Ուղեղային Կաթուած
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ուղեղային կաթուած-ը կը յառաջանայ երբ ուղեղի արեան մատակարարումը զգայլի ձեւով կը նուազի եւ կամ բոլորովին կը կասեցուի, որուն հետեւանքով ուղեղի հիւսկէնները կը վնասուին եւ բջիջները կը ոջնջանան, եւ այս պարագային ուղեղի գործունէութիւնը կ՛արագանայ, որմէ ետք անակնկալօրէն կը դադրի:
Անուանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուղեղային կաթուածը յաճախ ունի քանի մը անուանում՝ ուղեղազարկերակային կաթուած կամ ուղեղանօթային անակնկալ արկած-պատահար (CVA-cerebrovascular accident):
Պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուղեղային կաթուածը տեղի կ՛ունենայ հիմնական երկու պատճառներու հետեւանլով, որոնք հետեւեալներն են.
- Ներուղեղային պատճառներ
- Արտա-ուղեղային պատճառներ
Ներուղեղային պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուղեղի տեղային ժամանակաւոր սակաւարիւնութիւն (Ischemia)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս պարագային արեան հոսքը զգալիօրէն կը նուազի եւ կամ կը դադրի, որուն իբրեւ հետեւանք կը վնասուին ու կը մահանան ուղեղի հիւսկէնները: Ուղեղի այս սակաւարիւնութինւը կը յառաջանայ ուղեղի զանազան չափի զարկերակներու խցումով, որոնց պատճառներն են հետեւեալները.
- Զարկերակներու ախտաբանական կարծրացում-պնդութիւն (arteriosclerosis), որոնք կը յառաջանան ժամանակի ընթացքին.
- Զարկերակներու խցում՝ տեղային արիւնախցիկներով (thrombosis), որոնք ռամանակը ընթացքին կը կազմուին զարկերակներու ներքին պատերուն վրայ.