Jump to content

Ֆրափէ

Ֆրափէ

Ֆրափէ (յուն․՝ καφές φραπές կամ պարզապէս՝ φραπέ - frappé coffee, Greek frappé, frappé), յունական հնարք՝ փրփրոտ պաղ սուրճ խմելու համար։ Անոր հիմնական բաղադրութիւններն են՝ լծուող սուրճ Instant coffee - soluble coffee եւ ջուր։ Իսկ ըստ ճաշակի կ'աւելցուի շաքար եւ կամ նաեւ կաթ։

Պատահաբար կը հնարուի 1957-ին Սելանիկ, սուրճի ընկերութեան մը մէջ աշխատող Տիմիթրի Վաքոնտիօ անունով պաշտօնեայի մը կողմէ։

Ֆրափէն զովարար եւ հաճելի սուրճ մըն է, մանաւանդ ամառը, սակայն բաւական գրգռիչ է:

Ֆրափէին բաղադրութիւններն են՝ լծուող սուրճը, ջուր, շաքար եւ ըստ քմահաճոյքի՝ կաթ։ Ֆրափէ սուրճը կը նկարագրուի «պարզ» σκέτος (skétos), «միջակ» μέτριος (métrios) եւ կամ «անուշ» γλυκός (glykós), ըստ հիմնական բաղադրիչներուն համեմատութեան։

Հարիչի մը shaker եւ կամ բարձր գաւաթի մը մէջ կը դրուի սուրճի եւ շաքարի փափաքելի համեմատութիւնը։ Գաւաթին կամ հարիչին յատակէն մէկ սանթիմեթր բարձրութեամբ ջուր կ՛աւելցուի։ Խառնուրդը շատ լաւ կը զարնուի մինչեւ կայուն փրփուր ստացուի (եթէ գաւաթի մէջ կը պատրաստուի, կ՛առաջարկուի գործածել ելեկտրական զօրաւոր խառնիչ մը)։ Յաջորդաբար կ՛աւելցուի պաղ ջուր եւ ըստ կամեցողութեան սառի կտորիկներ եւ կամ նաեւ՝ կաթ։ Կը հրամցուի եղէգով (straw)։

Ֆրափէն ծովեզերքը․ օրուան որեւէ պահուն
Ֆրափէ, որպէսզի օրը լաւ ընթանայ

Պատահաբար կը հնարուի 1957-ին Սելանիկի Միջազգային Ցուցահանդէսին ընթացքին։ Զուիցերիական Nestlé ընկերութեան Յունաստանի ներկայացուցիչ Եանիս Տրիցաս կը ներկայացնէ փոքրիկներու յարմար արտադրում մը՝ շոքոլայէ օշարակ, որ վայրկենական կը պատրաստուէր, հարիչի մը մէջ զարնելով շոքոլան եւ կաթը։ Անոր պաշտօնեան՝ Տիմիթրի Վաքոնտիօ, յաճախ կը խմէ Nescafé սուրճը։ Ցուցահանդէսին, դադարի մը ընթացքին կը փափաքի սուրճ խմել, սակայն տաք ջուր չգտնելուն պատճառով, կը մտածէ հարիչը գործածել, որպէսզի պաղ ջուրին մէջ վայրկենական սուրճը եւ շաքարը հալին։ Այսպէս, կը ստեղծէ առաջին ֆրափէ սուրճը։ Ան, տարիներ ետք, կը յայտնէ թէ չէր կրնար գիտակցիլ որ պարզ փորձ մը պիտի ստեղծէ Յունաստանի ամենահռչակաւոր խմելիքը։ Այնուհետեւ, ֆրափէ սուրճը Nestlé ընկերութեան վաճառանիշը կը դառնայ։

Ֆրափէ բառին ստուգաբանութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրափէ frappé բառը ֆրանսերէն է եւ զարնուած կը նշանակէ։ Յոյներուն խօսակցական լեզուին մէջ, յաճախ կը հանդիպինք ֆրափետիա φραπεδιά ասացուածքին․- «Πιάσε μια φραπεδιά» (այսինքն բառացի թարգմանութեամբ՝ ֆրափէ մը բռնէ (պատրաստէ))։

Յունաստանի մէջ ֆրափէն շատ տարածուած է, նա մանաւանդ տաք ամիսներուն՝ գարունէն մինչեւ աշուն։ Ընդհանրապէս կը խմուի բարեկամներու, ընկերներու հետ խօսակցելով եւ կամ մտային խաղեր խաղալով, օրինակ՝ նարտ, սեղանի խաղեր, նաեւ գործի ընթացքին եւ կամ՝ դիպուածաբար, «անհոգ ժամերու»։

Ֆրափէ սուրճին տարածումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունալեզու երկիրներ, ընկերութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրափէն Յունաստանի ամբողջ տարածքին կը սպառի տարուան բոլոր եղանակներուն եւ գագաթնակէտին կը հասնի տաք ամիսներուն։ 1990 թ․ տասնամեակէն սկսեալ Կիպրացիներն ալ կը սպառեն։

Յունաստանէն եւ Կիպրոսէն զատ, կը սպառուի նաեւ աշխարհի տարածքին գործող յունական ընկերութիւններուն, պետական կամ անձնական ներկայացչական տուներուն, յունական դրօշակին հովանիին տակ ճամբորդող ամէն տեսակի նաւերուն մէջ, ուր յոյն նաւաստիք կայ։ Նոյնպէս օդանաւային ընկերութիւններուն մէջ, որոնց օդանաւերը յունական օդակայանները կը մօտենան։

Յունաստանէն դուրս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ֆրափէ համեմուկ պաղպաղակով․ Խանիա, Կրետէ

Վերջին տարիներուն, նկատի առնելով թէ հարիւր հազարներով յոյներ արտագաղթած են (Յունաստանի տնտեսական տագնապին պատճառով) եւ գաղութներ կազմած, ֆրափէ սուրճն ալ անոնց մօտ՝ անպակաս է․ Գերմանիա, Անգլիա, Սպանիա, Նորվեկիա, Շուէտ եւ Սենթ Պետրսպուրկ։ Կոստանտնուպոլսոյ մէջ, կարգ մը ծանօթ սրճարաններ յոյն զբօսաշրջիկներուն համար միշտ ֆրափէ կ՛ունենան։

Չեխիոյ Քարլովա քաղաքին տարեկան hip hop երաժշտահանդէսին, ամէն Օգոստոսին, կը հրամցուի նաեւ ֆրափէ։

Ֆրափէի նոյնանման սուրճ մը Frappucino անունով սկսած է հրամցուիլ Յունաստանի տարածքին կարգ մը Starbucks սրճարաններու մէջ։

Ֆրափէն սկսած է տարածուիլ նաեւ Թայլանտ, Մալէզիա եւ Թունիս։

Պալքանեան երկիրներէն Յունաստան ապաստանած գաղթականներ, ֆրափէն սկսած են տարածել նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ։

Ֆրափէին նոր տարբերակները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Յունաստան այցելող զբօսաշրջիկներ, ֆրափէն քիչ մը օղիով (յունարէն՝ ούζο) կը խառնեն։
  • Ֆրետօ էսփրեսօ Freddo Espresso․ Յունաստանի մէջ հնարուած իտալական էսփրեսօ սուրճին պաղ տարբերակը։
  • Ֆրափուչինօ Frappucino․ Յունաստանի Սթարպաքս Starbucks վաճառանիշին ֆրափէն։
  • Օտար երկիրներ, ֆրափէ սուրճը կը յարմարցնեն իրենց տեղական պայմաններուն։ Օրինակ․ Սերպիա chantilly կ՛աւելցնեն, իսկ ջուրի փոխարէն Հոլանտա՝ կաթ եւ Պուլկարիա՝ Coca-Cola Blak կը գործածեն։

[1][2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սելանիկի Միջազգային Ցուցահանդէս(անգլերէն)
  2. Յունական օղի(յունարէն)
  3. Վայրկենական սուրճը (անգլերէն)