Jump to content

Յակոբ Չէլէպի Տիւզ

Յակոբ Ջէլէպի (3 Յունուար 17931847)

Տիւզեան ծնած է 1793-ին։ Բնականէն գեղեցիկ ձիրքերով զարդարուած մասնաւոր հակամիտութիւն ունէր նկարչութեան։

Մինչդեռ իր երեք եղբայրները ցաւալի վախճան մը կ՛ունենային իրենց ուղեկցող Պօստանճի պաշին, որ Ապտուալլահ կը կոչուէր, եւ որ թէեւ բարեկամ էր Տիւզեանց, բայց բռնդատեալ կատարած էր բարձրագոյն հրամանը, ծովակալ անուանուած էր։ Այդ մարդը մեծապէս զայրացած էր Տիւզեանց մահուան վրայ եւ այդ պատճառաւ թշնամի դարցած էր Հալէթի։

Այս աղետալի անցքերուն ժամանակ Յակոբ Չէլէպին Մորէա կը գտնուէր, ուր պտոյտի գացած էր մասնաւոր նաւով մը, Յակոբ Չէլէպին երբ կայս. հրովարտակը ընդունեցաւ համբուրեց զայն, ճակատին վրայ դրաւ եւ նաւ մտաւ Պոլիս դառնալու։ Հալէթ, որ միտքը դրած էր բոլոր Տիւզեանց ընտանիքը ջնջել՝ Յակոբ Չէլէպիին ալ ամբասատանեց իբր ապաստամբութիւն փորձող մը «Զեաի» մէջ։ Սակայն երբ Ապտուլլահ ծովակալը կայսեր պատմեց Յակոբ Չէլէպիի վարմունքը՝ հրովարտակը ստացած ատեն, Հալէթի ստութիւնը մէջտեղ ելաւ, որով Տիւզեան երեք եղբայրները՝ Յակոբ, Կարապետ եւ Պօղոս փետրուար 26-ին աքսորուեցան Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանքը, ուր մեծ պատուով ընդունեցան եւ այնքան մեծ հիւրասիրութիւն եւ ասպնաչականութիւն տեսան, որ յիշատակ ուղերձ մը թողուցին հոն (տես Թ. 249), այդ գրով կը յայտնեն իրենց գոհակալութիւնը։ Յետոյ Յակոբ Չէլէպին Գազէզի հետ միասին (տես թ. 274) մեծաքանակ գումարներ նուէր ղրկած են վանքին։ Երբ Տիւզեանք աքսորուեցան Ապտուլլահ ամբասատանեց Հալէթը եւ անոր նենգութիւնները մէջտեղ հանեց։ Այդ պատճառաւ Սուլթան Մահմութը Հալէթ պաշտօնէն հանեց եւ աքսորեց Գունիա եւ անոր տեղը վէզիր անուանեց Ապտուլահը։ Հազիւ Հալէթ ճամբայ ելած էր գտնուեցաւ իր տանը մէջ իր գզրոցը, ուր կային թուղթեր եւ գողօններ. նաեւ երկու ծրար յակինթ, զոր թագաւորը տուած էր Հալէթի՝ յանձնելու համար Սարգիս Չէլէպիին, որպէսզի իրեն երախակալ մը շինէ եւ զոր Հալէթ քովը պահելով, շատ անգամ Սարգիս Չէլէպին իբր դանդաղկոտ ամբաստանծ էր։ Այս յայտնութեան վրայ Սուլթանը զայրացած հրաման կ՛ընէ Հալէթը սպաննելու, եւ հազիւ Գոնիա հասած հոն կը գլխատեն զինք եւ գլուխը կը բերեն Պոլիս, որ Սուլթանին հրամանով Ղալաթիոյ աղբանոցը կը նետեն, նոյն վիճակը ունեցաւ նաեւ Իսխել Հրեայ սեղանաւորը, որ Հալէթի չարութեանց գործակից էր եւ երկուքին ալ ստացուածքը յարքունիս գրաւուեցան։

  • «Յիշատակարան» (կազմուած՝ Վ․ Գ․ Զարդարեանի կողմէ)