Երաժշտութիւնը 1900-1910-ական տարիներուն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Երաժշտութիւն, հոգեւոր ու նամանաւանդ՝ ժողովրդական երաժշտութիւնը, Պոլսոյ մէջ կը հնչէ շնորհիւ Կոմիտաս վարդապետի գործունէութեան ու կազմած երգչախմբերուն։ Անոր երաժշտական հեղինակութիւնները կ՛ապրին իրմէ ետք՝ իբր մնայուն արժէքներ, շնորհիւ իր աշակերտներուն, որոնք շարունակեցին իր գործը։
Արեւմտահայ թատրոնը ժամանակը պիտի չունենայ վերածնելու, սակայն նախորդ սերունդի արեւմտահայ վերջին մեծ դերասանները արդէն Կովկասի եւ ռուսիոյ բեմերուն զարդը դարձած են։
Սահմանադրական տարիներուն, գրական շարժումը նկարագիր պիտի չփոխէ։ Քաղքենի ու մակերեսային արտադրութիւններու կողքին՝ այս շրջանը հայ գրականութեան պիտի տայ խոր, բիւրեղացած, «ոգի դարձած» գործեր՝ Վարուժանի մը, Թէքէեանի մը, Սիամանթոյի մը բանաստեղծութիւններու ժողովածուներ, Ռուբէն Զարդարեանի, Զապէլ Եսայեանի, Լեւոն Շանթի, Յակոբ Օշականի արձակ գործեր՝ վէպ, պատմուածք, թատերգութիւն։