Jump to content

Տիգրան Պետրոսեան

Տիգրան Պետրոսեան
Ծնած է 17 Յունիս 1929(1929-06-17)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][4]
Մահացած է 13 Օգոստոս 1984(1984-08-13)[3][5] (55 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[4]
Մայրենի լեզու հայերէն
Մասնագիտութիւն շախմատիստ, լրագրող, գրագէտ
Աշխատավայր Q4521209?[4]
Q4032078?[4]
Ամուսին Rona Petrosian?

Տիգրան Վարդանի Պետրոսեան (17 Յունիս 1929(1929-06-17)[1][2][3][…], Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][4] - 13 Օգոստոս 1984(1984-08-13)[3][5], Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն), սովետական հայ ճատրակի մեծ վարպետ, 1963-1969 ճատրակի համաշխարհային ախոյեան։ Ան «Տիգրան Երկաթ» կոչուած է՝ իր պաշտպանական խաղի գրեթէ անխորտակելի բնոյթին համար, ուր ապահովութիւնը գերակայ նշանակութիւն ունէր։

Պետրոսեան չորս անգամ Խորհրդային Միութեան ախոյեան եղած է (1959, 1961, 1969 եւ 1975), իսկ ութ առիթներով՝ ճատրակի ախոյեանութեան թեկնածու (1953, 1956, 1959, 1962, 1971, 1974, 1977 եւ 1980 թուականներուն)։ Ան աշխարհի ախոյեանութիւնը կը շահի 1963-ին (ընդդէմ Միխայիլ Պոթվիննիքի)։ 1966-ին իր տիտղոսը Պորիս Սփասքիի դէմ յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք, 1969-ին ան պարտութեան կը մատնուի նոյն հակառակորդին կոմէ։ 1971-1980 թուականներուն կը շարունակէ աշխարհի ախոյեանութեան պայքարը մղել։ ԽՍՀՄ հաւաքականի կազմին մէջ 9 անգամ կը յաղթէ ճատրակի ողիմպիականին։

Պետրոսեանի երեսնամեայ ներկայութիւնը համաշխարհային բեմահարթակին վրայ եւ իր ախոյեանութեան տարիները մեծ դեր կ'ունենան ճատրակի ժողովրդականութիւնը տարածելու ու ամրապնդելու գործին մէջ։ Ըստ 2004-ին հրատարակուած գիրքի մը հեղինակներուն, ան ճանչցուած է իբրեւ ամենադժուար յաղթուող ճատրակորդը՝ ճատրակի պատմութեան մէջ։

Պետրոսեանը (աջէն՝ բաճկոնով) 1961շախմատի Եւրոպայի թիմային առաջնութեան ընթացքին: Դէմքով աջ նստած է Միխայիլ Տալը՝ աշխարհի այն ժամանակուայ ախոյեանը։

Տիգրան Պետրոսեան պահպանողական, զգոյշ եւ ծայր աստիճանի պաշտպանողական խաղաոճով ճատրակորդ մըն էր։ Կը հետեւէր Նիմցովիչի «կանխարգելման» խաղաոճին։ Ան հազուադէպօրէն նախայարձակ կ'ըլլար. կը յարձակէր, երբ կը զգար, որ կը գտնուէր անվտանգ դիրքի մը մէջ։ Սովորաբար կը յաղթէր՝ հետեւողականօրէն խաղալով, մինչեւ որ իր հակառակորդը սխալէր։ Ան կը յաղթէր՝ օգտուելով հակառակորդին սխալներէն, առանց բացայայտելու իր թոյլ կողմերը։ Համբերատարութիւնը եւ պաշտպանուելու վարպետութիւնը Տիգրան Պետրոսեանը կը դարձնէր դժուար պարտուող ճատրակորդ մը։

Պետրոսեանի անունով ճատրակի ակումբներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]