Անի Կարմիրեան

Անի Կարմիրեան
Ծննդավայր Պոլիս
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, Դասղեկ, համալսարանի դասախօս

Անի Կարմիրեան (ծնած Պոլիս), լեզուաբան, համալսարանի դասախօս, նախկին դպրոցի տնօրէն: 2014 թուականէն սկսեալ ստանձնած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի արեւմտահայերէն լեզուի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան պաշտօնը:[1][2]

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարմիրեան ծնած եւ ապրած է Իսթանպուլ, ինչպէս նաեւ ապրած է Իտալիա, Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, ԱՄՆ եւ այժմ կ'ապրի Փորթուկալ:[3]

Ան իր Մագիստրոս Արուեստիցը ստացած է Գերմանիոյ մէջ, Հայտըլպըրկի Համալսարանէն, լեզուաբանութեան եւ մանկավարժութեան ոլորտին մէջ:[4] Աս իր դաստիարակութեան Մագիստրոսի վկայականը ստացած է Պէնք Սթրիթ Քոլէճ համալսարանէն, Նիւ Եորք, ԱՄՆ:[4]

Կարմիրեան հիմնադիրն է Մկնիկ աշխատանոցին, Փարիզ, Ֆրանսա: Ան նաեւ դասախօսած է Փարիզի 3րդ Համալսարանէն ներս 1994 թուականէն ի վեր:[4]

Կարմիրեան մաս կազմեց Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան Վարժարանէն ներս իբր հայերէն լեզուի համակարգող 1997 թուականին, որմէ ետք ստանցնեց դպրոցի տնօրինութեան դերը 2000 թուականէն սկսեալ:[1][2]

Կարմիրեան հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ երկլեզու ուսուցման ոլորտին մէջ:

2014 թուականէն սկսեալ ստանցնած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի արեւմտահայերէն լեզուի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան դերը:[1][2]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]