Jump to content

Արիոն (Կապոյտ թիթեռնիկը)

Արիոն, կապոյտ թիթեռնիկներու ընտանիքին պատկանող միջատ մը, որ գրանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կարմիր Գիրքին մէջ։

16-18 մմ (արուներ) եւ 15-20 մմ (էգեր) առջեւի թեւի երկարութեամբ ոչ մեծ չափի թիթեռնիկեր են։ Արուին վերի բաժինը գոց կապոյտ է, ունի նաեւ լազուարտ երիզ մը եւ գոց կապոյտ նախշեր: Էգին նախշը նոյնն է, սակայն գոյները աւելի ցայտուն են[1]:

Մեծ կապոյտ թրթուրները կ'ունենան շուրջ 13 մմ երկայնք եւ մօտաւորապէս մինչեւ 9 ամիս կրնայ տեւել անոնց թիթեռնիկ դառնալու ժամանակամիջոցը: Մեծ կապոյտ թիթեռնիկերը «Lycaenidae» ընտանիքին պատկանող թիթեռնիկներուն ամէնէն մեծերը կը համարուին, որոնց թեւերուն բացուածքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 50,8 մմ եւ կ'ապրին ընդամէնը քանի մը շաբաթ:

Ամէնէն շատ տարածում գտած շրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուին Եւրոպայի[2], Կովկասի, Փոքր Ասիոյ, Միջին Ասիոյ, Ղազախիստանի եւ Արեւմտեան Սիպերիոյ մէջ: Լայն տարածում ունին նաեւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս՝ Շիրակի (Աշոցքի շրջակայք), Գեղարքունիքի (Սեան քաղաքի շրջակայք, Շորժա), Տաւուշի (Սարիգիւղ եւ Ջուջեւան գիւղերու շրջակայք), Կոտայքի (Արզական, Մեղրաձոր, Գողթն, Գառնի գիւղերու շրջակայք), Վայոց ձորի (Գնիշիկ գիւղի շրջակայք, Արտաւան), Սիւնիքի (Քաջարան քաղաքի շրջակայք, Կուրիս, Շուանիձոր գիւղեր, Փխրուտ լքուած գիւղ) մարզերուն եւ «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ:

Բնական Միջավայր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ'ապրին չոր մարգագետիններու, անտառներու բացատներու եւ անտառի վերին եզրերու տափաստաններու մէջ։ Էգը ձուերը կը ձգէ Խնկածաղիկներու վրայ։ Երկրորդ եւ երրորդ հասակի թրթուրները մրջիւններու միջոցով կը տեղափոխուին մրջնանոց, ուր ալ կը ձմեռեն: Մրջիւններ, թրթուրներ եւ հարսնեակներ ուտելով՝ ձմեռելէ ետք կ'աւարտեն իրենց սնուցման շրջանը:

Պարզուած է նաեւ, որ մեծ կապոյտ թիթեռնիկին (Large Blue) գոյատեւման համար էական նշանակութիւն ունեցող հիմնական գործօններէն մէկը բնակավայրերուն բազմազանութիւնն է։ Այս թիթեռնիկին առաւել կարելի է հանդիպիլ բազմազան բուսականութեամբ եւ թուփերով հարուստ արօտավայրերու եւ լքուած հողատարածքներու մէջ։

Այս տեսութիւնը կարելի է բացատրել՝ քննելով միատարր բնապատկերի հետեւանքները։ Միատարր միջավայր մը միաժամանակ կը պայմանաւորէ բազմաթիւ կենսաբանական գործընթացներ, ինչպէս՝ թիթեռնիկին սննդատու բոյսերուն ծաղկումը, հասուն թիթեռնիկներուն ի յայտ գալու ժամանակը կամ թրթուրներուն կողմէ մրջիւններու գաղութներուն վրայ գործադրուած ճնշումը։

Երբ կենսաբանական կարեւոր գործընթացները միաժամանակ տեղի կ՚ունենան, թիթեռնիկին ամբողջ բնակչութիւնը շատ աւելի խոցելի կը դառնայ պատահական անբարենպաստ դէպքերու, ինչպէս՝ բնապահպանական աղէտներու նկատմամբ։ Հետեւաբար, աւանդական գիւղատնտեսութիւնը կը նպաստէ կենսաբանական հնարաւորութիւն տալու թիթեռնիկին՝ վերստին բնակեցնելու այն տարածքները, որոնք որոշ ժամանակով անխնամ կամ անօգտագործելի մնացած են։

Տարբեր բնոյթի բնակավայրերու գոյութիւնը կը ստեղծէ նաեւ տեղական կլիմայական առանձնայատուկ պայմաններ, որոնք կրնան վճռորոշ ազդեցութիւն ունենալ մեծ կապոյտ թիթեռնիկին գոյատեւման վրայ[3]։

Պահպանութիւն եւ անհետացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան Կարմիր ցուցակին չափորոշիչներով կը գնահատուի իբրեւ խոցելի տեսակ, ներառուած է ԲՊՄՄ համեմատաբար բարւօք վիճակի մէջ գտնուող ցուցակին մէջ, սակայն կրնայ յայտնուիլ նաեւ վտանգուած տեսակներու ցուցակին մէջ: Թիւը բաւական բարձր է։

Վտանգմի հիմնական գործօնները կը հանդիսանան հողերու հերկումը, կերաբոյսի ծաղկման շրջանին իրականացող խոտհունձքը, անասուններու գերարածեցումը, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռներով անտառային տարածքներու պարարտանիւթերով մշակումը։

Կը պահպանուի «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին եւ «Արեւիկ» ազգային պարկին մէջ:

Քսաներորդ դարու վերջին տասնամեակներուն, «Phengaris» ցեղին պատկանող թիթեռնիկներուն բնակիչները կը սկսին նուազիլ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին, եւ այս անկումէն յատկապէս կը տուժէ մեծ կապոյտ թիթեռնիկը։

1950-ական թուականներուն, Բրիտանիոյ մէջ անոր հասուն առանձնեակներուն թիւը կը գնահատուէր ընդամէնը 100,000։ Մինչեւ 1978 թուական, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ արձանագրուած մեծ կապոյտ թիթեռնիկին 91 յայտնի բնակիչներէն 48 առ հարիւրը արդէն անհետացած էր։

Սկզբնական շրջանին, մասնագէտները բոլորովին չէին կրնար բացատրել մեծ կապոյտ թիթեռնիկին անհետացումը, քանի որ անոր բնակավայրերը, ըստ երեւոյթին, որեւէ փոփոխութեան չէին ենթարկուած։ Հիմնական վարկածները որպէս անհետացման պատճառ կը մատնանշէին թիթեռնիկներու հաւաքորդները, միջատասպան նիւթերը եւ օդի ապականումը։ Այս գործօններուն դէմ պայքարելու նպատակով, բազմաթիւ ծրագիրներ կ'իրականացուին, սակայն բոլորն ալ կը ձախողին։

Մեծ կապոյտ թիթեռնիկը Նիտերլենտներու մէջ կ'անհետանայ 1964-ին, իսկ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ՝ 1979-ին։ Պելճիքայի մէջ անոր տեսակը մինչեւ 1996 անհետացած կը նկատուէր, երբ երկիրին հարաւը կը յայտնաբերուի վերականգնած բնակչութիւն մը, որ նոր բնակեցուցած էր այդ տարածքը։

Թիթեռնիկին թիւի զգալի նուազում կ'արձանագրուի նաեւ Դանիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Էսթոնիոյ մէջ։ Այս անկման հետեւանքով մեծ կապոյտ թիթեռնիկը կը դառնայ պահպանութեան ենթակայ տեսակ։ Անհետացումներու եւ բնակչութեան նուազումներու այս շարքը կը նկատուի պահպանութեան այն ապարդիւն ջանքերուն հետեւանքը, որոնք ծագած էին թիթեռնիկին վարքագիծին մասին անհրաժեշտ գիտելիքներու պակասէն։

Ներկայիս մեծ կապոյտ թիթեռնիկը Բրիտանիոյ մէջ կը դասուի ծայրայեղ վտանգուած տեսակներու շարքին, իսկ Եւրոպայի բազմաթիւ շրջաններու մէջ՝ վտանգուած տեսակներու շարքին։ Անիկա նաեւ ընդգրկուած է Միացեալ Թագաւորութեան Կենսաբազմազանութեան Գործողութիւններու Ծրագիրին մէջ՝ իբրեւ առաջնահերթ պահպանութեան ենթակայ տեսակ։ Սակայն, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Արքայական Միջատաբանական Ընկերութեան առաջնորդութեամբ իրականացուած երկարաժամկէտ պահպանութեան ծրագիրը զգալի յաջողութիւն կ'արձանագրէ։

2022-ին թիթեռնիկին թիւը զգալիօրէն աճած էր, եւ տեսակը կը բնութագրուէր իբրեւ բարգաւաճող։

Վերջին ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են նաեւ, որ մեծ կապոյտ թիթեռնիկին պահպանութեան յաջողութեան եւ այլ վտանգուած տեսակներու պահպանութեան յաջողութեան միջեւ դրական կապ մը գոյութիւն ունի։ Այս փոխյարաբերութեան յատկանշական օրինակ մըն է «Myrmica» ցեղին պատկանող մրջիւններուն, մեծ կապոյտ թիթեռնիկին, մանուշակի սերմերուն եւ մանուշակով սնուող «Պոլորիա Եուֆրոզին» (Boloria euphrosyne) թիթեռնիկին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը[4]։

Մրջիւնները մանուշակի սերմերը կը տանին իրենց բոյնը։ Այդ սերմերը յաճախ կը ծլարձակին բոյնին մէջ, իսկ անոնց ծլարձակելու հաւանականութիւնը կ'աւելնայ, երբ բոյնը կը լքուի։ Քանի որ մեծ կապոյտ թիթեռնիկին կողմէ մրջիւններու թրթուրներուն որսը կրնայ յանգեցնել բոյնին լքուելուն, իսկ «Պոլորիա Եուֆրոզին» տեսակի թիթեռնիկը նախապատուութիւն կու տայ լքուած մրջնաբոյներուն մէջ աճող մանուշակներուն, կը թուի, թէ մեծ կապոյտ թիթեռնիկին ներկայութիւնը անուղղակիօրէն կ՚ազդէ նաեւ «Պոլորիա Եուֆրոզին» տեսակին կենսունակութեան եւ գոյատեւման հնարաւորութիւններուն վրայ։

Ինչպէս «Ֆենկարիս» (Phengaris) ցեղին պատկանող բազմաթիւ այլ տեսակներ, մեծ կապոյտ թիթեռնիկները եւս իրենց ձագերուն մեծցնելը կը վստահին այլ միջատներու։ Այս պարագային, անոնց հիւրընկալները «Միրմիքա» (Myrmica) ցեղին պատկանող մրջիւններու տեսակներն են։

Թրթուրային փուլին, «Ֆենկարիս» թիթեռնիկները ֆիզիքական եւ քիմիական յատկանիշներով կը նմանին «Միրմիքա» մրջիւններուն եւ, հաւանաբար, կը գործածեն նաեւ քողարկման այլ ձեւեր։ Այս նմանակման շնորհիւ անոնք կը խաբեն մրջիւնները, որպէսզի վերջիններս իրենց տան իրենց բոյնը։

Բոյնին մէջ հաստատուելէ ետք, թրթուրը կա՛մ կը սկսի որսալ մրջիւններուն թրթուրները, կա՛մ սնունդ կը խնդրէ՝ ինքզինք պահելով մրջիւնի թրթուրի նման։ Այս երկրորդ վարքագիծը ծանօթ է իբրեւ «կկուի ռազմավարութիւն»[5]։

«Կկուի ռազմավարութիւնը» կը նկատուի աւելի յաջող, քանի որ ուսումնասիրութիւնները հետեւողականօրէն ցոյց տուած են, թէ այս ռազմավարութիւնը գործածող թիթեռնիկներու տեսակներուն պարագային, իւրաքանչիւր մրջնաբոյնի մէջ աւելի մեծ թիւով թրթուրներ կը գտնուին, քան այն տեսակներուն պարագային, որոնք մրջիւններուն թրթուրները որսալով կը սնանին։

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ, լաւապէս փաստագրուած է, որ մեծ կապոյտ թիթեռնիկները իրենց հիւրընկալ մրջիւններուն բոյներուն մէջ կը գործեն որպէս գիշատիչներ[6]։

Քանի որ մեծ կապոյտ թիթեռնիկին եւ «Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող մակաբուծային-հիւրընկալ յարաբերութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի թրթուրին գոյատեւման համար, էգ թիթեռնիկները պէտք է իրենց ձուերը դնեն այնպիսի վայրերու մէջ, ուր համապատասխան տեսակին պատկանող մրջիւններուն աշխատաւոր առանձնեակները կարենան գտնել թրթուրները։

Նախապէս յստակ չէր, թէ արդեօք «Ֆենկարիս» ցեղին պատկանող թիթեռնիկները կրնայի՞ն զանազանել այն վայրերը, ուր կ'ապրէին «Միրմիքա» ցեղին պատկանող որոշակի տեսակներ։ Կը կարծուէր, թէ «Ֆենկարիս» ցեղին որոշ տեսակներ կրնային յատուկ հոտերու միջոցով զանազանել «Միրմիքա» ցեղին պատկանող տեսակները։

Կը կարծուէր նաեւ, թէ «Ֆենկարիս» ցեղին որոշ տեսակներ կրնային խուսափիլ սննդատու բոյսերուն վրայ չափազանց շատ ձուերու կուտակումէն՝ զգալով անոնց վրայ արդէն դրուած ձուերուն մեծ քանակը։

Սակայն, նոր ուսումնասիրութիւնները կը յուշեն, թէ էգ թիթեռնիկներուն ձու դնելու վարքագիծը պարզապէս կ՚ուղորդուի «Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւններու տեսակով, եւ թէ էգերը նկատի չեն առներ այլ գործօններ։

«Ֆենկարիս» ցեղին պատկանող էգ թիթեռնիկները իրենց ձուերը կը զետեղեն որոշակի բոյսերու վրայ, ինչպէս՝ ուրցը (Thymus)։

Թրթուրային հանգրուանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մօտաւորապէս երեք շաբաթ ետք, ձուէն դուրս եկող թրթուրները կը սկսին սնանիլ բոյսին սերմերով եւ ծաղիկներով։ Բազմաթիւ թրթուրներ զիրար կը յօշոտեն, մինչեւ որ միայն մէկ թրթուր մնայ։ Ան կը շարունակէ մնալ իր սննդատու բոյսին մօտակայքը մինչեւ զարգացման չորրորդ հանգրուանը, երբ գետին կ՚իյնայ։

Այնուհետեւ թրթուրը կը դիմէ զանազան միջոցներու՝«Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւններուն կողմէ յայտնաբերուելու համար։ Երբեմն մեծ կապոյտ թիթեռնիկին թրթուրները կը հետեւին մրջիւններուն անցած ուղիներուն կամ սննդատու բոյսէն կը հեռանան այն ժամերուն, երբ մրջիւնները սնունդ փնտռելու ամէնէն աշխուժ գործունէութեան մէջ են։ Այս վարքագիծին նպատակն է յատկապէս «Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւններուն ուշադրութիւնը գրաւել եւ խուսափիլ այլ մրջիւններու կողմէ յայտնաբերուելէ։

«Ֆենկարիս» ցեղին պատկանող թիթեռնիկներու կարգ մը տեսակներու թրթուրներ, ինչպէս՝ «Փ. Ռեպելի» եւ «Փ. Ալքոն» (P. rebeli, P. alcon), կ'արտազատեն իրենց համապատասխան հիւրընկալ մրջիւններուն յատուկ քիմիական նիւթեր, որոնք կ'արտազատեն մրջիւններու այն թրթուրները, որոնք հետագային աշխատաւոր մրջիւններու պիտի վերածուին։

Մրջիւններու թրթուրներուն յաջողութեամբ նմանելով՝ թիթեռնիկներուն թրթուրները կը տարուին հիւրընկալ մրջիւններուն բոյնը, ուր մրջիւնները զանոնք կը սնուցանեն։

Սկիզբը կը կարծուէր, թէ մեծ կապոյտ թիթեռնիկը տարբեր կերպով կը վարուէր։ Ոմանք կը կարծէին, թէ ան կա՛մ անբաւարար կերպով կը նմանակէր մրջիւններուն քիմիական նիւթերը, կա՛մ բնաւ չէր արտազատեր նման նիւթեր։ Այս ենթադրութիւնը կը հիմնուէր այն իրողութեան վրայ, որ աշխատաւոր մրջիւնները բոյնին մէջ գտնուող թրթուրները յաճախ կ'անտեսէին։

Սակայն, ներկայիս հաստատուած է, որ մեծ կապոյտ թիթեռնիկին թրթուրները եւս կը շարունակեն արտազատել քիմիական ազդանշանային նիւթեր՝«Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւններուն բոյնին մէջ ընդունուելու համար։ Այս երեւոյթը քիմիական նմանակումի ձեւ մըն է, որ թոյլ կու տայ թրթուրներուն ներթափանցել հիւրընկալ մրջիւններուն բոյնը եւ հոն ընդունուիլ[7]։

Հիւրընկալող մրջնաբոյնին մէջ վարքագիծը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Կկուի» ռազմավարութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէեւ «Ֆենկարիս» ցեղին պատկանող թրթուրներուն մեծ մասը հիւրընկալ մրջնաբոյնը մտնելէն առաջ նմանօրինակ վարքագիծ կը դրսեւորէ, սակայն մրջնաբոյնին մէջ ընդունուելէ ետք, անոնք երկու տարբեր ռազմավարութիւններէն մէկը կ'որդեգրեն։ Առաջինը «կկուի» ռազմավարութիւնն է, որ կը պատկանի ձագերու մակաբուծութեան երեւոյթին։

Այս ռազմավարութիւնը հանգամանօրէն ուսումնասիրուած է «Փ. Ռեպելի» տեսակի պարագային եւ կը բնորոշուի թրթուրին ու հիւրընկալ մրջիւններուն միջեւ շարունակական փոխազդեցութեամբ։ Մրջնաբոյնին մէջ հաստատուելէ ետք, թրթուրը ձայնային նմանակման միջոցով կը պահէ իր իսկական ինքնութիւնը։

«Կկուի» ռազմավարութիւնը որդեգրած մեծ կապոյտ թիթեռնիկին թրթուրները կը մնան մրջիւններուն մօտիկ եւ կ'արձակեն այնպիսի ձայներ, որոնք խիստ կը նմանին մրջնաթագուհիի թրթուրային շրջանին արձակած ձայներուն։

Թագուհիին ձայնը նմանակելով՝ թրթուրները կ'արժանանան բանուոր մրջիւններուն խնամքին եւ սնունդին, ինչպէս նաեւ իրական մրջնաթրթուրներէն աւելի նպաստաւոր վերաբերմունքի։

Այս ռազմավարութիւնը կիրառող թրթուրները մրջնաբոյնին մէջ այնպիսի բարձր դիրք կը գրաւեն, որ մրջիւնները երբեմն նոյնիսկ իրենց սեփական թրթուրները կը սպաննեն՝ մակաբոյծ թրթուրին սնունդ հայթայթելու համար։ Աւելին՝ վտանգի պարագային, զայն փրկելու համար նախապատուութիւնը կու տան այդ թրթուրին՝ իրենց սեփական թրթուրներէն առաջ։

Գիշատիչին ռազմավարութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի տարբերութիւն «Ֆենկարիս» ցեղին պատկանող միւս տեսակներուն՝ մեծ կապոյտ թիթեռնիկը, մրջնաբոյնին մէջ հաստատուելէ ետք, կը վերածուի գիշատիչի։ Ան կը սնանի մրջիւններուն հարսնեակներով՝ միաժամանակ շարունակելով ինքզինք ներկայացնել իբրեւ «Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւն։ Սակայն, հակառակ նմանակման, մեծ կապոյտ թիթեռնիկին թրթուրներուն մահացութեան տոկոսը մրջնաբոյնին մէջ բարձր կը մնայ։

Այս երեւոյթին բացատրութիւններէն մէկն այն է, թէ «Ֆենկարիս» ցեղին պատկանող իւրաքանչիւր տեսակ առաւել յարմարած է «Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւններու որոշակի տեսակի մը։ Անծանօթ մրջնատեսակի մը կողմէ մրջնաբոյն ընդունուած թրթուրները յաճախ կը սպաննուին եւ կ'ուտուին։

Նոյնիսկ համապատասխան հիւրընկալ մրջնատեսակին կողմէ ընդունուելէ ետք՝ մեծ կապոյտ թիթեռնիկներուն թրթուրներէն շատերը չեն յաջողիր գոյատեւել։ Եթէ նմանակումը կատարեալ չըլլայ եւ մրջիւնները կասկածին, թրթուրին մահը խիստ հաւանական կը դառնայ։

Աւելին, այն մրջնաբոյներուն մէջ, ուր սնունդի կանոնաւոր մատակարարում չկայ, մրջիւնները շատ աւելի հակամէտ են մեծ կապոյտ թիթեռնիկին թրթուրը ներխուժող մը նկատելու։

Մեծ կապոյտ թիթեռնիկին թրթուրները յատկապէս ենթակայ են յարձակումներու՝ հիւրընկալ մրջիւններուն կողմէ ընդունուելէն ետք՝ առաջին տասնօրեակին։ Պատճառն այն է, որ այդ ժամանակամիջոցին անոնք կը մեծնան եւ իրենց չափերով կը գերազանցեն «Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւններուն սովորական թրթուրները։

Նոյնիսկ հիւրընկալ մրջնաբոյնը ներթափանցելէ ետք՝ «Ֆենկարիս» ցեղին պատկանող թիթեռնիկներուն թրթուրները կը շարունակեն պահել իրենց իսկական ինքնութիւնը եւ աւելի եւս կը զարգացնեն իրենց խաբէական վարքագիծը։

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ փաստագրած են մրջիւններուն միջեւ ձայնային հաղորդակցութեան գործածութիւնը։ Պարզուած է, որ «Ֆենկարիս» ցեղին պատկանող տեսակները կ'օգտուին այս վարքագիծէն։ Օրինակ՝ «Փ. Ռեպելի» տեսակը կը նմանակէ թագուհիին յատուկ ձայնը՝ մրջնաբոյնին մէջ իր դիրքը բարձրացնելու համար։ Այս նմանակումն այնքան արդիւնաւէտ է, որ վտանգի պարագային բանուոր մրջիւնները կը նախընտրեն փրկել «Փ. Ռեպելի» տեսակի թրթուրը՝ իրենց իսկ հարսնեակներուն փոխարէն։

Նախապէս կը կարծուէր, թէ միայն «կկուի» ռազմավարութիւնը որդեգրած տեսակներն են, որ ձայնային նմանակում կը կիրարկեն։ Ձայները սակայն այնքան նման էին իրարու, որ երկու տեսակներուն թրթուրներուն արձակած ձայներուն միջեւ եղած տարբերութիւնը աւելի մեծ էր, քան անոնցմէ իւրաքանչիւրին ձայնին եւ թագուհիին ձայնին միջեւ եղած տարբերութիւնը։

«Միրմիքա» ցեղին պատկանող մրջիւններու տարբեր տեսակներ իրենց զիրար զանազանելու համար կը գործածեն տարբեր քիմիական ազդանշաններ, սակայն մրջնաբոյնին մէջ կը հաղորդակցին իրարու շատ նման ձայնային հրահանգներով[8]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]