Սէլիմ Տէրինկիլ

Սէլիմ Տէրինկիլ կա Սէլիմ Մէhմէթ Տէրինկիլ (Թրքերէն՝ Selim Mehmet Deringil), (1951[1][2][3]) Թուրք կաճառական (Անգլերէն՝ Academic) եւ պատմութեան ուսուցչապետ (Անգլերէն՝ Professor)` «Պոսֆորի» (Թրքերէն՝ Boğaziçi) ու «Լիբանական-Ամէրկեան» (LAU) համալսարաններէն ներս։ [4] Ան այն սակաւաթիւ Թուրք մտաւորականներէն մէկն է, որ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:[5]

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տէրինկիլ իր վարդապետութեան տիտղոսը (Անգլերէն՝ P.H.D, Doctorate) կը ստանայ «Արեւելեան Անգլիա Համալսարան»-էն (UEA) 1979 թուականին, եւ նոյն թուականին կը միանայ Պոսֆորի համալսարանին։ Տէրինկիլ իր վարդապետութեան տիտղոսը (Անգլերէն՝ P.H.D, Doctorate)[6] կը ստանայ «Արեւելեան Անգլիա Համալսարան»-էն (UEA) 1979 թուականին, եւ նոյն թուականին կը միանայ Պոսֆորի համալսարանին։ Ան «Ուշ Օսմանական Պատմութեան», «Օսմանական Իսլամի/Մահմետականութեան», եւ «Օսմանա-Եւրոպական Յարաբերութեանց» երեւելի դասախօս է։ Ան դասախօսած է Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներուն, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Պաղեստինի մէջ։ Ան գրած է այլեւայլ յօդուածներ, «Օսմանեան Կայսրութեան Անկում»-ին եւ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան» մասին։

2001 թուականին, իր գիրքերէն «Լաւ Պաշտպանուած Տիրոյթները` Գաղափարախօսութիւնն ու Ոյժի Օրիկանացումը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, 1876-1909», կ՚արժանանայ «Թրքական Հետազօտութիւններու (Թրքագիտութեան) Ընկերակցութեան»՝ «Ֆուատ Քօփրուլու» (Թրքերէն՝ Fuad Köprülü) մրցանակին։[7]

ՏԵ՛ս Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. (unspecified title) — 2005.
  2. NUKAT — 2002.
  3. AlKindi (Դոմինիկյան Արևելագիտության ինստիտուտի առցանց կատալոգ)
  4. «Faculty and Staff»։ Lebanese American University։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 1 May 2019-ին։ արտագրուած է՝ 1 May 2019 
  5. Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Armenian Genocide 13- Selim Deringil "․․․Deringil is one of the few Turkish historians who openly accept the Armenian Genocide." Gagrule.net
  6. Selim Deringil Բոսֆորի Համալսարանի կայքէջ - Պատմաբանութեան Բաժին
  7. LAU professor wins prestigious book prize LAU-News Lebanese American University - الجامعة اللبنانيّة الأميركيّة