Փապլօ Փիքասօ

Փապլօ Փիքասօ
սպ.՝ Pablo Picasso
Ծննդեան անուն Փապլօ Տիէկօ Խօսէ Ֆրանսիսքօ տէ Փաուլա Խուան Նեփոմուեսենօ Մարիա տէ լոս Ռեմետիոս Սիփրիանօ տէ լա Սանթիսիմա Թրինիտատ Մարթիր Փաթրիսիօ Քլիթօ Ռուիթ ի Փիքասօ
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Pau de Gósol[1]
Ծնած է 25 Հոկտեմբեր 1881(1881-10-25)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Մալակա, Անտալուսիա, Սպանիա[5][6][7][…]
Մահացած է 8 Ապրիլ 1973(1973-04-08)[5][3][4][…] (91 տարեկանին)
Մահուան վայր Mas Notre-Dame-de-Vie de Mougins, Ալբ Մարիթիմ, Ֆրանսա[5][7][8]
Քաղաքացիութիւն  Սպանիա[9][10][7]
Ազգութիւն Սպանացի[7]
Մայրենի լեզու Սպաներէն
Կրօնք Աթէիզմ եւ Կաթոլիկ (դաւանանքին չհետեւող)
Ուսումնավայր Սան Ֆերնանտոյի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիա
Փապլօ Փիքասօ Արուեստի Բարձրագոյն Դպրոց
Ազդուած է Անրի Ռուսօ[11], Փոլ Սեզան[12], Ափրիկեան քանդակագործութիւն[12] եւ Մարիա Պրիմաչենկո?[13]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Կեռնիքա, Աւինիոնի աղջիկները (կտաւ), Շիքակօ Փիքասօ, Երեք երաժիշտները, Գիտութիւն եւ բարեգործութիւն, Ծխամորճով տղան եւ Կոտորած՝ Քորիայի մէջ
Տեսակ գեղանկարիչ, քանդակագործ, քանդակագործութիւն, գծանկարչութիւն, խեցեգործութիւն, ձեւաւորող, Առարկայական գեղանկարչութիւն[14], ինքնապատկեր?[7], դիմապատկեր[7], Մերկ պատկերներ[7], Մարդապատկեր[7], պատմական գեղանկարչութիւն[7], դիցաբանական գեղանկարչութիւն[7], այլաբանութիւն[7], Անիմալիստիկա?[7], աբստրակցիոնիզմ?[7], Բնանկար[7], ծովանկար[7], լուռ բնութիւն[7] եւ սնափառություն?[7]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, քանդակագործ, կրաֆիք տիզայնըր, նկարիչ-փորագրող, պարուսոյց, խեցեգործ, Որմազդներ նկարող, նկարազարդող, լուսանկարիչ, հագուստ ձեւաւորող, ձեւաւորող, ակնագործ, գծանկարիչ, գծագրող, muralist, assemblage artist, collagist, բեմանկարիչ, գծագրիչ, հեղինակ
Վարած պաշտօններ Մատրիտի Փրատօ թանգարանի տնօրէն
Անդամութիւն Արեւելեան Գերմանիոյ Արուեստներու ակատեմիա եւ Գեղարուեստի Կաճառ
Կուսակցութիւն Ֆրանսայի Համայնավար Կուսակցութիւն
Ամուսին Օլկա Խոխլովա[15] եւ Ժագլին Ռոք
Ծնողներ հայր՝ Խոսէ Րուիթ ի Պլասքօ, մայր՝ Մարիա Փիքասօ ի Լոփեզ
Երեխաներ Փաուլօ Ռուիս Փիքասօ, Մայիա Ուէյտմայըր-Փիքասօ, Քլոտ Փիքասօ եւ Փալոմա Փիքասօ
Ստորագրութիւն

Փապլօ Փիքասօ (սպ.՝ Pablo Picasso, 25 Հոկտեմբեր 1881(1881-10-25)[2][3][4][…], Մալակա, Անտալուսիա, Սպանիա[5][6][7][…] - 8 Ապրիլ 1973(1973-04-08)[5][3][4][…], Mas Notre-Dame-de-Vie de Mougins, Ալբ Մարիթիմ, Ֆրանսա[5][7][8]), Սպանացի գեղակարիչ, գծանկարիչ, քանդակագործ:

Կեանքին մեծ մասը ապրած է Ֆրանսայի մէջ։ Ծանօթ է իբրեւ խորանարդապաշտ շարժումի հիմնադիր (Cubist movement)։ Կիրարկած է բազմազան ոճեր՝ նպաստելով այդ ոճերուն զարգացման։ Փիքասօ կանուխէն դրսեւորած է արուեստի ընդունակութիւններ՝ իր մանկութեան եւ երիտասարդութեան շրջանին հետեւելով իրապաշտ ոճին։ Սակայն Ի. դարու առաջին կէսին անոր ոճը կը փոխուի նոր տեսութիւններու, գաղափարներու եւ արհեստագիտական միջոցներու ազդեցութեան տակ։ Փիքասօ իր գեղարուեստական իրագործումներով կ'արժանանայ միջազգային ճանաչումի եւ կը դառնայ Ի. դարու արուեստի ամէնէն ականաւոր դէմքերէն մէկը։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեանքին կանուխ շրջանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիքասօ ծնած է 25 Հոկտեմբեր 1881-ին, Սպանիոյ Անտալուզիա շրջանի Մալակա քաղաքին մէջ (գեղանկարիչին ամբողջական անունը, ըստ մկրտութեան փաստաթուղթին բաղկացած է 23 անուններէ՝ Փապլօ Տիէկօ Խոսէ Ֆրանսիսքօ տէ Փաուլա Խուան Նեփոմուեսենօ Մարիա տէ լոս Ռեմետիոս Սիփրիանօ տէ լա Սանթիսիմա Թրինիտատ Մարթիր Փաթրիսիօ Քլիթօ Ռուիթ ի Փիքասօ[16] (Pablo Diego José Francisco de Paula Juan Nepomuceno María de los Remedios Cipriano de la Santísima Trinidad Ruiz y Picasso): Ան Տոն Խոսէ Ռուիզ ի Պլասքոյի (Don José Ruiz y Blasco) եւ Մարիա Փիքասօ ի Լոփեզի (María Picasso y López) անդրանիկ զաւակն էր։ Փիքասոյի ընտանիքը կը պատկանէր միջին խաւին։ Հայրը յատկապէս թռչուններ պատկերելու մասնագէտ գեղանկարիչ էր։ Ռուիզ «Քրաֆթ» արուեստի դպրոցին մէջ փրոֆեսէօր էր եւ տեղւոյն թանգարանին վարիչը։ Ռուիզի նախնիները աղքատ ազնուականներ էին։

Տունը, ուր ծնած է Փիքասօ (Մալակա)

Փիքասօ գեղանկարչական հակումներ ցոյց տուած է կանուխ տարիքէն։ Ըստ մօրը` Փիքասոյին առաջին բառը եղած է “piz, piz” (lapiz բառէն), այսինքն՝ մատիտ։ Փիքասօ 7 տարեկանին կը սկսի նախնական կրթութիւնը ստանալ իր հօրմէն, որուն քով կը սորվի նմուշներ գծել եւ իւղանկարել։ Ռուիզ աւանդական, ակադեմական գեղանկարիչ էր եւ ուսուցիչ, որ կը հաւատար, թէ ճիշդ ուսուցումը կը պահանջէր վարպետներու կատարելագործած օրինակներու հետեւողութեամբ ձեւաւորել մարդկային մարմինի պատկերներ` օգտագործելով տարբեր հում նիւթեր, ինչպէս նաեւ` գծել իրական կեանքէն պատկերներ։

1891-ին Փիքասոյի ընտանիքը կը տեղափոխուի Լա Քորունիա (La Coruña), ուր Ռուիզ կը դառնայ կերպարուեստի դպրոցի փրոֆեսէօր։ Այնտեղ կ'ապրին շուրջ 4 տարի։ Կ'ըսուի, թէ օր մը, երբ Ռուիզ կը տեսնէ Փիքասոյի ուրուագծած անաւարտ աղաւնիի մէկ պատկերը եւ կը բացայայտէ անոր արհեստագիտական ճշգրտութիւնը, կը զգայ, թէ իր 13-ամեայ զաւակը գերազանցած է զինք եւ կը մտածէ հրաժարիլ գեղանկարիչի իր ասպարէզէն։

1895-ին կեղծմաշկի հիւանդութենէ կը մահանայ Փիքասոյի 7 տարեկան քոյրը՝ Քոնչիթան։ Անոր մահէն ետք ընտանիքը կը տեղափոխուի Պարսելոնա (Barcelona): Ռուիզ կը համոզէ ակադեմիոյ իր աշխատակիցները, որպէսզի արտօնեն իր զաւկին քննութիւններ տալու՝ սովորական կարգէն աւելի բարձր կարգի ուսման հետեւելու համար։ Սովորաբար քննութեան պատրաստութիւնը ուսանողներէն կը խլէ մէկ ամիս, մինչդեռ Փիքասոյէն կը խլէ միայն մէկ շաբաթ։ Յանձնաժողովը ակադեմիա կ'ընդունի 13-ամեայ Փիքասոն։ Սակայն պատանին զերծ չէր կարգապահական հարցերէ։ Այնուամենայնիւ, կը հաստատէ բարեկամութիւններ, որոնք հետագային ազդեցութիւն պիտի ունենային իր կեանքին վրայ։ Փիքասոյի հայրը իրենց տունէն ոչ շատ հեռու սենեակ մը կը վարձէ, որպէսզի զաւակը կարենայ առանձին աշխատիլ։ Օրուան ընթացքին Ռուիզ յաճախ կը ստուգէր եւ կը գնահատէր իր զաւկին աշխատանքները։

Փիքասոյի հայրը եւ հօրեղբայրը կ'որոշեն երիտասարդ գեղանկարիչը ղրկել Մատրիտի Սան Ֆեռնանտոյի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիան (Real Academia de Bellas Artes de San Fernando), որպէսզի ան քաղաքին լաւագոյն արուեստի դպրոցին մէջ շարունակէ իր ուսումը։ Տասնվեց տարեկան հասակին Փիքասօ առաջին անգամ ըլլալով առանձին կը ճամբորդէ, բայց չի հաւնիր կանոնաւոր ուսուցման ձեւը եւ նիշերը ստանալէ ետք կը դադրի ակադեմիա յաճախելէ։ Սակայն Մատրիտի մէջ ան կը գտնէ այլ հետաքրքրութիւններ, ինչպէս՝ Փրատոյի (Prado) գեղանկարիչներու տունը։ Փիքասոյի յատկապէս կը հրապուրէին Էլ Կրեքոյի (El Greco) գործերը։ Այս գեղանկարիչին բնորոշ յատկանիշները, ինչպէս` երկարացուած վերջաւորութիւնները, գրաւիչ գոյները եւ դէմքի խորհրդաւոր արտայայտութիւնները հետագային կ'արտացոլան Փիքասոյի գործերուն մէջ։

Գործունէութեան սկիզբը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոտիլիանի, Փիքասօ եւ Անտրէ Սալմոն (1916)

1900-ին Փիքասօ կը կատարէ իր առաջին ճամբորդութիւնը դէպի Փարիզ, որ այդ օրերուն կը համարուէր Եւրոպայի արուեստի մայրաքաղաքը։ Հոն կը հանդիպի իր առաջին փարիզեցի ընկերոջ՝ լրագրող եւ բանաստեղծ Մաքս Ճէյքըպին (Max Jacob), որ իրեն կ'օգնէ սորվելու ֆրանսերէն լեզուն եւ գրականութիւնը։ Շուտով անոնք կը բնակին միեւնոյն սենեակին մէջ, ուր Մաքս կը քնանար գիշերը, երբ Փիքասօ կ'աշխատէր, իսկ Փիքասօ կը քնանար ցերեկը։ Սովի, աղքատութեան, ցուրտի եւ անյուսութեան օրեր էին։ Փիքասոյէն բազմաթիւ գործեր հրկիզուած են այդ օրերուն, երբ կը փորձէին տաք պահել փոքր սենեակը։

1901-ի առաջին հինգ ամիսները Փիքասօ կ'ապրի Մատրիտի մէջ, ուր իր ընկերոջ` Ֆրանսիսքօ տը Ասիս Սոլերի (Francisco de Asís Soler) հետ կը հիմնէ «Նոր արուեստ» սրահը, որուն մէջ կը կազմակերպուի հինգ ցուցահանդէս: Այդ օրերուն գեղանկարիչը կը սկսի իր գործերուն տակ պարզապէս ստորագրել Փիքասօ, իսկ մինչ այդ կը ստորագրէր Փապլօ Ռուիզ Փիքասօ (Pablo Ruiz Picasso):

Անձնական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի. դարու սկիզբը Փիքասոյի կեանքը կը բաժնուի երկու շրջանի. Պարսելոնեան եւ Փարիզեան։

Փիքասօ բազմաթիւ գործեր նուիրած է իր կիներուն, որոնք թիւով քիչ չէին։ Անոնց շարքին էին պարուհի Օլկա Խոխլովա, Մարի Թէրէզ Ուոլթըր, Ժագլին Ռոք, ֆրանսացի ուսանող Ֆրանսուա Կիլօ (որ 40 տարի փոքր էր Փիքասոյէն, բայց իր տաղանդաւոր սիրեկանէն ունէր զաւակներ), Եւա Կուէլ եւ ուրիշներ[17]:

1904-ին Փիքասօ կը հանդիպի պոհեմիացի գեղանկարիչ Ֆերնանտէ Օլիւըրին։ Սակայն որոշ յաջողութիւն եւ ճանաչում ստանալէ ետք կը լքէ Օլիւըրը, երբ կը ծանօթանայ Մարշէլ Համպերթի, զոր կը կոչէր Եւա Կուէլ: Փիքասօ իր խորանարդապաշտ գործերուն մէջ թաքցուցած է սիրոյ խոստովանութիւններ` ուղղուած Եւային։ 1915-ին, 30 տարեկանին, Եւա կը մահանայ հիւանդութեան պատճառով։ Փիքասօ կը սգայ իր սիրած կնոջ վաղաժամ մահը։

Ա.Աշխարհամարտէն ետք Փիքասօ բարեկամական յարաբերութիւններ կը հաստատէ Ճին Քուքթեաուի, Ճին Հիւկոյի, Խուան Գրիսի եւ ուրիշներու հետ։ 1918-ի ամրան կ'ամուսնանայ պալէի պարուհի Օլկա Խոխլովայի հետ։ Խոխլովա Փիքասոն կը ծանօթացնէ ընկերային վերնախաւին։ Պաշտօնական ճաշկերոյթները եւ ընկերային վերնախաւին բնորոշ նրբութիւնները կը թափանցեն Փիքասոյի կեանքին մէջ։ Փիքասօ եւ Օլկա ունէին զաւակ մը՝ Փիքասոն, որ իր հօր վարորդն էր։ Խոխլովայի ընկերային բարձր դիրքը կը հակասէր Փիքասոյի պոհեմիական կեանքին, եւ անոնք մշտական բախումի մէջ էին։ Նոյն ժամանակներուն Փիքասօ կը գործակցի Տիակիլեւի խումբին հետ։

Մահը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փապլօ Փիքասօ կը մահանայ 8 Ապրիլ 1973-ին, Ֆրանսայի մէջ, այն պահուն, երբ իր կնոջ՝ Ժագլին Ռոքի հետ կը դիմաւորէր ճաշկերոյթի եկած հիւրեր։ Անոր վերջին խօսքերն էին. «Խմեցէ՛ք կենացս, խմեցէ՛ք առողջութեանս համար, գիտէք, որ այլեւս չեմ կրնար խմել»:

Քաղաքական Հայեացքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատերազմներու նկատմամբ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

հակապատերազմական քանի մը գեղանկարներ արտադրելէ անկախ` Փիքասօ չէզոք դիրք կ'որդեգրէ Ա. Աշխարհամարտին, Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին եւ Բ. Աշխարհամարտին։ Ան կը հրաժարի միանալ որեւէ կողմի բանակին։ 1937-ին, երբ բռնկեցաւ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմը, Փիքասօ տարիքով 50-ը անց էր, իսկ Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը տարիքով այնքան մեծ էր, որ չէր կրնար զինուորագրուիլ։ Իբրեւ Ֆրանսա բնակող սպանացի, ան որեւէ ձեւով պարտաւոր չէր կռուիլ գերմանացիներուն դէմ։ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին, արտասահմանի մէջ ապրող սպանացիներուն համար զինուորական ծառայութիւնը ընտրովի էր. կամաւորներ կրնային երկիր վերադառնալ` որեւէ ջոկատի միանալու համար։

Թէեւ Փիքասօ իր զայրոյթը կ'արտայայտէ իր արուեստին ընդմէջէն` դատապարտելով Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոն եւ ֆաշականները, սակայն զէնք չի բարձրացներ անոնց դէմ։ Ան նաեւ կը մեկուսանայ Քաթալունիայի (սպ․ Cataluña, քաթալաներէն՝ Catalunya) անկախութեան շարժման օրերուն, ընդհանուր զօրակցութիւն ցուցաբերելով եւ ընկերական յարաբերութիւններու մէջ ըլլալով շրջանի ընդդիմադիրներուն հետ։

ԽՍՀՄ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1944-ին Փիքասօ կը միանայ Ֆրանսայի համայնավար կուսակցութեան, կ'անդամակցի Լեհաստանի մէջ Միջազգային խաղաղութեան համագումարին, իսկ 1950-ին Խորհրդային կառավարութեան կողմէ կը ստանայ «Ստալին»֊ի խաղաղութեան մրցանակը։ 1962-ին Փիքասոյի նաեւ կը շնորհուի Լենինի անուան խաղաղութեան մրցանակը։

Համայնավար կուսակցութիւնը կը քննադատէ Փիքասոյի գծած Ստալինի դիմանկարը, նշելով հետաքրքրութեան պակաս` համայնավար քաղաքականութեան նկատմամբ։ Այսուհանդերձ, մինչեւ իր մահը Փիքասօ կը շարունակէ մնալ համայնավար կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ։ 1945-ին Ճերոմէ Սեքլըրին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին Փիքասօ ըսած է. «համայնավար եմ եւ գեղանկարներս համայնավարական են: Ինչ փոյթ, թէ Համայնավար եմ, արքայական կօշկակար, թէ` այլ բան։ Միեւնոյնն է, կարիքը չեմ զգար կօշիկներս գծելու յատուկ ձեւով` ցոյց տալու համար քաղաքական համոզումս»:

1940-ական տարիներուն Փիքասոյի երբեմնի բարեկամը` բանաստեղծ եւ հակաստալինական Անտրէ Պրեթոն (André Breton) մերժած է թօթուել Փիքասոյի ձեռքը։ Ան Փիքասոյի ըսած է. «Համաձայն չեմ,որ միացած ես համայնավար կուսակցութեան, ո՛չ ալ կը բաժնեմ ազատագրումէն ետք մտաւորականները արդարացնելու մօտեցումդ»:

Մոսկուա քարոզչութեան նպատակով կ'օգտագործէ Փիքասոյի համբաւը։ Յատկապէս համայնավար վարչակարգը կը մերժէ անոր գործերը՝ զանոնք կործանարար նկատելով։ Փիքասոյի գեղանկարները երբեք չեն ցուցադրուիր Խորհրդային Միութեան տարածքին։ Ըստ Ճոն Պըրկըրի (John Berger) Փիքասոյի տաղանդը իբրեւ գեղանկարիչ` վատագոյնը կը համարուի Ստալինի կողմէ։

Փիքասօ համաձայն չէր ՄԱԿ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջամտութեան` քորէական պատերազմին, եւ իր ընդդիմութիւնը պատկերած է «Քորէայի կոտորածը» պաստառին մէջ։

Յետ մահու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2011-ին Փապլօ Փիքասոյէն 3 գեղանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկերէ սպանացի արուեստագէտին տարբեր սիրուհիները, Քրիսթի՛զի Լոնտոնի վաճառատան մէջ կը վաճառուին 68 միլիոն տոլարի՝ ջախջախելով աճուրդէն առաջ կատարուած նախատեսութիւնները[18]:

2012-ին քսաներորդ դարու ամէնէն հռչակաւոր արուեստագէտներէն՝ Փապլօ Փիքասոյի գործերը կը ցուցադրուին «ArtMonaco’12-»-ի տարուան միջազգային ժամանակակից կերպարուեստի ցուցահանդէսին[19]:

2015-ին Անթալիոյ մէջ մէկ յարկի տակ տեղի կ'ունենայ աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Փապլօ Փիքասոյի գործերուն եւ պոլսահայ ականաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի լուսանկարներու ցուցահանդէսը[20]:

Մէջբերումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոլոր մանուկները արուեստագէտ են, հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի շարունակեն մնալ արուեստագէտ[21]:
- Փապլօ Փիքասօ


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. https://www.andorradifusio.ad/noticies/inaki-rubio-escriu-pau-goso-capitols
  2. 2,0 2,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Benezit Dictionary of ArtistsOUP, 2006. — ISBN 978-0-19-977378-7
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 Internet Broadway Database — 2000.
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 5,6 5,7 5,8 Пикассо Пабло // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохоров — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1975. — Т. 19 : Отоми — Пластырь. — С. 527–528.
  6. 6,0 6,1 6,2 http://www.nytimes.com/2008/08/14/business/worldbusiness/14madrid.html
  7. 7,00 7,01 7,02 7,03 7,04 7,05 7,06 7,07 7,08 7,09 7,10 7,11 7,12 7,13 7,14 7,15 7,16 7,17 7,18 7,19 7,20 RKDartists
  8. 8,0 8,1 8,2 Կերպարվեստի արխիվ
  9. http://www.nytimes.com/2009/05/24/travel/24cultured.html
  10. Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  11. Բար Ա. https://www.moma.org/documents/moma_catalogue_2748_300086869.pdf — 1936. — է. 26.
  12. 12,0 12,1 Բար Ա. https://www.moma.org/documents/moma_catalogue_2748_300086869.pdf — 1936.
  13. https://news.artnet.com/art-world-archives/maria-prymachenko-3-things-2083134
  14. McCully M. Encyclopædia Britannica
  15. Olga Khokhlova Biography
  16. Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
  17. Կիները` Փիքասոյի Կեանքին Մէջ
  18. ՓԻՔԱՍՈՅԷՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐ` 68 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ
  19. Հայ Կերպարուեստը Իր Արժանի Գնահատականը Կը Ստանայ Մոնաքոյի Մէջ
  20. Անթալիոյ մէջ բացուած է Փիքասոյի եւ Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը[permanent dead link]
  21. Բեղմնաւոր Որոնումներ…