Իրաւունք

Արդարութեան կինը՝ դիցուհին, որ կը ներկայացնէ արդարութիւն եւ կը շալկէ թուր՝ որ կը ներկայացնէ դատարանին ուժը ու ինչպէս այդ թուրը կը կոտրէ օձին գլուխը, այսինքն՝ չարին, կշիռք՝ որ կը ներկայացնէ հաւասարութիւնը ու մրցումը, եւ աչքերու կապ՝ որ ցոյց կու տայ թէ արդարութիւնը պէտք է ըլլայ անկողմնակալ եւ ապահով բոլորին համար առանց վախի կամ շահի զանազանութեամբ, կամ նոյնիսկ դրամի, հարստութեան, ուժի եւ ինքնութեան[1]:

Իրաւունք, խումբ մը կանոններ որ կը պարունակէ օրէնքներ ստեղծուած եւ պարտադրուած կառավարութեան կամ պետութեան կողմէ ժողովուրդը ղեկավարելու եւ զսպլու համար[2]: Իրաւունքները քաղաքացիներուն կ'ապահովեն յարգանք եւ հաւասարութիւն բոլորին, առանց զանազութեամբ: Պետութեան օրէնքները կրնան ստեղծուիլ ամբողջ օրէնսդրութեան մարմինին կողմէ, կամ նոյնիսկ մէկ անդամի կողմէ: Այս օրէնքներն են որ կ'ուղղեն քաղաքագիտութիւնը, տնտեսագիտութիւնը, պատմութիւնը եւ ընկերութիւնը: Ու դատարանը կը վարուի որպէս հաշտարար կամ միջամտող անոնց միջեւ:

Իրաւաբանութիւնը կ'ապահովէ հարուստ աղբիւր մը տարբեր նիւթերու մէջ, օրինակ՝ փաստաբանութեան կամ դատարանի կանոնաւոր պատմութեան, փիլիսոփայութեան եւ տնտեսագիտութեան մէջ։ Օրէնքները կը կեդրոնանան հաւասարութեան, արդարութեան եւ յստակութեան վրայ։ Ինչպէս հին խօսքը կ'ըսէ՝ «Բոլորը հաւասար են օրէնքին դիմաց»[3][4]:

Սահմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակի ընթացքին խումբ մը օրէնքներ հաստատուեցան կամ փոխուեցան կամ ջնջուեցան եւ «Օրէնք»-ին իմասը միշտ փոփոխումներու ենթարկուած է: 1973 թուականի բացատրութիւնը կ'ըսէ, թէ օրէնքը օրինաւոր ձեւ մըն է որ կը կառավարէ մարդոց վարքը, միաժամանակ ազդելով անոնց ամենօրեայ բարոյական եւ ընկերային վարուելակերպը որ կայուն ու կարեւոր դեր կը խաղան օրէնքին յարգանքին մէջ[5]:

Շատ մը ջանքեր եւ փորձեր կատարուած են որպէսզի ստեղծուի համաշխարհային ընդունուած իմաստ կամ բացատրութիւն մը «օրէնք» բառին: 1972 թուականի աղփիւր մը կ'ըսէ թէ այս մէկը անկարելի է[6]: Մեծ գիտնականներ հարցնելով «Ի՞նչ է օրէնքը:» սահամանուած պատասխան չէին գտներ[7]: Կլանվիլ Ուիլըմս գիտնականը, ըսած է թէ «Օրէնք» բառին իմաստը կապ ունի անոր նախադասութեան հետ, օրինակ՝ սովորական օրէնքը կամ քաղաքապետական օրէնքը ունին տարբեր իմաստներ[8]: Ուրիշ մտաւորական մը, Թըրման Արնոլտ՝ ըսած է թէ անկարելի է «Օրէնք» բառը բացատրել, սակայն այս մէկը երբեք պէտք չէ լքուի[9][10]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրէնքին ստեղծումն ու հիմնումը կապ ունի քաղաքակրթութեան աճումին հետ: Հին Եգիպտական օրէքները գոյութիւն ունէին Ք․Ա․ 3000 թուականէն: Եւ այս օրէնքները սահմանուած էին 12 գիրքերու մէջ, որ հաստատուած էին իրենց մշակոյթի, հաւասարակշռութեան եւ արդարութեան կանոններուն վրայ[11][12]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Luban, Law's Blindfold, 23.
  2. Robertson, Crimes against humanity, 90.
  3. (France, The Red Lily, Chapter VII). The original French is: "La loi, dans un grand souci d'égalité, interdit aux riches comme aux pauvres de coucher sous les ponts, de mendier dans les rues et de voler du pain.".
  4. "Withering away of the state". Palgrave McMillan Dictionary of Political Thought. 2007.
  5. Dictionary of the History of Ideas, Charles Scribner's Sons, Editor Philip P. Weiner, 1973.
  6. Lord Lloyd of Hampstead. Introduction to Jurisprudence. Third Edition. Stevens & Sons. London. 1972. Second Impression. 1975. Page 39.
  7. Mc Coubrey, Hilaire and White, Nigel D. Textbook on Jurisprudence. Second Edition. Blackstone Press Limited. 1996. ISBN 1-85431-582-X. Page 2.
  8. Williams, Glanville. International Law and the Controversy Concerning the Meaning of the Word "Law". Revised version published in Laslett (Editor), Philosophy, Politics and Society (1956) p. 134 et seq. The original was published in (1945) 22 BYBIL 146.
  9. Arnold, Thurman. The Symbols of Government. 1935. Page 36.
  10. Lord Lloyd of Hampstead. Introduction to Jurisprudence. Third Edition. Stevens & Sons. London. 1972. Second Impression. 1975.
  11. Théodoridés։ «law»։ Encyclopedia of the Archaeology of Ancient Egypt 
  12. VerSteeg, Law in ancient Egypt