Արեան գերճնշում
Արեան գերճնշումը ծանօթ եւ ամէնէն տարածուած հիւանդութիւններէն մէկն է: Արեան ճնշում կը նշանակէ սիրտի զարկերակներու ճնշում:
Գերճնշման պատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան գերճնշումը կապուած է սրտանօթային համակարգին, եթէ չդարմանուի, կը հանդիսանայ ամէնէն վտանգաւոր ազդակներէն մէկը` սրտանօթային հիւանդութեան: Սիրտը կարեւոր օրկան մըն է, ան արիւնը կը մղէ մարմինի զանազան օրկաններուն` իր երակներուն միջոցով, արիւնը մղուելու համար ճնշում կը գոյանայ: Երբ երակները առաձգական են, ճնշումը բնական կ'ըլլայ: Երբ վիճակներ ստեղծուին եւ երակները նեղնան կամ կիսով խցուին, կը գոյանայ արեան գերճնշում:
Գերճնշման պատճառ կրնան հանդիսանալ՝ իւղերու, շաքարի եւ աղի բարձր տուեալներ, երիկամային որեւէ հիւանդութիւն եւ ջղագրգիռ վիճակ:
Գերճնշման ախտանշաններ եւ բարդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սկզբնական շրջանին ենթական ոչ մէկ ախտանշան կ'ունենայ. սակայն, ժամանակ մը ետք, գերճնշումի զարգացումով կը սկսին ախտանշանները` գլխացաւ, յոգնածութիւն, գլխապտոյտ, քիթի արիւնահոսում, աչքերու վրայ յոգնածութիւն, լսողութեան խանգարում, բերնի չորացում, եւ այլն:
Գերճնշումը հիւանդագին լուրջ կացութիւն մըն է, ենթական պէտք է դարմանուի եւ լրջօրէն հետեւի բժիշկի թելադրանքներուն, որպէսզի հեռու մնայ գերճնշումի բարդութիւններէն` սիրտի եւ ուղեղի կաթուած, ուղեղային արիւնահոսում, երիկամներու եւ սիրտի ձախող գործելակերպ, աչքի եւ ականջի արեան մազերակներու պայթում եւ այլն:
Գերճնշումը չափելու միջոց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարկերակային ճնշումը կը չափուի «ճնշաչափ»ով (sphygmomanometer), որ կը չափէ սիրտի կծկուած վիճակի (systolic) ճնշումը եւ սիրտի թուլցած-հանգիստ վիճակի (diastolic) ճնշումը:
Արեան ճնշումը պէտք է չափել ճիշդ ձեւով` ունենալ անձնական ճնշաչափ, նստած դիրքով, ձեռքը յենած եւ մարմինը շիտակ: Ճնշումը բարձրանալու ազդակներ են` սննդականոնը, ծխելը, ջղագրգռութիւնը եւ անհանգիստ միջավայրը:
Գերճնշումը հակակշռելու միջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գերճնշումը հակակշռելու զանազան միջոցներուն` մասնագէտ բժիշկին թելադրած դեղերու օրինաւոր գործածութիւն, քալել ու մարզանքի հետեւիլ, նիհարնալ, ծխախոտ չգործածել, սննդականոնի հետեւիլ, աղ, ալքոլ եւ քաֆէին չգործածել[1]:
Գերճնշումը կառավարելու հզօր միջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արեան բարձր ճնշումը կառավարելու ամէնէն հզօր միջոցներէն մէկը մարզանքն է:
- Արագ քալելը հիանալի միջոց է լարուածութիւնը թեթեւցնելու եւ արեան բարձր ճնշումը կարգաւորելու համար:
- Լողը կ'աշխատցնէ մարմինին բոլոր մկանները եւ կը բարելաւէ սրտանօթային կարողութիւնները. լողը ունի նաեւ հանգստացնող ազդեցութիւն, որ կ'օգնէ նուազեցնելու ընկճախտը:
- Եոկան կը համատեղէ շնչառութիւնը, խոկումը եւ կեցուածքը: Անիկա հանգստացնող եւ կազդուրիչ ազդեցութիւն կը գործէ ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան համակարգին վրայ: Թելադրելի է զայն կիրարկել օրական, առնուազն քառորդ ժամ:
- Հեծիկ քշելը հիանալի տարբերակ է արեան բարձր ճնշումը հաւասարակշռելու համար: Շաբաթական 2-3 անգամ կէս ժամ հեծիկ քշելը գոհացուցիչ արդիւնքներու կը յանգեցնէ խնդրոյ առարկայ անձը:
- Շաբաթական առնուազն 150-300 վայրկեան մարզանքի յատկացնելը ամէնէն հզօր միջոցներէն մէկն է արեան բարձր ճնշումը կառավարելու համար[2]: