Ուղեղային Արիւնահոսութիւն

Ուղեղը առողջ աշխատելու համար պէտք ունի թթուածինի եւ սննդանիւթերու, եւ այս բոլորը ուղեղին կը հասնին զարկերակներու արիւնով: Արիւնը ուղեղին կը հասնի երկու քնքային (carotid) եւ երկու ողնայարային (vertebral) զարկերակներով, որ ուղեղ հասնելէ ետք կը բաժնուին տասնեակ մը փոքր զարկերակներու (arteriole) եւ մազերակներու (capillaries):

Ուղեղային արիւնահոսութիւն կը կոչուի երբ արիւնահոսութիւն կ՛ունենանք ուղեղին մէջ եւ անոր շուրջը:

Տարբեր տեսակի ուղեղային արիւնահոսութիւններ գոյութիւն ունին, անոնք կ՛անուանուին ըստ արիւնահոսութեան վայրին:

Ներուղեղային արիւնահոսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներուղեղային արիւնահոսութիւնը (cerebral hemorrhage) տեղի կ՛ունենայ ուղեղին մէջ, եւ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով՝

  • Ուղեղի արտաքին հարուած.
  • Արեան ճնշում, որ պատճառ կը դառնայ անօթներու տկարացման.
  • Ներուղեղային զարկերակներու կարծրացում. այս մէկը կը պատահի երբ զարկերակներու պատերը կը կորսնցնեն իրենց ուժգնութիւնը եւ շուտով կը բացուին.
  • Զարկերակներու լայնացում-լայնանք պարկի ձեւով (aneurysm).
  • Զարկերակներու անբնական կազմուածք.
  • Ի ծնէ ուղեղային զարկերակներու անբնական կազմուածք
  • Ուղեղի անօթային ուռեր (hemangioma).
  • Ընդհանուր արիւնահոսութեան հիւանդութիւններ, օրինակ՝ hemophilia եւ մանգաղանման կարմիր գնդիկներու (sickle cell) ակաւարիւնութիւն.
  • Ծերութիւն. տարիքի ընթացքին զարկերակներու պատերը կը կարծրանան եւ կը նեղնան.
  • Շաքարախտ եւ արեան մաղձաճարպի (cholesterol) ու եռակլիսերայտի (triglyceride) բարձրացում.
  • Ուղեղի քաղցկեղ.

Տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներուղեղային արիւնահոսութեան արիւնը հետեւեալ երկու ընթացքներէն մէկը կ՛որդեգրէ՝

  • Արիւնը կը տարածուի ուղեղին զանազան բաժիններուն մէջ եւ կը յառաջացնէ տարաղուն եւ զանազան աստիճանի ներուղեղային գերճնշում.
  • Արիւնը կը մնայ ուղեղին մէջ եւ արիւնակոյտ մը կը կազմէ, որ ներուղեղային գերճնշում կ՛առաջացնէ.

Վերոյիշեալ երկու պարագաներուն ալ յառաջացած գերճնշումը կը վնասէ ուղեղի բջիջները, որ ինքնին պատճառ կը դառնայ ուղեղային ջրուռեցքի (edema).

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուղեղային արիւնահոսութեան ախտանշանները կը տարբերին՝ արիւնահոսութեան վայրին եւ տարողութեան համաձայն: Ընդհանուր ախտանշաններն են հետեւեալները.

  • Անակնկալ գլխացաւ. նողկանք եւ փսխունք.
  • մարմինի ցնցումներ.
  • Սրունքներու եւ բազուկներու տկարութիւնշ կամաւոր շարժումներու տկարացում (aprexia), վիզի անշարժութիւն, անդամալուծութիւն.
  • Մարմնի որոշ մասերու անզգայութիւն, թմրութիւն եւ ասղնտուք (tingling).
  • Խօսակցական հարցեր (dysarthria), անխօսութիւն (aphaisa).
  • Գրելու, կարդալու եւ հասկնալու անկարողութիւն.
  • Տեսողական տկարութիւն, աչքի բիբերու բացուածքի փոփոխութիւն եւ կոպերու էջք-կախուածութիւն (drooping).
  • Մէզի եւ կղկղանքի անպահութիւն (incontinence).
  • Շնչառութեան դժուարութիւն.
  • Համակարգումի, համադրումի (coordination) եւ մարմնի հաւասարակշռութեան կորուստ.
  • Արթուն մնալու, մտածելու եւ յիշելու դժուարութիւն.
  • Մթաքնութիւն, անգիտակցութիւն (unconciousness).
  • Ուղեղային կաթուած (stroke).

Ուղեղապատեանային արիւնահոսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուղեղապատեանային արիւնահոսութիւն (meningeal hemorrhage) տեղի կ՛ունենայ երբ արիւնահոսութիւն կը կատարուի ուղեղապատեանի (meninx) երեք շերտերուն մէջ: Այս երեք շերտերը կը կոչուին՝

  • Նրբենի (pia mater), որ շերտերուն առաջինն է եւ որ ուղղակի կապակցութիւն ունի ուղեղին հետ.
  • Ոստայնենի (arachnoid), որ շերտերուն երկրորդն է.
  • Կարծրենի (dura mater), որ շերտերուն երրորդն է եւ ուղղակի կապ ունի գանկին հետ.

Տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուղեղապատեանային արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի երեք ձեւերով՝

Ենթա-ոստայնենիի արիւնահոսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ենթա-ոստայնենիի արիւնահոսութիւն (subarachnoid hemorrhage), որ տեղի կ՛ունենայ ուղեղապատեանի առաջին շերտի՝ նրբենիի եւ երկրորդ շերտի՝ ոստայնենիի միջեւ: Այս տեսակի հիմնական պատճառը ուղեղային զարկերակի պարկաձեւ լայնացումն է, որ ուղեային արտաքին հարուածի պատճառով կը վիրաւորուի եւ կը բացուի:

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ենթա-ոստայնենիի արիւնահոսութեան ախտանշաններէն են՝ անակնկալ եւ ուժգին գլխացաւ, նողկանք եւ փսխունք, լոյսի անհանդուրժողութիւն՛ վիզի անշարժութիւն եւ գիտակցութեան կորուստ: Այս ախտանշանները կը յայտնուին անակնկալօրէն եւ սուր տարողութեամբ եւ կամ դանդաղօրէն ու յարճուն ընթացքով: Սուր եւ անակնկալ ախտանշանները կրնան վտանգաւոր եւ մահացու ըլլալ:

Բարդութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ենթա-ոստայնենիի արիւնահոսութիւնը կրնայ ունենալ որոշ բարդութիւններ՝ ուղեղանատեանի բորբոքում (meningitis) եւ ներուղեղային ճնշումի բարձրացում:

Ենթակարծրենիի արիւնահոսութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ենթակարծրենիի արիւնահոսութիւնը (subdural) տեղի կ՛ունենայ ուղեղապատեանի եւ երկրորդ շերտի՝ ոստայնենիի եւ երրորդ շերտի՝ կարծրենիի միջեւ: Ընդհանրապէս տեղի երբ գլխուն արտաքին բաժինը հարուած մը կը ստանայ, որուն պատճառով զարկերակները կը վիրաւորուին եւ կը բացուին: Արիւնահոսութեան հետեւանքով արիւնակոյտ մը կը կազմուի, որ ինքնին կը կնշէ ուղեղին վրայ եւ զանազան ախտանշաններ կը յառաջացնէ:

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ենթակարծրենիի արիւնահոսութեան ընթացքին հիւանդը կրնայ ունենալ հետեւեալ ախտանշանները՝

  • Գլխացաւ
  • Սրունքներու միակողմանի տկարութիւն
  • Աչքի բիբի լայնացում եւ անշարժութիւն, ակնագունդի դէպի վար եւ դուրս թեքում
  • Տեսողութեան տկարացում
  • Շնչառութեան դժուարութիւն
  • Կամգառ (arrest)
  • Մթագնութիւն
  • Անգիտակցութիւն

Արտա-կարծրենիի արիւնահոսութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտա-կարծրենիի արիւնահոսութիւնը (epidural) կը պատահի երբ արիւնահոսութիւն կ՛առաջանայ գանկի եւ ուղեղապատեանի երրորդ շերտի՝ կարծրենիի միջեւ, որ ընդհանրապէս կը յառաջանայ արտաքին հարուածի մը պատճառով, նոյնիսկ թեթեւ հարուած մը կրնայ արտակարծրենիի արիւնահոսութիւն յառաջացնել: Այս պարագային արիւնահոսութիւնը երակային է եւ այդ պատճառով ուժգին չէ:

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտա-կարծրենիի արիւնահոսութեան պարագային թեթեւ հարուած մը կրնայ արիւնահոսութիւն յառաջացնել, որ կը ճնշէ ուղեղի զանազան մասերուն վրայ եւ հետեւաբար հիւանդը կրնայ ունենալ հետեւեալ ախտանշանները՝

  • Գլխացաւ
  • Գլխապտոյտ
  • Նողկանք
  • Փսխունք
  • Քալելու դժուարութիւն եւ կամ անկարողութիւն
  • Խօսելու դժուարութիւն
  • Կակազում
  • Լսողութեան տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն
  • Պղտոր տեսողութիւն
  • Ատնագունդի անբնական շարժումներ
  • Մկանային ցնցումներ եւ անզգայութիւն
  • Շուարած վիճակ
  • Ջղագրգռութիւն
  • Գիտակցութեան կորսուստ

Այս ախտանշանները կրնան անակնկալ եւ սուր ձեւով յայտնուիլ եւ կամ դանդաղ ու յառաջընթաց. այս պարագային անակնկալ եւ սուր ախտանշանները կրնան շատ վտանգաւոր եւ մահացու ըլլալ:

Ախտաճանաչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերոյիշեալ բոլոր տեսակի արիւնահոսութիւններու ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացքով՝

Դարմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ կը մտածենք ուղեղային արիւնահոսութեան դարմանումին մասին, պէտք է նախ մտածել հիւանդին կեանքը փրկելու մասին, եւ ըստ այնմ կատարել շտապ միջոցառումներ, որոնք կը միտին նուազեցնել ուղեղի ուռուածութիւնըշ կասեցնել արիւնահոսումը, նուազեցնել ներուղեղային ճնշումը, վերահսկել եւ կանոնաւորել շնչառութիւնը եւ սրտի զարկերը, եւ մանաւանդ անհետացնել բոլոր ախտանշանները:

Կանխարգիլել[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարելի է կանխարգիլել ուղեղի արիւնահոսութիւնը՝ հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

  • Հետեւեիլ եւ կանոնաւորել արեան գերճնշումը, մաղձաճարպը եւ մաքարը.
  • Չծխել եւ գոգային չգործածել.
  • Գանկի եւ ուղեղի հարուածներէ հեռու մնալ.
  • Արիւնահոսութիւնը կանխեցնող դեղեր շատ չգործածել.
  • Առողջապահական սննդականոնի հետեւիլ.
  • Շաքարախտաւորներու պարագային՝ հետեւիլ բժիշկին թելադրութիւններուն:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Բժիշկին Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, էջ 144-147: