Հէրի Փոթըրը եւ Փիլիսոփայի Քարը (ֆիլմ)

Հէրի Փոթըրը եւ Փիլիսոփայի Քարը (անգլ.՝ Harry Potter and the Philosopher's Stone) բեմադրիչ Քրիս Քոլոմպոսի ֆիլմերէն, որու գլխաւոր դերերը կը մարմնաւորեն Տանիէլ Ռատքլիֆը, Ռուբերդ Կրինդը, Էմմա Ուաթսընը, Ռիչըրտ Հէրիսը, Ալան Ռիքմանը, Մակկի Սմիթը, Ռոպպի Կոլտրեյնը, Թոմ Ֆելթոնը, Մաթեու Լուիսը, Յեն Հարտը։ Ֆիլմը նկարահանուած է անգլիացի գրող Ճոան Ռոուլինկի համանուն վէպի հիման վրայ[1]։

Նիւթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հէրի Փոթըր տղեկ մըն է, որ կ'ապրի Լոնտոնի մէջ իր ազգականներուն՝ Տուրսլիներուն հետ։ 11րդ տարեդարձին կ'իմանայ, Հակրիտ անունով օտար անձի մը կողմէ, թէ ինք կախարդ մըն է, հռչակաւոր կախարդական աշխարհին մէջ ազատելէ ետք Վոլտըմորդի յարձակումը, ինչ որ գործուած էր զինք սպանելու նպատակով։ Ան նաեւ կ'իմանայ, թէ իր ծնողքը չէ մահացած ինքնաշարժի մը արկածի պատճառաւ՝ այլ Վոլտըմորդէն։ Հակրիտ կը փոխանցէ, թէ ան հրաւիրուած է Հոկուըրդս՝ Հրաշագործութեան եւ Կախարդութեան Դպրոցը, որմէ ետք կը մեկնին Տիակոն Ալի կախարդական շրջանը, գնելով Հէրիի դպրոցական գիրքերն ու գոյքերը, կը նստի Քինկ Գրոս կայարանի, Փլաթֆորմ 9¾-ի շոքեկարգին մէջ՝ դէպի Հոկուըրդս։

Շոգեկառքին վրայ կը ծանօթանայ Ռօն Ուիզլի՝ հսկայ բայց աղքատ եւ կախարդներու ընտանիքէ մը սերած։ Նաեւ կը ծանօթանայ Հըրմայնի Կրէյնճըրին, որուն ծնողքը ոչ մէկ կապ ունէին կախարդական աշխարհին հետ, սակայն Հըրմայնին ծնած էր կախարդ։ Դպրոց յաճախելէ ետք, Հէրի եւ առաջին տարուան մնացեալ աշակերտները կը տեղադրուին 4 հսկայ խումբերու մէջ՝ Կրիֆինտոր, Սլիտըրին, Ռէյվընգլո եւ Հաֆլբաֆ։ 3 նոր ընկերները կ'անցնին Կրիֆինտոր՝ կախարդական զատողութեան գլխարկին կողմէ նշանակուած։ Հէրի տարեշրջանը կ'անցնէ նոր կախարդանքներ սորվելով եւ կ'անդամակցի Քուիտիչ կախարդական խաղին, որ խառնուրդ մըն է ոտնագնդակի եւ կողովագնդակի, սակայն վազելու փոխարէն՝ անոնք կը քշէին թռչող աւելներ։ Գիշեր մը, ինք, Ռոն եւ Հըրմայնին կը գտնեն 3 գլուխով շուն մը որուն անունն էր Ֆլաֆի, որը կը պատկանէր Հակրիտի եւ կը գտնուէր դպրոցի արգիլուած բաժնին մէջ։ Ժամանակ մը ետք, կը տեղեկանան թէ այդ շունը կը հսկէր Փիլիսոփայի քարը՝ ինչ որ իր տիրոջ կու տար անմահութեան պարգեւը։ Երկար արկածներէ ետք, Հէրի կ'եզրակացնէ, թէ դպրոցի ուսուցիչներէն Սնէյբը կ'ուզէր տիրանալ այդ քարին եւ զայն յանձնել Վոլտըմորդին։ Գիտնալէ ետք Հակրիտէն, որ Ֆլաֆին քունի կ'անցնի երբ լսէ մեղմ եղանակ մը՝ անոնք կը որոշեն գտնել քարը։

Ֆլաֆիին յաջողութեամբ անցնելէ ետք, անոնք ուրիշ տեսակի արկածներու կը հանդիպին՝ ինչպէս մահացու պատատունկեր, թռչող բանալիներ եւ չափազանց վտանգաւոր կենդանացած ճատրակի կտորներու մարտ։ Այս բոլորէն ետք, կը հասնին վերջին հանգրուանին՝ տեսնելով, թէ Սնէյբը չէր քարը ուզողը այլ Գուիրըլ ուսուցիչը, որուն գլխուն ետեւ ալ կ'ապրէր Վոլտըմորդը։ Հէրիին դպնալէ ետք Գուիրըլ կը դառնայ աւազ եւ Վոլտըմորդի հոգին բախչեցաւ։

Դերեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դերասան Դեր
Տէնիըլ Ռէտքլիֆ Հէրի Փոթըր
Ռոպըրթ Գրինթ Ռոն Ուիզլի
Էմմա Ուաթսըն Հըրմայնի Կրէնճըր
Ռիչըրտ Հէրիս Ալպըս Տամպըլտոր
Ալան Ռիքման Սեւերըս Սնէյբ
Մակկի Սմիթ Միներւա Մքոնէկըլ
Ռոպպի Կոլտրէյն Ռոպըս Հակրիտ
Թոմ Ֆելթոն Տրէյգօ Մալֆօյ
Մաթիու Լուիս Նեւիլ Լոնկպոդըմ
Են Հարտ Քուիրանըս Քուիրըլ
Տէյւիտ Բրեդլի Արկըս Ֆիլչ
Ճոն Բիգըրսդաֆ Ոլիվըր Ոուտ
Ճէյմզ Ֆելբս Ֆրետ Ուիզլի
Ոլիվըր Ֆելբս Ճորճ Ուիզլի
Ֆիօնա Շոու Փըթունիա Տուրսլի
Ռիչըրտ Կրիֆից Վերնոն Տուրսլի
Քէրի Մէլինկ Տատլի Տուրսլի
Ճուլի Ոուոլդըրզ Մօլի Ուիզլի
Ճոն Հըրտ Օլիվանտըր
Պոնի Ռայդ Ճիննի Ուիզլի

Հետաքրքրական փաստեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ֆիլմի առաջին ելոյթը մեծ պաստառի վրայ, նախատեսուած էր 2001 թ.-ի ամրանը, սակայն Warner Bros.-ի ղեկավարութիւնը որոշեց յետաձգել զայն 2001 թ., նոյեմբերի 16-ին։
  • Հէրի Փոթըրի առաջին շարժապատկերին մէջ գլխաւոր դերակատարի համար ներկայացած են մօտ 60.000 թեկնածուներ։
  • Բոլոր դերասաններուն պայմանագրերուն մէջ շեշտուած էր, որ դերասանները պիտի խաղային Հէրի Փոթըրի մասին 3 վէպերու էկրանավորումներուն մէջ այն նույն դերերով, որ մարմնաւորած էին առաջին մասին մէջ։ Այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ մի շարք դերասաններ, որ չէին փափաքէր կապուած ըլլալ նման երկար պայմանագրով՝ հրաժարեցան։
  • Թիմ Ռոթը երկար ժամանակ տատամսած է թէ "Հէրի Փոթըր"ի կամ "Կապիկնեու մոլորակը" ֆիլմի մէջ դեր ստանցնէ։ Ապա, ան որոշած յ դեր ստանձնել «կապիկներու մոլորակը» ֆիլմին մէջ։
  • Լոնդոնաբնակ երիտասարդ մը, հնչունաւորած էր Հէրի Փոթըրը Nintendo եւ PlayStation խաղերու համար։
  • Հէրի Փոթըրի բուի՝ Բուկլյայի (անգլ.՝ Hedwig) դերի համար ներգրաւուած են միաժամանակ 3 բուեր՝ Օոկը, Գիզմոն եւ Սպրաուտը։
  • Առաջին ֆիլմը ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի է որպէս «Հէրի Փոթըրը եւ Փիլիսոփայի քարը» (անգլ.՝ "Harry Potter and the Philosopher's Stone") բացի ԱՄՆ-ից։ ԱՄՆ մէջ գիրքը արդէն լոյս տեսած էր այլ անուանումով (Sorcerer's stone), քանի որ հրատարակիչները համոզուած էին, որ երեխաները չեն կարդար գիրք մը, որու վերնագրին մէջ կայ «Փիլիսոփայի» արտայայտութիւնը։ Այդ պատճառով բոլոր այն տեսարանները, ուր յիշատակուած է Փիլիսոփայի քարը, նկարահանուած են երկու անգամ. Առաջինին մէջ դերասանները կ՛ըսենեն «Փիլիսոփայի քար» (Philosopher's Stone), երկրորդին մէջ՝ «կախարդական քար» (Sorcerer's stone)։ Նոյնը կը վերաբերի ֆիլմին վրայ հիմնուած եւ համանուն խաղին։
  • Ֆիլմի տեսարաններէն մէկուն մէջ, երբ Հէրին, Ռոնը եւ Հերմիոնան գալիս են Հագրիդի խրճիթը, ան նուագած է ինքնաշէն շվիով։ Այդ պահուն ան կը նուագէր ֆիլմի սաունդթրեքէն "Hedwig's Theme" հատուածը։
  • Անյայտացող աստիճաններու մօտ գտնուող դիմանկարներու շարքին մէջ նկատելի է Հենրի VIII-ի երկրորդ կնոջ եւ Եղիսաբեթ I-ի մօր՝ Աննա Բոլեյնի պատկերը։ Անոր շատ մը ժամանակակիցները կը պնդեն, որ Աննան կախարդուհի էր։
  • Նկարահանումներու ժամանակ օգտագործող շերտաւոր կատուն անհետացաւ եւ լուրջ փնտրտուքներէ ետք 2 օր անց գտնուեցաւ։

Նմանատիպ ֆիլմեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Anthikad-Chhibber, Mini։ «Harry Comes to Hyderabad»։ The Hindu։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 4 November 2002-ին։ արտագրուած է՝ 7 February 2010