Jump to content

Գիւտ Աղանեան

Գիւտ Աղանեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Հարություն Տեր-Առաքելյան[1][2]
Ծնած է 1 Մարտ 1856(1856-03-01)[1]
Ծննդավայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է Դեկտեմբեր 1920 (64 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոցԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ[1]
Մասնագիտութիւն պատմաբան, թարգմանիչ, ուսուցիչ, բանասէր, հրատարակիչ, Խմբագիր, հոգեւորական, ազգագրագետ
Աշխատավայր Լումա (հանդէս)[1]

Գիւտ Աղանեան (1 Մարտ 1856(1856-03-01)[1], Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - Դեկտեմբեր 1920, Թիֆլիս, Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն), թարգմանիչ, խմբագիր, հնահաւաք-հրատարակիչ։

Ծնած է Տփխիս (Թիֆլիս), 1856 Մարտ 1-ին։ Սկզբնական կրթութիւնը կը ստանայ Տիրուհի Մամիկոնեանի՝ անդրանիկ մասնաւոր օրիորդաց ուսումնարանին մէջ 1863-ին, ուր կ'աշակերտէ Գարեգին Մուրատեանցին, իսկ 1865-ին կը մտնէ Ներսիսեան դպրոց, ուրէ 1873-ին ուսումն աւարտելով կը սկսի ուսուցչութեամբ զբաղիլ։ Սկզբնական շրջանին երբ դեռ ան դպիր Յարութիւն Առաքելեանց կը կոչուէր, Հաւլաբարի Ս. Մինաս եկեղեցւոյ մօտ ուսումնարան մը կը բանայ, ուր անձամբ դաս կու տայ, 1876-ին դպրոցէն ներս ուսուցիչի պաշտօն կը ստանայ (ընդհատած է՝ 1891-1901, ապա կրկին ծառայած), իսկ 1885-էն ճարտարագիտական ուսումնարանի կրօնուսոյց եղած է։

1879-ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի, իսկ 1880 Յուլիս 7-ին քահանայ ձեռնադրուելով՝ կ'անուանուի՝ Տէր Գիւտ։ Անոր գրական գործունէութիւնը կը սկսի 1875 թուականին, երբ կը սկսի աշխատակցիլ «Մեղու Հայաստան»ի հայ թերթին եւ միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտութիւն նկատեց մանկական գիրքերու կարիքը, ու նախկին ուսումնարաններու սաներու շնորհիւ, ժողովուրդ իր ձեռքին մէջ ունեցաւ դիւրամարս եւ հետաքրքիր գիրքեր։ 1889 թուականին, կը սկսի հրատարակել հայերէն պատի հատուածական օրացոյց, զոր կը շարունակուի մինչեւ 1903 ու դարձեալ ասով սկիզբ դրաւ՝ ռուսահայերու մէջ, պատի օրացոյցներու հրատարակման աշխատանքին, որմէ օրինակ առին Ա. Գուլամիրեանը, Մ. Չմշկեանը, Կ. Ափինեանը եւ վերջերը Ե. Թոփչեանը։ 1896-ին հայրապետական յանձնարարութիւններով գնաց Կ. Պոլիս` պատրիարք Մատթէոս արք. Իզմիլեանի մօտ, ուր կ'օգտուի, պատրիարքական դիւանի գործերէն, եւ Յովհաննէս արք. Մկրեանի հարուստ գրադարանէն եւ վերջին դարու հայ ժողովուրդի պատմութեան համար նիւթեր կը հաւաքէ։ Անկէ կ'անցնի Գերմանիա, ապա Էջմիածին եւ տպարանի համար ձուլարան ու տպագրական մեքենաներ կը գնէ։

1896 թուականին կը սկսի հրատարակել «Լումայ» վեցամսեայ հանդէսը, իսկ 1902-ի Յունուարէն կը սկսի տարին վեց գիրք հրատարակել, զորս իրենց ճոխ եւ բազմակողմանի բովանդակութեամբ ռուսահայերու մէջ առաջինն էին։ Տ. Գիւտն կը հաւաքէ ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերու հայոց եկեցեղւոյ պատմութեան վերաբերեալ ձեռագիր յիշատակարանները եւ պատմական նիւթերը, 1893 թուականին կը սկսի մեծադիր հատորներով լոյս ընծայել «Դիւան Հայոց Պատմութիւն» վերնագիրի տակ։ Այս գործին նշանակութիւնը այնպէս է մեզ համար, ինչպէս՝ Կովկասեան հնագիտական ընկերութեան հրատարակած «Акты» գործերը (դիւաններէն երկուքն ալ արժանացած են Սահակ-Մեսրոպեան մրցանակին)։ Տ. Գիւտն առաջինն է, որ կը կազմէ տոմարագիտութեան եւ Աստուածպաշտութեան աշխարհաբար ձեռնարկները[3] (առանց հաշուի առնելու Ս. արք. Մանդինեանի եւ Մխիթարեանց գրաբար ձեռնարկները)։ 1900 թ. կ'ընտրուի Ներսիսեան դպրոցի առաջին քահանայ-հոգաբարձուն։

1901 թ. Հոկտեմբեր 28-ին կը կատարուի անոր գրական-մանկավարժական գործունէութեան 25 ամեակը (Տփխիս)։ Վեհ. կաթողիկոսէն բազմիցս վարձատրուած է կոնդակներով եւ ի թիւս այլ պարգեւներու՝ վարդապետական լանջախաչով։ Աշխատակցած է «Մեղու», «Արձագանք», «Նոր Դասը» եւ այլ պարբերականներու։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]