Տերտուղիանոս
Տերտուղիանոս լատ.՝ Quintus Septimius Florens Tertullianus | |
---|---|
| |
Ծնած է | 160[1] |
Ծննդավայր | Roman Carthage, Ափրիկէ, Հռոմէական Կայսրութիւն[2] |
Մահացած է | 240[1] |
Մահուան վայր | Roman Carthage, Ափրիկէ, Հռոմէական Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Հին Հռոմ |
Կրօնք | Montanism? |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Against Marcion? |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, աստուածաբան, փիլիսոփայ |
Ս. Տերտուղիանոս Հայրապետ, Լատիներէն՝ (Quintus Septinus Florent Tertullianus), (Կարթագէն 155/160 - 220): Եղած է առաջին հայրը, որ գրած է լատիներէն:
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Կարթագէնի մէջ 155-160 թուականներուն միջեւ, հեթանոս ծնողներէ: Հոն ապրած եւ ուսում ստացած է, այն ժամանակ երբ մեծ ծաղկում կար քրիստոնէութեան:
Ստացած է իրաւաբանական, հռետորական, ստոյիկեան եւ փիլիսոփայական հիմնաւոր կրթութիւն: Հասուն տարիքին ազդուելով քրիստոնեաներու քաջութենէն, որոնք անվախօրէն կը նահատակուէին, քրիստոնեայ կը դառնայ, եւ իր գրութիւններով կը սկսի պաշտպանել «ջատագովել» քրիստոնէութիւնը, եւ կը պայքարի քրիստոնէութեան եւ եկեղեցւոյ թշնամիներուն դէմ:
Տերտուղիանոս, կը մեծնայ հեթանոս միջավայրի մը մէջ: Իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք կ'անցնի Հռոմ, որպէսզի հետեւի իրաւաբանութեան դասընթացքներու: Ան լաւապէս կ'իւրացնէ այս մարզը եւ աւարտելով կը դառնայ նշանաւոր փաստաբան: Աւարտելէ ետք, կը մնայ Հռոմ:
Բազմաթիւ գործերու հեղինակ է: Գրած է յունարէն եւ լատիներէն լեզուներով, իր յունարէն գրած երկերէն ոչինչ կը պահպանուի: Մեզի հասած են լատիներէն իր գրած 32 գործերը: Իր գործերը կը բովանդակեն ջատագովական գործեր, հակաճառական գործեր, դաւանաբանական գործեր եւ բարոյակարգապահական գործեր:
Գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պաշտպանողական գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տերտուղիանոս գրած է հինգ պաշտպանողական գործեր.
Առաջին՝ «Ընդդէմ հեթանոսաց» (Aux Nations), գրուած՝ 197-ին, Կարթագէն:
Այս գիրքին մէջ Տերտուղիանոս կը պաշպանէ քրիստոնեաները եւ անոնց իրաւունքները՝ իբրեւ քաղաքացիներ եւ կ'ըսէ թէ անոնք աւելի հաւատարիմ, աշխոյժ եւ հայրենասէր քաղաքացիներեն միւս քաղաքացիներէն (ոչ-քրիստոնեայ):
Երկրորդ՝ «Ջատագովութիւն» (Apologie), գրուած՝ 197-ին, Կարթագէն:
Այս գիրքը կը նկատուի իբրեւ Տերտուղիանոսի կարեւորագոյն գործերէն մէկը: Անոր մէջ Տերտուղիանոս լաւագոյն ձեւով կը ներկայացնէ քրիստոնէութիւնը Հռոմի կառավարիչներուն, ո՛չ իրենց դէմ խօսելու, այլ՝ որպէսզի առաջնորդէ եւ քաջալերէ զանոնք քրիստոնէութեան: Տերտուղիանոս այս աշխատանքին մէջ կը խօսի այն բոլոր զրպարտութիւններուն մասին, որոնք կատարուած են քրիստոնեաներուն դէմ: Ան կը խօսի նաեւ զրպարտութիւններու հետեւանքներուն մասին, օրինակ՝ մանուկներու ջարդը եւ այլ երեւոյթներ: Տերտուղիանոս այս գործին մէջ կրօնքի ամբողջական ազատութիւն կը պահանջէ: Հակառակ որ այս գիրքին նպատակը քրիստոնեաներուն պաշտպանութիւնն էր, սակայն Տերտուղիանոս չի մոռնար դաւանաբանական հարցերը եւ անոր մէջ կը խօսի մարդուն հոգիին մասին, թէ ուրկէ՞ եկած է եւ ե՞րբ ստեղծուած է: Այս գործը յունարէնի թարգմանած է Եվսեբիոս պատմիչը:
Երրորդ՝ «Հոգիի Վկայութիւնը» (De Testimonianimas), գրուած՝ 197-ին, Կարթագէն:
Այս գործին մէջ Տերտուղիանոս կ'ենթադրէ, թէ հին ժողովուրդներուն մէջ ալ գոյութիւն ունեցած է աստուածութեան գաղափարը եւ հաւատքը: Տերտուղիանոս այս աշխատանքին մէջ կը հաստատէ, որ սխալ կրթութիւնը կը վտանգէ կրօնական զգացումները:
Չորրորդ՝ «Ընդդէմ Սկապուլայի» (Scapula), գրուած՝ 212-ին: Տերտուղիանոս այս գործին մէջ կը դատապարտէ Սկապուլան, որ վայրագութեամբ կը հալածէր քրիստոնեաները: Ան քրիստոնեաները կը նետէր գիշատիչ անասուններու առջեւ եւ կրակի մէջ: Տերտուղիանոս այս աշխատանքին մէջ կը մատնանշէ 12 Օգոստոս 212-ին կատարուած արեգակի խաւարումը, իբրեւ աստուածային պատիժ: Այս գործը հինգ մասէ կը բաղկանայ:
Հինգերորդ՝ «Ընդդէմ Հրէից» (Contre Les Juifs): Գրուած՝ 200-206 թուականներուն միջեւ, Կարթագէն: Նորադարձ հրեայի եւ քրիստոնեայի մը միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութիւնը մղած է Տերտուղիանոսը, որ այս աշխատանքին ձեռնարկէ: Այս երկխօսութեան մէջ Տերտուղիանոս կը փաստէ, որ հրեաները մերժեցին Աստուծոյ պարգեւը՝ Քրիստոս:
Վիճաբանական գործեր
Տերտուղիանոս գրած է տասը վիճաբանական գործեր, որոնք են՝
- Առաջին՝ «Ընծաներու վերաբերումը» (La Prescription Des Heretiques): Գրած է զայն մօտաւորապէս 200 թուականին, Կարթագինէ: Այս գործին մէջ Տերտուղիանոս կը հաստատէ, որ հերետիկոսները իրաւունք չունին Աստուածաշունչը գործածելու:
- Երկրորդ՝ «Ընդդէմ Մարկիոնի[2]» (Adversus Marcionem): Գրած է զայն 211 թուականին, Կարթագինէ: Այս գործը Տերտուղիանոսի գործերէն ամէնէն ընդարձակը կը նկատուի: Այս աշխատանքը կը բաղկանայ հինգ հատորներէ, որոնց մէջ Տերտուղիանոս կը խօսի Մարկիոնի մտածումներուն եւ յատկապէս այն մտածումին մասին, որ Հին Կտակարանի եւ Նոր Կտակարանի աստուածները տարբեր աստուածներ են:
- Երրորդ՝ «Ընդդէմ Հերմոճէնի[3]» (Contre Hermogene): Հերմոճէն կը կարծէր թէ նիւթը յաւիտենական էր Աստուծոյ նման, այլ խօսքով՝ ո՛չ սկիզբ ունէր եւ ո՛չ վերջ եւ հաւասար էր Աստուծոյ: Տերտուղիանոս պայքարեցաւ Հերմոճէնի դէմ եւ փաստեց անոր սխալ կարծիքը:
- Չորրորդ՝ «Ընդդէմ Վաղենտեաններու[4]» (Contre Les Valentiniens): Այս գործին մէջ Տերտուղիանոս բուռն կերպով կը քննադատէ վաղենտեանական գնոստիկութիւնը:
- Հինգերորդ՝ «Մկրտութիւն»: Այս գիրքը կը նկատուի ամէնէն հարուստ փաստաթուղթերէն, որ մեզի կը խօսի մկրտութեան կանոնին մասին:
- Վեցերորդ՝ «Գիրք Կարիճներու Մասին»: Այս գործը դեղ մըն է կարիճներուն (հեթանոսներուն) խայթոցին դէմ:
- Եօթներորդ՝ «Քրիստոսի մարմինը» (Chair Du Christ): Գրած է զայն մօտաւորապէս 211 թուականին, Կարթագինէ: Այս գործը կը բաղկանայ երկու հատորէ: Անոր մէջ Տերտուղիանոս կ'ակնարկէ Մարկիոնի, Փասիլիտեսի[5] եւ Վաղետիանոսի այն ըմբռնումին Քրիստոսի մասին, որ Քրիստոս մարմին չունէր եւ հոգեղէն էակ մըն էր: Տերտուղիանոս այս աշխատանքին մէջ կը բացատրէ, որ Քրիստոսի ծնունդը իրական էր, Քրիստոս հրեշտակներու բնութիւնը չէր առած, ո՛չ ալ աստղերու բնութիւնը, ո՛չ ալ ուրիշ ոեւէ հոգեղէն էակէ եկած էր, այլեւ Անիկա մեզի պէս էր ամէն ինչի մէջ, բացի մեղքէն: Բայց Քրիստոս չէր ծնած մարդկային սերմէն: Հետեւաբար, առաջին Ադամն ու վերջին Ադամը մարդկային սերմէ չէին եկած: Տերտուղիանոս այս գործին մէջ կը մերժէ այն գնոստիկեան ուսուցումը, թէ Քրիստոս բան մը չէր առած Աստուածամայրէն:
- Ութերորդ՝ «Յարութեան մասին» (De Resurrectione Carnis): Գրուած մօտաւորապէս 212 թուականին, Կարթագինէ: Այս գործին մէջ Տերտուղիանոս կը խօսի այն խմբաւորումներուն մասին, որոնք կը մերժէին յարութիւնը, ինչպէս՝ հերետիկոսները, հեթանոսները եւ այլն: Տերտուղիանոս կ'ըսէ, թէ այն մարմինը որ Աստուած ստեղծեց եւ տուաւ մեզի եւ որ Քրիստոս զոհաբերեց վերջին դատաստանին՝ պիտի դատուի հոգիին հետ:
Տերտուղիանոս իր ուսուցիչին (Երանոս Լիոնացի[6]) ուսուցումներուն հետեւելով կ'ըսէ, թէ «Մարմինի միջոցաւ է որ Աստուած կը ներգործէ մարդուն մէջ եւ այս մարմինները օր մը յարութիւն պիտի առնեն»:
- Իններորդ՝ «Ընդդէմ Պրակսէասի[7]»: Տերտուղիանոս այս գործը գրած է պայքարելու համար «Հայրաչարչարութիւն[8]» (Patripassien) կոչուած գաղափարին դէմ: Տերտուղիանոս այս աշխատանքին մէջ կը հաստատէ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգիի գոյութիւնը:
- Տասներորդ՝ «Հոգիի մասին» (De anima): Գրուած 210-213 թուականներուն միջեւ, Կարթագինէ: Այս գործը Տերտուղիանոսի գործերէն ամէնէն ընդարձակը կը նկատուի, անիկա աւելի ընդարձակ է, քան «Ընդդէմ Մարկիոնի» գիրքը: Այս աշխատանքին մէջ Տերտուղիանիոս կը մերժէ տարածուած հերետիկոսութիւնները, ինչպէս նաեւ կը մերժէ նախկին ըմբռնումը հոգիին մասին: Տերտուղիանոս կը հաւատայ, որ մարմինը եւ հոգին միասին կը հասնին դրախտ կը հաւատայ նաեւ որ բոլոր հոգիները մեռնելէ ետք կ'երթան սպասման վայր մը, բացի քրիստոնէութեան համար նահատակուածներուն հոգիէն, որոնք նահատակուելէն անմիջապէս ետք դրախտ կ'երթան:
Ճգնաւորական գործեր
Տերտուղիանոս գրած է տասնհինգ ճգնաւորական գործեր, որոնք են՝
- «Մարտիրոսներուն» (Ad martyres),
- «Վկայողներուն» (De Spectaculis),
- «Կանանց պճնանքի մասին» (De cultu feminarum),
- «Աղօթքի մասին» (De oratione),
- «Ժուժկալութեան մասին» (De patientia con patience),
- «Ապաշխարութեան մասին» (De paenitentia),
- «Գիրք ուղղուած իր կնոջ» (Ad Uxorem, lib. I and II),
- «Առաքինութեան քաջալերանք» (De pudicita),
- «Մի Ամուսնութիւն» (De monogamia),
- «Կուսութեան մասին» (De virginibus velandis)
- «Թագը» (De corona),
- «Փախուստ հալածանքներու շրջանէն» (Du Fuga in presecutione),
- «Կուռքերու պաշտամունքին մասին» (De idolatria),
- «Պահեցողութեան մասին» (De jejunio advrsus psychicos)
- «Ալ Պալիօմ» (De Pallio):
Այս ճգնաւորական գործերէն կարեւորներն են.
- «Ապաշխարութեան մասին» (De paenieantia): Այս գիրքին մէջ Տերտուղիանոս կը բացատրէ թէ մկրտութենէն ետք մարդ ապաշխարութեան առիթ կ'ունենայ, սակայն այդ ապաշխարութիւնը պէտք է որ կատարէ մարդոց կամ հանրութեան դիմաց:
- «Մի Ամուսնութիւն» (De monogamia): Այս գործին մէջ կը ներկայացնէ Մոնտանական գաղափարներ: Տերտուղիանոս խօսելով ամուսնական կեանքի դժուարութիւններուն մասին կը յայտնէ, թէ երկրորդ ամուսնութիւնը շնութիւն է:
- «Կուռքերու պաշտամունքի մասին» (De idolatria): Այս գիրքին մէջ դարձեալ կը տեսնենք Մոնտանական գաղափարներ: Տերտուղիանոս այս գիրքին մէջ կ'արգիլէ քրիստոնեաներուն աշխատիլ այնպիսի գործեր, որոնք որեւէ ձեւով կ'առնչուին հեթանոսութեան հետ, օրինակ՝ կուռքեր, արձաններ եւ խունկեր վաճառել:
- «Առաքինութեան քաջալերանք» (De pudicita): Այս գործին մէջ Տերտուղիանոս կը մերժէ իր նախկին գաղափարը, ըստ որուն մկրտութենէն ետք մարդ կարելիութիւն կ'ունենայ ապաշխարելու, եւ կը հաստատէ, որ մկրտութենէն ետք ապաշխարութեան որեւէ առիթ չկայ:
Յիշուած ճգնաւորական գիրքերէն զատ Տերտուղիանոս գրած է ճգնաւորական այլ գիրքեր, որոնք մեզի չեն հասած: Ոմանք փորձած են իրենց անունը պիտակել Տերտուղիանոսի գործերուն վրայ, սակայն չեն յաջողած:
Աստուածաբանական Միտքերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երրորդութեան մասին
Տերտուղիանոս կ'ըսէ, թէ լոկոսի յայտնութիւնը տեղի կ'ունենայ հերթաբար (աստիճանաբար): Ան զանազանութիւն կը դնէ Լոկոսի առաջին ծնունդին՝ ստեղծագործութենէն առաջ, եւ կատարեալ ծնունդին միջեւ: Առաջին ծնունդը Աստուծոյ իմաստութեան ծնունդն էր՝ ստեղծագործութենէն առաջ, իսկ կատարեալ ծնունդը կատարուեցաւ ստեղծագործութեան պահուն, երբ Աստուած խօսեցաւ եւ ըսաւ «լոյս ըլլայ» (Ծնն 1:3): Այս կատարեալ ծնունդէն ետք Լոկոսը դարձաւ տեսանելի: Ստեղծագործութեան առաջին պահուն, երբ լոյսը ստեղծուեցաւ այդտեղ Լոկոսը յայտնուեցաւ ամբողջութեամբ: Այս ծնունդով Հայրը եղաւ Հայր եւ ծնող Լոկոսը եղաւ Որդի: Որովհետեւ Որդին Աստուծմէ ծնաւ, ուրեմն Հայր Աստուածը Ինքն է ամբողջ էութիւնը, իսկ Որդին այդ ամբողջութեան մէկ մասնիկն է, ինչպէս՝ արեւէն ելած ճառագայթները, ծառէն ելած ճիւղերը, ակերէն բխած գետերը: Տերտուղիանոս այս գաղափարին յանգած է Յովհաննու Աւետարանին մէջ գրուած «որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է» (Յհ 14:28) համարին վրայ հիմնուելով: Տերտուղիանոս զատորոշութիւն չի դներ Հօր եւ Իր Որդիին միջեւ: Որդին Հօր էութենէն ծնած է, ուրեմն Որդին ենթակայ է իր Հօրը: Ան կ'աւելցնէ ըսելով, թէ Որդին Աստուծոյ մէկ մասն է, բայց այս մէկը չի նշանակեր, թէ Որդին Հօրը Աստուածութենէն բաժին մը առած է, այլ Որդին ամբողջութեամբ աստուածութիւնն է:
Հակառակ որ, Տերտուղիանոս Երրորդութեան մէջ առաջին աստիճանը Աստուծոյ, տուած էր երկրորդը՝ որդիին եւ երրորդը՝ Ս. Հոգիին, սակայն անիկա կը հաստատէր, թէ այս երեքը մէկ էութիւն ունին: Նոյն այս էութենէն կը բխին Որդին եւ Ս. Հոգին: Այս երրորդութիւնը մէկ էութիւն է եւ միութիւն:
Տերտուղիանոս խօսած է Երրորդութեան միջեւ մէկութեան մասին: Հայր Աստուած կը մնայ ամենակալ եւ կը պահէ իր իշխանութիւնը, Ան իր իշխանութիւնը տուած է Որդի Աստուծոյ, որ կը կատարէ Հօր կամքը: Որդիին եւ Հօրը կամքը նոյնն են, չկայ որեւէ հակասութիւն Երրորդութեան երկու դէմքերուն միջեւ: Ս. Հոգին նաեւ կատարողն է Հօր եւ Որդւոյ կամքը: Հետեւաբար, Երրորդութեան մէջ կայ կատարեալ միութիւն, համաձայնութիւն, համերաշխութիւն եւ սէր[9]:
Քրիստոսի բնութեան մասին
Տերտուղիանոս կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ Լոյսը (Քրիստոս), որուն մասին մարգարէները մարգարէացան Հին Կտակարանին մէջ եւ սերունդները երկար ժամանակ սպասեցին, իջաւ կոյս Մարիամի արգանդը եւ մարմնացաւ, ծնաւ իբրեւ կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ, միաժամանակ: Սակայն, ի՞նչ է մարմինի եւ Լոկոսի բնութեանց յարաբերութիւնը:
Տերտուղիանոս Քրիստոսի մարդեղացումը կը բնութագրէ կրկնակի վիճակ ձեւով, որ կը նշանակէ Քրիստոսի անձին մէջ գոյութիւն ունի երկու բնութիւն: Տերտուղիանոս կ'ըսէ, թէ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները անխառն ու անշփոթ կերպով իրարու միացած են: Ըստ անոր, հոգին մարմին չեղաւ եւ ոչ ալ մարմինը՝ հոգի, այլ Լոկոսը մարմնացաւ: Քրիստոսի Մարմինը իր յատկութիւնները չկորսնցուց եւ մարմինին մէջ աստուածային բնութիւնը չպակսեցաւ, այլ անոնցմէ ամէն մէկը իրեն վերապահուած գործը կատարեց: Լոկոսին յատկութիւններն են. հրաշք գործել, հիւանդներ բժշկել, մեռածներուն յարութիւն տալ, դեւերը դուրս հանել եւ այլն: Իսկ մարմինին յատկութիւններն են. անօթենալ, ծարաւնալ, ցաւիլ, նեղուիլ, լալ, ուրախանալ եւ այլն:
Տերտուղիանոս կը շեշտէր այն երկու իրականութիւնները, թէ Լոկոսը ինքն էր, որ Քրիստոսի անձին մէջն էր եւ Քրիստոսի մարմինը երեւակայական եւ հրեշտակային չէր, այլ անոր մարմինը մեր մարմինին պէս էր եւ անոր հոգին ալ մեր հոգիին պէս էր: Տերտուղիանոս կ'ենթադրէ, թէ Քրիստոսի մահը կատարուեցաւ այն ատեն, երբ իր հոգին մարմինէն անջատուեցաւ[10]:
Մարիամի Կուսութեան մասին
Տերտուղիանոս կ'ըսէ, թէ Մարիամ Աստուածածին իր յղացած ժամանակ կոյս էր, սակայն երբ ծննդաբերեց՝ կին դարձաւ: Բնականաբար, այս մտածումը ներկայիս մերժուած է եկեղեցւոյ կողմէ: Ան կ'ըսէ նաեւ, թէ Քրիստոսի մարմինը, որ դուրս եկաւ Մարիամի արգանդէն իսկական մարմին չէ:
Եկեղեցւոյ մասին
Տերտուղիանոսի մտածումը եկեղեցւոյ մասին արմատական եւ ազդու դարձած է բոլոր ժամանակներու սուրբ հայրերուն մօտեցումներուն վրայ: Ան կը հաստատէ, որ եկեղեցին Առաքելահիմն է եւ հաւատքի աղբիւր: Տերտուղիանոս եկեղեցին Ս. Հոգիին պահպանակը կը նկատէ: Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Տերտուղիանոս Եկեղեցւոյ տուած է Մայր տիտղոսը:
Պատարագի մասին
Տերտուղիանոս կը հաստատէ, որ հաղորդութիւն ստանալով մենք մեր մասնակցութիւնը կը բերենք պատարագին մէջ: Տերտուղիանոս կը հաստատէ նաեւ, որ Ս. հաղորդութիւնը հոգիին սնունդն է:
Ապաշխարութեան մասին
Այս մէկը արդէն իսկ բացատրեցինք ճգնաւորական գիրքերէն «Ապաշխարութեան մասին» խորագրեալ գիրքի բացատրութեան մէջ:
Վախճանաբանութեան մասին
Տերտուղիանոս կ'ըսէ, թէ մահէն ետք մեղաւորները իրենց համար պատրաստուած չարչարանքի տեղը կ'երթան, իսկ մարտիրոսները երբեք չարչարանքի չեն ենթարկուիր: Ան կ'ըսէ նաեւ, թէ ողջերը իրենց աղօթքներով կրնան մեռած մեղաւորներուն չարչարանքները թեթեւցնել:
Այս բոլոր տեղեկութիւնները քաղելէ ետք Տերտուղիանոսի մասին, կը գիտնանք թէ ան եղած է ճարտարամիտ եւ իմաստուն անձնաւորութիւն մը: Ան երկրային պաշտպանը դարձած է անպաշտպան քրիստոնեաներուն եւ իր գրիչով պայքարած է քրիստոնէութիւնը հալածողներուն դէմ: Սակայն իր չափազանց ծայրայեղ մտածողութեան պատճառով տառապանք կրած է իր կեանքին ընթացքին: Թէեւ իր մոնտանական գաղափարներուն համար մերժուած է, սակայն ան մնաց եկեղեցւոյ որդին մինչեւ իր կեանքին վերջը:
Տերտուղիանոսի գործերը իբրեւ հաւատքի, աստուածաբանութեան, բարոյական եւ հոգեւոր կեանքի մասին խօսող լաւագոյն աղբիւրներ կարելի է նկատել:
Սկապուլա Հռոմի կողմէ նշանակուած կառավարիչ մըն էր Ափրիկէի մէջ: Ան կառավարեց 211-213 թուականներուն:
Մարկիոն ծնած է Փոքր Ասիոյ Սինոպ քաղաքը: Ան շուրջ 139-ին կ'երթայ Հռոմ, ուր երկու հարիւր հռոմէական դահեկանի նուիրատուութեամբ կը միանայ քրիստոնէական համայնքին: Ան Պօղոս առաքեալի նամակներուն մեկնաբանութեան վրայ հիմնուելով իր ուսմունքը կը բացատրէ եւ Սուրբ Գիրքի կանոն մը կը կազմէ, որ կը բաղկանար Ղուկասու Աւետարանէն (խմբագրուած իր կողմէ) եւ Պօղոս առաքեալի 10 նամակներէն: Իր ուսուցումը այնքան դժգոհութիւն եւ հակառակութիւն կը պատճառէ քրիստոնէական համայնքին մէջ, որ 144-ին զինք կ'արտաքսեն համայնքէն: Մարկիոն տառացիօրէն կ'ըմբռնէր Հին ուխտի օրէնքն ու մարգարէութիւնը: Ան հակասութիւն կը գտնէր Հին Ուխտի եւ Նոր Ուխտի աստուածներուն միջեւ յայտնելով, որ քրիստոնէական աստուածը սիրոյ աստուածն էր, որ Քրիստոսով յայտնուեցաւ: Մինչ մեսիական օրէնքի Աստուածը խստապահանջ էր արդարութեան ու պարզապէս եղած էր ստեղծիչը՝ չար նիւթականին: Մարկիոն կը ստիպէր, որ եկեղեցին վերատեսութեան ենթարկէ Հրէական Սուրբ գիրքին Աստուծոյ բերած փրկութեան պատմութեան շարունակականութիւնը: Ան նոյնիսկ կը պարտադրէր որ եկեղեցին ալ ընդունի իրեն դասաւորած գիրքերու կանոնները:
Հերմոճէն եղած է աթէնացի փիլիսոփայ մը: Ան հերետիկոս հռչակուած է Բ. դարու աւարտին: Ան կ'ուսուցանէր, որ Աստուած ոչինչէն չէ ստեղծած աշխարհը, այլ Ան աշխարհը նիւթէն ստեղծած է: Ան կը հաւատար նիւթի յաւիտենական գոյութեան: Իր մասին վկայած են Պղատոնն ու Քսենոֆոնը: Թէոփիլոս Անտիոքացին Տերտուղիանոսէն առաջ գրած էր «Ընդդէմ Հերետիկոս Հերմոճէնի» անունով գործ մը, ուր ան բուռն կերպով կը պայքարէր հերետիկոս Հերմոճէնի դէմ:
Վաղենտեանութիւնը ի յայտ կու գայ Բ. դարուն, Վաղենտիանոսի կողմէ: Վաղենտիանոս գնոստիկեան աստուածաբան մըն էր: Վաղենտեանութիւնը տարածուեցաւ ո՛չ միայն Հռոմի, այլեւ Արեւմտեան Ափրիկէի, Եգիպտոսի, Փոքր Ասիոյ եւ Սուրիոյ մէջ: Վաղենտեաններուն վարդապետութեան համաձայն գոյութիւն ունէին երեք տեսակի մարդիկ.
1) Հոգեւոր մարդիկ,
2) Մարմնաւոր մարդիկ,
3) Նիւթական մարդիկ:
Առաջին խումբին պատկանող մարդիկը իրաւունք ունէին միայն Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալու եւ անոնք կրնային փրկուիլ: Երկրորդ խումբի պատկանող մարդիկը աւելի նուազ փրկութիւն պիտի ստանային: Իսկ երրորդ խումբի պատկանող մարդիկը պիտի կորսուէին եւ փրկութիւն պիտի չստանային: Վաղենտիանոս բաւական հետեւորդներ ունեցաւ. այդ պատճառով ալ անոր հետեւորդները բաժնուեցան երկու խումբի. Արեւելեան Վաղենտեաններ եւ Արեւմտեան Վաղենտեաններ:
Փասիլիտեսները եղած են կրօնական ուսուցիչներ Ալեքսանդրիոյ մէջ: Մանասի հետ ունեցած վիճաբանութեան ակտերը ցոյց կու տան, որ Փասիլիտես միաժամանակ ուսուցիչ եղած է պարսիկներուն մօտ: Փասիլիտեսի գործերէն միայն կը պահպանուին ստեղծագորութիւններու բեկորները, որոնք կը լրացնեն իր հակառակորդներուն կողմէն տրամադրուած գիտելիքները:
Երանոս Լիոնացիի ծննդեան մասին յստակ տեղեկութիւն չունինք. կը կարծուի, թէ ան ծնած է Ք.Ե. 130-150 թուականներուն միջեւ, Փոքր Ասիոյ Զմիւռնիա քաղաքին մէջ: Բայց կասկածէ վեր է, որ Լիոնացի անձնապէս ճանչցած է Սուրբ Պողիկարպոսը Զմիւռնիոյ մէջ, որուն աշակերտած է եւ ստացած՝ Յովհաննէս Առաքեալի աւանդութիւնը: Ան կը համարուի օղակ մը այդ շղթայէն, որ չի բաժնուիր իր եւ առաքեալներուն միջեւ, բացի օղակով կամ սերունդով մը, ու կը հանդիսանայ Սուրբ Պողիկարպոսը: Երանոս Լիոնացի հերետիկոսութիւնները հերքող ամէնէն հին աստուածաբաններէն կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:
Պրակսէաս ապրած է Գ. Դարուն, Փոքր Ասիոյ մէջ, եւ եղած է մոնտանականութեան հետեւորդներէն մէկը: Ան կը հաւատար Աստուծոյ միութեան, այդ պատճառով ալ անհամաձայնութիւններ ունեցած է քրիստոնեայ եկեղեցւոյ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին բաժանման հարցին մէջ:
Հայրաչարչարութեան գաղափարը ի յայտ եկաւ Գ. դարուն: Հայրաչարչարութեան հետեւողները ընդհանրապէս Սաբէլենականներ էին: Սաբէլանականութեան արեւելեան եկեղեցիներուն մէջ կը հաւատային, որ Հայր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս եւ Ս. Հոգին տարբեր կերպ երեւոյթ ունէին եւ կը հաւատային, որ չկայ երեք անձերու միութիւն, այլ կայ մէկ, որուն գլուխը Աստուած է, որ երկինքի մէջ է: Արեւմուտքի մէջ հայրաչարչարութիւնը կը կոչուէր «Father», այսինքն Հայր, որովհետեւ կը հաւատային, որ Հայր Աստուած մարմնացաւ եւ նոյնինքն Հայրն էր, որ չարչարուեցաւ եւ խաչուեցաւ: