Jump to content

Արշալոյս Արարատեան (թերթ)

Արշալոյս Արարատեան
Տեսակ թերթ[1]
Լեզու աշխարհաբար
Խմբագիր Յարութիւն Սվաճեան
Հիմնադրուած է 1840[1]
Գրասենեակ Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]

Արշալոյս Արարատեան, օրագիր քաղաքական, բանասիրական եւ առեւտրական։ Լոյս տեսած է 1840-87 թուականներուն (ընդհատուած է 1882-ի Յունիսէն 1883-ի Յունիսը), Զմիւռնիայ։

Ունեցած է ներքին տեսութիւններու, արտաքին, առեւտրական, ազգային եւ լուրերու բաժիններ։ Տպագրած է բանասիրական նիւթեր, ուսումնական եւ բարոյախօսական յօդուածներ, վէպեր, գրական այլ ստեղծագործութիւններ, գրախօսականներ։ Արժէքաւոր են ազգային բաժինի նիւթերը։

Հայկական գաղթավայրերու վերաբերեալ յօդուածները ու բազմազան լուրերը, սկզբնաղբիւրի նշանակութիւն ձեռք բերած որոշ հրապարակումներ (Խաչատուր Աբովեանի «Աշխարհիկ բարբառ երեւանցի հայոց», 1850, № 360, Գաբրիէլ Պատկանեանի ուշ շրջանի բանաստեղծութիւնները եւ այլն)։ Լեզուն աշխարհաբար էր։

Թերթը լայնօրէն տարածուած է Կովկասի եւ հայկական գաղթավայրերու մէջ։ Ընդհատուած է 1886-ին, երբ թուրքական կառավարութիւնը բանտարկած է Յարութիւն Սվաճեանը։ Ծանր հիւանդ վիճակի մէջ բանտէն ազատած խմբագիրը վերսկսած է թերթի լոյս ընծայումը, սակայն շուտով, անոր մահէն ետք, լոյս տեսնելէ դադրած է[2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]


Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։