Jump to content

Արփիկ Միսաքեան

Արփիկ Միսաքեան
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Arpik Alice Missakian[1]
Ծնած է 1 Փետրուար 1926(1926-02-01)[1]
Ծննդավայր Փարիզի 6-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1]
Մահացած է 19 Յունիս 2015(2015-06-19)[1] (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 13-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[2]
Մասնագիտութիւն լրագրող, գլխաւոր խմբագիր
Աշխատավայր Յառաջ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Ծնողներ հայր՝ Շաւարշ Միսաքեան

Արփիկ Միսաքեան (1 Փետրուար 1926(1926-02-01)[1], Փարիզի 6-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1] - 19 Յունիս 2015(2015-06-19)[1], Փարիզի 13-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1][3]), ֆրանսահայ լրագրող, հրապարակախօս, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի (2009-ին հրատարակութիւնը դադրեցուցած)  երկարամեայ խմբագրապետ (1957-2009)։

Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Փարիզ: Միայն ֆրանսական վարժարանի ուսումնառութենէ ետք, Հօրը թելադրութեամբ սկսած է աշխատակցիլ Յառաջի: Ստորագրած է առաւելարար թատրոնի ու այլ արուեստներու մասին էջեր:

Հօրը անակնկալ մահով (1957 Յունուար) ինքզինք կր գտնէ թերթը գլխաւորելու կացութեան մէջ: Կ'ըլլայ անոր թէ’ տնօրէնուհին, թէ’ խմրագիրը, ամբողջ 52 տարի, մինչեւ փակումի թուականր’ Յ1 Մայիս 2009: Առաջնային մտաքոգութիւնր եղած է թերթին ամէն գնով անկախութիւնր:

1957 Սեպտեմբերէն, իր ջանքերով, Յառաջը ունեցած է իր տպարանը, ուրկէ օրաթերթին առընթեր լոյս տեսած են Յառաջ մատենաշարի շուրջ երեսուն հատորները, Շահան Շահնուր, Շաւարշ Նարդունի, Զուլալ Ռազանճեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Պրլտեան, եւ այլն:

Արփիկ Միսաքեանի վերջին գործը եղած է հօրը՝ Շաւարշ Միսաքեանի բանտի տարիներու (1916—1918) օրագրութեան՝ «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը», ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը:

Հայերէն և ֆրանսերէն անջատ հատորներով գործր լոյս տեսած է 2015—ի գարնան, Փարանթէզ Հրատարակչատունէն, իբրեւ արդիւնքը հօր ու աղջկայ վերջին գործակցութեան:

Արփի Միսաքեան մահացած է Փարիզեան հանգստեան տան մը մէջ, ուր փոխադրուած էր մահէն երկու շարաթ առաջ[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]