Զլաթան Իպրահիմովիչ
Զլաթան Իպրահիմովիչ | |
---|---|
| |
Անձնական տեղեկութիւն | |
Սեռ` | արական[1] |
Բնօրինակ անուն` | շուէտ.՝ Zlatan Ibrahimović |
Մասնագիտացում` | ֆութպոլիստ, դերասան |
Երկիր` | Շուէտ[1] |
Ծննդեան ամսաթիւ` | 3 Հոկտեմբեր 1981[2][3][4][…] (43 տարեկան) |
Ծննդավայր` | Västra Skrävlinge församling, Մալմյո շրջան, Մալմյոհուս համայնք, Շուէտ[1] |
Զլաթան Իպրահիմովիչ (3 Հոկտեմբեր 1981[2][3][4][…], Västra Skrävlinge församling, Մալմյո շրջան, Մալմյոհուս համայնք, Շուէտ[1]), Պոսնիա-խորվաթիական ծագում ունեցող շուէտացի ֆութպոլիստ, ֆրանսական «Փարիզ Սեն Ժերմեն» ֆութպոլի ակումբի եւ Շուէտի հաւաքականի յարձակող, ուր կը հանդիսանայ խումբի աւագ։ Կը համարուի իր սերունդի ամենաանկանխատեսելի եւ արհեստավարժ յարձակողներէն մէկը[5]: «The Guardian» թերթի վարկածով՝ Զլաթանը 2013 թուականի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ գրաւած է 3-րդ տեղը[6][7]: Շուէտական «Dagens Nyheter» ամսագրի վարկածով՝ Իպրահիմովիչը պետութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն մարզիկներու շարքին մէջ հանդիսացած է 2-րդ տեղը[8]:
12 տարեկան հասակէն հանդէս եկած է «Մալմիօ»ի երիտասարդական ակումբներու կազմին մէջ, իսկ 1999 թուականին նորամուտը կը նշէ հիմնական կազմին։ Ակումբի հիմնական կազմին մէջ 2 տարի անցընելէն ետք՝ 2001 թուականի ամառը, 7,8 միլիոն եւրոյով տեղափոխուեցաւ հոլանտական «Աժաքս» խումբ: Ամսթերտամի մէջ անցուցած 3 մրցաշրջանի ընթացքին Զլաթանը խումբին հետ նուաճեց 2 ախոյեանական տիտղոս (2001-2002, 2003-2004) եւ մէկ երկրի գաւաթ (2002): 2004 թուականի ամառը 16 միլիոն եւրոյի դիմաց տեղափոխուեցաւ իտալական «Եուվէ» խումբ: Իր առաջին մրցաշրջանին ան խումբին հետ դարձաւ Իտալիոյ ախոյեան: 2005-06 մրցաշրջանին խումբը պաշտպանեց տիտղոսը, սակայն «Կալչոպոլիի» հետեւանքով 2 ախոյեանութիւններն ալ չեղարկուեցան: Յետոյ Իպրահիմովիչը 24,8 միլիոն եւրոյի տեղափոխուեցաւ «Ինթըր»: «Սեւակապոյտներ»ու կազմին մէջ անցուցած 3 մրցաշրջանի ընթացքին Զլաթանը ակումբին հետ ալ նուաճեց։ 2009 թուականի ամառը 46 միլիոն եւրոյի եւ Սամուէլ Էթոյի փոխարէն տեղափոխուեցաւ սպանական «Պարսելոնա» խումբ: Ակումբի կազմին մէջ դարձաւ Աշխարհի ակումբային առաջնութեան յաղթող, Սպանիոյ ախոյեան, ՈՒԵՖԱ-ի Սուփըր-Քափի գաւաթակիր։ Սակայն «կապտանռնագոյներ»ու գլխաւոր մարզիչ Խոսէ Կվարդիոլայի հետ տարակարծութիւններու պատճառով Իպրահիմովիչը 2010 թուականի ամառը վարձավճարով տեղափոխուեցաւ «Միլան»[9], իսկ 2011 թուականին վերջինս գնեց ֆութպոլիստի տեղափոխման իրաւունքները: Սերիա A վերադառնալէն ետք առաջին մրցաշրջանին Իպրահիմովիչը կրկին խումբի հետ դարձաւ Իտալիոյ ախոյեան։ 2012 թուականին «Միլան»ի նիւթական խնդիրներու պատճառով Իպրահիմովիչն ու Տիակօ Սիլվան արձանագրուեցան «Փարիզ Սեն Ժերմեն»ին։ Գործարքի արժէքը կազմեց 60 միլիոն եւրօ։ «Փարիզցիներ»ու կազմին մէջ Զլաթանը 3 անգամ անընդմէջ դարձաւ Ֆրանսայի ախոյեան: Ներկայ պահուն փարիզեան ակումբի լաւագոյն ռմբարկուներու ցանկին մէջ Իպրահիմովիչ կը հանդիսանայ 2-րդ հորիզոնականը[10]:
2001 թուականին նորամուտը նշեց Շուէտի հաւաքականին մէջ։ Խաղցած է 3 ՈՒԵՖԱ Եւրոպայի առաջնութիւններուն (2004, 2008, 2012) եւ 2 աշխարհի առաջնութիւններուն (2002 եւ 2006): Շուէտի ազգային հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն է[11]:
Երիտասարդական Կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իպրահիմովիչը ծնած է Մալմիոյի Ռուսենգորդ շրջանին մէջ։ Անոր հայրը՝ Շեֆիկ Իպրահիմովիչը սլովան է՝ Տուզլայէն, մայրը՝ Եուրկա Գրաւիչը խորվաթ է՝ Զատարէն: Անոնք հանդիպած եւ ամուսնացած են Շուէտի մէջ[12][13]: 8 տարեկանին Զլաթանը սկսաւ հանդէս գալ «Պալքան» ակումբի մանկական խումբին մէջ, ուր կրնային խաղալ միայն պալքանեան երկիրներէն գաղթածները[14][15]: Շուտով զինք անդամագրեցին աւելի բարձր տարիքային խումբին մէջ։ Անգամ մը Իպրահիմովիչը հանդէս գալով «Պալքան»ի մանկական խումբին մէջ, վատ պահուածքի պատճառով մնաց պահեստայիններու մէջ։ Ընդմիջման՝ անոր խումբը կը զիջէր 0:4 հաշուով, եւ մարզիչը Զլաթանին թոյլ տուաւ դաշտ դուրս գալ։ Վերջինս խփեց 8 գնդակ, իսկ անոր խումբը յաղթեց (8:4) հաշուով[14][15]:
Ակումբային Արհեստը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալմիօ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]12 տարեկան հասակին փորձաշրջանը անցաւ «Մալմիօ» ակումբին մէջ[16]: 1995-1999 թուականներուն խաղցաւ ակումբի երիտասարդական խումբերուն մէջ։ 1999 թուականին նորամուտը նշեց ակումբի հիմնական կազմին մէջ. այդ մրցաշրջանին ակումբը վերջին 63 մրցաշրջաններու ընթացքին առաջին անգամ շուէտական բարձրագոյն տիվիժընէն դուրս մնաց։ 2000 թուականի մրցաշրջանին երկրորդ տիվիժընին 12 կօլ հարուածեց՝ այդպիսով մեծ կշիռ ունեցաւ ակումբին՝ բարձրագոյն լիկա վերադառնալուն։ Անոր խաղը հետաքրքրեց լոնտոնեան «Արսենալ»ի գլխաւոր մարզիչ Արսէն Վենկերին: Սակայն Իպրահիմովիչին առիթ չեղաւ, որ իրեն հետ շուտով պայմանագիր կնքէին, այլ կ'ուզէին, որ ան որոշ ժամանակ մարզուի խումբի հետ, որպէսզի կարողանան գնահատել զինք[17][18]: Շուէտի մէջ եւս մէկ տարի խաղալով՝ Զլաթանը տեղափոխուեցաւ «Աժաքս»: Տեղափոխման արժէքը կազմեց 7,8 միլիոն եւրօ[19][20]: Մինչ այդ շուէտական ակումբը իր խաղցողներու դիմաց այդքան գումար չէր ստացած[19][20]:
Աժաքս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2 Ապրիլ 2001 թուական-ին Իպրահիմովիչը ներկայացաւ որպէս «Աժաքս»ի խաղցող[19][20]: Ակումբի (technical) տնօրէն Լէօ Պենհակերը եւ մարզիչ Կօ Ատրիանսեն յայտարարեցին, որ անոնք պիտի հետեւին երիտասարդ յարձակողին[21]: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ Զլաթանը ըսաւ, որ «Աժաքս»ը իտէալականօրէն կը համապատասխանէ իրեն որպէս ֆութպոլային ակումբ[21]: Շուէտական թերթին տուած հարցազրոյցին Իպրահիմովիչը իր տեղափոխութիւնը մեկնաբանած է այսպէս. «Երբ ես 15 տարեկան էի, կը խաղայի Ամսթերտամի երիտասարդական առաջնութեան մէջ։ «Աժաքս»ի մասին, դեռ այն ժամանակ գիտէի, թէ այս ակումբը մեծ ակումբ է։ Իմ երազանքս կատարուեցաւ. ես այստեղ պիտի խաղամ»[22]:
Դեռ առաջին խաղերէն Իպրահիմովիչը սկսաւ ցոյց տալ իր կարողութիւնը։ 6 ընկերական խաղերուն ան 18 կօլ հարուածեց[23]: «Կարմրա-սպիտակներ»ու կազմին մէջ իր առաջին պաշտօնական խաղը Զլաթանը խաղցաւ 8 Օգոստոս-ին՝ Չեմպիոններու Լիկայի շրջանակներուն մէջ կայացած Սքոթլանտական «Սէլթիք»ի դէմ՝ փոխարինման դուրս գալով 46-րդ վայրկեանին[24][25]: Իր խումբը զիջեցաւ (1:3) հաշուով, իսկ Զլաթանը հիասթափեցաւ այն բանէն, որ չյայտնուեցաւ մեկնարկային կազմին մէջ[26]: 11 օր անց ան նորամուտը նշեց հոլանտական առաջնութեան՝ խաղադաշտին մէջ յայտնուելով «Ռոտա»յի դէմ խաղին: Առաջնութեան 2-րդ կիսուն Զլաթանը հարուածեց իր առաջին կօլը՝ հաշիւը բանալով «Ֆեյենորդ»ի դէմ խաղին[27]: Հոկտեմբերին Իպրահիմովիչը ստացաւ հինգ խաղի որակազրկում հակառակորդին արմուկով հարուածելուն պատճառով։ Այդ դէպքը տեղի ունեցաւ 30 Սեպտեմբերին «Կրոնինկեն-Աժաքս» խաղին եւ աննկատ չմնաց հանդիպման գլխաւոր մրցավարի կողմէ։ Քանի մը օրէն հոլանտացիներու թագաւորական ֆութպոլային միութեան դատախազը հետաքննութեան սկսաւ «Իպրահիմովիչի գործով»[28][29]: Արդիւնքով կարգապահական կոմիտէն յարձակողը որակազրկեց 5 խաղէ[30]: 2001-2002 մրցաշրջանին «Աժաքս»ը դարձաւ հոլանտացիներու ախոյեան։
Յաջորդ մրցաշրջանին Իպրահիմովիչը աչքի զարկաւ Չեմպիոններու Լիկային կողմէ։ Ֆրանսայի ախոյեան «Լիոնի Օլիմփիկի» դէմ այդ առաջնութեան իր առաջին խաղին ան 2 կօլ հարուածեց։ Տուեալ մրցաշրջանին «Աժաքս»ը հասաւ մինչեւ քառորդ եզրափակիչ, ուր նուազագոյն հաշուով զիջեցաւ առաջնութեան ապագայ յաղթողին՝ իտալական «Միլան»ին: Ազգային առաջնութիւնը «Աժաքս»ը աւարտեց 2-րդ հորիզոնականով՝ յաղթողի տիտղոսը զիջելով «Բէ-Սէ-Վէ Էյնդհովըն»ին:
2003-2004 մրցաշրջանին «Աժաքս»ը վերադարձուց ախոյեանի տիտղոսը։16 Սեպտեմբեր 2003 թուականին «Միլան»ի դէմ խմբային խաղին Իպրահիմովիչի դէմքին հարուածելու համար կիսապաշտպան Ճենարօ Գատուզօն հեռացուց խաղադաշտէն[31]: Այդ մրցաշրջանին «Աժաքս»ը չյաջողեցաւ դուրս գալ խմբային փուլէն։
22 Օգոստոս 2004 թուականին ան կօլ հարուածեց «Բրետա»յի դարբասին, որ «Եուրօսփորդ» ալիքի հեռուստադիտողներու կողմէն ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյն կօլը[19][32]: 31 Օգոստոս 2004 թուականին՝ տեղափոխման պատուհանի փակման վերջին օրը, Իպրահիմովիչը ձգեց «Աժաքս»ը եւ տեղափոխուեցաւ «Եուվէ»:
«Աժաքս»ին մէջ անցուցած 3 տարիները անոր բերին 2 ախոյեանական տիտղոս, 1 գաւաթ, 38 կօլ եւ մշտական տեղ Շուէտի առաջին հաւաքականի կազմին մէջ։
Եուվէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]31 Օգոստոս 2004 թուականին Իպրահիմովիչը պայմանագիր կնքեց «Եուվէ»ի հետ։ Տեղափոխման արժէքը կազմեց 16 միլիոն եւրօ: Տաւիտ Տրեզեկէի յաճախակի վնասուածքներու պատճառով Զլաթանը սկսաւ յայտնուիլ մեկնարկային կազմին մէջ, որուն անոր թոյլ տրուեցաւ մինչեւ մրցաշրջանի վերջը 16 կօլ հարուածել։ 2005 թուականի ամրան սկիզբը իտալական ԶԼՄ-ները հաղորդեցին, որ «Ռէալ Մատրիտ»ը Իպրահիմովիչի համար 70 միլիոն եւրօ վճարելով առաջարկած է իրեն։ Յետագային պարզուեցաւ, որ այդ կեղծ տեղեկութիւն էր՝ նախաձեռնուած Իպրահիմովիչի գործակալ Մինօ Ռայոլայի կողմէ՝ Շուէտ տեղափոխման արժէքը բարձրացնելու համար: 14 Նոյեմբեր 2005 թուականին Իպրահիմովիչը ստացաւ շուէտական «Ոսկէ գնդակ»ը, որ կը յանձնուի տարուան լաւագոյն շուէտացի ֆութպոլիստին:
Յաջորդ մրցաշրջանին Իպրահիմովիչի դերը «Եուվէ»ի յարձակման գիծին վրայ փոխուեցաւ։ Ան սկսաւ աւելի քիչ կօլ հարուածել։ Չեմպիոններու Լիկային մէջ «Եուվէ»ն հասաւ մինչեւ քառորդ եզրափակիչ՝ զիջելով եզրափակչի ապագայ մասնակից «Արսենալ»ին: Զլաթանը «Եուվէ»ի կազմին մէջ 2-րդ անգամ անընդմէջ յաղթեց Սկուդետտօն: Խումբը հաւաքեց 91 միաւոր եւ կրեց ընդամէնը 1 պարտութիւն։ Ընդհանուր առմամբ Իպրահիմովիչը «Եուվէ»ի կազմին մէջ 70 խաղ խաղցաւ եւ հարուածեց 26 կօլ։ 2006 թուականի ամառը «Եուվէ»ն կաշառակերութեան՝ խայտառակութեան պատճառով կորսնցուց ախոյեանական տիտղոսները, որոնք ստացած էր նախորդ 2 մրցաշրջաններուն։ Խումբը տեղափոխուեցաւ Սերիա B, իսկ Իպրահիմովիչը ձգեց «Եուվէ»ն՝ առանց խաղալու իտալական երկրորդ փուլին:
Ինթըր Միլան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]10 Օգոստոս 2006 թուականին Իպրահիմովիչը «Ինթըր Միլան»ի հետ կնքեց 4 տարուան պայմանագիր։ Տեղափոխման արժէքը կազմեց 24,8 միլիոն եւրօ[33][34]: Այդ տեղի ունեցաւ 30-ամեայ Պատրիկ Վիեյրայի՝ «Եուվէ»էն ներաձուրիներու կազմ տեղափոխուելէն քանի մը օր յետոյ[35]: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ Զլաթանը ըսաւ, որ փոքր տարիքին «Ինթըր»ը եղած է իր սիրած ակումբը[36]: 9 Սեպտեմբերին Սերիա A-ի 2006-07 մրցաշրջանին կայացած «Ֆիորենտինայի» դէմ խաղին Իպրահիմովիչը իր առաջին կօլը հարուածեց «Ինթըր»ի կազմին մէջ՝ աչքի իյնալով 61-րդ վայրկեանին[37][38]:
Ռոպերտօ Մանչինիի գլխաւորութեամբ Իպրահիմովիչը դարձաւ «Ինթըր»ի գլխաւոր աստղը։ Հիմնական կազմին մէջ մշտական տեղ ունենալով՝ ան սկսաւ աւելի ու աւելի լաւ խաղալ։ 2006-2007 մրցաշրջանին Զլաթանը 15 կօլ հարուածեց, իսկ «Ինթըր»ը վերջին 17 տարիներու ընթացքին յաղթեց իր առաջին Սկուդետտօն։
16 Սեպտեմբեր 2007 թուականին Իպրահիմովիչը Սերիա A-ին մէջ 100-րդ խաղը խաղցաւ։ 2007-2008 մրցաշրջանի սկիզբը Զլաթանը ակումբին հետ պայմանագիրը երկարաձգեց մինչեւ 2013 թուականի Յունիսը[39]: Նոր պայմանագիրով Իպրահիմովիչը սկսաւ ստանալ տարեկան 9 միլիոն եւրօ՝ դառնալով աշխարհի ամէնաբարձր վարձատրուող ֆութպոլիստը[40]: Զլաթանը Չեմպիոններու Լիկայի 2007-2008 մրցաշրջանի խմբային փուլի խաղին «ԲՍՎ Էյնդհովենի» դարպասին զոյգ կօլ հարուածեց։ 2005 թուականի Դեկտեմբերէն սկսած «Ինթըր»ի կազմին մէջ այդ կօլերը Իպրահիմովիչի համար առաջինն էին Եւրոպայի մէջ եւ Եուրօգաւաթներուն։ 7 Նոյեմբերին՝ խմբային փուլի խաղին, Զլաթանը «իննեակին» հիասքանչ կօլ հարուածեց՝ գրաւելով «ԲԿՄԱ»-ի դարպասը։ Յետագային այդ կօլը օգտագործեցին որպէս Չեմպիոններու Լիկայի խաղերու գովազդային գլխազարդ[41]: Բայց փլէյ-օֆֆին մէջ ան լաւագոյն ձեւով չխաղցաւ եւ «Ինթըր»ը կրկին դուրս մնաց 1/8 եզրափակիչէն՝ պարտուելով «Լիվըրբուլ»ին դէմ, իսկ Զլաթանը՝ ոսկի գնդակի ցանկէն[42]: Ապա եղան վնասուածքներ եւ առանց Իպրահիմովիչի «Ինթըր»ը, հսկայական տարբերութիւն ունենալով հետապնդողներէն, վերջին կիսուն կորսնցուց գրեթէ ամբողջ առաւելութիւնը։ Միայն «Բարմա»յի դէմ խաղին՝ Իպրահիմովիչի խաղադաշտ դուրս գալը եւ անոր «Ոսկի տուպլ»ը թոյլ տուաւ «Ինթըր»ին յաղթել Սկուդետտօն[43]:
Այն պահուն, երբ «Ինթըր»ը գլխաւորեց Խոզէ Մոուրինիօն, Զլաթանը Սերիա A-ի գլխաւոր աստղն էր։ 4 Հոկտեմբեր 2008 թուականին Զլաթանը «Պոլոնիա»յի դարպասին գեղեցիկ կօլ հարուածեց. Ատրիանօն եզրային փոխանցում կատարեց դարպասի մօտակայ անկիւնը, իսկ Զլաթանը կրունկով տեխնիկօրէն հարուածեց թռող գնդակին[44][45][46]: 2008-2009 մրցաշրջանը Իպրահիմովիչի համար շատ յաջող էր. ան դարձաւ լիկայի լաւագոյն ռմբարկուն՝ հարուածելով 25 կօլ, իսկ «Ինթըր»ը 3-րդ անգամ անընդմէջ դարձաւ ախոյեան՝ սեփական յարկի տակ չկրելով ոչ մէկ պարտութիւն։ Սակայն Եւրոպայի մէջ «Ինթըր»ը լրիւ ձախողեցաւ։ Ակումբը «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի կողմէ Չեմպիոններու Լիկայի 1/8 եզրափակիչէն դուրս մնաց[47]: Փլէյ-օֆֆի 6 խաղերուն, որոնց մէջ Իպրահիմովիչը խաղցած է, խումբը կօլ հարուածած է միայն անոնցմէ մէկուն մէջ։ Անկէ ետք մամուլին մէջ խօսակցութիւններ յայտնուեցան Զլաթանի՝ «Պարսելոնա» հնարաւոր տեղափոխութեան մասին։
Պարսելոնա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեղափոխութենէն ետք ակումբին նախագահը՝ Խուան Լափորթան յայտարարեց, որ համաձայնութիւն կնքած է «Պարսելոնա»յի եւ «Ինթըր»ի միջեւ՝ Իպրահիմովիչի տեղաթողման հարցով։ «Ինթըր»ի կազմին մէջ իր վերջին խաղը Զլաթանը խաղցաւ «Չէլսի»ի դէմ՝ World Football Challenge 2009 առաջնութեան ժամանակ[48]: 27 Յուլիս 2009 թուականին շուէտացին բուժզննումի անցաւ, որմէ ետք 62 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեամբ ֆութպոլիստը ներկայացաւ Գէմբ Նուի մէջ[49]: Զլաթանը կնքեց 5 տարուան պայմանագիր[50][51]: «Ինթըր»էն «կապտանռնագոյներու» կազմ անոր տեղափոխութիւնը արժեց 46 միլիոն եւրօ։ Բացի անկէ միլանեան ակումբ ուղարկուեցաւ Սամուէլ Էտօն, որ գնահատուեցաւ 20 միլիոն եւրօ[52]: Գործարքի մաս պէտք է կազմէր նաեւ Ալեքսանտր Հլեպը, սակայն վերջինս հրաժարեցաւ վարձավճարով տեղափոխուիլ Իտալիա, որմէ ետք «Պարսելոնա»ն Իպրային համար վճարեց եւս 5 միլիոն եւրօ[53]: Արդիւնքով «Ինթըր»ը ստացաւ 69,5 միլիոն եւրօ[54][55], բայց անոնց մէկ մասը (մօտ 4,5%-ը) վերաբաժանուեցաւ երիտասարդական ակումբներուն՝ համաձայն «համերաշխութեան հարկի»[56]:
Իպրահիմովիչը «Պարսելոնա»յի կազմին մէջ իր նորամուտը նշեց 23 Օգոստոս 2009 թուականին Սպանիոյ Սուփըր-Քափի շրջանակներուն մէջ կայացած «Աթլեթիք»ի դէմ խաղին։ Այդ խաղին Զլաթանը աչքի ինկաւ արժնթինցի Լիոնել Մեսսիին կատարած կօլային փոխանցմամբ, իսկ խաղը աւարտեցաւ քաթալոնացիներու (3:1) հաշուով յաղթանակով։ 2 խաղերու արդիւնքով (5:2) «Պարսելոնա»ն յաղթեց Սուփըր-Քափը, իսկ Իպրան՝ «կապտանռնագոյներու» կազմին մէջ իր առաջին մրցանակը։ 28 Օգոստոս 2009 թուականին Զլաթանը յաղթեց իր 2-րդ մրցանակը՝ ՈՒԵՖԱ Սուփըր-Քափը[57]: Սպանիոյ առաջնութեան 2009-2010 մրցաշրջանի առաջին կիսուն՝ «Խիխոնի Սպորտինգի» դէմ խաղին, Զլաթանը «Պարսելոնա»յին մէջ իր առաջին կօլը հարուածեց։ Անոնցմէ ետք Իպրան աչքի ինկաւ 3 խաղին անընդմէջ[58]:
20 ՀՅոկտեմբերին Չեմպիոններու Լիկայի 2009-2010 մրցաշրջանի շրջանակներուն մէջ կայացած Կազանի «Ռուբին»ի դէմ խաղին Զլաթանը իր առաջին կօլը հարուածեց։ 5 օր ետք Իպրահիմովիչը աչքի ինկած է «Ռէալ Սարագոսա»յի դէմ խաղին (6:1)[59]: Այնուհետեւ 7 Նոյեմբեր ին Իպրահիմովիչը ազդրի վնասուածք ստացաւ եւ շարքէն դուրս մնաց 3 շաբաթով։ Ան խաղադաշտ վերադարձաւ «Ռէալ Մատրիտ»ի դէմ խաղին՝ 2-րդ խաղակէսի սկիզբին փոխարինելով Թիերի Անրիին, իսկ 56-րդ վայրկեանին Տենի Ալվեսի փոխանցումէն ետք հարուածեց յաղթական գնդակը՝ 7 խաղին 7-րդ անգամ աչքի իյնալով[60][61]:
19 Դեկտեմբեր 2009 թուականին Զլաթանը դարձաւ Աշխարհի ակումբային առաջնութեան յաղթող՝ եզրափակչին մէջ յաղթելով արժանթինական «Էստուդիանտես»ին (2:1) հաշուով:
2010 թուականի առաջին կօլը Զլաթանը հարուածեց 14 Փետրուարին «Աթլեթիքօ Մատրիտ»ի դէմ խաղին։ 6 Մարտին «Ալմերիա»յի դէմ խաղին (2:2) Իպրահիմովիչը կարմիր քարտ ստացաւ, որմէ ետք բաց ձգեց 1 հանդիպում[62]: Բրեմիերի շրջանակներուն «Աթլեթիք Պիլպաօ»ի դէմ կայանալիք խաղէն առաջ՝ մարզման ժամանակ, Զլաթանը վնասեց սրունքի եռագլուխ մկանը, որուն պատճառով բաց ձգեց Չեմպիոններու Լիկայի 2009-2010 մրցաշրջանի քառորդ եզրափակչին մէջ «Արսենալի» դէմ կայացած պատասխանի խաղը (4:1), Էլ Գլասիքօն (2:0)[63] եւ առաջնութեան յաջորդ՝ «Տիբորթիւօ»ի դէմ կայացած խաղը։ Ան խաղադաշտ վերադարձաւ «Էսպանիոլ»ի դէմ խաղին՝ փոխարինման դուրս գալով հանդիպման 82-րդ վայրկեանին։
Իպրահիմովիչը մրցաշրջանը աւարտեց նշանակած 16 գնդակով, իսկ «Պարսելոնա»ն, 38 խաղին հաւաքելով 99 միաւոր, յաղթեց Լա Լիկան: «Պարսա»յի կազմին մէջ իր վերջին գնդակը Իպրան խփած է 14 Օգոստոսին Սպանիոյ Սուփըր-Քափի շրջանակներուն կայացած «Սեւիլա»յի դէմ խաղին, իսկ 25 Օգոստոսին «կապտանռնագոյներու» կազմին մէջ խաղցաւ վերջին խաղը։ Այդ Խուան Գամպերի Գաւաթի շրջանակներուն մէջ կայացած «Միլան»ի դէմ խաղն էր, որմէ ետք ԶԼՄ-ներուն սկսան տեղեկութիւններ յայտնուիլ Իպրահիմովիչի եւ «Պարսելոնա»յի մարզիչ Խոսէ Կուարտիոլայի միջեւ եղած տարաձայնութիւններու մասին[9][64]:
Էյ Սի Միլան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]28 Օգոստոս 2010 թուականին յայտարարուեցաւ Իպրահիմովիչի՝ վարձավճարով «Միլան»ի տեղափոխութիւնը, որուն աւարտէն յետոյ իտալական խումբը 24 միլիոն եւրոյով կարողացաւ գնել ֆութպոլիստի իրաւունքները[65][66][67]: 11 Սեպտեմբերին Սերիա A-ի 2010-2011 մրցաշրջանի 2-րդ փուլի շրջանակներուն մէջ «Չեզենա»յի դէմ կայացած արտաքին խաղին մէջ Իպրահիմովիչը խաղցաւ ամբողջ խաղը եւ 86-րդ վարկեանին չիրականացուց հարուածը 11 մեթր հեռաւորութենէն (հարուածեց դարպասաձողին)[68]: «Միլան»ի կազմին մէջ իր առաջին կօլերը Իպրահիմովիչը հարուածած է 15 Սեպտեմբերին՝ Չեմպիոններու Լիկայի 2010-2011 մրցաշրջանի շրջանակներուն ֆրանսական «Օսեր»ի դէմ կայացած խաղին՝ աչքի իյնալով 66-րդ եւ 69-րդ վայրկեաններուն[69][70]: 14 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Միլանեան (therapy)-ին, որու ժամանակ Իպրահիմովիչը հարուածեց միակ գնդակը՝ գրաւելով նախկին խումբի դարպասը։
2011 թուականի Մարտին Իպրահիմովիչը ստացաւ երեք խաղի որակազրկում «Բարի»ի պաշտպան Մարկօ Ռոսսիի որովայնին հարուածելուն պատճառով[71][72]: 25 Մարտին որակազրկումը 3 խաղէն կրճատուեցաւ 2-ի[73], որուն Իպրահիմովիչին թոյլ տրուեցաւ խաղալ «Ֆիորենթինա»յի դէմ արտաքին խաղը։ Այդ խաղին Իպրան դեղին քարտ ստացաւ, իսկ խաղի ամենավերջին կրկին հեռացուեցաւ խաղադաշտէն՝ եզրային մրցավարին հանդէպ չափազանց վայրի վարուելուն համար, որուն պատճառով կրկին ստացաւ երեք խաղի որակազրկում[74]: 7 Մայիս 2011 թուականին՝ «Ռոմա»յի դէմ առաջնութեան աւարտէն 2 տաուր առաջ «Միլան»ը վերջին 7 տարուան մէջ պաշտօնապէս յաղթեց առաջին Սկուդետտօն: Իպրահիմովիչը յաղթեց իր 8-րդ ազգային առաջնութիւնը անընդմէջ, եթէ հաշուի առնենք «Եուվէ»ին 2005-ի եւ 2006-ի տիտղոսները, որմէ ակումբը զրկուեցաւ 2006 թուականի կաշառակերութեան խայտառակութեան պատճառով։ 7 տարուան ընթացքին (2003-2011) ան 3 երկրի մէջ 5 ակումբ փոխեց, բայց իւրաքանչիւր ակումբի հետ անփոփոխ աւարտեց մրցաշրջանները՝ աղիւսակին առաջին տեղը զբաղեցնելով։ Ամբողջ մրցաշրջանի արդիւնքին Իպրահիմովիչը աչքի ինկաւ 21 անգամ եւ բոլոր առաջնութիւններուն մէջ կատարեց 11 արդիւնաւէտ փոխանցում, որուն համար անոր սկսան համեմատել «Միլան»ի (legend) Մարքօ վան Բաստենի հետ[75][76][77]: 18 Յունիսին իտալական ակումբը «Պարսելոնա»յէն գնեց Զլաթանին տեղափոխումը:
2011-2012 մրցաշրջանի իր առաջին կօլը Զլաթանը հարուածեց 6 Օգոստոս 2011 թուականին Իտալիոյ Սուփըր-Քափի շրջանակներուն «Ինթըր»ի դէմ կայացած խաղին, որուն աւարտեցաւ (2:1) հաշուով՝ յօգուտ «Միլան»ի: Առաջնութեան մէջ Զլաթանը աչքի ինկաւ դեռ առաջին կէսէն՝ «Լացիօ»ի դէմ խաղին (2:2): Մրցաշրջանին իր 3-րդ գնդակը Զլաթանը հարուածեց Չեմպիոններու Լիկայի 2011-2012 մրցաշրջանի խմբային փուլի երկրորդ՝ «Վիկտորիա Պլզենի» դէմ խաղին՝ աչքի իյնալով 11 մեթրէն։ 2011 թուական 23 Նոյեմբերին Իպրահիմովիչը «Պարսելոնա»յի դէմ խաղին հարուածեց իր խումբի առաջին գնդակը (2:3): Ան աչքի ինկաւ 20-րդ վայրկեանին՝ սառնասրտօրէն խաբելով իր նախկին խմբակից Վիքթոր Վալտէզին[78]: 28 Նոյեմբեր 2011 թուականին «Քիեւօ»ին հարուածած 2 գնդակներէն առաջինը Իպրահիմովիչի համար 100-րդն էր Սերիա A-ին մէջ[78]:
5 Յունուար 2012 թուականին «Նաբոլի»ի դէմ խաղի դրուագներէն մէկուն մէջ Իպրան հարուածեց նաբոլցի պաշտպան Սալվատոր Արոնիկայի դէմքին, որուն համար հեռացուեցաւ խաղադաշտէն[79], իսկ աւելի ուշ կրկին ստացաւ երեք խաղ որակազրկում[80][81]: 15 Փետրուարին՝ «Արսենալ»ի դէմ փլէյ-օֆֆի խաղին (4:0), Զլաթանը դարձաւ հանդիպման լաւագոյն ֆութպոլիստ[82]՝ խփելով մէկ կօլ եւ կատարելով 2 կօլային փոխանցում[82]: 3 Մարտ 2012 թուականին «Բալերմօ»ի դէմ արտաքին խաղին Իպրահիմովիչը «Միլան»ի կազմին մէջ արձանագրեց իր առաջին եւ միակ հաթ-թրիքը (4:0): Ան աչքի ինկաւ 21-րդ, 31-րդ եւ 35-րդ վայրկեաններուն (հաթ-թրիք 14 վայրկեանի մէջ)[83]:
Մրցաշրջանի արդիւնքով ան դարձաւ Իտալիոյ առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկու՝ 32 խաղերուն աչքի իյնալով 28 անգամ։ Ընդհանուր առմամբ մրցաշրջանի ընթացքին Իպրահիմովիչը 35 գնդակ հարուածեց (28 առաջնութեան, 5-ը ՈՒԵՖԱ Եւրոպայի Լիկային, 1-ը Իտալիոյ գաւաթին եւ Սուփըր-Քափին մէջ):
Բարի Սեն Ժէրմէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]17 Յուլիս 2012 թուականին ֆրանսական «Փարիզ Սեն Ժերմեն»ը հաստատեց, որ ակումբը Իպրահիմովիչի ձեռքբերման հարցով համաձայնութեան եկած է «Միլան»ի հետ, որ տեղափոխման արժէքը գնահատուեցաւ 20 միլիոն եւրօ[84]: Հաշուի առնելով «ՊՍԺ» տեղափոխութեան արժէքը՝ ակումբները Զլաթանի համար ծախսած են 171 միլիոն եւրօ, որ զայն կը դարձնէ 2-րդ ամենաթանկագին ֆութպոլիստը պատմութեան մեջ (Տի Մարիայէն յետոյ), եթէ հաշուենք անոր համար ծախսուած ընդհանուր նիւթական միջոցները[85][86]: Կնքուեցաւ եռամեայ պայմանագիր, ըստ որուն Զլաթանը պէտք է ստանար տարեկան 14 միլիոն եւրօ[87][88][89][90][91]: 18 Յունիսին տեղի ունեցաւ մամուլի ասուլիս, որու ժամանակ Իպրան ըսաւ. «Այս իմ արհեստի յաջորդ քայլն է. եւս երազանք մը, որ իրականութիւն դարձաւ: «ՊՍԺ»ն շատ հետաքրքիր նախագիծ է, որու մէկ մասն ալ ես կ՛ուզեմ ըլլալ։ Ես այս ակումբի հետ կը փափաքիմ պատմութիւն կերտել, ես այստեղ եկած եմ յաղթելու, եւ աս այն ամէնն է, որուն մասին կը մտածեմ»[92][93]:
«ՊՍԺ»-ի կազմին մէջ Զլաթանը առաջին անգամ պաշտօնապէս խաղադաշտէն դուրս եկաւ 11 Օգոստոս 2012 թուականին Ֆրանսայի առաջնութեան առաջին կիսուն կայացած «Լորիան»ի դէմ խաղին (2:2), ուր նոր ակումբի կազմին մէջ հարուածեց իր առաջին 2 կօլերը՝ աչքի իյնալով 65-րդ վայրկեանին եւ 11 մեթր հեռաւորութենէն՝ 86-րդ վայրկեանին[94][95]: Իպրահիմովիչը «Լիլ»ի դէմ խաղի առաջին խաղակէսին տապլ (երկու կօլ) արձանագրեց, որ օգնեց «ՊՍԺ»ին վերջին 3-ին ոչ ոք նման արդիւնքի յաղթանակին հասաւ[96]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Sveriges befolkning 2000 — Sveriges Släktforskarförbund, 2020.
- ↑ 2,0 2,1 Transfermarkt.com — 2000.
- ↑ 3,0 3,1 Discogs — 2000.
- ↑ 4,0 4,1 Enciclopèdia de l'esport català — Grup Enciclopèdia, 2012.
- ↑ «Զլատան Իբրահիմովիչը Uefa.com կայքում»։ Uefa.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-06
- ↑ «The 100 best footballers in the world 2013 – interactive» (անգլերեն)։ The Guardian։ 20 դեկտեմբերի, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-24-ին։ արտագրուած է՝ 20 մարտի, 2014
- ↑ «Месси признан лучшим игроком года по версии The Guardian»։ Sports.ru։ 24 դեկտեմբերի, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-08-ին։ արտագրուած է՝ 20 մարտի, 2014
- ↑ «Zlatan Ibrahimovic: Striker fumes as Borg is top sporting Sweden»։ www.bbc.com։ 23 դեկտեմբերի, 2014։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 22 հունվարի, 2015
- ↑ 9,0 9,1 «Ибрагимович: орал на Гвардиолу: «У тебя нет яиц!»»
- ↑ «Ибрагимович вышел на второе место в списке лучших бомбардиров в истории «ПСЖ»»։ Чемпионат.com։ 9 апреля 2015։ արտագրուած է՝ 06 мая 2015
- ↑ «Досье сборной Швеции»։ uefa.com։ 5 января 2014։ արտագրուած է՝ 20 марта 2014
- ↑ Hawkey Ian (11 December 2005)։ «The Big Interview: Zlatan Ibrahimović»։ The Sunday Times (անգլերեն) (London)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 September 2008-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ «Uzbudljiva autobiografije svjetske zvijezde od subote u prodaji! 'Bio sam problematičan tinejdžer iz kvarta, krao bicikle i uživao u tome'»։ Dražen Krušelj (Croatian) (Jutarnji list)
- ↑ 14,0 14,1 «Zlatan Ibrahimović» (Swedish)։ Evolvia։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-16-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ մայիսի 28
- ↑ 15,0 15,1 «Rosenberg – för mig är han högerback»։ Sydsvenskan (Swedish)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-08-02-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ մայիսի 28
- ↑ «Ибрагимович в пятый раз признан лучшим футболистом Швеции»։ championat.ru։ արտագրուած է՝ 2014-03-13
- ↑ «How Arsenal lost out on Ibrahimovic… and the four words that will chill Wenger’s heart: 'Zlatan doesn’t do trials'» (անգլերեն)։ dailymail.co.uk։ արտագրուած է՝ 2014-03-13
- ↑ «Ибрагимович: Венгер в 2000-м предлагал пройти просмотр в «Арсенале». Я отказался»։ championat.com։ 4 марта 2012 года։ արտագրուած է՝ 2014-04-07
- ↑ 19,0 19,1 19,2 19,3 Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedzlatanibrahimovic.net
- ↑ 20,0 20,1 20,2 «Ibra, el hombre que ha movido más dinero en traspasos» (իսպաներեն)։ mundodeportivo.com։ արտագրուած է՝ 2014-04-07
- ↑ 21,0 21,1 Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedic
- ↑ «Zlatan: `Ik voel me nu al thuis bij Ajax´» (հոլանդերեն)։ ajax.nl։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Seizoen 2001/02. Competitie: Vriendschappelijk.» (հոլանդերեն)։ ajax.nl։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Ajax — Celtic FC 1:3.» (հոլանդերեն)։ ajax.nl։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Отчёт матча Лиги Чемпионов УЕФА 2003\04 «Аякс» - «Селтик»»։ 'uefa.com։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Zlatan: Er is nog hoop'.» (հոլանդերեն)։ ajax.nl։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Ajax start seizoen met puntendeling.» (հոլանդերեն)։ ajax.nl։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Aanklager KNVB doet onderzoek naar actie Zlatan.» (հոլանդերեն)։ ajax.nl։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Ajax gaat niet akkoord met schikkingsvoorstel Zlatan.» (հոլանդերեն)։ ajax.nl։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Zlatan ook door tuchtcommissie tot 5 duels veroordeeld.» (հոլանդերեն)։ ajax.nl։ արտագրուած է՝ 7.4.2014
- ↑ «Отчёт матча Лиги Чемпионов УЕФА 2003\04 «Милан» - «Аякс»»։ uefa.com։ արտագրուած է՝ 2014-04-07
- ↑ «Zlatan ibrahimovic goal from Ajax» (անգլերեն)։ www.youtube.com
- ↑ «Zlatan ibrahimovic signs for inter» (անգլերեն)։ Internazionale։ 10 August 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18 October 2012-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ «Миланский «Интер» все же подписал Златана Ибрагимовича»։ Чемпионат.com։ 10 օգոստոսի, 2006
- ↑ «Agreement with F.C. Internazionale S.p.A.»։ Juventus։ 10 August 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 December 2008-ին։ արտագրուած է՝ 26 July 2009
- ↑ «IBRAHIMOVIC: "INTER, MY TEAM AS A BOY"» (անգլերեն)։ Internazionale։ 10 August 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 October 2012-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ ««Интер» стартовал с выездной победы над «фиалками»»։ Чемпионат.com։ 10 սեպտեմբերի,2006
- ↑ «Dos de Cambiasso para la victoria del Inter» (իսպաներեն)։ losandes.com.ar։ 10 սեպտեմբերի,2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-01-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-06
- ↑ «Ibrahimovic: «We’re still top»» (անգլերեն)։ Internazionale։ 26 October 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 August 2009-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ Rory Smith (6 February 2009)։ «Zlatan Ibrahimovic and Kaka pip Premier League stars in football wages list»։ The Daily Telegraph (անգլերեն)
- ↑ «Ибрагимович забил фантастический гол!»։ Чемпионат.com։ 8 նոյեմբերի, 2007
- ↑ «Доминирование англичан продолжилось»։ Чемпионат.com։ 12 марта 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-06
- ↑ «Ибрагимович сделал «Интер» чемпионом Италии»։ sportbox.ru։ 18 մայիսի, 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-06
- ↑ «Ибрагимович: гол в ворота «Болоньи» дался мне легко»։ Чемпионат.com։ 5 октября 2008
- ↑ «Неахиллесова пята. 5 лучших голов пяткой Златана Ибрагимовича: «Интер» – «Болонья» – 2:1»։ Советский Спорт։ 5 октября 2008
- ↑ «Allsvenskan lockar inte Zlatan»։ Aftonbladet (Swedish)։ 16 November 2008։ արտագրուած է՝ 17 November 2008
- ↑ «Роковая четвертая»։ uefa.com։ 12 марта 2009
- ↑ «USA 09: Ibra returns to Europe» (իտալերեն)։ Internazionale։ 23 July 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 October 2012-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ «Camp Nou gives Ibrahimovic a hero's welcome»։ FC Barcelona։ 27 July 2009։ արտագրուած է՝ 29 July 2009
- ↑ «Ибрагимович подписал пятилетний контракт»։ БарсаМания։ 27 июля 2009
- ↑ «Ibrahimovic signs five-year contract» (անգլերեն)։ FCBarcelona.cat։ 27.07.2009
- ↑ «Ибрагимович официально стал игроком «Барселоны».»։ sportbox.ru։ 27 июля 2009
- ↑ «Глеб отказался переходить в «Интер»»։ sportbox.ru։ 27 июля 2009
- ↑ FC Internazionale Milano Spa 2009–10 Bilancio։ FC Internazionale Milano (իտալերեն) (Registro Imprese & C.C.I.A.A.)։ ca. January 2011
- ↑ «Inter, una tripletta in rosso» (անգլերեն)։ ju29ro.com։ 31 December 2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 March 2019-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ «Annual Financial Report at 30 June 2010»։ Juventus FC (անգլերեն)։ 28 October 2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 May 2015-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ «Pedro goal wins Super Cup for Barcelona» (անգլերեն)։ CNN։ 28 August 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 4 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ «Ibra makes scoring history»։ FC Barcelona։ 17 հոկտեմբերի, 2009
- ↑ «Total football (6–1)»։ FCBarcelona.cat (անգլերեն)։ 25 October 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 September 2012-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ ««Барса» отметила юбилей победой над «Реалом»»։ sportbox.ru։ 29 նոյեմբերի, 2009
- ↑ «FC Barcelona – Real Madrid»։ FCBarcelona.cat (անգլերեն)։ 29 November 2009
- ↑ «Barcelona Duo Pep Guardiola & Zlatan Ibrahimovic Slapped With One-Match Ban» (անգլերեն)։ Goal.com։ 9 March 2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ «Ibrahimovic Set To Miss Clasico Clash»։ WorldTrack Global (անգլերեն)։ 4 April 2010[permanent dead link]
- ↑ Macdonald, Paul (29 August 2010)։ «Pep Guardiola Destroyed My Barcelona Dream — Milan Newboy Zlatan Ibrahimovic»։ Goal.com։ արտագրուած է՝ 30 August 2010
- ↑ «Ibrahimovic loan to AC Milan agreed» (անգլերեն)։ fcbarcelona.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-11-24-ին։ արտագրուած է՝ 2010-11-5
- ↑ «NewsDetail»։ A.C. Milan
- ↑ «Ibra passes Milan medical»։ ESPN Soccernet (անգլերեն)։ 30 August 2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 24 October 2012-ին։ արտագրուած է՝ 6 April 2016
- ↑ «Cesena - Milan - 2:0» (իտալերեն)։ Lega Serie A.it։ 11.09.2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-10-17-ին։ արտագրուած է՝ 11 September 2010
- ↑ «Milan - Auxerre finisce 2:0!» (իտալերեն)։ AC Milan.com։ 15.09.2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-11-02-ին։ արտագրուած է՝ 15 September 2010
- ↑ «Ibrahimovic sveglia il Milan» (իտալերեն)։ La Repubblica.it։ 15.09.2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-09-18-ին։ արտագրուած է՝ 15 September 2010
- ↑ «Ибрагимович пропустит миланское дерби»։ sportbox.ru։ 14 марта 2011
- ↑ «AC Milan's Zlatan Ibrahimovic banned 3 matches for punch»։ USA Today (անգլերեն)։ Associated Press։ 14 March 2012
- ↑ «Ибрагимовичу сократили дисквалификацию»։ sportbox.ru։ 25 марта 2011
- ↑ «Ибрагимович схлопотал три матча дисквалификации»։ sportbox.ru։ 11 ապրիլի, 2011
- ↑ ««Zlatan Ibrahimovic Biography»»։ ESPN։ արտագրուած է՝ 15 November 2013
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedFIFA
- ↑ Mathure, Varun (15 December 2011)։ «Van Basten sees himself in Ibrahimović»։ footballitaliano.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 16 December 2011
- ↑ 78,0 78,1 ««Барса» — первая, «Милан» — второй»։ sportbox.ru։ 24 նոյեմբերի, 2011
- ↑ «Zlatan Ibrahimovic Vs Salvatore Aronica Red Card For Slapping Vs Napoli (Ac Milan Vs Napoli)»։ ՅուԹյուբ։ 5 Փետրուարի 2012 թվական
- ↑ «Ибрагимович пропустит из-за дисквалификации три матча «Милана» в серии А»։ championat.com։ 6 февраля 2012 թվական
- ↑ Мира Луис։ «Zlatan Ibrahimovic to miss Juventus clash after receiving three-game ban»։ Goal.com
- ↑ 82,0 82,1 «AC Milan 4–0 Arsenal: Woeful Gunners humiliated as Robinho, Boateng and Ibrahimovic inspire hosts at San Siro»։ Goal.com։ արտագրուած է՝ 16 February 2012
- ↑ «Ибрагимович добыл «Милану» победу на Сицилии»։ sportbox.ru։ 3 марта 2012
- ↑ «Ibrahimovic makes PSG switch» (անգլերեն)։ transfermarkt.co
- ↑ «Ди Мария — самый дорогой футболист в истории по суммарной стоимости трансферов»։ Чемпионат.com։ 2015-08-06։ արտագրուած է՝ 2015-09-04
- ↑ «20 самых успешных трансферных сделок в истории футбола»։ sports.ru։ 25 июня 2013
- ↑ «Ибрагимович официально стал игроком ПСЖ»։ sportbox.ru։ 18 июля 2012
- ↑ «Ibrahimovic au PSG, c'est fait!» (ֆրանսերեն)։ Eurosport
- ↑ «Zlatan Ibrahimovic presented as PSG player» (անգլերեն)։ 18 July 2012
- ↑ «Que les gros salaires lèvent le doigt» (ֆրանսերեն)։ Eurosport
- ↑ «Zlatan Ibrahimovic joins Paris St-Germain from AC Milan» (անգլերեն)
- ↑ «Златан Ибрагимович перешёл в ПСЖ»։ РБК СПОРТ
- ↑ «PSG prise Ibrahimović away from Milan» (անգլերեն)։ UEFA
- ↑ «Zlatan Ibrahimovic helps PSG draw» (անգլերեն)։ Associated Press
- ↑ «Отчет матча ПСЖ - Лорьян»։ sportbox.ru։ 11.08.2012
- ↑ «Zlatan Ibrahimovic scored twice to earn Paris Saint-Germain their maiden victory of the 2012–13 season as the big-spending capital club beat LOSC Lille Métropole 2–1 on Sunday» (անգլերեն)։ Ligue 1 website։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-09-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-06
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ՈւԵՖԱ-ի պաշտօնական կայք
- Փարիզ Սեն Ժերմենի պաշտօնական կայք Archived 2014-10-01 at the Wayback Machine.
- transfermarkt.de կայք