Արմենակ Եղիայեան
Արմենակ Եղիայեան | |
---|---|
Ծնած է | 1939 |
Ծննդավայր | Պուրճ Համուտ, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | ատամնաբոյժ, լեզուաբան, դպրոցի ուսուցիչ |
Աշխատավայր | Ատամնաբոյժ, կրթական մշակ, Լեզուաբան, հայերէնի կամաւոր դասատու |
Ամուսին | Արփի Տիքիճեան |
Ծնողներ | Խորէն Եղիայեան եւ Թագուհի Մաճառեան |
Երեխաներ | Իշխան, Ասպետ, Սեպուհ, Հեղնար |
Արմենակ Եղիայեան ծնած է 1939-ին Պուրճ Համուտ, Լիբանան, հայ գաղթական ծնողներէ:
Կրթութիւն եւ Ուսուցչական Ասպարէզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արմենակ Եղիայեան յաճախած է տեղւոյն Աբգարեան ազգային վարժարանը, ապա Համազգայինի ճեմարանը, որ աւարտած է 1958-ին: Նոյն տարին նուիրուած է ուցուցչական ասպարէզին, որուն ծառայած է 7 տարի՝ ուսուցելով հայերէն, ֆրանսերէն, ուսողութիւն եւ այլն: Ուսուցչութեան կողքին հետեւած է Ֆրանսական Գրականութեան համալսարանի դասընթացքներուն՝ ստանալով Propédeutique եւ Certificat supérieur de littérature française վկայականները: Վերջին տարին կը հետեւի նաեւ լեզուաբանութեան դասընթացքներուն, սակայն քննութեան չներկայանար, որովհետեւ կը լքէ ուսուցչութիւնն ու գրականութիւնը եւ կը մտնէ Ֆրանսական բժշկական համալսարանի Ատամնաբուժական բաժանմունքը, որ կ'աւարտէ 1970-ին: Անկէ ի վեր անընդմէջ կը ծառայէ այդ ասպարէզին:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատ ասպարէզի կողքին տոքթ. Արմենակ Եղիայեան մաս կազմած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան՝ 1983-1998, միաժամանակ Ազգային ուսումնական խորհուրդին՝ 1983-1994:
Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան կամաւոր հայերէն դասաւանդած է՝ 1991-94:
«Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմ եւ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան երկար տարիներ մաս կազմած է «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին՝ Կիլիկեան աթոռի ծիրէն ներս: Այս վերջինի պատուէրով ալ պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով, որ տակաւին անտիպ է:
Նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիազօրուելով Ազգային ուսումնական խորհուրդէն եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութենէն՝ 1991-95-ին, Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան բոլորովին կամաւոր՝ պատրաստած է նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքը՝ 5 հատոր ընթերցարան, 5 հատոր քերականութիւն, 10 հատոր ուղեցոյց: Ասոնք այնուհետեւ 20 տարի անընդմէջ կիրարկուեցան Լիբանանի գրեթէ բոլոր նախակրթարաններուն մէջ, նաեւ՝ Յունաստան, Մարսէյ, Քանատա, Նիու Ճըրսի՝ Յովնանեան վարժարան, Աւստրալիա, Քուէյթ, Իրաք, Եգիպտոս եւ այլն: Ներկայիս անոնք կ’ուսուցուին միայն Նիու Ճըրսիի եւ տեղւոյս Հայ աւետարանական կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ այլուր փոխարինուած ըլլալով նոր շարքով մը:
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան հեղինակած է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները»[1] աշխատութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 2005-ին Կիլիկեան աթոռին կողմէ՝ Կիւլպենկեան ֆոնտի մատենաշարով, յատուկ պատուէրով արեւմտահայերէնի թարգմանած եմ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ հրատարակուեցաւ Համազգայինի հրատարակչականին կողմէ 2500 տպաքնակով եւ վերահրատարակուեցաւ 2017-ին՝ 3500 օրինակով:
«Ուղեցոյց»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերջին հինգ տարիները Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան կ’աշխատի «Ուղեցոյց»-ին վրայ, որուն մէջ համատեղած է, տասնամեակներու իր պրպտումները թելադրանքով, այն բոլոր կուտակուած հարցերը, որոնք կը ծառանան արեւմտահայերէնի ճամբով արդի հայ գրողին, խմբագիրին, ուսուցիչին, քարտուղարին ու մտաւորականին եւ ընդհանրապէս ամէն արեւմտահայու առջեւ եւ որոնք իրենց լուծումը չեն գտներ դպրոցական մակարդակին կամ այլ ձեռնարկներու ճամբով, տեսակ մը համարժէքը Oxford style-guide-ի եւ Chicago style-guide-ի:
Բժ. Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս Ուղեցոյցը իր բարձր որակով ու լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր Յառաջաբանին մէջ[2]։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Նայիրի հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ գործածել առցանց՝ http://www.nayiri.com/imagedBook.jsp?id=100000 Archived 2022-09-01 at the Wayback Machine.
Աշխատակցութիւններ Հայ Մամուլին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին, գլխաւորաբար Լիբանանի «Ազդակ»-ին:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Արմենակ Եղիայեանի Գիրքին Հետ. Մեսրոպ Մաշտոց Եւ Հայկական Տառերու Ակունքները[permanent dead link]
- ↑ «Արեւմտահայերէնի առցանց ուղեցոյց»։ Armenian Communities։ արտագրուած է՝ 2024-04-24