Harry Potter and The Deathly Hallows
Հեղինակ | Ճոան Ռոուլինկ |
---|---|
Երկիր | Անգլիա |
Լեզու | Անգլերէն |
Հրատարակող | Bloomsbury publishing |
Հրատարակչական թուական | 21 Յուլիս, 2007 |
Գիրքի տեսակ | Գիտական, երեւակայութիւն եւ արկածային գրականութիւն |
Նախորդ գիրք | Harry Potter and The Half Blood Prince |
Harry Potter and the Deathly Hallows, Ճոան Ռոուլինկի Հէրի Փոթըրի վիպաշարի եօթերորդ եւ վերջին գիրքն է: Այդ եղաւ ամենաշատ եւ արագ վաճառուած գիրքը եւ այս շարունակուեցաւ մինչեւ 2012 թուական[1]: Ծախուեցաւ 15 միլիոն օրինակ միայն առաջին 24 ժամուայ ընթացքին, որմէ 11 միլիոնը միայն վաճառուեցաւ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներուն եւ Միացյալ Թագաւորութեան մէջ։ Իսկ Harry Potter and the Half Blood Prince-ը նաեւ մրցանիշը կոտրած է 9 միլիոն օրինակով առաջին օրուայ ընթացքին: Harry Potter and the Deathly Hallows-ը թարգմանուած է աւելի քան 120 լեզուներու:
Վէպի գլխաւոր նիւթն է մահը եւ քննադատները զայն կը բաղդատեն քրիստոնէական այլաբանութեան հետ: 2008 թուականին գիրքը յաղթած է Colorado Blue Spruce Book մրցականակը եւ Ամերիկեան գրադարանային միութեան կողմէ անուանուած է «լաւագոյն գիրք երիտասարդ չափահասներու համար»:
Վեպի լույս տեսնելը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճոան Ռոուլինկ այս գիրք գրելու աշխատանքը աւարտած է 11 Յունուար, 2007 թուականին The Balmoral հիւրանոցին մէջ՝ Էտինպըրկ, Անգլիոյ մէջ[2]: Յայտարարուած էր, որ գիրքը պիտի հրատարակուի 21 Յուլիս, 2007 թուականին, ժամ 00:01-ին։ Բայց գիրքի վաճառքէն 5 օր առաջ համացանցէն յայտնուեցան նկարներ եւ օրինակներ որոնք եօթերորդ գիրքի[3] ամերիկեան խմբագրութեան էջերնէին բայց կեղծուած չէին։ Քիչ ժամանակ մը ետք, այս գիրքը թարգմանուեցաւ տարբեր լեզուներու: Աւելի ուշ ժամանակ մը ետք հստակացաւ որ արտաքին յղումին յանձաւորն էր DeepDiscount.com խանութն էր, որ խախտելով գիրքի վաճառքի կանոնները, ուղարկեց գրեթէ 1200 օրինակ յաճախորդներուն, մինչեւ սահմանուած օրինաւոր գիրքի վաճառքի ժամանակը[4]:
Վաճառքի օրը Միացեալ Նահանգներուն մէջ վաճառուեցաւ 8.3 միլիոն օրինակ (աւելի քան 96 գիրք մէկ վայրկեանի ընթացքին), Միացեալ Թագաւորութեան մէջ՝ 2.65 միլիոն օրինակ[5]:
Գիրքի անուանումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին անունը հեղինակը՝ Ճոն, յայտնած է 21 Դեկտեմբեր, 2006 թուականին իր պաշտօնական կայքէջին վրայ։ Նոյն օրը անուանումը հրապարակուած է Bloomsbury հրատարկչութեան կայքին վրայ։
Քանի որ «hallows» բառը անգլերէնով մի քանի իմաստ ունի, թարգմանիչները ունեցածեն վէճեր, թէ ինչպէս է պէտք այն ճիշդ թարգմանել։ Գիրքի լոյս տեսնելէն օրեր առաջ Ճոն հրապարակած է գիրքի անուանումին իմաստը, որն էր՝ «Harry Potter and the Relics of Death», ճիշդ թարգմանութեան համար այն լեզուներէն, որոնք կարող չեն արտայայտել «Deathly Hallows» բառակապակցութեան իմաստը։
Նյութը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախապատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախորդ վեց վէպերուն մէջ Հէրի Փոթըրը պայքարած է դժուարութիւններու դէմ՝ ըլլալով յայնտի հրաշագործ։ Երբ Հէրին փոքր էր, Lord Voldemort-ը՝ հզօր չար կախարդը, սպանած է Հէրիի ծնողները, բայց ետքը ապարդիւն փորձած է սպանել Հէրիին ու տկարանալով հեռացած է։ Հէրին անմիջապէս դարձած է նշանաւոր, եւ խնամքի յանձնուած է իր (ոչ կախարդական) բարեկամներուն՝ մօրաքոյր Փեթունիային եւ անոր ամուսին՝ Վերնոնին։
Harry Potter and the Philosopher's Stone-ը, որ առաջին վէպն է, Հէրին 11 տարեկանին կը մտնէ հրաշագործութեան աշխարհ եւ կ'ընդունուի Hogwarts կախարդութեան դպրոցը: Հէրին կ'ընկերանայ Ռոն Ուիզլիի եւ Հըրմայոնի Կրէյնճրի հետ։ Ան կը կռուի Lord Voldemort-ի հետ մի քանի անգամ դպրոցին մէջ, քանի որ չար կախարդը կը ցանկար վերականգնել իր ֆիզիքական կերպարը։ Harry Potter and the Goblet of Fire վէպին մէջ Հէրին կը մասնակցի վտանգաւոր մրցումի մը։ Harry Potter and the Order of Phoenix վէպին մէջ ան եւ իր ընկերները նորէն կը հանդիպին Voldemort-ին, այս անգամ արդէն իր Մութ վհուկներու եւ կախարդներու խումբի՝ Death Eater-ներուն հետ, եւ անոնց կը յաղթեն։ Harry Potter and the Half Blood Prince վէպին մէջ Հէրին կը բացայայտէ Voldemort-ի horcrux-ներուն մասին։ Անոնք առարկաներ են, որոնց մէջ տեղադրուած է մարդու հոգին, եւ այն ժամանակ, երբ մարդուն մարմինը կը մահանայ, հոգիէն մաս մը կ'ապրի այդ առարկաներուն մէջ, եւ անձը կարող է յարութիւն առնել[6]: Voldemort-ը ոչնչացած մարմինով կախարդը կ'ապրի կէս կեանքով՝ առանց մարմնական կառուցուածքի[7]: Երկու Horcrux-ները արդէն ոչնչացուած էին, մէկը՝ Հէրիի կողմէն Գաղտնի սենեակին մէջ, միւսը՝ Dumbledore-ի կողմէն։ Horcrux-ները բացայայտելու եւ ոչնչացնելու առաքելութիւնէն վերադառնալէն յետոյ Dumbledore-ը կը սպանուի Snape-ի կողմէն։ Գիրքի վերջաւորութեան Հէրին կը որոշէ դպրոցը լքել եւ գտնել ու ոչնչացնել չորս horcrux-ները որ վերջնականապէս կրնայ սպանել չար կախարդ Voldemort-ին։
Համառօտ նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հետեւելով Dumbledore-ի մահուան՝ Voldemort-ը կը շարունակէ ձեռք բերել աջակցութիւն եւ մեծցնել իր հզօրութիւնը։ Պէտք է Հէրին ամբողջացնէր իր 17 տարեկանը, երբ մօրաքրոջ խնամակալութիւնէն դուրս գար։ Նախքան այդ տեղի ունենար, Փիւնիկի միաբանութեան անդամները Հէրիին կը տեղափոխեն ապահով տեղ մը՝ օգտագործելով թոյնը, որ պէտք է անոր պաշտպանէր Death Eater-ներու յարձակումէն։ Անոնք իսկապէս անմիջապէս կը յարձակին, եւ անդամէն մէկը կը սպանուի, իսկ Ճորճ Ուիզլիին ականջը կը վիրաւորուի, բայց միւսները ապահով կը հասնին: Hogwarts երթալու փոխարէն՝ Ռոնն ու Հըրմայոնին կը որոշեն ընկերակցիլ Հէրիին Dumbledore-ի սկսած առաքելութիւնը աւարտելու համար՝ որսալու եւ ոչնչացնելու Voldemort-ի Horcrux-ները, որոնցմէ մնացած էր միայն չորս հատ։ Անոնք քիչ գիտելիքներ ունէին Horcrux-ներու մասին, բացի որ մէկը կը գտնուէր Hogwarts-ի համահիմնադիր՝ Սալազր Սլիզերինի մօտ, մէկը հաւանաբար գաւաթ մըն էր, որ տէրը Հելկա Հաֆըլփաֆն էր, երրորդը կարող էր ըլլալ Ռոենա Ռաւենքլոյի հետ, իսկ չորրորդը կարող էր ըլլալ Նակինին՝ Voldemort-ի օձը: Նախքան իրենց երկար ճանապարհը անոնք կ'երթան Ռոնի եղբայրի՝ Պիլլի հարսանիքին Ֆլիւրի հետ։ Բայց Death Eater-ները կը յարձակին հարսանիքի ժամանակ, իսկ Հէրին, Ռոնն ու Հըրմայոնին հազիւ կը փրկեն իրենց կեանքը։ Անոնք կը մնան Սիրիուս Պլաքի ընտանիքի տան մէջ՝ Լոնտոն: Ետքը անոնք կը ներխուժեն Կախարդութեան նախարարութիւն եւ կը գողնան վզնոցը որ Horcrux մըն էր, բայց չ'ունէին միջոց մը որ այդ ոչնչացնէին, իսկ այդ վզնոցը ունի վատ ազդեցութիւն եւ լարուածութեան պատճառով, Ռոնը կը լքէ Հէրիին եւ Հըրմայոնիին։ Հէրին եւ Հըրմայոնին կը շարունակեն առաքելութիւնը: Անոնք կը գիտնան աւելի Dumbledore-ի անցեալի մասին։ Հէրին եւ Հըրմայոնին կ'երթան Հէրիի ծննդավայրը եւ անոր ծնողներուն մահուան վայրը։ Այնտեղ անոնք կը հանդիպին ծեր կախարդուհի Պաթիլտա Պեկշոթին, կը հետեւին անոր, բայց այդ Voldemort-ի ծուղակնէր: Իսկ ատի Պաթիտային մահացած մարմինն էր, որուն տակ քօղարկուած էր Voldemort-ի օձը։ Օձը կը փորձէ Հէրիին փռնել մինչեւ Voldemort-ի գալը, բայց Հէրիին եւ Հըրմայոնին կը յաջողին եւ կը հեռանան, իսկ երբ կը պայքարէին օձին հետ Հէրիի կախարդական փայտիկը կը կոտրուի։
Գիշերը մը Հէրին կը տեսնէ Patronus, որ անոր կը տանի սառած լիճի մօտ, որուն յատակին կը գտնուի Gryffindor-ի թուրը: Հէրին կը նետուի լիճին մէջ, բայց իր վզնոցի Horcrux-ը կը սկսի խեղդել իրեն։ Յանկարծակի կը յայտնուի Ռոնը, ու կը փրկէ Հէրիին եւ թուրը լիճէն դուրս կը հանէ։ Ռոնը կը ոչնչացնէ վզնոցը թուրով, Horcrux-ի կախարդանքը կը փորձէ ճնշել Ռոնի կամքը պատրանքներով։ Այս ամէնէն յետոյ Ռոնը կը պատմէ, որ գացած էր Պիլլի եւ Ֆլիւրի տունը, բայց յետոյ խղճի խայթ կը զգայ իր հեռանալուն համար, եւ շուտով կը բացայայտէ որ Dumbledore-ի տուած գործիքը ցոյց կ'ուտայ իրեն Հէրիի եւ Հըրմայոնիին գտնուած վայրը։
Հըրմայոնին Dumbledore-ի տուած հեքիաթներու գիրքին մէջ, կը նկատէ պատկեր մը եւ կ'որոշէ այս մէկին մասին խօսիլ Լաւկուտի հետ։ Իրենց առաքելութեան ժամանակ, Voldemort-ը կը փնտռէ ամենազօրաւոր կախարդական փայտիկը։ Այդ նպատակով ան կը գտնուի Կրեկորովիչի՝ կախարդական փայտիկներու տունին մէջ, եւ կը հասկնայ, որ փայտիկը կը պատկանի Dumbledore-ին։
Մահուան Պարգեւները (Deathly Hallows)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զենեֆիլիւս Լաւկուտը Հէրիին, Ռոնին եւ Հըրմայոնիին տեղեկութիւն կ'ուտայ մահուան պարգեւներու մասին։ Յետոյ Հըրմայոնին կը պատմէ հեքիաթ մը երեք եղբայրներու մասին, որոնք կը հանդիպին մահուան եւ ասոր որպէս պարգեւ կը ստանան երեք հզօր առարկաներ՝ անպարտելի կախարդական փայտիկ, քար, որ կը վերակենդանացն է մահացածները եւ կատարեալ անտեսանելի թիկնոց։ Ըստ նկարագրութեան, այդ թիկնոցը կը պատկանէր Հէրիին։
Նշանը գիրքին մէջ կը խորհրդանշէ մահուան պարգեւները. եռանկիւնը՝ թիկնոցը, անոր մէջ ներգծած շրջանը՝ քարը, իսկ ուղղահայեաց գիծը՝ կախարդական փայտիկը։ Աշխարհի շուրջ բոլոր գրեթէ բոլոր կախարդները չէին հաւատար երեք եղբայրներու հեքիաթին մասին։ Զենեֆիլիւս կը որոշէ որ Հէրիին մատնէ որովհետեւ Death Eater-ները ձերբակալած են իր աղջկան՝ Լունային, բայց Ռոնը, Հէրին եւ Հըրմայոնին յաջողեցան ազատիլ Death Eater-ներու ձեռքէն։
Օր մը խումբ մը Voldemort-ի հետեւողներէն կը գտնեն Հէրիին, Հըրմայոնիին եւ Ռոնին ու անոնց կը տանին դէպի Մալֆոյներու առանձնատունը: Պելաթրիքս Լէսթրէյճը Իմանալով այդ թուրին մասին որ կը գտնուի Հէրիին եւ իր ընկերներուն մօտ, ան սարսափի մէջ կը գտնուի եւ Հըրմայոնիին անէծքներով կը չարչար է որպէսզի գիտնայ, թէ որտեղէն անոնք գտած են թուրը։ Պելաթրիքսը վստահ է որ թուրը անոնք գողցած են իր գանձարանէն «Կրինկոթ» պանքէն։ Այս ընթացքին Հէրին եւ Ռոնը կը գտնուին նկուղին մէջ, եւ հոն կը գտնեն Օլիւանտըրի եւ Լունա Լաւկուտին։ Երբ Հէրիին կը հանեն դուրս հարցաքննութեան համար, ան կը խաբէ իրենց եւ կ'ըսէ թէ թուրը կեղծ է։ Յանկարծակի կը յայտնուի Տոպին ու Լունային եւ Օլիւանըրի կը տեղափոխէ Պիլլի եւ Ֆլիւրի տունը։ Աղմուկը լսելով Փիթըր Փէթիկրիւն կ'ուգայ եւ Հէրին անոր կը յիշեցնէ թէ ինչպէս ան փրկեց իր կեանքը, եւ Փիթըր իր արծաթ ձեռքով կը սկսի խեղդել ինքզինք իր ցուցաբերած թուլութեան համար ու կը մահանայ: Հէրին, Ռոնը եւ Տոպին կ'օգնեն Հըրմայոնիին, իսկ անոնց փախչելու ժամանակ Պելաթրիքս կը նետէ դանակ մը ու Տոպին կը մահանայ: Հէրին կը փախցնէ Տրաքոյի կախարդական փայտիկը։
Բիլլի եւ Ֆլեուրի տանը Հարրին Օլիւանդերին հարցեր է տալիս Տանտրուենու փայտիկի մասին։ Պարզւում է, որ Գրին դէ Վալդը գողացել է այն Գրեգորիւիչից, իսկ Դամբլդորը յաղթել է Գրին դէ Վալդին։ Այսինքն Տանտրուենու փայտիկը Դամբլդորի փայտիկն է, եւ այն թաղուած է նրա հետ միասին։ Հարրին մտնում է Վոլան դէ Մորտի գիտակցութեան մէջ, եւ տենում է, թէ ինչպէս է նա ներխուժում Դամբլդորի գէրեզման եւ գողանում փայտիկը։ Հարրին որոշում է ոչ թէ հաւաքել Մահուան պարգեւները, այլ կենտրոնանալ հորկրուքսները գտնելու եւ վերացնելու վրայ, ինչպէս ասել էր Դամբլդորը։
Քանի որ Պելաթրիքսը սարսափած էր, որ օտարները ներխուժածեն իր գանձարանը, Հէրին կը մտածէ, որ horcrux-ներէն մէկը կարող է այնտեղ ըլլալ։ Անոնք Goblin-ի օգնութեամբ ծրագիր մը կը մշակեն պանքը կողոպուտելու համար։ Ասոր համար Goblin-ը կը պահանջէ Gryffindor-ի թուրը։ Անոնք կը ներխուժեն Պելաթրիքսի սենեակը եւ կը գողնան բաժակ մը։ Goblin-ը կը փախչի թուրով, իսկ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կ'ազատին թիկնապահներէն թռչելով վիշապին վրայ։ Voldemort կը հասկնայ որ իր horcrux-ները վտանգի տակ են եւ կ'որոշէ ստուգել անոնք։ Հէրին ալ նոյն ժամանակ կը գիտնայ, որ horcrux-ներէն մէկը կը գտնուի Hogwarts-ի մէջ:
Պայքար Hogwarts-ի համար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեք ընկերները կը յայտնուին Hogwarts, Dumbledore-ի եղբոր օգնութեամբ։ Ապըլֆորթ, Հէրին շատ բաներ կը պատմէ Dumbledore-ի անցեալին մասին, ու ան կը գիտնայ իրենց հիւանդ քրոջ մասին։
Հէրին նաեւ կը գիտնայ որ դպրոցին մէջ պայքար կ'ընթանայ աշակերտներուն եւ Death Eater-ներուն միջեւ, Աշակերտներուն մեծ մասը որ կը մասնակցին այս պայքարին Dumbledore-ի Բանակի անդամները, եւ անոնք կը պահպանուին Պահանջներու սենեակին մէջ։ Հէրին պէտք է գտնէ առարկայ մը որ պէտք է ըլլայ Horcrux։ Աշակերտները կ'առաջարկեն անոր օգնել։ Հէրին իր ուսոցչուհիէն կը խնդր որ մի քանի ժամ պահէն Voldemort-ին, որպէսզի ինքը գտնէ Horcrux-ը։
Death Eater-ները կը մտնեն Hogwarts Voldemort-ի գլխաւորութեամբ։ Անոնք կը պահանջեն Հէրիին եւ կը խոստանան որ ուրիշ մէկուն վնաս չհասցնեն։
Ուսուցիչները կը կազմակերպեն աշակերտներու տեղափոխումը ապահով տեղ մը։ Չափահասները կրնային մնալ, եթէ կ'ուզէին կռուիլ։ Կը մասնակցին նաեւ Փիւնիկի միաբանութեան անդամները, եւ կռիւը կը սկսի։ Death Eater-ներու կողմէն կը կռուէին նաեւ սարդերը եւ հսկաները։ Դպրոցը կը պաշտպանեն ուսանողները, ուսուցիչները, Փիւնիկի միաբանութիւնը, դպրոցի կախարդուած արձանները, մի քանի այլ կախարդներ եւ հսկաներ։ Այդ ընթացքին Հէրին կը գիտնայ որ յաջորդ Horcrux-ը կը գտնուի Մոխրագոյն Տիկնոջ քով, որ Voldemort-ը պատանի եղած ժամանակը այն գողցած է իրմէ եւ օգտագործած է որպէս horcrux։ Հէրին կը յիշէ, որ այդ թագը տեսած է Պահանջներու սենեակին մէջ։ Ռոնը եւ Հըրմայոնին կ'երթան Գաղտնի սենեակ, կը գտնեն Պասիլիք օձի ժանիքը եւ այդ միջոցով կը ոչնչացնեն բաժակը որ horcrux-էր։ Անոնք կը վազեն դէպի Պահանջներու սենեակ, ուր կը տեսնեն Մալֆոյին, Քրապին եւ Կոյլին։ Քրապը կ'օգտագործէ Դժոխային Կրակի կախարդանքը եւ ինքնալ վնասուելով կը մահանայ, բայց Հէրին եւ Ռոնը կը փրկեն Մալֆոյին եւ Կոյլին։ Կախարդական կրակը կը ոչնչացնէ թագը եւ ահա կ'անհետանայ ուրիշ horcrux Մը։
Հետոյ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կ'երթան խրճիթ, որտեղ կը լսեն, թէ ինչպէս Voldemort-ը կը հրամայէ իր օձին՝ սպանել Սնէյփին, քանի որ ան կը կարծէ թէ Սնէյփն է այդ ամենազօրաւոր փայտիկի իրական տէրը (Սնէյփը սպանած էր Dumbledore-ին ուրեմն կախարդական փայտիկը կը պատկանի Սնէյփին)։ Սնեյփը մահանալէն առաջ Հէրիին կ'ուտայ իր յիշողութիւններէն մաս մը։ Հէրին կը տեսնէ Սնեյփի յիշողութիւնները եւ կը գիտնայ թէ Սնէյփը մինչեւ վերջ հաւատարիմ եղած է Dumbledore-ին, քանի որ մանուկ հասակին սիրած է Հէրիի մօրը՝ Լիլի Էվանզին։ Voldemort-ը սպանած է Լիլիին, եւ Սնէյփը անցած է Dumbledore-ի կողմը։ Dumbledore խնդրած է Սնէյփէն որ սպաննէ անոր որովհետեւ ան արդէն կը մահանար եւ հիւանդ էր ու որպէսզի փրկուի տանջանքներէն: Հէրին նաեւ կը գիտնայ, որ եօթերորդ horcrux-ը ինքն է եւ մինչեւ Հէրին չմահանայ, Voldemort-ը կարելի չէ մահանայ:
Հէրին պատրաստ էր զոհել իր կեաքնը եւ կը խնդրէր Նեւիլէն Voldemort-ի օձը սպաննէ, Նակինին։ Հետոյ Հէրին կ'երթայ արգիլուած անտառ, որտեղ կը գտնուի Voldemort-ը: Voldemort տեսնելով Հէրիին կը գործածէ մահացու կախարդանքը որ Հէրիին սպաննէ։ Բայց ան մահանալու տեղ կը յայտնուի տարօրինակ վայրի մը մէջ, որ զինք կը յիշեցնէր այն կայարանին որ քեզ կը հասցնէ Hogwarts։ Յանկարծ կը յայտնուի Dumbledore-ը ու կը բացատրէ որ Հէրին չէ մահացած քանի որ Voldemort-ի հոգիին մէկ մասը ոչնչացած է անոր կողմէն այդ մահացու կախարդանքով։
Հէրին նորէն ուշքի կ'ուգայ անտառին մէջ, բայց մահացած կը ձեւանայ։ Voldemort-ը կը հրամայէ Նարսիսա Մալֆոյին ստուգել թէ ողջ է արդեօք Հէրին։ Ան կը զգայ որ Հէրին ողջ է, բայց կը խաբէ Voldemort-ին, ըսելով որ ան մահացած է։ Voldemort-ը եւ Death Eater-ները կ'երթան Hogwarts, Հակրիտը շալկած Հէրիին։ Նեւիլը կը յարձակի Voldemort-ի օձին՝ Նակինիին վրայ, եւ կը գլխատէ զայն։ Պայքարը կը շարունակուի։ Հիմա բոլոր Horcrux-ները վերացուած են։
Հէրին կը բացայայտէ որ չէ մահացած եւ աստիճանաբար Death Eater-ների կը սկսին պարտուիլ պայքարին։ Մոլլի Ուիզլին, Ռոնին մայրը կը սպաննէ Պելաթրիքսին։ Հէրին կը բացատրէ որ ամենազօրաւոր փայտիկի իրական տէրը Սնէյփը չէ, այլ Մալֆոյը, քանի որ ան է որ զինաթափած է Dumbledore-ին։ Եւ քանի որ Հէրին ալ յետոյ զինաթափած է Մալֆոյին, ուրեմն փայտիկի տէրը ինքն է։ Voldemort-ը կը փորձէ Հէրիին սպաննել ամենազօրաւոր փայտիկով, բայց փայտիկը կը հրաժարի սպաննել իր տիրոջը եւ Voldemort կը մահանայ:
Հէրին կ'որոշէ այդ փայտիկը ձգել Dumbledore-ի գերեզմանին մէջ, եւ չփնտրել վերակենդանացնող քարը։ Ան կը հրաժարի Մահուան պարգեւներէն եւ անոնցմէ կը ձգէ միայն իր թիկնոցը։
Վերջաբան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տասնինը տարի ետք ծնողները երեխաներուն կը հասցնեն Hogwarts: Ճինին եւ Հէրին ունին երեք զաւակներ՝ Ճեյմզ Սիրիուս Փոթըր, Ալպըւս Սեւերուս Փոթըր եւ Լիլի լունա Փոթըր։ Ռոնը եւ Հըրմայոնին ունին երկու զաւակներ՝ Ռոզա եւ Հիուկօ։ Երկու ընտանիքները կը հանդիպին կայարանին մէջ։ Լիլին դեռ փոքր է եւ չ'երթար Hogwarts: Ալպըսը առաջին անգամն է կ'երթայ, իսկ Ճեյմզ արդէն հոն կ'ուսանի։ Ալպըսը կը վախնայ որ ան անցնի Slytherin տնակի շարքերուն, բայց Հէրին կը պատմէ անոր իր ճանչցած ամենախիզախ մարդուն մասին՝ Սնէյփը, որ մաս կազմած է Slytherin-ի։ Կայարանին մէջ անոնք կը նկատեն Տրաքօ Մալֆոյին, իր կնոջ եւ տղուն՝ Սքորփիոսի հետ։ Տրաքոն կը նկատէ Հէրիին, կը բարեւէ եւ կ'երթայ։
Ի՞նչ պատահեցաւ ողջ մնացածներուն հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անեծքը, որ դրուած էր Մութ արուեստներու դասախօսի պաշտօնի վրայ, լուծուեցաւ։
- Հէրի Փոթըրը գլխաւորեց մթութեան դէմ պայքարողներուն Կախարդութեան նախարարութեան մէջ։
- Նեւիլ Լոնկպաթըմը դարձաւ բուսագիտութեան ուսուցիչ Hogwarts-ի մէջ[8]:
- Տոլորես Ամպրիճը փակուեցաւ Ազքապանի մէջ։
- Hogwarts-ի տնօրէն նշանակուեցաւ Մքկոնակալը։
ֆիլմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին համապատասխան երկու մասէ բաղկացած ֆիլմը բեմադրուած է Տէյվիտ եթսի կողմէ, գրողն է՝ Սթիւ Քլովսը, արտադրիչներն են՝ Տէյվիտ Հեյմանը, Տէյվիտ Bարոնը եւ Ճոան Ռոուլինկը: Առաջին մասը լոյս է տեսած է19 Նոյեմբեր, 2010 թուականին, իսկ երկրորդը՝ 15 Յուլիս, 2011 թուականին[9][10]: Նկարահանումները սկսած են 2009 թուականի Փետրուարին, եւ աւարտված են 2010 թվականի Յունիսին[11]: Առաջին մասը աւարտած է գիրքի 24-րդ գլուխով։
«Harry Potter and the Deathly Hallows Part 1» ֆիլմի միջազգային ցուցադրման առաջին շաբաթավերջի համար նկարահանողները ստացած են 330 միլիոն ամերիկեան տոլար, որուն $125 միլիոնը միայն Հիւսիսային Ամերիկայէն է եւ $205 միլիոնը մնացած երկիրներէն[12]:
Ձայնային գիրքեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Harry Potter and the Deathly Hallows ձայնային գիրքը լոյս է տեսած է 21 Յուլիս, 2007 թուականին, միաժամանակ Միացեալ Թագավորութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ[13][14]: ՄԹ-ի տարբերակոը կը տեւէ 24 ժամ Սթիւըն Ֆրայի ձայնով[15]: Ամերիկեան տարբերակը կը տեւէ 21 ժամ Ճիմ Տէյլի ձայնով[16]: Երկուքը ունին 146 տարբեր եւ տարբերակելի բնոյթի ձայներ[17]: Իր աշխատանքին համար Ճիմ շահած է Կրեմմի մրցանակաբաշխութիւն, որպէս լաւագոյն խօսքի ալպոմ երեխաներու համար («Best Spoken Word Album for Children»)[18]:
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Նորություններ հեղինակի պաշտոնական կայքից Archived 2007-07-24 at the Wayback Machine.
- Ռոուլինգը պատմել է, թե երբ լույս կտեսնի վերջին «Փոթերը»
- Ռուսերէն թարգմանություն[permanent dead link]
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «JK Rowling: Casual Vacancy tops fiction charts»։ The Telegraph։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 4, 2012
- ↑ «PotterRus: Дж. Роулинг против электронной версии романов о ГП»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-19
- ↑ Mobbit.info: Новый Гарри Поттер уже в сети (фотографии страниц)
- ↑ «Орден Феникса: Виновник найден»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-19
- ↑ 'Harry Potter and the Deathly Hallows' Breaks Records | Fox News
- ↑ Rowling (2005), et al. p. 503.
- ↑ Rowling (2000), et al. p. 566.
- ↑ В соответствии с переводом книги издательства Росмэн Невилл стал преподавателем зельеварения. Однако, это ошибка перевода (http://chel.kp.ru/daily/24007.5/83861/)
- ↑ «Official: Two Parts for Deathly Hallows Movie»։ ComingSoon.net։ փետրվարի 25, 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-26-ին։ արտագրուած է՝ մարտի 2, 2009
- ↑ «Release Date Set for Harry Potter 7: Part I»։ ComingSoon.net։ ապրիլի 25, 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-05-18-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 25, 2008
- ↑ Schwartz Alison (հունիսի 14, 2010)։ «Daniel Radcliffe Calls Wrapping Up Harry Potter Devastating»։ People։ արտագրուած է՝ հունվարի 22, 2011
- ↑ La 'última' de Harry Potter recauda 241 millones en su primer fin de semana(սպան․)
- ↑ «Harry Potter and the Deathly Hallows (Book 7) (Children's Edition) (Harry Potter Audio Book) (Audiobook) (Audio CD)»։ Amazon.co.uk։ ISBN 0747591091
- ↑ «Harry Potter and the Deathly Hallows (Audiobook, Unabridged) (Audio CD)»։ Amazon.com։ ISBN 0739360388
- ↑ «Harry Potter and the Deathly Hallows published by Bloomsbury and HNP as an unabridged audiobook to be published simultaneously with the book for the first time on July 21st 2007»։ Bloomsbury։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-29-ին։ արտագրուած է՝ փետրվարի 17, 2011
- ↑ «Harry Potter and the Deathly Hallows»։ Simply Audiobooks։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-16-ին։ արտագրուած է՝ փետրվարի 17, 2011
- ↑ Glenday, Craig, խմբգր․ (2008)։ Guinness World Records 2009։ Guinness World Records։ ISBN 1-904994-37-7
- ↑ Gans Andrew, Ku Andrew (փետրվարի 10, 2008)։ «Spring Awakening Wins 2008 Best Musical Show Album Grammy; Krieger and Dale Also Win»։ Playbill։ արտագրուած է՝ փետրվարի 17, 2011