Jump to content

Էլի Վիզել

Էլի Վիզել
անգլերէն՝ Elie Wiesel
Ծննդեան անուն եբր.՝ Eliezer Wiesel
Ծնած է 30 Սեպտեմբեր 1928(1928-09-30)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Սիգետու Մարմացիեյ, Մարամուրեշ, Ռումինիայի թագավորություն[4]
Մահացած է 2 Յուլիս 2016(2016-07-02)[5][1][2][…] (87 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[6],  Ռումինիայի թագավորություն[7],  Հունգարիոյ Թագաւորութիւն և  Իսրայէլ
Մայրենի լեզու իդիշ?[8][9]
Կրօնք Յուդայականութիւն և Կաթոլիկութիւն
Ուսումնավայր Փարիզի Արուեստներու Բաժանմունք
Երկեր/Գլխաւոր գործ Night?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, քաղաքական ակտիվիստ, Judaic scholar, վիպասան, ինքնակենսագիր, համալսարանի դասախօս, թարգմանիչ, լրագրող, մարդասէր, փիլիսոփայ, թատերագիր, ֆութպոլիստ և ճարտարապետ
Աշխատավայր Yedioth Ahronoth?, Պոսթընի համալսարան և Նյու Յորքի քաղաքային համալսարան?
Անդամութիւն Արուեստի եւ գրականութեան ամերիկեան ակադեմիա և Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ
Ամուսին Marion Wiesel?
Ծնողներ հայր՝ Shlomo Wiesel?[10], մայր՝ Sarah Feig?[10]
Երեխաներ Elisha Wiesel?

Էլի Վիզել (30 Սեպտեմբեր 1928(1928-09-30)[1][2][3][…], Սիգետու Մարմացիեյ, Մարամուրեշ, Ռումինիայի թագավորություն[4] - 2 Յուլիս 2016(2016-07-02)[5][1][2][…], Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Հրեայ ամերիկացի գրող, փրոֆէսոր, քաղաքական գործիչ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր եւ ողջակիզումէ (հոլոքոսթ) վերապրած: Ան 57 գիրքերու հեղինակ է, հիմնականօրէն գրուած անգլերէն եւ ֆրանսերէն, ներառեալ` Գիշեր գիրքը, իբրեւ գերի իր ունեցած փորձառութեան հիման վրայ գրուած, «Auschwitz» եւ «Buchenwald» համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ[11] :

Միեւնոյն ժամանակ, ան եղած է Պոսթընի համալսարանի մատասիրական բաժանմունքի փրոֆէսոր, զոր իր պատւոյն ստեղծած է Հրեական ուսումնասիրութիւններու Էլի Վիզելի կեդրոնը: Նոպէլեան մրցանակակիր, «Օրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակաբաշխութեան ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, մարդասէր Էլի Վիզել:

Ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործէն ներս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տունը, ուր Վիզել ծնած է

Էլի Վիզել հրապարակաւ դատապարտած է՝ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր կեանքին ընթացքին կը շարունակէր մնալ ուժեղ պաշտպան մարդու իրաւունքներուն: Ան արդէն «Los Angeles Times»ի կողմէ որակուած է իբրեւ «Ամերիկայի ամենակարեւոր Հրեան»[12]:

1986 թուականին Էլի Վիզելը Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպին համար ներածական գրած էր` 1915-ի դէպքերը կոչելով «20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն»: Իսկ 2000-ին, Վիզելը Ողջակիզումի 125 հետազօտողներու հետ ստորագրած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի փաստ է[13]:

Ցաւակցական գրութիւններ եւ հեռագիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վերապրելով Ողջակիզումը` ան իր ամբողջ կեանքը անցուց պայքարելով անարդարութեան, անհանդուրժողականութեան եւ անտարբերութեան դէմ: Մենք բարձր կը գնահատենք Էլի Վիզելիի ներդրումը անցեալին կատարուած ցեղասպանութիւններու մասին բարձրաձայնելու եւ «Այլեւս երբեք» կարգախօսին հաւատարիմ` նման սարսափելի յանցագործութիւններէն զերծ ապագայ կերտելու գործին մէջ։ Անուրանալի են անոր հետեւողական ջանքերը` միտուած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Հաւատացած եմ, որ Էլի Վիզելի արդարութեան կոչերը կը յաւերժանան` իրենց արձագանգը գտնելով նաեւ ցեղասպանութիւններու նախատիպ դարձած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւերուն մէջ` իբրեւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման նուազագոյն անհրաժեշտ միջոց: …Ատիկա եւս մէկ քայլ էր` ուղղուած անտարբերութեան վերացման: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս եւ այլ նման նախաձեռնութիւններով պիտի շարունակէ մնալ ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ միջազգային պայքարի առաջամարտիկներու շարքին: …Մեզի համար հարազատ դարձած այս անունը ընդմիշտ պիտի մնայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամներու շարքին[14]:
Էլի Վիզելը հաւատաւոր, իմաստուն, կարեկից եւ զօրեղ անհատականութիւն էր` մարդկութեան ամէնէն առաքինի կողմերու մարմնաւորումը: Ի հեճուկս վերապրած բոլոր արհաւիրքներուն` անոր կեանքը խաղաղութեան ու փոխըմբռնումի առաքելութիւն մըն էր, որ ոգեշնչման աղբիւր դարձաւ աշխարհին համար: Ան ապրեցաւ այն հաւատքով, որ չկայ ու չի կրնար ըլլալ չէզոքութիւն ու անտարբերութիւն, երբ շուրջդ ոճիր է, երբ մարդիկ կը տառապին, երբ մարդկութեան մարդկայնութիւնը հարուածի տակ է ու վտանգուած: Մեզի` Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու սերունդներուս համար, անոր կեանքի ուղերձն ու ընկերութիւնը խորապէս իմաստալից էին: Էլի Վիզելը հայութեան մեծ ջատագով էր, որ խիզախութիւն ունեցած էր ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ մարդկային տառապանքներու` մարդու հանդէպ մարդու անմարդկայնութեան դարաւոր շղթայի մէկ մաս: Մենք կը յարգենք եւ կ՛ընդունինք անոր փորձառու առաջնորդումը, կը գնահատենք անոր խանդավառ ներդրումը Օրորա մրցանակի կազմակերպման ու զարգացման գործին մէջ։ Իրապէս` ան մէկն էր, որ իր ապրած կեանքով մարդկայնութիւն կ՛արթնցնէր բոլորիս հոգիներուն մէջ` իր խօսքով ու գործով: Անոր հետ աշխատիլը պատիւ էր
- «Օրորա» մրցանակի համահիմնադիրներ


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]