Ալեքսանդր Թամանեանի Անուան Ազգային Ճարտարապետութեան Թանգարան-Հիմնարկ

Ալեքսանդր Թամանեանի Անուան Ազգային Ճարտարապետութեան Թանգարան-Հիմնարկ
Տեսակ Թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Հիմնադրուած է 1990
Տնօրէն Մարկ Գրիգորյան?[1]
40°10′39″N 44°30′59″E / 40.1773823°N 44.5164325°E / 40.1773823; 44.5164325
Կայքէջ archmuseum.am
Քարտէս
Քարտէս


Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկ, հիմնուած է ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ 1990-ին իբրեւ «Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկ»՝ հիմնադիր տնօրէն, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան։ ՀՀ կառավարութեան 31 Մարտ 2016-ի N 350-Ն որոշմամբ «Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը վերանուանուած է «Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան[2][3]:

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր տեսակի մէջ ինքնատիպ գիտա-մշակութային հաստատութիւն է, ուր կը հաւաքուին ճարտարապետութեան, քաղաքաշինութեան եւ շինարուեստի պատմութեան, տեսութեան եւ գործնականին վերաբերող տարաբնոյթ նիւթեր։ Թանգարանի գործունէութեան առանձին մաս են Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ստեղծագործած եւ ստեղծագործող հայ ճարտարապետներու եւ շինարար-ճարտարագէտներու գործունէութիւնը ներկայացնող բազմաբնոյթ նիւթերը։ Թանգարանին մէջ հաւաքուած նիւթերը ուսումնասիրուելէ ետք կը գրանցուին եւ կ՚առնուին պետական պահպանութեան ներքոյ։

Թանգարանը գիտա-հետազօտական մշակութային հաստատութիւն է եւ կը զբաղուի գիտական, հրատարակչական, գիտա-մեթոդական գործունէութեամբ, կը կազմակերպէ ցուցահանդէսներ (նաեւ արտերկրի մէջ, կը մասնակցի հանրապետութեան գիտա-մշակութային եւ ուսումնական ծրագրերու զարգացման գործընթացին։ Թանգարանը, գիտական եւ ստեղծագործական կապեր հաստատելով, կը համագործակցի ինչպէս հանրապետութեան, այդպէս ալ արտերկրի նմանատիպ մշակութային կեդրոններու, թանգարաններու, գիտա-ուսումնական հիմնարկներու եւ անհատ ճարտարապետներու հետ։

Թանգարանի լրիւ անուանումն է «Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն (ՊՈԱԿ), կրճատ՝ ՃԱԹԻ։ Թանգարանը ունի իր տարբերանշանը (հեղինակ՝ Հ. Սամուէլեան)։

Ցուցադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանի ներքին կահաւորանք
Ֆոնդարան

Թանգարանի ֆոնդարանին մէջ կը պահպանուին աւելի քան 6830 անուն արխիւային նիւթեր, ֆոնդերէն կարելի է օգտուիլ ամէն օր 11.00-16.00-ին, բացի Երկուշաբթի, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն։ Ֆոնդային նիւթերէն պատճէններու տրամադրումը վճարովի է։

Գրադարան

Թանգարանի գրադարանին մէջ ամբարուած է 2800 անուն գրականութիւն։ Գրականութեան սպասարկումը կը կատարուի տեղը, պահանջուող նիւթի պատճէնահանման, ֆոտոլուսանկարման եւ այլ ծառայութիւնները վճարովի են։

Միջոցառումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալեքսանդր Ա․ Սահինեանի դիմաքանդակը, քանդակագործ` Սամուէլ Ղազարեան

Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին ինչպէս անհատական, այդպէս ալ խմբակային ցուցահանդէսներ (գեղանկարչական, գրաֆիկական, ճարտարապետական եւ այլն), մրցոյթներ, շնորհանդէսներ, սեմինարներ, դասախօսութիւններ, գիտաժողովներ։ Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին նաեւ շրջիկ ցուցահանդէսներ։

Վերջին տարիներու ընթացքին հայ ճարտարապետութեան նուիրուած ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են Գիւմրիի, Գորիսի, Գաւառի, Ալաւերդիի, Արտաշատի, Վանաձորի, Արցախի մէջ։ Ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են նաեւ Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Փորթուկալի, Յունաստանի, Քանատայի, Ռուսիաի մէջ։

Ցուցադրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թորոս Թորամանեանի դիմաքանդակը, քանդակագործ` Ռուզան Քիւրքչեան

1996-էն սկսած Հայաստանի ճարատարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկը Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ կազմակերպուող «Վենետիկեան ճարտարապետական պիեննալէ» ցուցահանդէսներուն կը մասնակցի՝ ներկայացնելով հայ ճարտարապետներուն եւ հայ ճարտարապետութիւնը

  • 1998 Սպիտակի երկրաշարժի 10-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս
  • 1999 Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք հռչակման 1700 - ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, որ յետագային 2001-ին վերաբացուեցաւ «Հայ միջնադարեան ճարտարապետութիւնը եւ մշակոյթը» խորագրով
  • 2001 Անիի Մայր տաճարի օծման 1000 - ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս եւ Փետրուար-Մարտ 2013-ին Անիի 1050 - ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս Քանատայի մէջ
  • 2004 Սթամպուլահայ նկարիչ Արա Գիւլէրի լուսանկարչական աշխատանքներու առաջին ցուցադրութիւնը Երեւանի մէջ
  • 2004 Իրանահայ ճարտարապետ Վարուժան Առաքելեանի «Իրանի տարածքի հայկական վանքային համալիրներու վերակառուցման աշխատանքներու արդի վիճակը» թեմայով ցուցադրութիւն եւ սեմինար
  • 2004 «Տարուայ նախագիծ եւ կառոյց» ամէնամեայ մրցոյթ-ցուցահանդէս, 2011-ին վերանուանուած է «Երեւանեան ճարտարապետական Բիեննալէ»
  • 2007 Քանդակագործ Արտաշէս Յովհաննիսեանի աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը
  • 2007 «Աշխարհի 100 ստեղծագործողները» խորագրով ցուցահանդէս Փարիզի մէջ
  • 2008 Ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայելեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած անհատական ցուցահանդէս
  • 2009 Սփիւռքահայ ճարտարապետներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս
  • 2009 Ճարտարապետ Արմէն Զարեանի 95-ամեակին նուիրուած անհատական ցուցահանդէս, որ 2012-ին ցուցադրուած է Վանաձորի մէջ
  • 2010 Հոլանտացի նկարիչ Ռալֆ Հայնենի գեղանկարչական աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէս
  • 2011 «Արեւմտականացող Սթամպուլի հայ ճարտարապետներ» խորագրով ցուցահանդէս Երեւանի, Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ
  • 2012 «Նկարում են հայ ճարտարապետները» խորագրով ցուցահանդէս
  • 2013 Ճարտարապետ Ռոմէօ Ջուլհակեանի 75 - ամեակին նուիրուած հետմահու առաջին անհատական ցուցահանդէս

Հասցէ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնo՝ Կառավարական 3-րդ շէնքին մէջ։


Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]