Jump to content

Այնթապի Հայերը (գիրք)

Այնթապի Հայերը՝ Օսմանեան Կայսրութեան Շրջանի մը Մէջ Տեղի Ունեցած Ցեղասպանութեան Տնտեսական Կողմը
Հեղինակ Իւմիթ Քուրթ
Սկզբնական վերնագիր "The Armenians of Aintab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province"
Հրատարակչական թուական
04/13/2021


Այնթապի Հայերը կամ ամբողջական անուանումով՝ Այնթապի Հայերը՝ Օսմանեան Կայսրութեան Շրջանի մը Մէջ Տեղի Ունեցած Ցեղասպանութեան Տնտեսական Կողմը, (անգլերէն՝ The Armenians of Aintab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province)։ Գիրք մըն է պատմաբան Իւմիթ Քուրթի գրիչով, որ կը պատմէ քաղաքի Հայութեան սեփազրկութեան ու անոր արդիւնքով կը ծնի միատարր թրքական քաղաքը, ուր ան կը ծնի ու կը մեծնայ։[1][2]

Գիրքին Համաբնագիրը (քոնթեքսթ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս աշխատութեան մէջ Տոքթոր Քուրթ կը խորասուզուի իր ծննդավայր Այնթապ քաղաքը համասեր դարցուցած Հայոց կալուածներուն յափշտակութեան մանրամասնութեանց մէջ։ Ան մասնաւորապէս կը զննէ այն բնակչութիւնը որ շահեցաւ ցեղային զտումներէն։

Գրելուն Դրդապատճառը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւմիթ Քուրթ-ը, ծնած ու մեծցած է Այթապ քաղաքին մէջ, որ այսօր թուրքերը կ՚անուանեն՝ Կազիանթէփ (Թրքերէն՝ Gaziantep)։ Մեծ Եղեռնին յաջորդած տարիներուն, Այնթապի մէջ (օսմանեան կայսրութեան գրաւումի օրերուն ալ դեռ այսպէս կը կոչուէր քաղաքը) Հայկական հետքը ոչ միայն ջնջուեցաւ, այլ փոխարինուեցաւ բոլորովին ուրիշ ներկայութեամբ մը, անոր համար արդէն Կազիայնթէփ դարձած քաղաքը սովորական քաղաքի մը կերպարանքն ունէր, ինչպէս ոեւէ մէկուն այնպէս ալ Տոքթոր Քուրթ-ի աչքերուն։ Իւմիթ Քուրթ-ը կ՚ապշի երբ կը տեղեկանայ թէ իր քաղաքը ատենօք ունէր ստուարաթիւ եւ գործունեայ Հայ բնակչութիւն։[1]

Գիրքին Աղբիւրները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տոքթոր Իւմիթ Քուրթ-ը Այնթապի Հայերը գիրքը շարադրած է օգտուելով Հայկական, օսմանական, թրքական, Պրիթանական եւ Ֆրանսական արխիւներէն, ինչպէս նաեւ յիշատակագիրներէ, անձնական օրագիրներէ, բանաւոր տեղեկագրութիւններէ, եւ նոր յայտնաբերուած կալուածներու լուծարումի արձանագրութիւններ։ Ասոնք բոլորը միատեղուած կը ներկայացնեն ցեղասպանութեան անգին տեղեկագրութիւն մը։[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 «Educational Resources -- The Armenians of Aintab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province»։ www.armenian-genocide.org։ արտագրուած է՝ 2023-06-11 
  2. The Lost Armenians of Gaziantep - The provenance of a house reveals a sordid history of oppression. New Lines Magazine