Jump to content

Սրտի Անբանական Բաբախում

Սրտի անբանական բաբախում, զանազան պատճառներէյառաջացած սրտի անբնական բաբախումը։ Սրտի մկաններու ինքնագործ եւ շարունակական կծկումներու խանգարումի հետեւանքով սրտի բաբախումը կրնայ ըլլալ արագ, դանդաղ, խանգարուած կշռոյթով եւ կամ ալ կորսուած։

Սրտի Կազմախօսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրտը կազմուած է 4 խռոչներէ՝ վերին երկու նախախորշերը (atrium) եւ վարի երկու փորոքները (ventricles): Աջ եւ ձախ խռոչները կը բաժնուին զօրաւոր հիւսկէնաւոր պատով մը՝ միջնեպատով (septum), իսկ վերին եւ ստորին խռոչները իրարու կը բացուին փականներու (valves) միջոցով: Ձախ կողմի փականը կը կոչուի երկփեղկանի փական (mitral valve) եւ աջ կողմի փականը կը կոչուի եոխփեղկանի փական (tricuspid valve):

Սրտի Կազմախօսութիւն

Սրտի Բաբախումի Բնախօսական Զարգացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սրտի Բաբախումի Բնախօսական Զարգացում

Սրտը կ՛աշխատի երբ մկանները բնական պայմաններու մէջ անընդհատ կը կծկուին (contract) եւ կը թուլանան: Այս կծկումը կը կոչուի «systole», իսկ թուլացումը՝ «diastole»: Սրտի մկանները կը կծկուին ներսրտային ինքնագործ ելեկտրական կեդրոնի մը խթանշաններով (impulses), որոնք կեդրոն կ՛ելլեն, կ՛անցնին նախախորշերուն մէջէն ու կը հասնին փորոքներ: Առողջ անձի մը պարագային 60-100 գրգիռներ դուրս կու գան այս կեդրոնէն ամէն մէկ վայրկեան:

Սրտի Անբնական Բաբախում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որեւէ մէկ խանգարում այս ներստամկանային ինքնագործ ելեկտրական կեդրոնին մէջ՝ սրտի անբնական բաբախումի պատճառ կը դառնան:

Սրտի անբնական բաբախումը սրտի մկաններու ինքնագործ եւ շարունակական կծկումներու խանգարումն է, որուն պատճառով սրտի բաբախումը կրնայ ըլլալ արագ, դանդաղ, խանգարուած կշռոյթով եւ կամ ալ կորսուած (missed):

Երբ սրտի բաբախումը ամէն մէկ վայրկեանին մէջ 100-է աւելի է՝ կը կոչուի արագ բաբախում, իսկ 60-է նուազ՝ դանդաղ բաբախում: Կան մարդիկ որոնք ի ծնէ ունին սրտի դանդաղ բաբախում, սակայն անոնք կ՛ապրին բնական ու առողջ:

Ջափահասները բնական պայմաններու մէջ մէկ վայրկեանին մէջ 60-100 սրտի բախբախում կ՛ունենան, իսկ քունի ընթացքին բաբախումը կը նուազի, որովհետեւ մարմինը նուազ թթուածինի պէտք կ՛ունենայ, եւ այդ պատճառով սիրտը նուազ ուժգնութեամբ կը գործէ եւ հետեւաբար նուազ արագութեամբ:

Նորածինի պարագային ան կ՛ունենայ 90-160 բաբախում մէկ վայրկեանին մէջ, իսկ պատանին՝ 80-150 բաբախում եւ 6-8 տարեկանին՝ 60-110 բաբախում:

Սրտի զարկը բնական աճ կ՛արձանագրէ յաճախ վազելէ, արագ աշխատանքէ եւ մարզանքէ ետք, սակայն այս պայմաններէն դուրս անբնական զարկը ախտաբանական երեւոյթ կ՛ունենայ:

Բնական պայմաններու մէջ ներշչումի հետ կ՛ունենանք սրտի արագ բաբախում, իսկ արտաշնչումի ընթացքին՝ դանդաղ բաբախում:

Սրտի անբնական բաբախումը յաճախ իբրեւ բժշկական հարց մը տեսնուած է, որ կը պատահի որեւէ տարիքի եւ սեռի, սակայն աւելի յաճախակիօրէն կը պատահի երիտասարդներու եւ երէցներու:

Սրտի աջ եւ ձախ նախախորշերը եւ փորոքները կրնան ունենալ անբնական եւ խանգարուսծ արագ կծկումներ, որոնք տարբեր ձեւերով կը յայտնուին, օրինակ՝ թրթռացում (flutter) եւ թարթախում-դող (fibrillation) եւ կամ նոպայական (paroxysmal) արագ կծկումներ:

Սրտի անբնական բաբախումի յաճախակի տեսնուած տեսակներն են՝

Այս վերոյիշեալ տեսակներէն փորոքային դողը ամէնէն վտանգաւորն է որ կրնայ մահ պատճառել, իսկ նախախորշային դողը յարաբերաբար ամէնէն անմեղն է:

Սրտի անբնական բաբախումը կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդութիւններէ եւ ախտաբանական երեւոյթներէ՝

Սրտի անբնական բաբախում ունեցող անձը կրնայ ունենալ հետեւեալ ախտանշանները՝ ըստ ախտապատճառներու.

Սրտի անբնական բաբախումի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ ձեւով՝

Ելեկտրասրտագրութիւն

Սրտի անբնական բաբախումի դարմանումը կը կատարուի հետեւեալ դարմանամիջոցներով՝ ենթաբաբախումի պարագային՝ սրտի դանդաղ աշխատանքը կարգաւորող սարքի (pacemaker) զետեղում կրծքավանդակին մէջ, սրտի թարթափումի պարագային՝ դողը կասեցնող յատուկ թարթախազերծիչ սարքի (defibrillator) գործածութիւն, հակաբախումի դեղերու գործածութիւն եւ ախտապատճառներու դարմանում:

Մեղմ սրտի անբնական բախումները, որ տեղի կ՛ունենան առանց ախտանշաններու՝ որեւէ դարմանումի չի կարօտիր, սակայն հեւանդը բժշկական հետեւողական հսկողութեան տակ պէտք է մնայ: Նուազագոյն ախտանշանի գոյութեան պարագային, սրտի անբնական բաբախումը պէտք է դարմանուի որպէսզի բարելաւուի ենթակային սրտի աշխատանքը:

Սրտի ամբնական բախումներու պարագային հետեւեալ բարդութիւնները կրնան յառաջանալ.

Սրտականգը շտապ օգնութոիւն կը պահանջէ՝ փրկելու համար հեւանդին կեանքը, եւ այս պարագային յատուկ սարքով մը ելեկտրական հարուածային գրգռութիւն կը կիրարկուի կրծքավանդակին վրայ՝ սրտի դողը կեցնելու համար:

  • «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 2015, էջ 163-165: