Jump to content

Բոմբէյի մանուկներու 2000 տարուան գծագրութիւններ

Բոմբէյի հնագիտական վայր․ հարուստի մը տան անցքը
Բոմբէյ, 2017-ի նկար

Բոմբէյի մանուկներու 2000 տարուան գծագրութիւններ (անգլ․՝ pompeii, 2000 years before children's work)․ Բոմբէյ (իտալ․՝ Pompei) Իտալիոյ հնադարեան քաղաքին մէջ շարունակուող պեղումները 2024-ի գարնան յայատնաբերած են քաղաքին մանուկներու գծագրութիւններ (graffiti)։ 79 թուականին մօտակայ Վեզուվիոյին սոսկալի ժայթքումին պատճառով քանի մը ժամուան մէջ Բոմբէյ կը ծածկուի մոխիրի հսկայ ալիքէ մը։ Քաղաքը կը յայտնաբերուի 1592-ին, մերձակայ Թորէ Անունցիանա քաղաքին գետնայարկ ջրուղիին կառուցման աշխատանքներուն ընթացքին։

Տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գծագրութիւնները մօտաւորապէս 2000 տարուան են, նկատելով թէ քաղաքը ոչնչացաւ 79-ին, Վեզուվիոյի ահաւոր ժայթքումին ընթացքին։ Երեխաները պատերուն վրայ փայտածուխով պատկերացուցած են Բոմբէյի կեանքէն պատկերներ՝ սուսերամարտիկներ եւ որսորդներ։ Այս յայտնաբերումը գտնուած է հարուստի մը տան անցքի պատին վրայ։

Մասնագէտները կը յուսան որ այս յայտնաբերումը իրենց պիտի օգնէ աւելի լաւ հասկնալ թէ քաղաքին մանուկներուն կեանքը ինչպիսին եղած է այդ հնադարեան շքեղ քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքին ընկերութեան կեանքին մասին։ Անոնք, ըստ The Telegraph-ի Նիք Սքուարսի թարգմանութեան, իրենց առօրեային մէջ ականատես եղած են ու շփուած են «բռնութեան ծայրահեղ ձեւի» հետ, որ հաւանաբար, կը ներառէր հանցագործներուն եւ ստրկացած մարդոց մահապատիժները:

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. The Telegraph, Նիք Սքուարս․Բոմբէյի մանուկներու 2000 տարուան գծագրութիւններ, 28 Մայիս 2024(անգլերէն)
  2. Worldhistory - Բոմբէյի մանուկներու 2000 տարուան գծագրութիւններ, 28 Մայիս 2024(անգլերէն)
  3. The Irish Sun. Թաղուած գաղտնիքներ - Արձանագրութիւններ, Գծագրութիւններ․ Բոմբէյի մանուկներու 2000 տարուան գծագրութիւններ, 28 Մայիս 2024(անգլերէն)
  4. Daily Mail - Բոմբէյի մանուկներու 2000 տարուան գծագրութիւններ, Ճոնաթան Չատուիք, 29 Մայիս 2024(անգլերէն)
  5. Independent - Հնաբանական պեղումներ կը յայտնաբերեն «բռնի» գծագրութիւններ, Մաթէօ Նեկրի, 31 Մայիս 2024․ (անգլերէն)
  6. Foxnews-Երեխաներու 2000 տարի առաջուան բռնի միամտութիւններ, աչքերնիս կը հանեն․ Անտրէա Վաչիանօ, Յունիս 2, 2024
  7. BBC, 29 Մայիս 2024, Բոմբէյի մանուկներու 2000 տարուան գծագրութիւններ(անգլերէն)
  8. Smithsonian mag․ Սօնիա Անտերսըն, 29 Մայիս 2024 - Բոմբէյի մանուկները ականատես եղած են մինչեւ մահ մենամարտիկներու կռիւին (անգլերէն)
  9. see pompeii - Մենամարտիկներ գծուած 2000 տարի առաջ Բոմբէյի մանուկներուն կողմէ(անգլերէն)