Jump to content

Մահաթմա Կանտի

Մահաթմա Կանտի
գուջարաթի՝ મોહનદાસ ગાંધી
Ծննդեան անուն գուջարաթի՝ મોહનદાસ ગાંધી
Ծնած է 2 Հոկտեմբեր 1869
Ծննդավայր Պորբանդար, Հնդկաստան
Մահացած է 30 Յունուար 1948
Մահուան վայր Կանտի Սմրիթի, Նիւ Տելհի, Հնդկաստանի տիրապետություն[1][2]
Քաղաքացիութիւն Հնդիկ
Ազգութիւն Գուջարատցիներ[3]
Մայրենի լեզու գուջարատի?[4]
Կրօնք Հինտուիզմ[4]
Ուսումնավայր Ալֆրետ Բարձրագոյն Վարժարան
Ինըր Թեմփըլ
Լոնտոնի համալսարանական քոլեճ[4]
Սամալդաս արվեստի քոլեջ?
Ազդուած է Հենրի Տէյվիտ Թորօ, Լեւ Թոլսթոյ, Պուտտա, Ժիլպերթ Քէյթ Չեսթըրթըն, Ճոն Ռասքին, Վյասա?, Narmadashankar Dave?, Shrimad Rajchandra?, Henry Stephens Salt? եւ Thiruvalluvar?
Երկեր/Գլխաւոր գործ satyagraha?[4]
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, Փաստաբան, Քաղաքական հրապարակախօս, լրագրող, փիլիսոփայ, ինքնակենսագիր, ակնարկագիր, թերթի խմբագրիչ, Իրաւաբան, յուշագրող, մարդասէր, խաղաղասէր, Յեղափոխական, գրագէտ, իրաւաբան, ազատության մարտիկ
Անդամութիւն Ինըր Թեմփըլ եւ Vegetarian Society?
Կուսակցութիւն Հնդկաստանի Ազգային Քոնկրես[3]
Ամուսին Քասթուրպա Կանտի[5][4]
Ծնողներ հայր՝ Քարամչանտ Ութթամչանտ Կանտի[4][6], մայր՝ Պուտլիբայ Կարամչանդ Գանդի?[4][6]
Երեխաներ Հարլիալ, Մանիլալ, Ռամդաս, Դեւդաս
Ստորագրութիւն

Մոհանդաս Կարամչանդ Կանտի (મોહનદાસ કરમચંદ ગાંધી) (22 Հոկտեմբեր, 1869-էն – 30 Յունուար 1948), Հնդկաստանի քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդ եւ Հնդկական անկախութեան շարժման ղեկավար։ 1888-ին՝ հազիւ 20 տարեկան, Մահաթմա Կանտի կը մեկնի Լոնտոն, ուր 3 տարի կ'ուսանի աւարտելով իրաւաբանութեան համալսարանը։ 1893-ին ան կ'աշխատի Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Հոն կը սկսի իր տեղացիներու պաշտպանութեան գործընթացը։ Ան կը նախաձեռնէր արդարութեան վրայ հիմնուած սկզբունքներ եւ բռնութեան դէմ բուռն դիմադրութիւն կը ցուցաբերէր: Այդպիսով Հնդկաստան կը շահի իր անկախութիւնը եւ մեծապէս կ'ազդէ ամբողջ աշխարհի մէջ նմանատիպ շարժումներու տարածման՝ ի խնդիր քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեան։ Ան աշխարհի մէջ ճանչցուած է իբրեւ Մահաթմա Կանտի ([սանսկրիտ]՝ महात्मा կամ "Մեծն Հոգի") եւ Հնդկաստանի մէջ՝ իբրեւ Բապու(գուջարատի՝ બાપુ կամ "Հայր")։ Ան ճանչցուած եւ յարգուած է Հնդկաստանի մէջ, իբրեւ Հնդկաստանի հայրը։ Կանտի հայրենիք կը վերադառնայ Ա. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ 1915-ին, եւ կը դառնայ ազգայնական շարժումի առաջնորդը։ Օգտագործելով «Սատյարգրահայի» սկզբունքները՝ Կանտի կը գլխաւորէ Հնդկաստանի անկախութեան պայքարը Բրիտանիոյ դէմ։ Բրիտանացիները յաճախ ձերբակալած են Կանտին՝ Հարաւային Ափրիկէի եւ Հնդկաստանի մէջ ցուցաբերած իր գործունէութեան համար: Ան 7 տարի անցուցած է բանտին մէջ։ Բ. համաշխարհային պատերազմէն երկու տարի անց՝ 13 Յունուար 1948-ին, Հնդկաստանի մէջ բախումներ տեղի կ'ունենան, եւ Կանտի հացադուլ կը յայտարարէ։ Ան այդ ատեն 78 տարեկան ծերունի էր։ Հինգ օր ետք, ընդիմադիրները կը խոստանան դադրեցնել պայքարը եւ Կանտի կ'ընդհատէ հացադուլը։ Հացադուլէն 12 օր ետք մոլեռանդ-հինտու Նաթհուրամ Գոդզէն՝ Կանտիի հակառակորդը, 3 անգամ կը կրակէ Մահաթմայի փորին եւ կրծքավանդակին վրայ։ Կանտի, մահամերձ վիճակին մէջ, շարժումներով ցոյց կու տայ, որ կը ներէ մարդասպանը։ 30 Յունուար 1948-ին ան կը մահանայ։

Մահաթմա Կանտին ապրած է չափազանց համեստ կեանք մը։ Ան գերազանցապէս բուսակեր էր, եւ յաճախ ալ ինքնամաքրման եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ բողոքի համար ծոմ կը պահէր։ Անոր տարեդարձին օրը՝ 2 Հոկտեմբերին, Հնդկաստանի մէջ կը նշուի իբրեւ Կանտիի ազգային տօն, իսկ աշխարհի մէջ՝ Ոչ-Բռնութեան Միջազգային Օր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]