Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարան
Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարան (յուն․՝ Αρμένικο Δημοτικό Σχολείο Κυανούς Σταυρός), հայկական կրթական հաստատութիւն Քոքինիա, Ատտիկէ, Յունաստանի մէջ։
Զաւարեան Վարժարանի վայրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զաւարեան կը գտնուի Յունաստանի Ատտիկէի նահանգին, Փիրէային տարածքաշրջանի Նիքէա քաղաքին մէջ[1], Միլասոն թիւ 18 փողոցին եւ Պելոյեաննի պողոտային անկիւնը։
Կառուցուածքը անկիւնաւոր է եւ կ'երեւի բոլոր կողմէրէն։ Դպրոցի շէնքին հիւսիսային եւ արեւմտեան պատերուն կից յունական 8-րդ նախակրթարանն է։
Պատմական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զաւարեան վարժարանի Հիմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1922 թուականին, Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք եւ յունական բանակին նահանջով, Ցեղասպանութենէն փրկուած հայութեան մէկ մասը Յունաստան կ'ապաստանի։ Իրենց առաջնահերդութիւնը կ՛ըլլայ աւելի լաւ եւ հայեցի ապագայ տալ գալիք սերունդներուն[2]։
Հ․Օ․Մ․-ի, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ համայնքի ընտանիքներուն օգնութեամբ կը սկսի Զաւարեան ակումբ-դպրոց շէնքին շինութիւնը։ Միաժամանակ, սկսած են գործել՝ տիկին Հայաստան Ուշագլեանի Հռիփսիմեաց մանկապարտէզը՝ կը գտնուէր Մեղարոն եւ Լեվատիաս փողոցներուն անկիւնը եւ 1927 թուականին աշնան վարձուած շէնքի մը մէջ[1], Զաւարեան նախակրթարանը Զաքար Զաքարեանի տնօրէնութեամբ, 6 ուսուցիչներով եւ 80 աշակերտներով:
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դպրոցը կ՛անուանուի Զաւարեան, ի պատիւ՝ ազգային, քաղաքական, հասարակական գործիչ, ուսուցիչ, տնօրէն Սիմոն Զաւարեանի։
Առաջին տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1928-29 ուսումնական տարեշրջանին սկիզբը «Զաւարեան» վարժարանին պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ Սօս Վանիի, աւազանի անունով՝ Յովհաննէս Կարապետեան, տնօրէնութեամբ եւ 260 աշակերտնէրով։ Մանկապարտիզպանուհի Հայաստան Ուշագլեանին հիմնած Հռիփսիմեաց մանկապարտէզը հոն կը տեղափոխուի, միանալով Զաւարեան նախակրթարանին։ Սկիզբին փողոցներէն եւ անկարող ընտանիքներուն զաւակները, հայ որբերը պահող-պահպանող պատսպարան մը կ՛ըլլայ։ Սակայն արագօրէն կրթական կանոնաւոր հաստատութիւն մը կը դառնայ։[2]
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին առաջին օրէն իսկ կը կասեցուին անոր աշխատանքները․ կը վերաբացուի 1945-ին։ Յունաստանի ներքին ազգամիջեան (1944-1948) պատերազմէն ազդուած, մեծ թիւով հայեր կ՛արտագաղթեն եւ կամ կը ներգաղթեն․ այս երեւոյթը կը շարունակուի մինջեւ 1960-ական թուականներուն։ Յունահայութեան եւ ինքնաբերաբար հայ դպրոցներու աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն կը նուազի։[2],[3]
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք[4]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, Բարեգործականի «Ազգային» եւ Հ․Կ․Խ․ «Զաւարեան» դպրոցները կը միանան «Ազգային-Զաւարեան Միացեալ վարժարան» անուան տակ։ Կը շարունակել գործել զատ շէնքերու մէջ․ «Ազգային»ը Ս․ Յակոբ եկեղեցուոյ կից շէնքին մէջ, իսկ «Զաւարեան»ը իր շէնքին մէջ։
1957-58 դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը, Բարեգործականը կը հեռանայ այս միացումէն ու կը հիմնէ «Արտաքի Գալփակեան» վարժարանը, Աթէնքի հարաւային արուարձաներէն Ամֆիթէայի շրջանը։ Քոքինիոյ տարածքին կը շարունակէ գործել «Ազգային-Զաւարեան Միացեալ վարժարան»ը իր նախակրթարանի եւ Մանկապարտէզի բաժիններով։
1963-64 դպրոցական տարեշրջանին, «Զաւարեան» ակումբ-դպրոցին շէնքը աշակերտներ ընդունելու համար անյարմար կը նկատուի։ Շնորհիւ Գ․ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեան, Ս․ Յակոբ եկեղեցուոյ բակին կից շէնքին վրայ երկու յաւելեալ դասարաններ կը շինուին եւ «Զաւարեան» վարժարանը առժամապէս հոն կը փոխադրուի․ կը միատեղուի «Ազգային» դպրոցին հետ։[2][5]
Վերաշինութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Զաւարեան» ակումբ-դպրոցին հիմնադրութենէն 60 տարիներ ետք, անհրաժէշտութիւնը կը նկատուի նոր շէնքի մը վերակառուցումը։ 1981 Փետրուար 24-ին ուժգին երկրաշարժէն անոր կրած վնասները ալ աւելի կը շեշտեն վերակառուցման պահանջը։ 1988 Նոյեմբերին, նոր շէնքի շինութեան հիմնարկէքը կը կատարուի։[2][6][1]
1993 թուականին, Յունուար 13-ին, դպրոցը կը վերադառնայ իր «տունը», գրաւելով նորաշէն «Զաւարեան» կեդրոնին ա․ յարկը, օժտուած դաստիարակչական արդի բոլոր յարմարութիւններով։ Մանկապարտէզը կ՛անուանակոչուի «Հայաստան Ուշագլեան», ի պատիւ անոր հիմնադիր-մանկապարտիզպանուհիին։
Մանկապարտէզի նոր շէնքի կառուցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2010-ին, կը կառուցուի արդի մանկավարժութեան յարմարութիւններով «Հայաստան Ուշագլեան» նորարար Մանկապարտէզը Ս․Յակոբ եկեղեցւոյ կից։[7]
Զաւարեան վարժարանին յոբելեանի հանդիսութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]70-ամեակի տօնակատարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1998 թուականի Յունուար ամսուան վերջաւորութեան, մէկ շաբթուան տեւողութեամբ ձեռնարկներով, տօնակատարուեցաւ «Զաւարեան» ակումբ-դպրոցի 70-ամեակը։ Փառատօնին ընթացքին, ակումբին մէջ գործող բոլոր միութիւնները ծրագրուած միասնական ձեռնարկներով հանդէս եկան։ Այսպէս՝
Նկարներու ցուցադրութիւն․ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ նկարներու ցուցադրութիւն, ակմբային եւ դպրոցական կեանքէն։
Քաղաքական ձեռնարկ, ներկայութեամբ յունահայոց թեմի առաջնորդին, շրջանի յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններու, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանին, յունահայ գաղութին կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։
Մարզական ելոյթներ Քոքինիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․ի գործօն մարզիկներուն եւ վեթերաններուն միջեւ վոլլէյ-պոլի խաղեր։
Զաւարեան Վարժարանի Շրջանաւարտներու ճաշկերոյթ-խրախճանք 680 շրջանաւարտներ ներկայ եղան սոյն խնճոյքին։ Շրջանաւարտներու մեծ թիւ մը բացակայեցաւ, որովհետեւ «դժուար» տարիներուն արտագաղթած եւ կամ ներգաղթած է։
90-ամեակի տօնակատարութիւն [8][9][10]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիմոն Զաւարեանի անունով կոչուած վարժարանը Չորեքշաբթի՝ 17 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի մարզադաշտին մէջ տօնեց իր գործունէութեան 90-ամեակը։ Ներկայ եղան 400 կրթասէր հայրենակիցներ, շրջանաւարտներ, դպրոցի աշակերտներ եւ ի միջի այլոց՝ յունահայոց թեմի առաջնորդը, Յունաստանի կրթութեան, կրօնի եւ հետազօտութեան նախարար պրն. Կոստանտինոս Ղաւրօղլու, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանը, քաղաքապետներ, հայկական եւ յունական կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, տարածքաշրջանի մէջ կրթական համակարգին մէջ գործող անձեր։ Հանդիսութեան ընթացքին, ողջոյնի խօսքերէն եւ օրուան պատշաճ դասախօսութենէն զատ, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կ՛ընդգրկէր երկլեզու բանաւոր յիշատակներ ու սրտի խօսքեր դպրոցին նախկին ու ներկայ՝ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ շրջանաւարտներուն կողմէ։
Դպրոցին բոլոր աշակերտները մասնակցեցանծ երգերով ու պարերով։ Նաեւ հադէս եկան վարժարանի շրջանաւարտներէն ու միջազգային համբաւ ունեցող կիթառիստ Յակոբ (Եաքովոս) Գոլանեան նուագով մը եւ դպրոցի շրջանաւարտներ մեներգով՝ 6րդ դասարանի երկու աշակերտուհիներու թաւջութակի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ։
Սիմոն Զաւարեանի մահուան 105-ամեակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանդիսութեան ընթացքին, Սիմոն Զաւարեան մահուան 105-ամեակին առթիւ նշուեցաւ անոր տարած գործունէութիւնը։ Բեմի պաստառին վրայ երեւցաւ 6րդ դասարանի աշակերտներուն պատրաստած հսկայ՝ 3 մեթր × 4,50 մեթր գծագրութիւնը, հիմնուած Կարօ Սասունիին Սիմոն Զաւարեանի մասին հետեւեալ գրութեան վրայ.- «Տեսուչը կ՛անցնէր գիւղերէն, ձեռքը հովուական գաւազան մը։ Հագած էր պարզուկ ու անխնամ։ Ուսէն կախուած էր կաշիէ պայուսակ մը, ուր զետեղուած էին իր տետրերը եւ կտոր մը հաց։ Ալեխառն մօրուքն ու մ-զերը հովին տուած՝ կ՛անցնէր ծաղկած անդաստաններէն…։ Ան տաք ու համատարած շունչի մը պէս կը բացուէր իր շրջապատին վրայ, կ՛ընդգրկէր հայ հողն ու գիւղացին, մարդն ու բնութիւնը։ Անոր տեսքէն կ՛արտացոլար համակ նուիրում մը. կարծես, թէ լեռներէն նոր իջած հինաւուրց ճգնաւոր մըն էր, որու լռութենէն իմաստութիւնն ու բարութիւնը կը կաթկթէին…»։
Դպրոցը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դպրոցին նպատակն ու թիրախը[11][3][7]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայեցի կրթութեան ծիրէն ներս, հետամուտ է աշակերտներուն հայակրթութեան ու հայախօսութեան։ Կը Հասցնէ հայեցի դաստիարակութեամբ, հայկական ոգիով, Սիմոն Զաւարեանի շունչով դաստիարակուած սերունդներ։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դպրոցը իր հիմնարկութեան օրէն մինչեւ այսօր կը շարունակէ անխափան գործել, հասնելով կրթական բարձր մակարդակի։ Քայլ կը պահէ ժամանակիս կարիքներուն։ Օժտուած է դաստիարակչական բոլոր արդի յարմարութիւններով։
Ուսուցչական կազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուսուցչական կազմը շարունակ կը վերապատրաստուի, սերտ կապ կը պահէ Յունական կրթական շրջանակներուն հետ, միշտ միտի ունենալով աշակերտին կարիքներն ու անոր կրթութիւնը։
Շրջանաւարտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հարիւրաւոր շրջանաւարտները դպրոցի հայելին են։ Անոնք շատ կարեւոր դեր կը կատարեն Յունաստանի եւ ո՛չ միայն իրականութեան մէջ, իբրեւ ուսուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ, բժիշկներ, գիտնականներ, ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, արուեստագէտներ, արհեստագէտներ, գործարարներ կամ նոյնիսկ շատ համեստ անդամներ, որոնք իրենց հաւատքով կը նուիրուին մեր մշակութային եւ ոգեկան արժէքներու պահպանումին։
Աշխարհի բոլոր կողմերէն նախկին շրջանաւարտներ երբ Յունաստան կ՛այցելեն, գիտեն, որ Քոքինիոյ այս անկիւնը իրենց կը սպասէ տաքուկ հայկական օճախ մը․ իրենց «տունը»՝ Զաւարեանը։
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարժարանի 70-ամեակի եւ 90-ամեակի յոբելեաններուն առթիւ Տնօրէնութեան եւ Հայ Ուսուցչական Կազմերու կողմէ պատրաստուած ու հրատարակուած են համապատասխան յուշամատեաններ։ Բոլոր տարիներուն շրջանաւարտներուն նկարները կ'ընդգրկեն։ 90-ամեակին առթիւ յուշամատեանը ներառած է նաեւ՝ դպրոցական կեանքէն, գրենական պիտոյքներու եւ գործածուած կամ հրատարակուած հազուագիւտ իրերու նկարներ:
Տնօրէններ/ուհիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1926-1928՝ Զաքար Զաքարեան
- 1928-1934 եւ 1956-1962՝ Սօս Վանի «Կարապետեան Յովհաննէս»
- 1934-1937՝ Մկրտիչ Փափազեան
- 1937-1940՝ Արսէն Պալեան
- 1945-1956 եւ 1966-1972՝ Օննիկ Զաքարեան
- 1962-1966՝ Գեղանուշ Աւշարեան եւ Ալիս Ֆարաճեան
- 1972-2007՝ Կիրակոս Մկրտիչեան
- 2001-2006՝ Սդաւրոս Ապարեան եւ Կիրակոս Մկրտիչեան
- 2006-2007՝ Կիրակոս Մկրտիչեան եւ Տէր Սահակեան Սիմոն
- 2007-էն՝ Հայկանուշ Մինասեան
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Զաւարեան վարժարանի 70-ամեակի Յուշամատեան, հրատարակութիւն՝ Զաւարեան վարժարանի Տնօրէնութիւն եւ Ուսուցչական Կազմ
- Զաւարեան վարժարանի 90-ամեակի Յուշամատեան, հրատարակութիւն՝ Զաւարեան վարժարանի Տնօրէնութիւն եւ Ուսուցչական Կազմ
- Ամէնուն Տարեգիրք, 1960, Կարօ Գէորգեան
- Ամէնուն Տարեգիրք, 1957, Կարօ Գէորգեան
- Լեռներու Խորհուրդը, հեղինակ՝ Կարօ Սասունի
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 Անդրադարձ. Անհաւատալի Ու Անհաւանական, Բայց Ճարտար Միջնորդը Ազդակ որաթերթ 31 Յունւարի 2017
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Αρμένικο Δημοτικό Σχολείο Κυανούς Σταυρός Զաւարեան դպրոցին կայքէջը / (յունարէն)
- ↑ 3,0 3,1 Η συρρίκνωση του αρμενικού πληθυσμού στην Ελλάδα κατά τα έτη 1922 - 1950 Αρμενικά-Արմենիքա յունալեզու պարբերաթերթ / Յունահայ համայնքի թիւի նուազում 1922-1950 թուականներուն (յունարէն)
- ↑ «Զաւարեան» վարժարան 1947 Ազատ Օր 1 Փետրուար 2017
- ↑ Հին «Զաւարեան» վարժարանի յիշատակներէն, Կարօ Աւագեան Ազատ Օր, թիւ 11218 / 16 Հոկտեմբեր 2018
- ↑ ՀՕՄԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ՝ ՔԱՂՈՒԱԾ ԱՆԱՀԻՏ ՄԷՅՄԱՐԵԱՆԻ «ԻՄ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ԳԻՐՔԷՆ ՀՕՄի Ութերորդ Տասնամեակը (1980-1990) Ասպարէզ, 1-6-2010 Archived 2019-10-30 at the Wayback Machine.
- ↑ 7,0 7,1 Νέα στέγη για το νηπιαγωγείο της Κοκκινιάς Αρμενικά-Արմենիքա պարբերաթերթ / Քոքինիոյ Նոր Մանկապարտէզի հիմնարկէք (յունարէն)
- ↑ «Զաւարեան» վարժարանի 90ամեակ -Ա. Ազատ Օր օրաթերթ, 5 Նոյեմբեր 2018
- ↑ Հ.Կ. Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի 90ամեակ https://azator.gr/?p=11155 Ազատ Օր օրաթերթ, 9 Հոկտեմբեր 2018
- ↑ Το «Ζαβαριάν» γίνεται 90 ετών! Αρμενικά-Արմենիքա յունալեզու պարբերաթերթ / Զաւարեանը 90 տարեկան (յունարէն)
- ↑ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ Զաւարեան վարժարանի կայքէջ
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Զաւարեան վարժարանին պաշտոնական կայքէջ
- Հայ Կապոյտ Խաչ եւ հայկական դպրոցներ Αρμένικος Κυανούς Σταυρός και Αρμενικά Σχολεία Archived 2019-10-31 at the Wayback Machine. (յունարէն)