Jump to content

Գրադարան

Երեւանի Մատենադարան
Հայաստանի Ազգային Գրադարան

Գրադարան, մշակութա-լուսաւորական եւ գիտա-օժանդակ հիմնարկ մը` տպագիր արտադրանքի հասարակական օգտագործումը կազմակերպելու համար: Գրադարաններու դերն է տպագիր արտադրանքի հաւաքումը, պահպանումը, գիրքի ընթացքը, ընթերցողներուն գիրք սպասարկելը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններու մատենագիտական աշխատանքը: ԽՍՀՄ-ի մէջ, ըստ նշանակութեան եւ գրքային հիմնադրամի կազմի ու աշխատանքի մեթոտին, գրադարանները կը բաժնուին երկու հիմնական տեսակի՝

  • հանրային
  • գիտական ու մասնագիտական

Հանրային գրադարաններու թիւին կը պատկանին մշակոյթի նախարարութեան կազմում գտնվող Հայաստանի ազգային գրադարանը, Խնկո Ապոր անվան ազգային մանկական գրադարանը, ՀՀ 10 մարզկեդրոններում գործող մարզային գրադարանները, մշակութային տնօրինական կազմին մէջ գտնուող քաղաքային ու գիւղական, ինչպէս ձեռնարկութիւններու, ակումբներու, մշակոյթի տուներու գրադարանները:

Գիտական եւ մասնագիտական գրադարանները հիմնականօրէն կը սպասարկեն գիտութեան, ժողովրդային տնտնսութեան եւ մշակոյթի տարբեր ճիւղերու գիտնականներուն ու մասնագէտներուն, կ'ապահովեն բարձրագոյն եւ միջնակարգ ուսումնական հաստատութիւններու պահանջները, կը կատարեն տեղեկատու-մասնագիտական եւ գրադարանագիտութեան վերաբերեալ գիտահետազօտական աշխատանք, մեթոտական-մասնագիտական օգնութիւն ցոյց կու տան հանրային գրադարաններուն, կը հրատարակեն մատենագիտական եւ գրադարանագիտական գրականութիւն: Գիտական գրադարաններու բաժնին մէջ կը համարուին հանրապետական, ակադեմիաներու, համալսարաններու, տարբեր ճիւղային մասնագիտացուած ձեռնարկութիւններու, ԳՀԻ-ներու, բուհերու գրադարանները: Ըստ գրականութեան կազմի գրադարանները կ'ըլլան համընդհանուր, բազմաճիւղ եւ ճիւղային: Ժամանակակից գիտատեխնիկական առաջընթացի պայմաններուն մէջ գրադարաններու աշխատանքը անընդհատ կը բարդանայ: Տպագիր արտադրանքի վիթխարի աճը գրադարաններուն առջեւ դրած է հսկայական քանակով հրատարակութիւններու ընտրութեան, մշակման, արդիւնաւէտ պահպանման եւ ընթերցողին արագ ու ճիշդ սպասարկելու հարցեր: Գիտնականներու ու մասնագէտներու բաժնին մէջ խիստ աւելացմամբ եւ ամբողջ բնակչութեան կրթութեան մակարդակի բարձրացմամբ կը մեծնան ընթերցողներու պահանջները գիտական գրականութեան եւ մատենագիտական տեղեկատուութեան նկատմամբ:

Գրադարան[1], մշակութային, կրթական եւ գիտա-օժանդակ հիմնարկութիւն՝ տպագիր եւ թվային արտադրանքի հասարակական օգտագործումը կազմակերպելու համար։ Համաձայն ԻՖԼԱ-ի բնորոշման՝ «Գրադարանը մի կազմակերպութիւն է կամ կազմակերպութեան մաս, որի հիմնական նպատակն է դիւրացնել տեղեկատվական այնպիսի ռեսուրսներու, ծառայութիւններու եւ միջոցներու օգտագործումը, որոնք անհրաժեշտ են գրադարանից օգտվողներու տեղեկատվական, հետազօտական, կրթական, մշակութային կամ ժամանցի կարիքները բավարարելու համար»։

Գրադարաններու դերն է տպագիր եւ թվածին արտադրանքի հավաքումը, պահպանումը, տպագիր ժառանգութեան թվայնացումը, գրքի եւ ընթերցանութեան հանրահռչակումը, ընթերցողներուն գիրք սպասարկելը, ինչպէս նաեւ տեղեկատու-մատենագիտական աշխատանքը։ Ըստ նշանակութեան եւ գրքային հավաքածուներու կազմի ու աշխատանքի մեթոդի, գրադարանները բաժանվում են երկու հիմնական տեսակի՝

  • հանրային,
  • գիտական ու մասնագիտական։

Հանրային գրադարաններու թվին են պատկանում մշակոյթի նախարարութեան կազմին մէջ գտնուող Հայաստանի ազգային գրադարանը, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը, ՀՀ 10 մարզկեդրոններուն մէջ գործող մարզային գրադարանները, ինչպէս նաեւ քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերուն մէջ գտնուող տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն ենթակայ համայնքային գրադարանները։ Գիտական եւ մասնագիտական գրադարաններու հիմնական գործառոյթն է սպասարկել ուսուցման եւ հետազօտութեան ոլորտներու տեղեկատուական կարիքները, ապահովել բարձրագոյն եւ միջնակարգ ուսումնական հաստատութիւններու պահանջները, կատարել տեղեկատու-մասնագիտական եւ գրադարանագիտութեան վերաբերեալ գիտահետազօտական աշխատանք, մեթոտական-մասնագիտական օգնութիւն ցոյց տալ գրադարաններուն, հրատարակել մատենագիտական եւ գրադարանագիտական գրականութիւն։ Գիտական գրադարաններու կարգին կը դասուին ազգային, ակադեմիական, տարբեր ճիւղային մասնագիտացուած ձեռնարկութիւններու, ԳՏԻ-ներու, բուհերու գրադարանները։

Ըստ գրականութեան կազմի գրադարանները կ'ըլլան համընդհանուր եւ ճիւղային։ Ժամանակակից արհեստագիտական առաջընթացի պայմաններուն մէջ, գրադարաններու աշխատանքը անընդհատ կը փոխուի։ Տպագիր արտադրանքի եւ թուային բովանդակութեան վիթխարի աճը գրադարաններուն առջեւ նոր մարտահրաւէրներ դրած է հսկայական թիւով հրատարակութիւններու ընտրութեան, մշակման, արդիւնաւէտ պահպանման եւ ընթերցողներուն արագ եւ ճիշդ սպասարկելու համար։

Գրադարանները՝ որպէս գրաւոր յուշարձաններու հասարակական պահոցներ, առաջացած են հնագոյն ժամանակներուն։ մ․թ․ա․ VII դարի կիսուն, Նինուէի մէջ, ասորական թագաւոր Աշուրպանիպալի պալատին կից եղած է կաւէ աղիւսներու մեծ հաւաքածու։ Հին Եգիպտոսի մէջ տաճարներուն կից եղած են գրադարաններ։ Հին Յունաստանի մէջ առաջին խոշոր գրադարաններու հիմնումը կը վերագրուի Արիստոտելին (մ․թ․ա․ IV դար)։

Անթիք գրադարաններէն առաւելապէս յայտնի են Աղեքսանդրիայի գրադարանը (մ․թ․ա․ I դարուն, ունեցած է մինչեւ 700 հզ․ միաւոր բաբիրուսէ գլանափաթեթ), Պերգամոնի գրադարանը (հիմնուած մ․թ․ա․ III դարի, որ մ․թ․ա․ I դարի կիսուն ունեցած է մօտ 200 հազար ձեռագիր մատեան)։ Հին Հռոմի մէջ մ․թ․ա․ I դարուն տաճարներուն կից ստեղծած են առաջին հանրային գրադարանները։ Վաղ միջնադարու Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ գրադարանները սովորաբար կը գտնուէին խոշոր տաճարներուն եւ վանքերուն կից։ Վերածնունդի դարաշրջանին (XV—XVI դարեր) մշակոյթի ընդհանուր զարգացման եւ յատկապէս տպագրութեան գիւտի հետեւանքով գրադարաններու թիւը մեծցաւ, XVII —XVIII դարերուն բազմաթիւ երկիրներու մէջ բացուեցան գրադարաններ, որոնք յետագային ստացան համազգային, քանի մը հատը նաեւ՝ համաշխարհային նշանակութիւն (Պոտլէի գրադարանը Օքսֆորտի մէջ, 1602, թագաւորական գրադարանը Պերլինի, 1661, Բրիտանական թանգարանի գրադարանը Լոնտոնի մէջ, 1753)։ Խոշոր ազգային եւ համալսարանական գրադարաններու հիմնադրումը շարունակուեցաւ XIX դարուն։ Ստեղծուեցան ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի գրադարանը Ուաշինկթոնի մէջ (1800), Հունգարական ազգային թանգարանին կից Ֆերենց Սեչենի գրադարանը (1802), Պրիւքսէլի թագաւորական գրադարանը (1837) եւ այլն։

Ժամանակակից հանրային գրադարաններու կազմակերպումը սկսած է XIX դարի 2-րդ կէսէն։ Ներկայիս տպագիր տեղեկատուութեան պայմաններուն մէջ խոշոր գիտական գրադարանները գրականութեան համալրման համար կը ջանան լայնօրէն իրագործել գրադարանային աշխատանքի կազմակերպման միասնացումը եւ միասնական չափորոշիչներու կիրառումը, կը կազմակերպեն գրքային ունեցուածքի համատեղ պահպանում, կ'օգտագործեն համահաւաք գրացուցակներ, կ'օգտուին միջգրադարանային բաժնոյթի ծառայութենէն այլ գրադարաններէ անհրաժեշտ հրատարակութիւններ ստանալու համար, կը կիրառեն ինքնաշխատ գրադարանային համակարգեր՝ ելեքտրոնային գրացուցակներ կազմելու համար եւ այլն։ Աշխարհի խոշորագոյն գրադարաններէն են Գոնկրէսի գրադարանը Ուաշինկթոնի մէջ, Ռուսաստանի ազգային գրադարանը Փեթերպուրկի, Ռուսաստանի պետական գրադարանը Մոսկուայի, Բրիտանական գրադարանը Լոնտոնի մէջ։ Հարուստ ֆոնտեր ունին Ֆրանսայի, Շուէտի, Աւստրիոյ ազգային գրադարանները, Վատիկանի գրադարանը, ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիայի, Ֆրանսայի, Գերմանիայի, Ճափոնի համալսարանական գրադարանները։

Գրադարանները Հայաստանի մէջ[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի գրադարանները բազմադարեան պատմութիւն ունին։ Միջնադարեան աղբիւրներու մէջ անոնք կոչուած են գրատուն, գրանոց, արկեղք գրոց, գանձատուն, մատենադարան, դիւան, երբեմն ալ՝ նշխարանոց, նշխարախուց։ Եղած են վանքերուն կից, երբեմն ունեցած են առանձին շինութիւն (Հաղպատ, Արգինա եւ այլն)։ Տարածուած եղած են վանքերուն մօտակայ քարայրային գրապահոցները, ուր կը տեղաւորուէր յաճախ մեծ քանակութեամբ գրականութիւն։ Որոշ գրատներու մէջ գրադարակներու դեր կատարած են որմնախորշերը։ X դարուն հիմնուած Սանահինի եւ Հաղպատի վանքերը XI դարուն արդէն ճանչցուած էին իրենց հարուստ գրադարաններով։

Հայ գիրքի կարեւոր կեդրոններէն եղած է նաեւ Տաթեւի վանքի (IX դար) գրադարանը։ Յայտնի են Արգինայի եւ Հռոմկլայի կաթողիկոսականի (X դար) եւ Անիի արքայական (XI դ․) գրադարանները։ Յիշատակութիւններ կան Կարսի արքայական, Հոռոմոս վանքի գրադարաններու մասին։ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հիմքը կազմող Էջմիածինի ձեռագրատունը հիմնուած է V դարուն եւ ընդմիջումներով իր գոյութիւնը շարունակած՝ ողջ միջնադարուն։ Նշանաւոր եղած են նաեւ Գետիկի վանքի, Գլաձորի, Գեղարդի, Յովհաննավանքի, Սաղմոսավանքի գրադարանները։ Գրադարաններ եղած են Արճէշի Մեծոփայ վանքին, Արցախի մէջ, Կիլիկիայի (Սկեւռա, Դրազարկ), Երզնկայի, Վասպուրականի (Վարագայ եւ Նարեկայ վանքեր) եւ այլն։ Հարուստ եղած են Գաֆայի (1366 թուականէն), Նոր Ջուղայի (XVII դար), Լիմ անապատի, Ամրդոլիի վանքի գրադարանները։ Մեզի հասած են Սաղմոսավանքի (կազմուած XV դար) եւ Ամրդոլիի վանքի (կազմուած XVII դար) գրացուցակները։

Նախասովետական Հայաստանի մէջ կը գործէին Երեւանի արական եւ Հռիփսիմեան իգական գիմնազիաներու, Երեւանի թեմական հոգեւոր դպրոցի գրադարանները։ 1902 թուականին Երեւանի մէջ բացուած է հասարակական գրադարան-ընթերցարան, յետագային ստեղծուած են մասնաւոր գրադարաններ, որոնցմէ կարեւոր էր Աւետիսեանի գրադարան-ընթերցարանը։

Ուսանողուհիները գրադարանում

Խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ մեծ զարգացում կ'ապրի գրադարանային գործը, քաղաքներուն եւ գաւառներուն մէջ կը կազմաւորուին նոր գրադարաններ, խրճիթ-ընթերցարաններ։ 1921 թուականին հիմնուեցաւ Հայկական ԽՍՀ Ալ․ Միասնիկեանի անուան Հանրապետական գրադարանը Երեւանի մէջ (պաշտօնական բացումը՝ 1922 թուականին)։ 1921 թուականին կազմակերպուեցաւ համալսարանի գրադարանը՝ Երեւանի նախկին ուսուցչական սեմինարիայի ֆոնտերու հիման վրայ։ 1925 թուականին Հայաստանի մէջ կար 500 գրադարան։ 1923 թուականէն կը գործէ Խնկո Ապոր անուան հանրապետական մանկական գրադարանը, որ կը համակարգէ բոլոր մանկական գրադարաններու աշխատանքները։ 1935 թուականին հիմնուեցաւ Երեւանի քաղաքային գրադարանը։ Հայկական ԽՍՀ ԳԱ կեդրոնական գրադարանը հիմնադրուած է 1935 թուականին։ 1946 թուականին Հայաստանի մէջ կար 1125 գրադարան՝ 909 հազար գրքային ֆոնտով, այդ կարգին քաղաքային վայրերու մէջ՝ 124, գիւղական վայրերու մէջ՝ 784 գրադարան։ Ստեղծուեցաւ հանրային, հանրապետական, գիտական, տեխնիկական, մանկական, արհմիութենական, դպրոցական գրադարաններու հարուստ ցանց՝ միլիոնաւոր գիրքերու ֆոնտերով։ 1975 թուականին ՀԽՍՀ-ի մէջ կար բոլոր տեսակի մօտ 3300 գրադարան (47600000 միաւոր ֆոնտով), այդ կարգին հանրային՝ 1305, դպրոցական՝ 1442, տեխնիկական՝ 539:

1991 թուականին Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնումէն յետոյ գրադարանային համակարգը կանգնեցաւ բարդագոյն մարտահրաւէրներու դեմ յանդիման։ Եթէ 1991 թուականին երկրին մէջ կը գործէր 1327 համայնքային (քաղաքային եւ գիւղական) ինքնուրոյն եւ մասնաճիւղ գրադարան, ապա 2022 թուականին երկրին մէջ կը գործէր ընդամէնը 661 համայնքային գրադարան[4]։

Սփիւռքի մէջ կը գործեն բազմաթիւ հայկական գրադարաններ, որոնցմէ նշանաւոր են Երուսաղէմի ձեռագրատունը, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանները, Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը, Հալէպի Եկաւեան մատենադարանը եւ ուրիշներ։ Հարուստ հայերէն հաւաքածուներ կան Ուաշինկթընի Գոնկրէսի գրադարանին, Գալիֆորնիայի Լոս Անճելըսի համալսարանին, Բրիտանական գրադարանին մէջ եւ այլուր։

Գրադարանային շէնքեր[5]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրադարանային պահոցներներու կառուցումը սկիզբ առած է դեռեւս հնագոյն քաղաքակրթութիւններու օրօք։ Հին Արեւելքի երկիրներուն մէջ կաւէ աղիւսիկները, Հին Եգիպտոսի եւ Հին Յունաստանի մէջ բաբիրուսի փաթեթները պահպանուած են խորշաւոր դարակաշարերով յատուկ շինութիւններու մէջ։ Գիրքերը կը պահուէին սկիզբը գրակալներու մէջ, այնուհետեւ պատերու երկայնքով դրուած դարակներու մէջ։ Հազարամեակներու ընթացքին գրադարանները հաւաքած են տեղեկատուութեան զանազան կրիչներ՝ բաբիրուսներ, մագաղաթներ, ձեռագիր եւ տպագիր գիրքեր։ Սովորական գիրքերու համար գրապահոցները երեւան եկած են XII—XIII դարերուն Եւրոպայի մէջ, վանքերուն եւ պալատներուն կից, իսկ XIV—XV դարերուն՝ որպէս առանձին գրադարանային շինութիւններ։ Նման առաջին գրադարանները երեւան եկած են դեռեւս Հին Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ։ Այդ գրադարանները մարդոց կողմէ կ'ընկալուէին որպէս գիտութեան տաճարներ, որոնք կը կառուցուէին քաղաքներու կեդրոնը։

Վերածնութեան դարաշրջանին Ֆլօրէնցայում Լօրէնցօ Մետիչիի պատուէրով կառուցուեցաւ Լաուրենցիանա գրադարանը։ Մետիչիներու գրադարանը հիմնադրած է Գազիմօ Մետիչի աւագը 1444 թուականին։ Ճուլիո Մետիչին, որ 1523 թուականին դարձաւ Հռոմի պապ Գլեմենդ VII անունով, 1524-ին գրադարանի շէնքի շինարարութիւնը յանձնարարեց Միքելանճելոյին։ Գրադարանի շինարարութիւնը բաւական երկար տեւած է եւ ամբողջ շինարարական աշխատանքները կատարուած են Միքելանճելոյի նախագիծին համաձայն։ Անիկա բացուեցաւ միայն 1571 թուականին։ Ճարտարապետական լուծումներով աչքի կը զարնեն գրադարանի ընթերցասրահը, ինչպէս նաեւ գրադարանի մուտքի վեհաշուք աստիճանները, որոնք կառուցուած են գիտութեան կամ մտքի ալիքներու ձեւով, որու պատճառով գրադարանի մուտքը իսկականէն աւելի բարձր է թվումկը թուայ։

Համաշխարհային գրադարանային ճարտարապետութեան մէջ յիշատակութեան արժանի են բազմաթիւ գրադարանային շէնքեր։ Անոնցմէ կ'արժէ յիշատակել Օքսֆորտի համալսարանի Պոտլէեան գրադարանը, հիմնադրուած 1602թ-ին։ Այս գրադարանին մէջ կայ աւելի քան 11 մլն. միաւոր գրականութիւն։ Գրադարանի հպարտութիւնը կը կազմէ 1737-1749 թուականներուն կառուցուած Ռատքլիֆ գրադարանի օղակաձեւ շինութիւնը։

Միջնադարեան Հայաստանի մէջ գրադարաններու (մատենադարաններու) յատուկ շէնքեր կառուցուած են X դարուն, գլխաւորաբար խոշոր մշակութային կեդրոններ հանդիսացող վանքերու մէջ, որոնք իրենց ուրոյն ճարտարապետութեամբ տարբերուած են վանքերու աշխարհիկ միւս շէնքերէն։ Առաւել յայտնի են Սանահինի, Հաղպատի, Նոր Գետիկի, Հոռոմոսի, Սաղմոսավանքի գրադարանները (XI —XIII դարեր)։ Ընդհանուր է անոնց յօրինուածքը․ խաչուող թաղերով, բրգաձեւ ծածկով, քառակուսի յատակագիծ ունեցող շէնք, որու պատերուն մէջ կան տարբեր չափերու եւ ձեւի խորշեր՝ ձեռագրերը պահելու համար։ Գրադարանային շինարարութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ թափ ստացաւ սովետական իշխանութեան տարիներուն, երբ կառուցուեցան նոր պայմաններուն ու պահանջներուն համապատասխանող շէնքեր՝ ընթերցասրահներով եւ գրապահոցներով։ Իրենց ճարտարապետութեամբ ուշագրաւ եւ արժէքաւոր են յատկապէս Հայաստանի ազգային գրադարանի առաջին մասնաշէնքը (1939, ճարտ․ Ա․ Թամանեան), 2-րդ մասնաշէնքը (1971, ճարտ․ Գ․ Թամանեան, Ա․ Նաւասարդեան) եւ Մատենադարանի (1957, ճարտ․ Մ․ Գրիգորեան) շէնքերը։

Գործնականօրէն մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ գրադարանային ճարտարապետութեան մէջ կը գերիշխէր պալատական շինարարութեան մոտելը։ Արդէն 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն գրադարանային շինարարութեան մէջ տիրապետող դարձաւ ժամանակակից մոտեռնիզմը եւ constructionismը։ Ներկայիս գրադարաններն աւելի աչքի կը զարնեն իրենց ճկունութեամբ, յարմարաւէտութեամբ, խելացի եւ բազմագործ լուծումներով։

Ժամանակակից համալսարանական կամ ակադեմիական գրադարաններ կառուցելու ընթացքին կը պահանջուի հաշուի առնել շարք մը հանգամանքներ, այդ կարգին՝գրադարանի տարածքի արդիւնաւէտ օգտագործումը, տարածքի օգտագործման ճկունութիւնը, հակահրդեհային պաշտպանութեան, աշխատակազմի եւ այցելուներու անվտանգութեան ապահովումը, գրադարանին մէջ ջերմաստիճանի եւ խոնաւութեան պահանջներու ապահովումը, որոնք կրնան տարբեր ըլլալ տարբեր տեսակի նիւթերու պահպանման համար, գրապահոցային տարածքներուն, ընթերցասրահներուն մէջ ցերեկային լոյսի եւ արեւի ճառագայթներու ուղիղ ներթափանցման բացառումը, շէնքի հակաերկրաշարժային կայունութիւնը եւ շարք մը այլ հանգամանքներ[6]։

  • Զարգարեան Տիգրան։ Թվային գրադարաններ. - Երեւան, Հեղինակային հրատ., 2002. - 167 էջ։
  • Իշխանեան Ռ․, Հայ մատենագիտութեան պատմութիւն, պրակ 1—3, Ե․, 1964 — 68։
  • Հայ գրատպութիւն եւ գրքարվեստ. հանրագիտարան / Գլխ։ խմբ. Հ. Այվազեան:- Երեւան, 2015։
  • Մկրտչեան Գ․, Գրադարանային գործը Հայաստանի մէջ, 1920 — 65, Ե․, 1965։
  • Չուբարեան Օ․ Մ․, Ընդհանուր գրադարանագիտութիւն, Ե․, 1963։
  • Книга (энциклопедия) /Гл. ред. В.М. Жарков. - Москва : Большая Российская Энциклопедия, 1999.

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (հայերեն) Գրադարան, 2024-01-21, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D6%80%D5%A1%D5%A4%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6&oldid=8992369, վերցված է 2025-09-19
  2. (հայերեն) Գրադարան, 2024-01-21, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D6%80%D5%A1%D5%A4%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6&oldid=8992369, վերցված է 2025-09-19
  3. (հայերեն) Գրադարան, 2024-01-21, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D6%80%D5%A1%D5%A4%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6&oldid=8992369, վերցված է 2025-09-19
  4. Հայաստանի գրադարանները 2022 թվականին։ Աշխատանքների վիճակագրական վերլուծություն։ Երևան: ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարություն ; Հայաստանի ազգային գրադարան։ 2023
  5. (հայերեն) Գրադարան, 2024-01-21, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D6%80%D5%A1%D5%A4%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6&oldid=8992369, վերցված է 2025-09-19
  6. Adcock Edward P., Varlamoff Marie-Thérèse, International Federation of Library Associations and Institutions, խմբգրնր․ (1999)։ Osnovnye pravila chranenija i ispolʹzovanija bibliotečnych fondov, razrabotannye IFLA։ Moskva: Rudomino։ ISBN 978-5-7380-0093-5
  7. (հայերեն) Գրադարան, 2024-01-21, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D6%80%D5%A1%D5%A4%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6&oldid=8992369, վերցված է 2025-09-19