Գրիգոր Եղիկեան
Գրիգոր Եղիկեան | |
---|---|
Ծնած է | 1880 |
Ծննդավայր | Կիրեսուն, Թուրքիա |
Մահացած է | 1951 |
Մասնագիտութիւն | հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ, թատերագիր, լրագրող, մանկավարժ |
Գրիգոր Եղիկեան, հրապարակագիր, նախկին Հնչակեան գործիչ, ծնած է 14-26 Փետրուար 1880-ին Կիրասոն, նախնական ուսումը ստացած է յայտնի Հնչակեան ուսուցիչ Անտոնի հսկողութեան ներքեւ եւ ա՛յն օրերուն՝ երբ Ժիրայր Վասակունի (Մարտիրոս Պօյաճեան) տեսուչ էր այդ շրջանի դպրոցներուն: 1809-ին իր հօրը մօտ Պոլիս կը փոխադրուի, ուր ականատես կ’ըլլայ Գում-Գաբուի, Պապ-Ալիի դէպքերուն եւ 1896-ի վերջերը Կովկաս կ’անցնի:
Եղիկեան դպրոցական շրջանէն ցոյց կու տայ իր գրելու յատկութիւնը եւ 1897-ին արդէն Թիֆլիսի «Տարազ» ին մէջ լոյս կը տեսնէ առաջին յօդուածը: 1898-ին Բագուի մէջ կը ծանօթանայ եւ կը մտերմանայ յայտնի թուրք գրող Նարիսանովի հետ, որ ջերմ կողմնակից էր Հայ եւ Թաթարական մերձեցման: 1902-ին Բագուի մէջ ցարական բռնութեան դէմ սարքած ցոյցին կը մասնակցի եւ յետոյ կը ստիպուի Պարսկաստան փախչիլ եւ Ռաշտի մէջ առաջին Հնչակեան խումբը կը կազմէ 1904-ին: Ռաշտէն կ’աշխատակցի Մշակի, Նոր-Դարի, Տարազի, Երիտասարդ Հայաստան՝ Գ. Մարգարեան, Վ. Թուրեան, Գ.Եղիկեան եւ Վ. Վասակունի ստորագրութիւններով: Այդ թուականներուն կը տպուի իր պատմուածքները («Սառա», «Մարիա Պավլոնա», «Աշխէն», «Թոյն», «Համբ») Նոր Դարի մէջ, եւ վերջին երկուքը առանձին գրքոյկով՝ Բագուի մէջ: Այդ ատեններն է նաեւ որ «Հրդեհ» տրաման կը գրէ, որ Մակարեան տիկնոջ մրցանակին կ’արժանանայ, բայց նախանձորդները ձեռագիրը կ’անհետացնեն եւ մրցանակը կը վճարուի տասը տարի ետք միայն՝ 1916: 1904-ին Եղիկեան կրկին Կովկաս կ’անցնի, կը բնակի Պաթում, կը մասնակցի կուսակցական աշխատութեանց, յետոյ նորէն Պարսկաստան կը դառնայ եւ անկից Ամերիկա կը հրաւիրուի Երիտասարդ Հայաստան թերթի խմբագրի պաշտօնով: 1905-1906-ին կը գրէ Արեան ճանապարհով, Ի՛նչ ժառանգեցին որդիները իրենց հայրերէն, երեք գործողութեամբ տրաման: 1907-ին Բարիզ կ’երթայ, ապա Պարսկաստան, ուսկից Բագու կը հրաւիրուի Զանգ եւ Պատանեկան Գրադարան թերթերու խմբագրութիւնը վարելու համար: 1908-ին կ’ամուսնանայ Երեւանի մէջ Օր. Աստղիկ Սարգիսեանի հետ: Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը հռչակուելէն ետք 1909-ին Մուրատի կոչին տեղի տալով Պոլիս կը դառնայ եւ իբրեւ Հնչակեան կազմակերպիչ Պրուսա կ’երթայ: Պոլիս վերադառնելով կը հիմնէ «Կոհակ» շաբաթաթերթը Հ. Արամեանցի հետ: Կը մասնակցի Զպատկամաւորական ժողովին եւ յետոյ կրկին կ’այցելէ Պրուսա, Մարզուան եւայլն, միշտ կուսակցական գործերով:
1910-ի աշնան Պարսկաստան կ’անցնի, ուր կը կազմակերպէ «Պարսկաստանի Սոցիալիստ Դեմոկրատ» կուսակցութիւնը, պարսկերէն լեզուով կը գրէ առաջին անգամ Մարգսիստական գիրքը. «Ի՞նչ են ուզում Սոցիալիստ Դեմոկրատները» վերնագրով, ուրիշ գործերու կարգին «Արեան Ճանապարհով» տրաման պարսկերէն լեզուով լոյս կ’ընծայէ, որը Թեհրանի մէջ մեծ յաջողութեամբ կը ներկայացուի:
Եղիկեան Էնզէլիի մէջ պարսից միջնակարգ դպրոցին տեսուչ կը կարգուի եւ 5 տարի այդ պաշտօնին մէջ կը մնայ: Այդ շրջանին կը գրէ «Պարսկաստանի յեղափոխական շարժուսները» ընդարձակ պատմութիւնը, զոր Պոլիս կ’ուղարկէ տպուելու համար, սակայն պատերազմի ընթացքին կը կորսուի: Հոն կը գրէ նաեւ «Բեթղեհէմի մանկանց կոտորածը» եւ «Մանիան» եւ ուրիշ վէպիկներ, բազմաթիւ յօդուածներ՝ այլեւայլ կուսակցական թերթերու մէջ: Կ’աշխատակցի Թեհրանի Րէդ օրաթերթին, որուն կողմէ խմբագրի պաշտօնով կը հրաւիրուի, սակայն կը մերժէ: Համաշխարհային պատերազմին կամաւորական շարժման հակառակորդ ըլլալով՝ 2 տարի Էնզիլի մը մնայ: 1916-ին Թիֆլիս կ’երթայ եւ հոն հրատարակուելիք Հնչակեան օրկանին խմբագիր կը նշանակուի: Կը գրէ «Պատերազմ» տրաման, որ Երիտասարդ Հայաստանի մէջ կը հրատարակուի:
Գրիգոր Եղիկեան վերջերս (1938-ին) դեդրեցաւ Հնչակեան թերթերու մէջ գրելէ, նկատելով որ անոնք հեռացած են ազգային շահերը հետապնդելէ: Սկսած է Դաշնակցական թերթերու մէջ գրել, յայտարարելով միանգամայն որ Դաշնակցական եղած չէ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 675: