Աննա Աստուածատուրեան–Թըրքոթ

Աննա Աստուածատուրեան–Թըրքոթ
Ծննդեան անուն հայ.՝ Աննա Աստվածատուրովա
Ծնած է 14 Մարտ 1978(1978-03-14) (46 տարեկան)
Ծննդավայր Պաքու, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր University of Maine School of Law?
Հյուսիսային Դակոտայի համալսարան?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, դասախօս
Կայքէջ astvatsaturian.org

Աննա Աստուածատուրեան–Թըրքոթ (Աստուածատուրովա, անգլերէն՝ Anna Astvatsaturian Turcotte, 14 Մարտ 1978(1978-03-14), Պաքու, Խորհրդային Միութիւն), ամերիկահայ գրող, դասախօս[1] եւ Իրաւաբան, վերապող մը Պաքուի ջարդերէն։

Ան «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն մը» (անգլերէն՝ Nowhere, a Story of Exile) յուշագրական գիրքին հեղինակն է, ուր կը նկարագրէ իր մանկութիւնը։ Յուշագրութիւնը պատմութիւնն է 14 տարեկան հասակին Պաքուի ջարդերէն փրկուելու իր փորձառութեան, ապա՝ իր ընտանիքին հետ Հայաստանի մէջ գաղթականի վիճակի մատնուելուն եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելուն[2]։

Ան վերապող մըն է Պաքուի ջարդերէն, ինչպէս նաեւ՝ ականաւոր հեղինակ։ 2013 թուականին անոր առաջնորդութեամբ կարելի եղած էր վաւերացումը ապահովել Արցախի անկախութիւնը ճանչցող Մէյն նահանգի խորհրդարանի բանաձեւին, որ կոչ կ՛ընէր Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին՝ նմանապէս ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը եւ նեցուկ կանգնելու անոր ժողովուրդին ինքորոշման իրաւունքին։

2015 թուականին ընտրուած է Մէյն շրջանի Ուեսթպրուք քաղաքի խորհուրդի անդամ։

Կեանքի Վաղ Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աննա Աստուածատուրեան ծնած է 1978 թուականին, Պաքու։ 1990 թուականին Պաքուի ջարդերու ժամանակ տեղափոխուած է Հայաստան, ուր 3 տարի որպէս փախստական ապրելէ ետք՝ 1992-ին, Աննան դարձեալ ինքզինք կը գտնէ «դրսեցի»-ի կարգավիճակին մէջ։ Անոր ընտանիքը կը հաստատուի Հիւսիսային Տոքոթայի նահանգի Ուափիթըն (Wahpeton) քաղաքին մէջ, ուր 1997 թուականին կը դառնայ ԱՄՆ քաղաքացի[3]։

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսում ստացած է Հիւսիսային Տոքոթայի համալսարանին մէջ եւ որակաւորում ստացած՝ Անգլերէն եւ գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ կրօն, ռուսերէն եւ գրականութիւն բնագաւառներէն ներս։ Իրաւագէտի որակաւորում ստացել է 2003 թուականին Մէյնի իրաւաբանական դպրոցին մէջ, որ տեղակայուած է Փորթլենտի մէջ[3]։ Իրաւաբանութիւն ուսանելով՝ Աննան մաս կազմած է ամերիկացիներու առաջին խմբակին, որոնք աշխատած են Լա Հէյի Ոճրադատ միջազգային ատեանին մէջ. Աննան ատեանին ծառայած է որպէս քարտուղար։[4]։

Հրատարակումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2012 թուականին կը տպագրէ իր առաջին՝ «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն մը» (անգլերէն՝ Nowhere, a Story of Exile) գիրքը[5], որ գրած է՝ հիմնուելով մանուկ ժամանակ վարած օրագիրի յիշողութիւններուն վրայ, ան լուսարձակի տակ կ'առնէ Պաքուի մէջ իր ընտանիքին ու Ազրպէյճանի հայութեան ապրած ահաւոր ողբերգութիւնը, ազգային բռնութիւնն ու բնաջնջումը, որ նախանշեց Արցախի ազատամարտը[6]։ Այնուհետեւ կը նկարագրէ Հայաստանի մէջ իր կեանքը որպէս փախստական։ 14 տարեկան հասակին սկսած է իր օրագրէն որոշ հատուածներ թարգմանել անգլերէնի։ Անոր գիրքն առաջին անգլերէն գիրքն է, որ որպէս ականատես կը պատմէ Ազրպէյճանի մէջ հակահայկականութեան եւ Պաքուի ջարդերու մասին։

Հասարակական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աստուածատուրեան մարդու իրաւունքներու, միջազգային իրաւունքի եւ հակահայկականութեան թեմաներով դասախօսած է ամբողջ ԱՄՆ-ի մէջ՝ ներառեալ Քափիթոլի մէջ[7]։ Ան այն առանցքային մարդոցմէ էր, որուն շնորհիւ Մէյն նահանգը 2013 թուականին ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։ Մէյն նահանգը թիւով երրորդն էր՝ Ռոտ Այլընտէն եւ Մասաչուսեցէն ետք[8]։ Ան Քոնկրեսի եւ Եւրախորհրդարանի անդամներուն հետ քննարկած է Ազրպէյճանի թշնամական պահուածքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը[9]։ Աստուածատուրեան «Ամերիկացիները Արցախի Համար» ՀԿ-ի խորհուրդի անդամ է։

2015 թուականի Նոյեմբեր 3-ին Աննան ընտրուած է Մէյն շրջանի Ուեսթպրուք քաղաքի խորհուրդի անդամ։ Ան ստացած է ընդհանուր քուէներու 64%-ը՝ քարոզարշաւին մէջ ընդառաջ երթալով Փոլ Էմերիէն եւ մէկ այլ թեկնածէն[10][11]։

Մրցանակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աստուածատուրեան 2013 թուականին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանէն ստացած է Մխիթար Գոշի մետալ[12], իսկ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանէն՝ Լեռնային Ղարաբաղի երախտագիտութեան մետալ։ 2014 թուականին Ամերիկայի Հայ Ազգային Կոմիտէէն ստացած է՝ Վահան Քարտաշեանի անուան մրցանակ[13]։

Զանգուածային Լրատուական Միջոցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աստուածատուրեան հանդէս եկած է TEDxGrandForks 2015-ին, ելոյթ ունենալով այն մասին, թէ ինչպէ՞ս հրաշալի գաղափարներն իրականութիւն դարձնել։ Խօսած է նաեւ իր՝ որպէս մարդու իրաւունքներու եւ կեանքի այն հատուածի մասին, երբ ճակատած է ազգային բնաջնջման հետ։[14][15][16][17]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Hairenik։ «Eyewitness: An Interview with Baku Pogrom Survivor Anna Turcotte»։ Armenian Weekly։ արտագրուած է՝ 2015-11-03 
  2. Հայ Դատի «Վահան Քարտաշեան» Մրցանակը Պիտի Յանձնուի Խումբ Մը Գործիչներու[permanent dead link]
  3. 3,0 3,1 McDermott Carrie (July 16, 2012)։ «Nowhere: A Story of Exile»։ Wahpeton Daily News 
  4. http://www.reporter.am/go/article/2012-09-28-baku-armenian-tells-the-story-of-exile
  5. Astvatsaturian Turcotte Anna (2012)։ Nowhere, a Story of Exile։ hybooksonline.com.։ ISBN 978-09857864-1-0 
  6. Hairenik։ «Hybooksonline Releases ‘Nowhere, a Story of Exile’ as E-Book»։ Armenian Weekly։ արտագրուած է՝ 2015-11-03 
  7. Contributor (2012-12-06)։ «Members of Congress Celebrate Artsakh Independence on Capitol Hill»։ Asbarez.com։ արտագրուած է՝ 2015-11-03 
  8. Hairenik։ «Maine Legislature Supports Artsakh Independence»։ Armenian Weekly։ արտագրուած է՝ 2015-11-03 
  9. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-06-18-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-24 
  10. Portland Press Herald: Challengers win council, school board seats in Westbrook (November 3, 2015)
  11. American Journal: Newcomers Turcotte, Berry win seats in Westbrook[permanent dead link]
  12. Աննա Աստուածատուրեան–Թըրքոթ Կը Պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան «Մխիթար Գոշ» Մետալով
  13. «Grassroots Stars to be Honored with Vahan Cardashian Awards at ANCA WR Annual Gala Banquet»։ Armenian National Committee of America, Western Region site։ 2014-10-24։ արտագրուած է՝ 2015-11-03 
  14. «TEDxGrandForks 2015 Presenters - Anna Astvatsaturian Turcotte»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-17-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-24 
  15. TEDxGrandForks independently organized TED event - Theme: Launch Ideas Into Action
  16. Video: Life-of-Acti A Story of Exile, A Life of Activism by Anna Astvatsaturian Turcotte at TEDxGrandForks
  17. Video: A Story of Exile - A Life of Activism by Anna Astvatsaturian Turcotte at TEDxGrandForks

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]