Գրիգոր Չէլէպի Տիւզեան
Գրիգոր Չէլէպի Տիւզեան | |
---|---|
Ծնած է | 1774 |
Մահացած է | 1819 |
Գրիգոր Չէլէպի Տիւզեան (1774 - 1819), հայ անուանի ոսկերչապետ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Չէլէպի Տիւզեանի երկրորդ զաւակը՝ Գրիգոր Չէլէպի ծնած է 1774–ին: 38 տարեկան էր երբ իր հօր մահուամբ իբրեւ երիցագոյն մանչ զաւակ նոյն պաշտօնին յաջորդեց 1812–ին՝ արքունի ոսկերչապետ անուանուելով։ Ինք արդէն իր հօր ողջութեան փողերանոցին մէջ պաշտօնեայ ըլլալով, բաւական հմտացած էր ոսկերչութեան եւ գծագրութեան ու միեւնոյն ատեն ինքնաշխատութեամբ ուսած էր արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուները, նաեւ վարժ գեղագիր էր թրքերէն լեզուի։
Գրիգոր Չէլէպի տղայ հասակէն իսկ արհեստին վարժուած ըլլալուն, մեծ ճարտարութիւն կը ցուցնէր ամէնէն դժուարին գործերուն մէջ։
Սուլթան Սելիմի աւագանին կը սիրէր զինք ու ծանր խնդիրներու մէջ իր խորհուրդին կը դիմէր։
Սուլթան Մահմուտ եւս շարունակեց իր նախորդին ունեցած համակրութիւնը Սարգիս եւ Գրիգոր Չէլէպիներու նկատմամբ։
Գրիգոր Չէլէպի 1817 Յունուար 27–ին ամուսնացած է օր․ Քաթէնկոյ Հէյպէթէրեանի հետ։
Երկու եղբայրներ ձեռք ձեռքի տուած իրենց յանձնուած բարձր պաշտօնը արժանաւորաբար կը վարէին։ Նոյն ժամանակները «Եէնի-գեղ» ծովեզերեայ ամարանոց-պալատ մը կը շինէին երկու եղբայր, ծախքին մէկ մասը իբրեւ 30000 ղրուշ, ինչ որ նոյն ժամանակին համար մեծ գումար մըն էր, նուէր ստացան իրենց խնամագութ պաշտպան Սուլթան Մահմուտ Բ.էն։ Թշնամիներ, որոնք միշտ նորանոր առիթներ կ'որոնէին, այս շինութիւնը միջոց համարելով սկսան քսութեան։
Այս ստորութեանց պատճառը Տիւզեաններուն՝ թագաւորին շատ սիրելի ըլլալն էր։ Անոնք միշտ ազատ ելումուտք ունէին պալատին մէջ ու քանի մը տուրքերէ բոլորովին ազատ էին։
Բայց Սուլթանը, որ միշտ համոզուած էր թէ Տիւզեանց ազգատոհմը ծանօթ է իր հաւատարմութեամբ, փափաքելով թշնամիներու չարութիւնը ի դերեւ հանել, հրաման կու տայ, որ քննութիւն բացուի եւ Իպրահիմ Սարիմ էֆէնտի քննիչ կը կարգուի։ Տիւզեանց թշնամիներուն պարագլուխներէն էր «Շապճի հրեան», որ իր ընչաքաղցութիւնը յագեցնելու միակ միջոցը կը կարծէր փողերանոցի պաշտօնը ձեռք անցնելը։
Երբ քննութիւնը վերջացաւ, Տիւզեանք անպարտ նկատուեցան։ Սուլթան ի վարձ անոնց բարւոք ծառայութեան խիլայեց զիրենք, սամոյրեն հագցուց, ինչ որ թագաւորին հաճութիւնը վայելելու ամէնամեծ նշաններէն էր, եւ որ մի միայն «Ուլահ-Պուղտան»ի պէյերը կրնային կրել։ Այս յաղթանակը աւելցուց անոնց զօրութիւնը եւ վարկը բարձրացուց Սուլթանի մօտ։ Նոյն ատեն առաջնակարգ դիրք մը կը սկսէր գրաւել նաեւ Հալէթ էֆ․, որ սկիզբէն ծանօթ էր Գրիգոր Չէլէպիին եւ ուրկէ շատ բարիք տեսած էր, երբ տակաւին Հալէթ աղքատ վիճակի մէջ էր։
Երբ Տիւզեանք հասկցան Շապճի հրեային ու Հալէթի իրենց նկատմամբ բարեացակամ չըլլալը, աչքէ ձգեցին Հալէթը, որուն վրայ այս վերջինը սկսաւ թշնամանալ եւ առիթ կը փնտռէր, որ ամբաստանէ Տիւզեանները։ Հալէթ որսալով նաեւ հռչակաւոր Սիլահտար Ալի աղան, անոր միջոցաւ Սուլթանը ամբաստանեցին, թէ Տիւզեանք արքունի գանձը կողոպտելով Եւրոպա պիտի գաղթեն եւ թէ՛ անոնք մեկնելնէն ետք ալ անկարելի է զիրենք բանտարկել եւ այլն։
Սուլթան Մահմուտ նախ չհաւատաց, բայց զինքը այնքան ձանձրացուցին, այնչափ աշխատութիւն թափեցին աչքէ ձգելու համար հէք Տիւզեանները, որ վերջապէս տեղի տուաւ եւ հաւատաց։
Տիւզեանները զգացին, թէ դարան մը կը լարուի իրենց շուրջ, բայց քաջալերուելով նախընթաց փորձերէն, որոնք ապարդիւն եղած էին, ապահով էին թէ այս փորձն ալ ի դերեւ պիտի ելլէր։ Բայց խոհեմ եւ զգոյշ չկրցան գտնուիլ, իրաւ է որ այդչափ բարձր պաշտօններ վարող ընտանիք մը կրնար իր վիճակին համեմատ փառաւոր կերպիւ ապրիլ, բայց գոնէ այդ միջոցին, որ իրենց դէմ թշնամիններ չարութիւններ կը մտածէին, պէտք էր որ աչալուրջ ըլլային, նկատի առնելով ժամանակի փափկութիւնը։
Տարակարծութիւն մեր նախորդ կենսագիրներէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հոս է, որ տարակարծիք պիտի գտնուինք մեր նախորդ կենսագիրներէն։
Ընդհանրապէս վիեննական եւ վենետիկեան հրատարակութիւններ այս դաւադրութեան մասնակից ցոյց կու տան նաեւ «Գազէզ Արթին» ամիրան։
Մենք մանրազննին քննութիւններ ըրինք եւ որոշ փաստ մը չկարողացանք գտնել, ընդհակառակը գտանք Պէզճեան ամիրայի գրած երկու նամակները, մէկը՝ Տիւզեան Գրիգոր Չէլէպիի ուղղուած, նախ քան գլխատումը հէք Տիւզեաններու, իսկ միւսը՝ Սուրբ Կարապետ վանք ուղղուած Յակոբ Չէլէպիի, Գազէզի աքսորէն վերադարձէն ետք։
Առաջինը ազգային խնդիրներու նկատմամբ գրուած նամակ մըն է, որոնց մէջ Գրիգոր Չէլէպի եւս մասնակցութիւն ունեցած է ու Գազէզ Չէլէպիէն կարգ մը խնդրանքներ կ'ընէ, այդ նամակին մէջ խորունկ յարգանք մը կը տեսնենք դէպի Տիւզեանները։
Իսկ երկրորդ նամակով Գազէզ Յակոբ Չէլէպիի հետ միասին նուէրներ ու դրամ կը ղրկեն Սուրբ Կարապետ վանքին եւ որուն մէջ բարեկամական տողեր կան Չէլէպիի մասին։
Արդ, կը հարցնենք թէ՝ Գազէզի պէս բարեսիրտ անձնաւորութիւն մը կարե՞լի բան է, որ մեղսակից ըլլայ Հալէթ ըսուած սրիկայի մը զրպարտութեանց, քանի որ Գազէզ-Տիւզեան անունները այդչափ սերտօրէն կապուած են իրարու՝ գլխատումէն թէ՛ առաջ եւ թէ՛ վերջը։ Չէ, չենք հաւատար ատոր եւ կը կարծենք թէ այդ երկու նամակները, որոնց նմանահանութիւնները կը զետեղենք հոս, բաւական պիտի ըլլան ապացուցանելու թէ՝ գազէզ որեւէ մասնակցութիւն չէ ունեցած այդ դաւաճանութեան մէջ։
Յետոյ արդէն խնդիրը Տիւզեանց անձէն աւելի փողերանոցի պաշտօնէութեան խնդիրի մը վերածուած կը գտնենք, երբ կը կարդանք Զարբհանէ Ամիրի Ապտիւլ Րահման պէկին եւ Գրիգոր Չէլէպիի մահավճիռները, որոնց օրինակը կրցանք գտնել Անտոնեան վանքէն։
Աչքէ անցուցինք նաեւ յունական աղբիւրներ, որոնք այդ մահասարսուռ պատմութիւնը կ'ընեն բացարձակապէս յայտնելով Հալէթի դրդումով ըլլալը, եւ արդէն այդ սրիկային՝ սոյն եղերական գործին մէջ, դեր ունենալուն ապացոյց չէ՞ ի վերջոյ անոր ալ գլխատումը, երբ սուլթանը կ'իմանայ թէ Տիւզեանք անպարտ էին։
Եթէ Գազէզ դեր մը ունեցած ըլլար, չէ՞ որ ան ալ պիտի գլխատուէր։
Կենսագրութեան ամէնէն ահասարսուռ դրուագը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հալէթ Բարձրագոյն Դրան դեսպան էր Փարիզի մէջ, երբ Յակոբ Չէլէպի հոն գացած էր ուսմունք եւ մանրանկարչութիւն սորվելու: Հալէթ՝ Տիւզեան Չէլէպիներէն մեծամեծ գումարներ փոխ առած էր։ Յետոյ սակայն, Պոլիս դառնալէ վերջ, բնաւ հոգ չէր տաներ պարտքը վճարելու ու արտաքին մտերմութեամբ եւ խաբէութեամբ, անոնց կորուստը դարանելով կ'ուզէր պարտքերէն ազատիլ։ Հալէթ այս հնարքներուն մէջ էր, երբ Տիւզեանց ձեռքին ներքեւ գտնուող անձ մը, որուն անունը լաւ կ'ըլլար թէ ի սպառ մոռցուէր թէ՛ յիշատակից եւ թէ՛ պատմութեան մէջ, մախալով Տիւզեանց ու մասնաւորապէս՝ Մկրտիչ Չէլէպիին իրենց հօրեղբօրորդւոյն դէմ․ գնաց առ Հալէթ էֆէնտին ու իմացուց իրեն թէ Տիւզեանք փողերանոցին յանձնուած դրամագլուխէն ստակ առած են եւ Հալէթ ալ լուր տուաւ Սուլթան Մահմուտի, որ Տիւզեանք փողերանոցին գանձը վատնած են։ Փութով հրամայուեցաւ, որ հաշիւ տեսնուի ու որովհետեւ փողերանոցին գլխաւորը՝ Ապտիւլ Րահման էֆէնտին էր, որ Տիւզեանց մեծ բարեկամ էր, անոր համար Հալէթ նախ զայն փոխել տուաւ եւ Տիւզեանց թշնամի մը դրաւ»։
Ընթերցողները կռահեցին թէ ակնարկուած անձը Գազէզն էր.․ արդ կը հարցնենք Գազէզ ինչո՞ւ Հալէթին կը դիմէր, քանի որ իրենց գրածէն կը հասկնանք թէ՝ փողերանոցին բացին բուն պատճառը ինքը Հալէթն էր։ Հալէթ շարունակ դրամ քաշեր էր Տիւզեաններէն եւ վարպետութեամբ զանոնք մատնելով, բնականաբար, ինք պիտի ազատէր եւ Տիւզեանք պիտի դատապարտուէին։
Գազէզը ի՞նչ այպանելի դեր կրնայ ունենալ այս պարագային։
Յետոյ կ'ուզենք ճշդել պատմական սխալ մը, փողերանոցի գլխաւորը՝ Ապտիւլ Րահման պէյ եւս գլխատուած է Տիւզեանց հետ։
Հետեւաբար մենք կազմած ենք մեր գաղափարը, այն է թէ՝ Տիւզեանք զեղծում չեն ըրած, բայց կարգ մը անձանց դրամ տուած ըլլալով չեն կրցած գանձել ու հաշուեքննութեան ատեն բաց տեսնուած է իրենց հաշիւներուն մէջ։
Փողերանոցի գլխաւորը՝ Ապտիւլ Րահման պէյ երբ պաշտօնանկ կ'ըլլայ, զինք կը յաջորդէ ուրիշ մը, որ ըստ սովորութեան կ'ուզէ տեսնել գանձին հաշիւը, զոր Տիւզեանք արդէն պատրաստեր էին ու անոր ներկայացուցին։ Ոստիկանը չգոհանար ատով եւ կը պատասխանէ՝ թէ «Սուլթանը պարզ թղթով մը չի գոհանար, հապա անմիջապէս արծաթ դրամով կը պահանջէ ձեզի յանձնուած դրամը»։
Տիւզեանց յանձնուած դրամագլուխը, որով դրամ կը տպէին, գրեթէ 25 միլիոն կ'ելլէր, Սուլթանին աւանդներէն զատ։
Բայց որովհետեւ իրենք սեղանաւորութիւն կ'ընէին, սոյն գումարը ցրուած էին զանազան տեղեր։ Եւ անկարելի էր քիչ ժամանակի մէջ հաւաքել։
Փողերանոցի նոր գլխաւորը, Ուրբաթ օր մը սովորականէն 4 ժամ աւելի կը մնայ փողերանոցին մէջ եւ երբ մեկնելու ժամանակ՝ դռան դիմաց ամէնքը ժողվուած էին բարեւելու, Տիւզեանց կը դառնայ ու կ'ըսէ «Սուլթանը կը հրամայէ, որ փողերանոցէն չմեկնիք»։
Երկու եղբայրները՝ Գրիգոր եւ Սարգիս չափազանց վիշտ զգացին եւ նոյն գիշերը մնացին հոն, յաջորդ օր իրենց Միքայէլ եղբայրը խնդիրը իմանալու համար Հալէթին դիմեց եւ այն ատեն իմացաւ, որ բարեկամ կարծածնին էր իրենց խորխորատը պատրաստողը։
Փողերանոցին ոստիկանը Տիւզեաններուն քանի մը օր առիթ տուաւ, որ կարենան արծաթ դրամը վճարել, այդ պատճառաւ ժողով գումարուեցաւ Էնկիւրիի եւ Պոլսոյ սեղանաւորներէն, օգնելու համար Տիւզեանց, սակայն կարգ մը նախանձոտութիւններ անկարելի դարձուցին այդ դրամին հայթայթուիլը, եւ երբ Տիւզեանք չկրցան գտնել պահանջուած դրամը, այն ատեն Հալէթ շուտով Սուլթանին ելաւ եւ այդ կերպով հաստատեց իր կասկածները եւ իր բոլոր ճարտարութիւնը թափեց մինչեւ որ բռնի ստացաւ Սուլթանին իրատէն՝ բոլոր Տիւզեանց եւ մերձաւորներու ձերբակալուելուն։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Յիշատակարան» (կազմուած՝ Վ․ Գ․ Զարդարեանի կողմէ)