Հինտուիզմ

Աշխարհի ամենամեծ հինտուիստական տաճարներէն մէկուՆ գլխաւոր կոփուրամը, Արունաչալեշուարայի տաճարը Տիրուաննամալայի մէջ:
«Աում» կամ «օմ» (սանսկր․ ॐ) հոգեւոր խորհրդանիշ: Նաեւ կարգախօս հինտուիզմի մէջ, Չայնիզմի մէջ, Պուտտայութեան մէջ։ Կը վկայակոչէ ադման (հոգի, ինքդ քո մէջ) եւ պրահման (վերջնական իրականութիւն, տիեզերքի ամբողջութիւն, ճշմարտութիւն, աստուածութիւն, Գերագոյն ոգի, տիեզերական սկզբունքներ, գիտելիքներ):

Հինտուիզմ, կրօն` ստեղծուած Հնդկական ենթամայրցամաքին վրայ։ Հինտուիզմի պատմական անուանումը Սանսքրիթով կը հնչէ որպէս սանաթան-տհարմա (सनातन धर्म), ինչ որ կը նշանակէ «յաւերժ կրօն», «յաւերժ ճանապարհ», կամ «յաւերժ տհարմա»:

Հինտուիզմը աշխարհի ամենահին կրօններէն մէկն է, որ արմատներով կը հասնի մինչեւ վետիական քաղաքակրթութիւն:[1] Ի տարբերութիւն այլ կրօններու, հինտուիզմը ոչ մէկուն կողմէ հիմնադրուած է :[2] Հինտուիզմի մէջ կը բացակայի ընդհանուր տոքթրինը[2][3] եւ հաւատամքի ընդհանուր կարգը: Իրմէ կը յառաջանայ տարբեր կրօնական աւանդոյթներու, փիլիսոփայական կարգերու եւ հաւատալիքներու ընտանիքը , որոնք հիմնուած են մոնոթէիզմի, փոլիթէիզմի, փանթէիզմի, մոնիզմի եւ նոյնիսկ անհաւատութեան վրայ:[4]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Kenoyer, 1998, pages 180–183
  2. 2,0 2,1 Floodб 1996б page 6
  3. Klostermaier, 2000, page 6
  4. Weightman, 1998, pages 262–263