Բաթրայի հայերը
Բաթրայի հայերը, Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք, յոյն գաղթականներուն հետ, հայեր ալ Բաթրայի նաւահանգիստը կը հասնին եւ քաղաքը կը հաստատուին։
Պելոպոնեսը եւ անոր հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Քեֆալոնիա կղզին (Յոնիական Ծով) այդ շրջաններէն կ՛ըլլան, ուր 1922-ի Փոքր Ասիոյ մէջ յունական բանակի պարտութեամբ ու անոր նահանջէն ետք, կ՛ապաստանին մեծ թիւով յոյն գաղթականներ, որոմց կարգին նաեւ՝ հայեր։
Սակայն, ըստ Բաթրայի քաղաքապետարանի արձանագրութիւններուն, 1908-ին արդէն հոն հաստատուած են հայկական ընտանիքներ, որոնցմէ չորսը կը զբաղի սրճաղացութեամբ եւ չոր միրգերու առեւտուրով։
Յաջորդող 2-3 տարիներուն ընթացքին (1924-1925․ հետեւանք՝ Լոզանի դաշնագրին), բաւական մեծ թիւով հայեր հիւսիսային Յունաստանի Թրակիոյ եւ Մակետոնիոյ շրջաններէն կը փոխադրուին Պելոպոնես՝ Բաթրա, Քալամաթա, Բարափիղմաթա եւ չնչին թիւով՝ Էյիօ (Փաթրայէն 32 քլ․ դէպի արեւմուտք), Նաֆփլիօ (Կորնթոսէն 1 ժամ դէպի հարաւ ծովափնեայ պատմական քաղաք) եւ Փիրղոս (Փաթրայի արեւելքը) քաղաքներուն մէջ։
Բ․ համաշխարհային պատերազմի աւարտին եւ մինչեւ 1947, Պելոպոնեսի հայութեան թիւն է՝ 1 400․ 500ը (122 ընտանիքներ)՝ Բաթրա, իսկ Էյիօ 42 եւ Փիրղօ 9 ընտանիքներ, ըստ 1941-ի մարդահամարին արձանագրութիւններուն՝ պահուած Յունահայոց Առաջնորդարանին մէջ, Աթէնք։
Հայութեան կեանքի կազմակերպում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բաթրա հաստատման առաջին տարիներէն իսկ, հայերը կը հիմնեն մարզական՝ ոտնագնդակի «Արմենիքի» եւ սկաուտական խումբեր եւ զանազան ելոյթներով կը փորձեն վառ պահել իրենց ինքնութիւնն եւ հայկական մշակոյթը։
1920-1930 տասնամեակին ընթացքին, կը հիմնուին զանազան միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ․ «Տիկիններու Միութիւն»ը եւ «Աղքատախնամ Կարմիր Խաչ»ը։ Իսկ «Փոքր Ասիոյ Հայերու Միութիւն»ը ամենաշխուժն է, ճանցուած է յունական պետութենէն եւ կ՛ունենայ բեղուն գործունէութիւն։
1930-ական թուականներուն մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմը կը գործէ Բաթրայի հայ Սկաուտական խումբը, Յունական Սկուաուտիզմի Մարմնոյ հովանաւորութեան տակ։
1926 թուականին, նորաստեղծ թաղային խորհուրդը բացումը կը կատարէ հայկական Մանկապարտէզին եւ Նախակրթարանին։ Ուսումը ձրի է։ Առաջին տարին Մանկապարտէզը կը հաշուէ 34 աշակերտներ, իսկ Նախակրթարանը՝ 22։ Վարժարանին ծախսերը կը հոգան՝ Բարիզի «Հայ Տիկիններու Միութիւնը», Հայ Բարեգործական Միութիւնը եւ Աթէնքի՝ «Գաղթականներու Կեդրոնական Յանձնախումբը»։ 1934-35 թուականի վարժարանի արձանագրութեան մը համաձայն, Մանկապարտէզը ունի 38 աշակերտներ, Նախակրթարանը՝ 22, իսկ դպրոցին անձնակազմը կը բաղկանայ երկու հայազգի ուսուցիչներէ եւ տարեկան ծախսերն են՝ 61․000 տրախմի։ Կրթական դաստիարակութիւնը կ՛ընդգրկէ յունարէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներ։ Ուսուցիչներէն մէկը եղած է Սեդրակ Գոհարունի, հետագային՝ 1945-էն ետք, կը ստանցնէ Աթէնքի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագրութիւնը։
Բաթրայի հայութիւնը բարեկեցիկ վիճակ կ՛ունենայ եւ կը զբաղի առեւտուրով․ մրգեղէնի, չամիչի, սուրճի, կնիքի, հեծանիւներու, անիւներու եւ այլն։ Նաեւ կ՛ունենայ ատամնաբոյժ մը, ճարտարապետ մը եւ ճարտարագէտ մը։
Կապ՝ կեդրոնին հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հակառակ անոր թէ եկեղեցի չունին կը հիմնեն թաղային խորհուրդ մը, որուն կը միանան նաեւ Քեֆալոնիա կղզիին եւ Էյիօ քաղաքին մէջ հաստատուած տասնեակ մը հայերը։ Անմիջական կապ կը հաստատեն Աթէնքի հայկական Առաջնորդարանին հետ եւ կը մասնակցին Յունաստանի տարածքին տեղի ունեցող թեմական (համայնքային) ընտրութիւններուն։ 1971, 19 Յունուարին Ազգ. Կեդրոնական վարչութիւնը իր հերթական նիստին, կը վերակազմէ Բաթրաս-Էյիոնի միացեալ Թաղային մարմինը (Փաթրայէն 5 հոգի, իսկ Էյոնէն 3 հոգի) եւ յատուկ պաշտօնագրով իր այս որոշումը կը յայտնէ նոր նշանակեալ Թաղականութեան: Մինչեւ 1970-ական թուականներուն Փաթրա բնակող հայրենակից մը մաս կը կազմէ Աթէնք նստավայր ունեցող յունահայութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան։
Եկեղեցիի չգոյութեան պատճառով, տարին քանի մը անգամ Աթէնքի շրջանէն Քոքինիոյ հոգեւոր հովիւը՝ Մատթէոս Բարաղամեան, Բաթրա կ՛այցելէ կատարելու համար ամուսնութիւններ, կնունքներ։ Այս արարողութիւնները կը կատարուին Սուրբ Աթանասիոս եկեղեցուոյ մէջ, որ սիրայօժար տրամադրուած էր Փաթրայի յունաց Առաջնորդարանէն։
Արտագաղթ, ներգաղթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բ․ համաշխարհային պատերազմին վերջաւորութեան կը յաջորդէ Յունաստանի տարածքին մեծ թիւով հայերու ներգաղթն ու արտագաղթը։ Բաթրայի փոքրաթիւ հայութեան համայնքէն ալ շատեր 1947-ին կը ներգաղթեն, իսկ Քալամաթայի եւ Բարափիղմաթայի 800 հայերը ամբողջովին կը մեկնին։ 1960-ական թուականներուն, Բաթրայի հայութիւնը կը հաշուէ 159 հայեր եւ մօտակայ Էղիօ քաղաքին մէջ մնացած են 3-4 ընտանիքներ․ տեսնելով հայութեան թիւի նուազումը, շատեր Աթէնքի հայահոծ շրջանները կը փոխադրուին։
«Արմենիքի» ոտնագնդակի խումբը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1949 թուականին, Բաթրայի հռչակ ստացած« Արմենիքի» խումբը կը միանայ զուգահեռաբար Տոքսա Թապահանոն եւ Քոնտորա ոտնագնդակի խումբերուն հետ ու կը վերանուանուի՝ Տոքսա Բաթրոն։ «Արմենիքի» խումբին նստատեղին կը գտնուէր Ղունարի Γούναρη եւ Ա․ Իփսիլանտու Αλ. Υψηλάντου փողոցներուն խաչմերուկին։
Ներկայ իրավիճակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ներկայիս Բաթրա քանի մը ընտանիք մնացած է։ Անոնք կապ ունին Աթէնքի շրջանի հայութեան հետ (ընդհանրապէս խնամական կապեր․․․)։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամենուն տարեգիրքը․ Կարօ Գէորգեան, 1960, Է․ տարի, Յունահայ գաղութը էջ՝ 253-439
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Արմենիքա պարբերաթերթ․ Փաթրայի հայ համայնքին պատմութիւնը, Մայք Չիլինկիրեան, թիւ 92, Յունուար-Մարտ 2017 (յունարէն)
- ↑ Ո՞վ կը յիշէ Տոքսա Փաթրոն խումբը, նախկին՝ Արմենիքի Փաթրոն․ sport-in, ΤΑΣΣΟΣ ΣΤΑΘΟΠΟΥΛΟΣ ΔΟΞΑ ΠΑΤΡΩΝ (յունարէն)
- ↑ Լուսանկարչական ցուցահանդէս մը, որ կը լուսանկարէ պատմութեան կուտակուած վկայութիւններ, Ազատ Օր 8-5-2019, Յովսէփ Պարազեան
- ↑ Փաթրայի հայ համայնքին պատմութիւնը, the best. 27-6-2020