Եւրոպական Խորհուրդ
Եւրոպական Խորհուրդ | |
---|---|
| |
Տեսակ | Միջազգային պետական կազմակերպութիւն |
Երկիր | Ֆրանսա |
Յապաւում | CdE եւ CoE |
Հիմնադրուած | 5 Մայիս 1949[1] |
Գլխադասային գրասենեակ | Palace of Europe, Սթրասպուրկ |
Պաշտ. լեզու(ներ) | անգլերէն եւ Ֆրանսերէն |
Կամաւորներ | 46 երկիր |
Կայքէջ | coe.int |
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod. |
Եւրոպական խորհուրդ, կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան 28 անդամ-երկիրներու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովը, որուն ղեկավարը նախագահն է: Նիստերը կը գումարուին տարեկան չորս անգամ, որոնցմէ երկուքը՝ Յուլիսին, երկուքը՝ Դեկտեմբերին՝ Նախարարներու խորհուրդի իւրաքանչիւր փոխուող նախագահութեան վերջը: Վեհաժողովներուն նպատակը ԵՄ քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններու սահմանումն է արտաքին քաղաքականոութեան բնագաւառին մէջ: 2009-ին, երբ Լիզպոնի պայմանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ, Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական խորհուրդին փոխարէն հաշուետու կը դառնայ խորհրդարանին:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1959-61 թուականներուն Ֆրանսայի նախագահ Շարլ տը Կոլ կը փափաքէր կրկին կիրարկել Եւրոպական տնտեսական համայնքին ազգային կառավարման ձեւը՝ կառուցուածքը աւելի ներխորհրդարանականի ձեւափոխելով: Առաջարկը շատ քիչ երկիրներու հաւանութեան կ'արժանանայ:
1961-ի վեհաժողովներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]10-11 Փետրուար 1961-ին, 6 անդամ-երկիրներու մասնակցութեամբ վեհաժողով մը կը գումարուի, որուն նպատակն էր աւելի ամուր քաղաքական համագործակցութեան ձեւի մը կիրարկման յստակեցումը: Ֆրանսայի առաջարկը քուէարկութեան կը դրուի: Իտալացիները կ'առաջարկեն Ֆուշէի կոմիտէ մը ստեղծել, որ անդամ-երկիրներուն եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումներուն համար առաջարկներ նախապատրաստէր: Երկրորդ վեհաժողովը կը գումարուի նոյն տարուան 19 Յուլիսին Պոնի մէջ: Ըստ արդիւնքներուն՝ անդամ-երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն ղեկավարները կ'որոշեն քաղաքական միութիւն մը հիմնել եւ այդ նպատակով պարբերաբար ժողովներ գումարել՝ միտքերու փոխանակման ու իրենց քաղաքականութիւններուն կարգաւորման նպատակով: Այս վեհաժողովէն ետք կը հիմնուի Ֆուշէի կոմիտէն:
Ֆուշէի կոմիտէին նախագիծերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2 Նոյեմբեր 1961-ին կը ներկայացուի առաջին նախագիծը, ըստ որուն՝ անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններու ղեկավարներուն կ'առաջարկուի քաղաքական միութիւն մը ստեղծել, որուն շնորհիւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան, մշակութային, գիտական, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն ու հիմնարար ազատութիւններուն վերաբերեալ կը համագործակցէին իրարու հետ: Խորհուրդը պէտք էր տարեկան 4 անգամ նիստ գումարէր, իսկ լրացուցիչ նիստ պէտք էր գումարուէր մէկ անդամ-պետութեան պահանջով: Որոշումները պէտք էր ընդունուէին միաձայնութեամբ: 18 Յունուար 1962-ին կը ներկայացուի երկրորդ նախագիծը, որ կը ներառէր միջ-պետական քաղաքական միութեան նախագիծին մէջ եւրոպական միացման տնտեսական տեսակէտերը:
Պելճիքա, Իտալիա, Լիւքսամպուրկ ու Հոլանտա կը մերժեն այս առաջարկները՝ պատճառաբանելով, որ անոնք կը վատթարացնէին Համայնքներուն անդրազգային բնոյթը: 2 օր ետք, Ֆրանսայի հինգ գործընկերները կ'առաջարկեն նոր պայմանագիրի մը նախագիծը, ըստ որուն՝ Խորհուրդը պէտք էր ձեւաւորուէր անդամ-երկիրներու ներկայացուցիչներէ, իսկ որոշումները պէտք էր ընդունուէին միաձայնութեամբ:
1969-ի Հաագայի եւ 1972-ի Փարիզի վեհաժողովները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուլիս 1969-ին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Մորիս Շումանն համաժողով մը կազմակերպելու առաջարկով հանդէս կու գայ, որուն ընթացքին անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններուն ղեկավարները պէտք էր քննարկէին Համայնքներու ընդլայման վերաբերող խորացումը: Նոյն տարուան 12 Փետրուարին յանձնաժողովին հրապարակած յուշագիրին մէջ կը սահմանուէր, որ 1 եւ 2 Դեկտեմբերին Հաագայի մէջ Նախարարներու խորհուրդը պէտք էր աշխատէր տնտեսական ու նիւթական միութեան նախագիծի մը ուղղութեամբ: 19-էն 21 Հոկտեմբեր 1972 Եւրոպական խորհրդարանին նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսայի նախագահ Ժորժ Փոմպիտուի աջակցութեամբ Փարիզի վեհաժողովը կը գումարուի:
1973-ի Քոփենհակընի վեհաժողով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2 Նոյեմբեր 1973-ին Դանիայի վարչապետ Անկեր Եորգենսեն, Ֆրանսայի նախագահ Ժորժ Փոմպիտուէն նամակ ստանալէն ետք, վեհաժողով մը կը գումարէ: Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդին հանդիպման ընթացքին կը համաձայնին, որ անհրաժեշտ քաղաքական ազդակ տրուի՝ համայնքային կառոյցներուն խրթին հարցերուն վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու համար: Միակ որոշումն այն էր, որ անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններուն ղեկավարները պէտք էր աւելի յաճախ հանդիպէին:
Եւրոպական խորհուրդի հռչակում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1974-ին Եւրոպական խորհուրդի նիստերուն նոր անդամ-երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ կը մասնակցին, յատկապէս՝ Վալերի Ժիսկար-դ՛Էստեն եւ Հելմուտ Շմիդտ: Վերջիններս կը համարէին, որ Եւրոպական խորացած միաւորումը կարիք ունէր նիւթական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ ամուր քաղաքական յանձնառութեան: 9-10 Դեկտեմբեր 1974 տեւած Փարիզեան վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք՝ անդամ-երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումները յաճախակի կը դառնան: Տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուէր, որ եւրոպացի ղեկավարները կը փափաքէին սահմանափակել փորձագէտներու ազդեցութիւնը որոշումներու ընդունման ընթացակարգին մէջ՝ ընդհանուր նպատակներ սահմանելով եւ Եւրոպական հաստատութիւններուն բաւականաչափ հնարաւորութիւններ տալով: Այս վեհաժողովով կը ձեւաւորուի Եւրոպական խորհուրդը:
Լիզպոնեան պայմանագիրէն ի վեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիզպոնեան պայմանագիրով Եւրոպական խորհուրդին կը տրուի Եւրոպական միութեան հաստատութեան կարգավիճակ: Մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2009՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահութիւնը կը ստանձնէր իւրաքանչիւր անդամ-պետութեան գործադիր մարմինը` Եւրոպական Միութեան խորհուրդին հետ համատեղ եւ վեցամսեայ հերթափոխուող նախագահութեամբ (իւրաքանչիւր տարուան 1 Յունուարին եւ 1 Յուլիսին): Սակայն, Լիզպոնեան պայմանագիրով կը սահմանուի Եւրոպական խորհուրդին նախագահութեան յստակ կարգավիճակը: Առաջին նախագահը կը դառնայ Հերման Վան Ռոմպէյ՝ 1 Յունուար 2010-ին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Gabel M. J. Encyclopædia Britannica