Jump to content

Բորակածին

Բորակածին[1], քիմիական տարր է, քիմիական բանաձեւն է N (լատ.՝ Nitrogenium-էն) կարգահամարը՝ 7, հիւլէական զանգուածը՝ 14.0067։
Ազատ վիճակին անհամ եւ անհոտ կազ մըն է, ջուրին մէջ վատ կը լուծուի։ Մոլեքուլը կազմուած է 2 բորակածինի հիւլէներէ (N2), որոնց կապը շատ ամուր է։ Բնութեան մէջ կազմուած է 14N (խառնուրդին մէջ բաղադրութիւնը՝ 99.63%) եւ 15N կայուն նուքլիտներէն։

Բորակածինի չեզոք հիւլէի շառաւիղը 0.074 նմ է, իոններունը. N3- - 0.132, N3+ - 0.030 եւ N5+ - 0.027 նմ։ Պարզ նիւթ բորակածինը (CAS-համարը 7727-37-9) բաւականին իներտ կազ է, որ կը կազմէ Երկիր մոլորակի մեկ քառորդը։

1772 թուականին Հէնրի Քաւէնտիշը իրականացուցած է հետեւեալ փորձը. ան բազմիցս օդ բաց ձգած է այրուող ածուխին վրայ, որուն պատճառով յառաջացած է նստուածք, որ Քաւէնտիշը անուանեց խեղդող օդ։ Բորակածինը յայտնագործած է 1772 թուականին սկովտիացի գիտնական Տանիէլ Ռազըրֆորտը՝ (անգլերէն՝ Daniel Rutherford) ածուխի, ծծումբի, կազային լուսաբերի այրման արգասիքները ծծմբական լուծոյթի մէջէն անցընելով (այս պարագային անիկա չի կլանուիր՝ ի տարբերութիւն CO2-ի)։

Շուտով ֆրանսացի քիմիագէտ Անթուան Լաւուազիէն եկաւ եզրակացութեան, որ այդ «խեղդող» կազը կը մտնէ մթնոլորտի բաղադրութեան մէջ եւ անուանեց զայն «azote» (յուն․՝ ἄζωτος (ազոտոս), անկենդան)։ 1784 թուականին անգլիացի քիմիագէտ Հենրի Քաւէնտիշը բացայայտեց բորակածինի առկայութիւնը սելիտրային (հոսկէ կուգայ բորակածինի լատինական անուանումը, որն առաջարկած է ֆրանսացի քիմիագէտ Ժան Անթուան Շափթալը (ֆրանսերէն՝ Jean-Antoine Chaptal) 1790 թուականին իր «Քիմիական տարրեր»[2] գիրքին մէջ։

Բնութեան մէջ ազատ (մոլեքուլային) վիճակին բորակածինը կը մտնէ մթնոլորտային օդի բաղադրութեան մէջ (ծաւալային՝ 78.09% եւ զանգուածային՝ 75.6%), իսկ կապուած վիճակին՝ երկու սելիտրաներու. նաթրիոնի նիտրատ (NaNO3, կը հանդիպի Չիլիի մէջ, հոսկէ ալ անուանումը՝ չիլիական սելիտրա), քաղիոնի նիտրատ (KNO3, կը հանդիպի Հնդկաստանի մէջ՝ հնդկական սելիտրա) եւ շարք մը այլ միացութիւններու տեսքով։

Երկրագունդի բաղադրութեան մէջ բորակածինը տարածուածութեամբ կը զբաղեցնէ 17րդ տեղը, անոր բաժին կը հասնի Երկրագունդի զանգուածի 0.0019%-ը։ Չնայած «խեղդող» բնութագրումին բորակածինն առկայ է բոլոր ապրող օրկանիզմներուն մէջ (պինդ մասի զանգուածի 1-3%-ը) եւ կը հանդիսանայ կարեւորագոյն կենսածին տարրը։ Անիկա կը մտնէ պրոթէիններու, նուքլէինաթթուներու, հեմոկլոպինի, քղորոփիլի եւ այլ կենսաբանօրէն աշխոյժ նիւթերու բաղադրութեան մէջ։

Ապրող բջիջներուն մէջ բորակածինի միացութիւններու փոխակերպումը կը հանդիսանայ բոլոր օրկանիզմներու նիւթափոխանակութեան կարեւորագոյն մասը։

Բորակածինի յատկութիւնները
Հեղուկ բորակածինի մեջ ընկղմուող փուչիկ
Գերմաքուր բորակածինը մանիշակագոյն լոյս կ'արձակէ

Բորակածինի Շրջապտոյտը Բնութեան Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոյսերը աճի համար արմատներով հողէն կ'իւրացնեն ազոթային միացութիւններ՝ գլխաւորաբար ամոնիւմի եւ ազոթական թթուի աղեր: Աւելի շատ ազոթ կ'օգտագործեն լոբազգիները։ Բոյսերուն կողմէ սինթէզուած բորակածին պարունակող միացութիւնները, մասնաւորապէս պրոթէինները, անցնելով անասուններու եւ մարդու օրկանիզմ, կը վերածուին այլ օրկանական միացութիւններու եւ այլ սպիտակուցներու։

Հողին մէջ բորակածինի պակասը կը լրացուի բորակածինի շրջապտոյտի շնորհիւ։ Առաջին հերթին ատիկա կը կատարուի օդի բորակածինի հաշուին։ Օդին մէջ տեղի ունեցող ելեկտրական պարպումները՝ կայծակները, նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն բորակածինէն ու թթուածինէն ազոթի (II) օքսիտ յառաջացնելու համար։ NO-ն այնուհետեւ օդին մէջ դիւրութեամբ կը վերածուի NO2-ի։ Վերջինս անձրեւաջուրերու հետ կ'առաջացնէ ազոթական թթու, որն ալ, հողին մեջ գտնուող մետաղներու օքսիտներու կամ աղերու հետ փոխազդուելով, կը յառաջացնէ նիթրատներ։

Օդին մէջ բորակածինի քանակը, սակայն, չի պակսիր, որովհետեւ օրկանական նիւթերու, գլխաւորաբար բուսական զանգուածի այրման եւ փտման հետեւանքով կ'անջատուի կազային բորակածին, որ նորէն կ'անցնի մթնոլորտ։ Սակայն հողէն պակսած բորակածինի ամբողջ քանակը չի լրացուիր օդի հաշուին, որուն պատճառաւ ալ այդ պակասը կը լրացուի ազոթային պարարտանիւթերով։ Այսպիսով տեղի կ'ունենայ բորակածինի շրջապտոյտ մը օդէն հող, իսկ այնուհետեւ՝ նորէն օդ։ Հազարամեակներու ընթացքին երկրագունդի վրայ ստեղծուած է հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]