Jump to content

Սասնոյ Ջարդերը

Գիւմրի (նախկին Ալեքանդրապոլ եւ Լենինական) ապաստանած Սասունցի որբեր

Սասնոյ Ջարդերը կամ Սասունի Կոտորածները 1890-ականներու Համիտեան ջարդերուն եւ Մեծ Եղեռնի (1915-ի Հայերու Ցեղասպանութեան) ընթացքին տեղի ունեցաց, բազմաթիւ զանգուածային սպանութիւններն են, որոնք գործադրուեցան օսմանեան կայսրութեան գրաւումին տակ գտնուող Սասունի շրջանին մէջ (այժմու թուրքիոյ հանրապետութեան արեւելեան մասին մէջ գտնուող)։

ՌՊՂԴ (1894) թուականին «Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ․»-ն սկսաւ թիրախաւորել Հայերը, ճամբան բանալով Համիտեան Ջարդերուն։ Այս հալածանքները Հայերուն մէջ ամրապնդեցին ազգային զգացումները։ Սասնոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական դիմադրութեան կողմէն վարուած առաջին նշանաւոր ճակատամարտը։ Հնչակեան (ՍԴՀԿ) գործիչները որոնցմէ կարելի է յիշել Միհրան Տամատեանն ու Համբարձում Պօյաճեանը խրախուսեցին Հայերուն դիմադրութիւն ցուցաբերել օսմանցիներուն բանեցուցած հալածանքներուն եւ կրկնակի հարկերուն։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը զինեց այս շրջանի Հայերը։ Սասնոյ մէջ, Հայերը ճակատեցան օսմանեան բանակին ու քրտական անկանոն զինեալներուն, ի վերջոյ տեղի տալով թշնամեաց անհամաչափ թիւերուն եւ ընդհանուր ներումի թուրքերուն խոստումներուն որոնք երբեք չիրականացան։[1]

Ի պատասխան Սասնոյ ցուցաբերած դիմադրութեան, Մշոյ կառավարիչը (թրքական գրաւումին) սկսաւ այդ շրջանի Մահմետականներուն դրդել Հայերուն դէմ։ Պատմաբան Փաթրիք Պալֆօր (Անգլերէն՝ Patrick Balfour, կամիր ընտանեկան տիտղոսով՝ Լորտ Քինրօս, Lord Kinross) կը գրէ թէ այսպիսի ջարդեր յաճախ տեղի կ՚ունէնային թուրքերը մզկիթներուն մէջ հաւաքելով եւ կեղծօրէն յայտարարել թէ Հայերը նպատակ ունին «հարուածել Իսլամը»։[2]

Հետեւեալ յայտարարութիւնը 1895-ի Օգոստոսի 30-ին ըրած է «Հայ Օգնութեան Հիմնադրամ»-էն (Անգլերէն՝ Armenian Relief Fund) «Էտուըրտ Աթքին»-ը (Անգլերէն՝ Edward Atkin)։[3]

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մեր գործակալը ներկայացուցած է զեկոյցներ, որոնք կ՚ապացուցեն այն պնդումները որ օսմանական կառավարութիւնը մտադրութիւն ունի Սասունի Հայերը բռնի տեղահանել։ Խնամակալ յանձնաժողովը (Անգլերէն՝ Committee) կը փափաքի «Լորտ Սալսպըրի»-ի (Անգլերէն՝ Lord Salisbury) ուշադրութիւնը հրաւիրել այն վախազդու եւ ահռելի իրավիճակին որ ստեղծուեցաւ Թրքական պաշտօնեաներու արարքներէն։

«Սուլթան Ապտ Ուլ-Համիտ Բ․(երկրորդ)»-ը օսմանական բանակը ղրկեց Սասնոյ շրջանը, նաեւ զինեց քրտական անկանոն խմբաւորումները։ Անոնք տարածեցին բռնութիւնը եւ այս մէկը ազդեցութիւն ունեցաւ օսմանեան գրաւումին տակ գտնուող Հայկական աւաններուն մեծ մասին վրայ։[4]

Հետաքննութիւններէն ետք, Եւրոպական առաքլեութիւնը եզրակացուց թէ Հայերը յանցաւոր չէին, այլ ինքնապաշտպանութեան դիմած էին։ Այս առաքելութիւնը կոչ ըրաւ սուլթանին իրականացնել եւ ի կատար ածել այն բարեփոխումները որոնք նախապէս խոստացած էր։[5]

Կարգ մը օսմանեան պաշտօնեաներ դէմ կանգնեցան ահաբեկչութեան եւ ջարդերու հրահանգներուն։ «Խլաթ»-ի (Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, հիմա կը ճանչցուի որպէս Ահլաթ, ) Իպրահիիմը բռնութեանց մասին կը տեղեկագրէ Պրիթանացիներուն, մինչ Մշոյ Ճէլալէտտին Պէյը (երբեմն կը գրուի Բէյ) զեկոյց մը կը գրէ, քննադատելով Հայերուն դէմ զինուած ոյժերուն կիրառումը, եւ կը նշէ, որ 10,000 մարդ սպաննուած էր։ Որոշ ժամանակ մը ետք Ճէլալէտտինին տեղափոխել կու տան ապա պաշտօնանկ կ՚ընեն։[6]

ՍԴՀԿ-ի Ֆիտայապետ՝ Մեծն Մուրատ (Համբարձում Պօյաճեան)։ Ան խումբ մը Հայ Ֆիտայինէր կը ղեկավարէր, Սասնոյ պաշպանութեան ժամանակ։

Պրիթանիոյ փոխհիւպատոս «Շիփլի»-ի (Անգլերէն՝ Shipley) զեկոյցին մէջ կը կարդանք․

Հայերը ջարդուեցան առանց խտրութեան (տարիքի կամ սեռի), անոնց որսացին ինչպէս վայրի գազանները։ Անոնք սպաննուեցան ամէնուր։ Ասիկա կեղծ ապստամբութեան մը զսպում չէր, այնպէս ինչպէս թրքական իշխանութիւնները կը ցանկային անուանել, այլ Սասնոյ Հայերուն պարզ եւ յստակ բնաջնջումն էր։[7]

Օսմանեան կայսրութիւնը անկում կ՛ապրէր, եւ իշխող Երիտ Թուրքերը Հայերուն սպառնալիք կը համարէին, իրենց «միասնական թրքական պետութեան» տեսլականին։ 1915 թուականին, օսմանեան կառավարութիւնը Հայերը բնաջնջելու համակարգուած արշաւին սկիզբը դրաւ։ Այս արշաւանքին երեւոյթներն էին զանգուածային աքսորը, բռնի քայլարշաւները, ջարդերն ու կոտորածները։[8] Սասնոյ կոտորածը (կամ Սասնոյ ջարդը) այս արշաւանքի ամէնածանր դէպքերէն էր։ Օսմանական կառավարութիւնը տարածաշրջան գործուղեց խոշոր ռազմական ոյժեր, որո նք սկսան կարգաւ (համակարգուած կերպով) հարցակիլ Հայկական գիւղերուն եւ աւաններուն վրայ:

Բաշի-բոզուկները չլսուած վայրագութիւններ գործեցին։ Կիներուն կ՛առեւանգէին, իրենց կուծքերը կը կտրէին, փորերը կը բանային, փոքրիկներուն կը ցցահարէին (թրքերէն՝ Kazığa oturtma կամ kazık, օսմանական-թրքերէն՝ قازیق, արաբերէն՝ خازوق), ալեւորներուն կ՛անդամահատէին ու կտոր-կտոր կ՛ընէին։ Անհաշուելի թիւով երիտասարդ աղջիկներ տարին․․․ Մայիսի 5-էն ի վեր, թրքական բանակները բնաջնջեցին Հայկական գիւղերը, մէկը միւսին ետեւէն՝ Բերդախի, Մկրագոմի, Ալիկրփոյի, Աւազաղբիւրի, Առնիստիի շրջաններուն մէջ։[9]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Kurdoghlian, Mihran (1996). Պատմութիւն Հայոց [History of Armenia] (in Armenian). Vol. III. Athens: Council of National Education Publishing. pp. 42–44.
  2. Lord Kinross (1977). The Ottoman Centuries: The Rise and Fall of the Turkish Empire. New York: Morrow, p. 559.
  3. Tuscan, Michelle (2017). The British Empire and the Armenian Genocide Humanitarianism and Imperial Politics from Gladstone to Churchill. p. 3.
  4. Hovannisian, Richard G (1997). "The Armenian Question in the Ottoman Empire, 1876–1914" in The Armenian People From Ancient to Modern Times, Volume II: Foreign Dominion to Statehood: The Fifteenth Century to the Twentieth Century. Ed. Richard G. Hovannisian. New York: St. Martin's Press, p. 223. ISBN.
  5. David P Forsythe. Encyclopedia of Human Rights (1ed.). p.93.
  6. Morris, Benny. The Thirty-Year Genocide - Turkey's Destruction of Its Christian Minorities, 1894–1924. p.56.
  7. Gordon Severance, Diana Severance (2012). Against the Gates of Hell The Life & Times of Henry Perry, a Christian Missionary in a Moslem Land. p.214.
  8. Suny, Ronald. "Armenian Genocide History".
  9. Correspondence on events in Sasun. May 22, 1904//Sassoun et les atrocités hamidiennes, interpellation. Les atrocités. Rapport officiel. Genéve, 1904, p. 27–32.