Jump to content

Արամ Երեմեան

Արամ Երեմեան
Ծնած է 12 Մարտ 1898(1898-03-12)[1][2]
Ծննդավայր Մարզուան, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 3 Օգոստոս 1972(1972-08-03)[1] (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Պանտար Անզալի, Գիլան, Իրան[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Վիեննայի համալսարան?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, գրականագէտ, արուեստագէտ

Արամ Երեմեան, (12 Մարտ 1898(1898-03-12)[1][2], Մարզուան, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 3 Օգոստոս 1972(1972-08-03)[1], Պանտար Անզալի, Գիլան, Իրան[1][2]), բանասէր, գեղարուեստագէտ։

Ծնած է Մարզուան։ Հայրը՝ Գարեգին, իր ժամանակին հասարակական գործիչ՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան: Մայրը՝ Մաքրուհի, ուսումնասէր կին մը:

Միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին Ս. Սահակեան վարժարանը, ապա երկու տարի կը յաճախէ Անգարայի պետական մանկավարժական դպրոցը, տարի մըն ալ Կալկաթայի Մարդասիրական Ճեմարանը, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ՝ Վիեննայի համալսարանին պատմագրական ճիւղին մէջ։ Յետոյ ամբողջութեամբ կը նուիրուի գրական-մանկավարժական գործունէութեան:

1915-ին Նոր Ջուղա կը գտնուի։

Երեմեանի բանասիրական գործունէութեան առաջին շրջանին կեդրոնը կը հանդիսանայ հարաւային Իրանը, ուր հին Ջուղայէն գաղթած ժողովուրդը կ'ապրի, կեդրոնացած՝ Սպահանի Նոր Ջուղա արուարձանին եւ Փերիա, Զարմահալ եւ ուրիշ գաւառներու մէջ։ Առաջին բանասէրը կը հանդիսանայ, որ գիւղէ գիւղ շրջելով՝ վեց տարի շարունակ կ'ապրի ժողովուրդին սրտին մօտ եւ կը հաւաքէ ժողովրդական բանահիւսութեան բեկորները երկու հատորներու մէջ: Այս ուսումնասիրութեան արդիւնքն են անոր «Սպահանի Փերիա գաւառ»ը եւ «Սպահանի Զարմահալ գաւառը» գործերը:

Երեմեան նաեւ առաջին բանասէրն է, որ մոռացութեան փոշիներէն կը փրկէ իրանահայ անյայտ աշուղները, որոնք առանձին գրքոյկով լոյս կը տեսնեն «Պարսկահայ աշուղներ» խորագիրով: Այդ աշուղներէն յիշենք՝ «Աշուղ Էմիր օղլի, Ղուլ Էգազ եւ Աբգին օղլի» (տպ. Նոր Ջուղա 1920-ին), «Աշուղ Յարութ օղլի» (տպ. Նոր Ջուղա 1920-ին), «Բաղէր օղլի», «Ղուլ Սարգիս Շրիշկանցի» եւ «Միսկին Ստեփան» (տպ.Վիեննա 1925-ին), «Աշուղ Ամիր օղլի» (տպ. Վենետիկ 1930-ին), «Աշուղ Ղուլ Յովհաննէս» (տպ. Վենետիկ 1930-ին): Աշուղներու այս շարանը, որոնցմէ մէկ քանին Յարթուն օղլի, Ղուլ Յովհաննէս, իրենց մոթիֆներով մեզի կը յիշեցնեն Սայեաթ Նովայի քնարը, անխոնջ, բեղմնաւոր ու գնահատելի գործունէութիւնը:

Երեմեան հայ գրականութեան նուիրած է նոր աշխատութիւն մըն ալ «Իտէալիստը» վերնագիրով բանդոմինան (տպ. Նոր Ջուղա 1919-ին): Անիկա գրական նորութիւն մըն է, ա՛յն տեսակէտով՝ որ մենք հայերս չունինք բանդոմինական գրականութիւն: Այս գործով Երեմեան կ'ամբողջացնէ հայ թատերական գրականութեան մէկ մեծ բացը:

Երեմեան 1925-ին Խորհրդային Հայաստան կը փոխադրուի, ուր նախ Երեւանի պետական թանգարանի պատմագրական բաժնին մէջ կը վարէ գիտական հսկիչի պաշտօնը եւ հոն կը խմբագրէ «Սեւան» երաժշտական ժողովածուն, որուն մէջ հանդէս կու գան Հայաստանի ամենատաղանդաւոր երաժշտագէտները: Այդ շքեղ հրատարակութիւնը լոյս կը տեսնէ 1927-ին Վենետիկի Ս. Ղազար վանքի տպարանէն:

1927-ին, Երեմեան «Հայ նկարիչներու ալմանախը» կը խմբագրէ, որ առաջին նկարչական ժողովածուն է մեր մէջ, ուր ի յայտ կու գան Հայաստանի առաջին շրջանի ամենատաղանդաւոր նկարիչները: Նոյն թուականին, Երեւանի մէջ կը խմբագրէ «Արուեստ» նկարչական-երաժշտական առաջին հանդէսը, որուն մէջ կը համախմբուին Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ ապրող արուեստագէտները՝ Վահրամ Գայֆէճեան, Գաբրիէլ Գիւրջեան, Աղեքսանդր Սպենդիարեան, Անտոն Մայիլեան, Սպիրիտոն Մելիքեան, Ովսաննա Տէր Գրիգորեան, Գրիգոր Շարբաբչեան եւ ուրիշներ:

Սակայն, Երեմեանի պատմա-բանասիրական աշխատութիւններուն գլուխ գործոցը «Ռուսահայ թատրոնի պատմութիւնը» հատորն է, 754 էջերէ բաղկացած, որ ռուսահայ թատրոնի պատմութեան նուիրուած առաջին աշխատութիւնն է։

Երեմեան 1929-1933 թուականներուն կ'աշխատի Թիֆլիսի «Պրոլետար» թերթի խմբագրատունը իբրեւ սրբագրիչ՝ յայտնի վիպագիր Նար-Դոսի հետ:

Ան նաեւ իր կեանքին մէկ մասը նուիրած է հայ դպրոցին՝ ուսուցչական ու տեսչական պաշտօններով։ Անոր մանկավարժական գործունէութիւնը կը սկսի Նոր-Ջուղայի ազգային երկսեռ դպրոցներուն մէջ (վեց տարի), յետոյ տեսչական պաշտօն վարած է Երեւանի «Ձերժինսկի» վարժարանին մէջ (հինգ տարի), ապա Թեհրանի «Դաւթեան» դպրոցին մէջ (ուսուցիչ՝ երկու տարի):

Երեմեան աշխատակցած է ժամանակի աչքառու թերթերուն եւ հանդէսներուն, որոնցմէ յիշենք՝ «Մշակ», «Աղբիւր Տարազ», «Արեւ», «Մարտակոչ» (Թիֆլիս), «Թատրոն եւ երաժշտութիւն» (Բագու), Հայաստանի Կոչնակ, «Նաւասարդ», «Արեգ», «Հանդէս Ամսօրեայ», «Բազմավէպ», «Գեղունի», «Ամէնուն Տարեցոյց», «Հայ Կին», «Ճակատամարտ», «Արագած», «Անահիտ», «Զուարթնոց», «Խորհրդային Հայաստան», «Աշխատաւոր», «Նոր Ակօս», «Վերելք», «Արեւ», «Նոր Շարժում», «Զանգ», «Մինարէթ», «Հորիզոն», «Առաւօտ», «Վերածնունդ», «Դիցաւան», եւ այլն: Այս բոլոր թերթերուն մէջ հրատարակած է թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ բանասիրական շարք մը կարեւոր ուսումնասիրութիւններ: 1939-ին Երեմեան Նոր Ջուղայի Ազգ. վարժարանի տեսչութիւնը կը վարէր, միշտ աշխատակցելով շատ մը հանդէսներու եւ թերթերու:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 2,8 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1.
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 703: