄԻԷ» (1776) եւ Գրիգոր Միքայէլեանի (Չաքիկեան) անուան եւ ազգանուան սկզբնատառերը՝ «Գ․ Մ․»։ Քանի որ գործարանի եւ տպարանի կառուցման ծախսերը հոգացած էր Գրիգոր Չաքիկեանը, Սիմէոն Երեւանցին շինութիւններու ճակատին արձանագրութիւններ կը փորագրէ իր անունով։ Տպագրուող գիրքերուն առաջին էջին վրայ եւս կը նշուէր Չաքիկեանի անունը։

Գործարան Կառուցելու Այլ Փորձեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էջմիածնի գործարանը գործած է 5-6 տարի, եւ Սիմէոն կաթողիկոսի մահէն ետք, դադրած է գործելէ։ Հետագային թուղթի գործարաններ հիմնադրելու քանի մը փորձեր եղած են, որոնք յաջողութեամբ չեն պսակուած։ 1837-ին, ծաղկարար Սահակ եպիսկոպոսը խնդրագրեր կ'ուղարկէ Էջմիածինի սինոդին, նոր թղթագործարան, նկարչական ներկերու, կազմարարական ու այլ նիւթերու արհեստանոց կառուցելու համար։ 1 Մարտ 1837-ին կայացած Սինոդի նիստին մէջ, կը մերժուի եպիսկոպոսին գործարան կառուցելու խնդրանքը։ Նկարչական ներկերու եւ միւս խնդրագրերը կը քննուին 16 Յուլիս-ի նիստի ընթացքին, ուր կ'որոշուին ծաղկարարին տրամադրել անհրաժեշտ գումարը։

  1. 40 փարան հաւասար է 1 ղրուշի։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Դիւան Հայոց պատմութեան, գիրք Ը, էջ 297, 428
  2. Դիւան Հայոց պատմութեան, գիրք Ը, էջ 364
  3. Դիւան Հայոց պատմութեան, գիրք Ը, էջ 582
  4. Սիմէոն կաթողիկոսի յիշատակարան «Սիմէոն Երեւանցիի նամակը Կարսեցի պարոն Գէորգին», 22 Մայիս, 1775, էջ 403
  5. Սիմէոն կաթողիկոսի յիշատակարան «Սիմէոն Երեւանցիի նամակը Կարնոյ առաջնորդ Յարութիւն վարդապետին», Յուլիս, 1775, էջ 464
  6. Սիմէոն կաթողիկոսի յիշատակարան «Սիմէոն Երեւանցիի նամակը Յովսեփ վարդապետին», Հոկտեմբեր 27, 1776, էջ 512

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]