Գրիգոր Պարթեւեան
Գրիգոր Պարթեւեան, 1898 Կելիպոլ – 1 Նոյեմբեր 1980․ ուսուցիչ, հասարակական գործիչ։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրիգոր Պարթեւեան ծնած է 1898-ին Կելիպոլ (Քալիփոլի)։ Հայրն է Խորէն քհնյ․Պարթեւեան, իսկ հօրեղբայրը եղած է եպիսկոպոս։ Կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին դպրոցին մէջ։ Ցեղասպանութեան տարիներուն կը հաւաքէ նահատակ եղբօր զաւակները եւ անոնց տէր կը կանգնի, հայթաթելով՝ անհրաժէշտ խնամքն ու կրթութիւնը։
1922-ին, Փոքր Ասիոյ Աղէտի ժամանակ Քավալա կը հասնի (հիւսիսային Յունաստան, արեւելեան Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Միաւոր)։ Կ՛ ամուսնանայ Մարի Արսենեանին հետ․ ծնած Մարկոս եւ Զապել Արսենեաններուն յարկին տակ ու ուսումը ստացած ծննդավայրին՝ Չանաքալէ (Տարտանելի հարաւային ժովեզր, Փոքր Ասիոյ ցամաքամաս) մէջ։ Կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Խորէն (1930) եւ Լիզէթ (1932)։ Քավալա, Լազարիսթներուն վարժարանը ֆրանսերէն կը դասաւանդէ։
1933-ին ընտանեօք Քոքինիոյ (Ատիկէ, Փիրէայի Շրջանային Միաւոր) հայաշատ թաղը կը հաստատուին։ Այնուհետեւ կը սկսի անոր հասարակական գործիչի եւ դաստիարակիչի գործունէութիւնը Աթէնքի եւ Փիրէայի մէջ։
Կը դասաւանդէ հայերէն լեզու եւ Հայաստանի Աշխարհագրութիւն Թամպուրիոյ (կամ Լիբազմա․ Քոքինիոյ արեւմուտքը, Փիրէայի հիւսիս արեւելեան շրջան) հայկական կաթոլիկներու դպրոցը, Քոքինիոյ «Ազգային-Զաւարեան» եւ Ֆիքսի (Տուրղութի) Ազգային Միացեալ (կը գործէր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէն տրամադրուած շէնքին մէջ) վարժարաններուն մէջ։
1960-ական թուականներուն, սիրայօժար, ֆրանսերէն կը դասաւանդէ յունահայոց թեմին կողմէ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը ղրկուող աշակերտներուն։ Այդ ժամանակին, Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, Սփիւռքի հազուագիւտ հաստատութիւններէն էր, ուր ապագայ ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ հասարակական գործիչներ կը պատրաստուէին։
Ըստ իր աշակերտներուն վկայութիւններուն, Հայաստանի հանդէպ իր սէրն ու յուզումը, իւրայատուկ ձեւով անոնց կը փոխանցէր աշխարհագրութեան դասին ընդմէջէն։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատ Օր․ Յովսէփ Պարազեան, «Առանց Խորագրի», 6 Մարտ 2007 (63-րդ տարի, թիւ 18601)
Ազատ Օր․ Մարգար Շարապխանեան, Ռենէ Փիոյի կեանքէն, 21 եւ 22 Մարտ 2008, (64-րդ տարի, թիւ 18855)
Ազատ Օր․ 7 Նոյեմբեր 1980